ԱՄԲՈԽԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱՐՔՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած վերջին իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստանին բաւական բարդ օրեր կը սպասեն։ Ճակատներու մեծ բացթողումներէն, ամեհի սխալներէն եւ ընդհանուր դրութեան անփառունակ «վախճան» մը բերած հրադադարի եռակողմ համաձայնութեան ստորագրութենէն ետք Փաշինեան կը շարունակէ կառչած մնալ աթոռին։ Փողոցը կը շարունակէ եռալ, իսկ կուսակցութիւններով կազմուած ընդդիմութեան շարքերը աւելիով կը խտանան՝ կազմելով «Փրկութեան ազգային խորհուրդ» մը, որու հիմնական առաջադրանքն է ապահովել անցնցում իշխանափոխութիւն, որմէ վերջ ալ ընթացք տալ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան մը ձեւաւորման՝ գլխաւորութեամբ Հայաստանի քաղաքական դաշտի ակնառու ներկայացուցիչներէն Վազգէն Մանուկեանի։ 

Բնականաբար, նախանձելի պիտի չըլլայ այդ առաքելութիւնը։ Մանուկեան շաբաթ օր ելոյթ կ՚ունենար Ազատութեան հրապարակ փութացած հազարաւոր ցուցարարներու առջեւ եւ կը յայտարարէր. «Եթէ Փաշինեան առանց աղմուկի չերթայ, ապա գազանացած ժողովուրդը պիտի յօշոտէ զինք ու ան զոռով պիտի երթայ...»։ Մանուկեանի ելոյթէն ժամեր անց ընկերային ցանցերու բազմաթիւ օգտատէրեր քննադատական բառերով անդրադարձան անոր ելոյթին՝ ըսելով նաեւ, որ ընդդիմութեան ներկայացուցիչ վարչապետի թեկնածուն պետական գործիչի անյարիր ոճով մը խօսեցաւ, նաեւ անոր խօսքերուն մէջ նոյնիսկ բռնութեան կոչեր կային։ Այս խօսքը, անշուշտ, որոշ չափով արդար դիտարկումի մը արդիւնքն է։ Բայց եւ այնպէս, իրականութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու գործող իշխանութեանց սխալները այնքան մեծ են, որ ի տես Փաշինեանի յամառութեան եւ պնդաճակատութեան՝ որեւէ խօսք կը դառնայ տանելի եւ հասկնալի։ Հայ ժողովուրդը կրած է արդի պատմութեան ամենախայտառակ պարտութիւններէն մին՝ չըսելու համար ամենախայտառակը։ Աւելի քան վիրաւորական ու մտահոգիչ է երկրի թիւ մէկ պաշտօնեայ-պատասխանատուին ընթացքը։ Ընդունելով հանդերձ, որ գործած է մեծագոյն սխալներ՝ ան կը շարունակէ մնալ աթոռի վրայ, նաեւ համարձակութիւնը կ՚ունենայ հանրութեան ներկայացնելու վեցամսեայ ծրագիր մը՝ իբրեւ թէ մէջտեղ նետելով ժողովուրդի իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ ունենալու յանկերգը եւ ատով իսկ շարունակելու իր սխալ վարքն ու արկածախնդրութիւնները։

ԵՐԵՔ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԽՕՍՔԸ

Ի դէպ, վտանգաւոր իրավիճակի մասին կարեւոր շեշտադրում մը կը կատարէր Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որու մտահոգութիւնը ընկերային ցանցերու վրայ կը փոխանցէր իր բանբերը՝ Արման Մուսինեան, ըստ հետեւեալի.

«Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան խոր մտահոգութիւն կ՚արտայայտէ իշխանութեան համար մղուող պայքարի օրէ օր թէժացող ընթացքին կապակցութեամբ։ Նոյնիսկ հակամարտ կողմերու կամքէն անկախ, սա որեւէ պատահական բռնարարքի կամ սադրանքի հետեւանքով կրնայ յանգեցնել քաղաքացիական պատերազմի: Իսկ այդ մէկը արդէն կ՚ըլլայ ո՛չ միայն Արցախի, այլեւ՝ Հայոց պետականութեան վերջը»:

Առաջին նախագահը, միեւնոյն ժամանակ, յոյս կը յայտնէ, թէ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վազգէն Մանուկեան լիովին գիտակցելով այս վտանգը ամէն ջանք կը գործադրեն` խուսափելու համար իրադարձութիւններու ծաւալման նման ընթացքէն։

