ԴԱՐՁԵԱԼ ՇՈՒՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Գաղտնիք մը չէ, որ ամերիկացիներ եւ շատ հաւանաբար ալ շարք մը ուրիշ ազգերու ժողովուրդներ ծայր աստիճան հոգատար են իրենց որդեգրած ընտանի կենդանիներուն եւ յատկապէս շուներուն նկատմամբ։

Ուրեմն, ըստ ամերիկեան ընտանի կենդանիներու ապահովագրական ընկերութեան մը (Pet Plan) տեղեկագրութեան, ամերիկացիներ իրենց ընտանի կենդանիներուն վրայ կը ծախսեն տարեկան 69 միլիառ տոլար, որուն 62 միլիոնը՝  անոնց գեղագիտական գործողութեանց համար միայն։

Հիմա առնենք օրինակը՝ Գալիֆորնիոյ ծովեզերեայ Վենիս քաղաքը ապրող՝ Քրիսթի եւ Թրէվըր Կէյլ ընտանիքի Թոնքա շունին «ոդիսական»ին։ Թոնքան French Bulldog տեսակի շուն մըն է, որուն դարմանումին համար անոնք ծախսած են 15-20 հազար տոլար, առանց սակայն որեւէ դրական արդիւնքի մը հասնելու։

Ի վերջոյ, անոնք դիմած են անասնաբոյժի մը, որ կռահած է շան հիւանդութեան պատճառը եւ թելադրած է գեղագիտական պարզ գործողութիւն մը, որպէսզի շունը բուժուի։ Ախտաճանաչումը եղած է շունչի խափանում դունչին մէջ, իսկ գործողութեան սակը՝ միայն 1.500 տոլար եւ կենդանին բուժուած է։

Ահաւասիկ ուրիշ շուն մը, որ ենթարկուած է գեղագիտական նուրբ գործողութեան մը երեսի կնճիռներէն ձերբազատուելու համար… Նկարը ցոյց կու տայ շան դէմքը գործողութենէն առաջ եւ վերջ։ Զիս հետաքրքրողը հետեւեալն է. արդեօք շան հաւանութիւնը առա՞ծ էին այս ոչ անհրաժեշտ գործընթացին համար:

Կը ճանչնամ բարեկամ մը, որ իր տան մէջ 18 տարիէ ի վեր կը պահէր երկու ընտանի սիրասուն կատուներ։ Անոնցմէ մին կը հիւանդանայ եւ կը տարուի անասնաբոյժի մը քով, առ ի ախտաճանաչում։ Մօտ երկու հազար տոլար ծախսելէ ետք ի յայտ կու գայ, որ կատուն կը տառապէր անբուժելի շաքարախտէ։ Բարեկամս ճարահատ  ակամայ կը ստիպուի որոշելու, որ կատուին կեանքին վերջ տրուի։

Դժբախտաբար անասնաբուժներն ալ՝ քաջ գիտնալով, որ ընտանի կենդանի պահողները կ՚ըլլան կարեկից իրենց անասուն բարեկամներուն նկատմամբ, կը շահագործեն այդ զգացումը եւ անտեղի քննութիւններով դրամ կը «կորզեն» անոնցմէ։

Հիմա գանք այլ երեւոյթի, որ, ըստ իս, շատ գայթակղեցուցիչ է։ Ամերիկայի մէջ եւ հաւանաբար ալ այլուր գոյութիւն ունին դասընթացքով պատրաստուած շուներ, կոյրեր առաջնորդելու համար։ Այս մարդասիրական կարիք մըն է, որուն համար ոչ մէկ առարկութիւն ունիմ։ Սակայն կը դժգոհիմ, երբ այդ դպրոցները չափ ու սահմանը կ՚անցնին։

Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզեմ։ Ուրեմն այդ դպրոցներէն մին՝ դասընթացքի աւարտին կը կազմակերպէ վկայականաց բաշխման հանդէս, ուր շրջանաւարտ շուները կը ներկայանան յատուկ գլխարկներ հագած եւ կը տողանցեն հանդիսականներուն առջեւէն։

Է՜հ, այս մէկը քիչ մը չափազանցութիւն չէ՞։ Այո՛, բայց մի՛ մոռնաք, որ հոս Ամերիկա է եւ ամէն ինչ, որ կը կատարուի, թաքուն դրդապատճառ մը ունի, որ կը կեդրոնանայ մարդուն սերտ բարեկամ «դրամ»ին վրայ։

Արդարեւ, շրջանաւարտից այդ հանդիսութեան ընթացքին ծախու կը դրուին շուներու յատուկ այնպիսի «անհրաժեշտ» պիտոյքներ, որոնք փորձութեան կ՚ենթարկեն այդ շուները որդեգրող մարդիկը։

Ծովային շրջապտոյտի մը ընթացքին ծանօթացանք հայ զոյգի մը։ Խօսակցութեան ընդմէջէն ի յայտ եկաւ, որ անոնք կ՚ապրին մեր շրջանը։

Իսկապէս ծանօթացումէն ետք յաճախ կը հանդիպէինք իրենց՝ իրիկնային մեր մարմնամարզական բնոյթ կրող պտոյտներու ժամանակ։ Անոնք ունէին գեղեցիկ շուն մը, զոր կ՚ընկերակցէր իրենց։

Դուրս եկաւ, թէ այդ շունը կը պատկանէր իրենց զաւկին, որ շունը որդեգրելէ ետք՝ հօրենական տունէն հեռացեր է… Եւ ահա քեզի անբաղձալի «ժառանգ» մը։ Անբաղձալի, որովհետեւ շունին կապուած ըլլալով՝ անոնք կորսնցուցին իրենց ազատութիւնը:  

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017