Վերջին օրերուն ուշագրաւ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ հնչեցուած բաւական կարեւոր տեսակէտները, որոնք լսելի դարձան իր իսկ «Հինգերորդ ալիք» հեռուստակայանէն սփռուած հարցազրոյցով։ Քոչարեան փաստացի տուեալներ ներկայացուց իշխանութեան գործած սխալներուն մասին, նաեւ հաստատեց, որ ամէն գնով կարելի էր խուսափիլ այս կործանարար պատերազմէն։ Ան պատերազմական կարգ մը դրուագներ գաղտնազերծեց՝ մեղադրելով Փաշինեանը մեծ բացթողումներուն մէջ եւ յոյս յայտնեց, թէ պատերազմի ամբողջ ընթացքը հասկնալ եւ կարեւորագոյն նրբերանգները ընկալել ու մարսել հնարաւոր պիտի ըլլայ միմիայն իշխանափոխութեան աւարտին։ Քոչարեան, նոյնպէս, որոշ փակագիծեր բացաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ապագայի իր տեսլականին մասին։ Ան շեշտեց, որ մասնաւորապէս այս փուլին անհնար է խօսիլ արտահերթ ընտրութեան մասին։ Այս առումով Քոչարեան նշեց. «Ունինք իշխանութիւն, որ պարտութիւնը կը փաթթէ ժողովուրդի վիզին: Վատ կռուող ժողովուրդ չկայ, կան պատերազմը վատ կառավարած իշխանութիւններ: Պարտուած իշխանութիւնը պէտք է փոխուի: Վարչապետի դէմքը կը մարմնաւորէ այս խայտառակ պարտութիւնը: Այս վիճակին մէջ արագ արտահերթ ընտրութիւններ ընելը սխալ է։ Մենք տեսանք, թէ այդպիսի ընտրութիւնները ինչ հետեւանք կու տան։ Այդ փորձը ունենալով՝ մենք պէտք է հասկնանք, որ պէտք է աւելի հանգիստ վիճակի մէջ ընտրութիւններ կազմակերպել։ Ակնյայտ է, որ այս իշխանութիւնը այլեւս օրինական չէ, խորհրդարանը չ՚արտայայտեր ժողովուրդի կարծիքը, բայց գոնէ մէկ տարի ժամանակ պէտք է բանական դաշտի մէջ ընտրութիւն կազմակերպելու համար։ Կ՚ողջունեմ ընդդիմադիր ուժերուն որոշումը, կը կարծեմ՝ Վազգէն Մանուկեանը այն կերպարն է, որ այդ առաքելութիւնը կարող է կատարել։ Սա պաշտօնի կռիւ չէ։ Ես չեմ նախանձիր որեւէ մէկուն, որ այս մէկ տարուայ ընթացքին պէտք է մտնէ այդ անցումային կառավարութեան մէջ։ Իմ բոլոր հնարաւորութիւններով պիտի փորձեմ ամէն ինչ ընել, որպէսզի մեր երկիրը յաղթահարէ այս ծանր ժամանակահատուածը, անմասն պիտի չմնամ, անկասկած»։

Ուշագրաւ էր նոյնպէս Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքը։ Իր գրասենեակը, որ անդրադարձաւ Փաշինեանի կողմէ շաբաթ առաւօտ կատարուած յայտարարութիւններուն, արձագանգեց ըստ հետեւեալի. «Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին բոլոր իշխանութիւնները պիտի յիշուին որպէս հայրենիքը պաշտպանած, իսկ Փաշինեանը՝ յանուն աթոռի պատերազմի մէջ պար-տըւած, հողերը յանձնած ղեկավար»։ Աւելիով բանալով որոշ փակագիծեր՝ Սարգսեան նաեւ ըսած է, որ Փաշինեան նոյնիսկ խօսելու իրաւունք չունի այլեւս եւ ան պէտք է ընդհանրապէս լռէ։ Այս առումով ան աւելցուց. «Արցախեան հիմնախնդրի բանակցային գործընթացի մասին ով որ ալ խօսի, դուն պէտք է լռես, Նիկո՛լ Փաշինեան: Քու իմացած բանակցային պատմութիւնը՝ բնորոշածդ «կիրթ» ու «կառուցողական» Ալիեւէն լսածդ է, որուն այնքան կը հաւատայիր, որ աւելորդ կը համարէիր այդ գործընթացի մասին հանգամանօրէն տեղեկանալ քու պետութեան՝ բանակցութիւններ վարած նախկին բոլոր ղեկավարներէն: Կը նշանակէ՝ մեր թշնամիին անվերապահօրէն կը վստահէիր, իսկ քու քաղաքական ընդդիմախօսներուն՝ ոչ: Այդ պատճառով մինչեւ հիմա չես հասկցած բանակցային գործընթացի իմաստն ու նպատակը: Իսկ երբ բանակցային պատմութիւնը բացառապէս իր երկրի շահերէն բխած նրբերանգներով ականջիդ շշնջացող թշնամին քու հայրենադաւութենէդ ետք, եթերով դիմելով քեզի՝ ամբողջ օր մը ամենավերջին ստորնացումներու կ՚ենթարկէր, կը ծիծաղէր վրադ եւ կը ծաղրէր, ծպտունդ անգամ դուրս չեկաւ: Արժանապատուութիւն ունեցող ոեւէ հայու համար, աշխարհի ո՛ր ծայրն ալ ըլլայ, սա մեծագոյն անարգանք էր ու ամօթ, բայց ոչ քեզի համար: Դուն պատրաստ ես միայն յարձակիլ քաղաքական ընդդիմախօսներուդ վրայ, իսկ հայ ժողովուրդի թշնամիին առջեւ՝ ծունկի գալ: Դուն կրնաս անամօթաբար ստել ու նենգափոխել պատմութիւնը, վախկոտին բնորոշ ձեւով պատասխանատուութենէ խուսափելու համար մանիփիւլաթիւ հնարքներով ամէն ինչ յարմարցնել խայտառակ պարտութիւնդ քօղարկելու մտադրութեան հետ: Անցեալ երկուքուկէս տարուան ընթացքին Արցախի հիմնախնդրի լուծումը տարած ես բացառապէս հող տալ կամ չտալու ուղղութեամբ, մինչդեռ քեզմէ առաջ բանակցութիւններ վարուած են Արցախը փոխզիջումներու միջոցաւ Ատրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու նպատակով։ Այլեւս փաստ է, որ պատմութեան մէջ նորանկախ Հայաստանի նախկին բոլոր իշխանութիւնները պիտի յիշատակուին՝ որպէս հայրենիքը արժանապատուօրէն պաշտպանած, յաղթանակած եւ հողեր ազատագրած իշխանութիւններ, իսկ դուն՝ յանուն աթոռիդ պատերազմի մէջ անարժանապատուօրէն պարտուած, Արցախի հողերը յանձնած, բանակցութիւններ վարելու անընդունակ, Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը լրջագոյն հարուածի տակ դրած վախկոտ եւ ժողո-վուրդի կողմէ դաւաճանի խարանը ճակատին դրոշմուած ղեկավար: Պատմութիւնը կը գրուի փաստերով»:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ… «ՀԻՆ-ՆՈՐԻ ԽԱՂԸ»

Եթէ այսօր Հայաստանի մէջ կան մարդիկ, որոնք համաձայն չեն, թէ Փաշինեան պէտք է հրաժարական տայ, ապա անոնք ունին մէկ մտավախութիւն։ Այդ մտավախութիւնը անցեալին վերադառնալու եւ անցեալի իշխանութեանց վերարտադրումն է։ Զուտ լրագրական կանոնէն ելլելով, եթէ նոյնիսկ պահ մը փորձեմ յարգել այդ խակ տեսակէտը, ապա արագօրէն պիտի նկատեմ, որ Հայաստան երկիրը ղեկավարած ոչ մէկ իշխանութեան օրով Հայաստանը այսքան ընկճուած ու կոտրուած եղած է։ Խնդիրը այն է, որ Փաշինեան սպառելով իշխանութեան վրայ մնալու իր բոլոր մակարդակի հնարաւորութիւնները, կը շարունակէ դիմել հին խաղաոճին։ Ան քաղաքական կեանք մտած է երկիրը ղեկավարողները քննադատելով ու այդ ոլորտին մէջ յառաջացած է միայն ու միայն հինը բնովելու, հինը անիծելու դրուածքներով։ Ինչ-ինչ դրուածքներով իր այս «զէնք»ը աշխատած է։ Օրերու ընթացքին դարձած է երկիրը առաջնորդող «տէմակոկ» մը։ Ամբոխավարութեան բոլոր հնարքները «լաւ սորված» Փաշինեան, սակայն, վրիպեցաւ (ինչպէս քիչեր կը սպասէին) եւ երկիրը հասցուց այսօրուան անմխիթար վիճակին։ Ամենատխուրն է, որ անոր կիրառած հին-նորի այս տհաճ եւ նոյնիսկ թունաւոր խաղը կը շարունակէ տեղ գտնել եւ քիչ չեն անոնք, որոնք կը շարունակեն պաշտպանել զինքը՝ կոյր ձեւանալով իր մեծ սխալներուն դիմաց, որոնց ճիշդ շարահարումը կրնայ արագօրէն տանիլ «ազգային դաւաճանութիւն» գործած ըլլալու մեծ մեղաւորութեան. կործանարար եւ աղիտալի մեղաւորութիւն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2020