ԶԱՐԳԱՆԱԼՈՎ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆՔ ԳԻՏՈՍԻԿ՝ ԴԻԱԿՆԱՑՆԵԼՈՎ ՀԱՅԵՐԷՆԸ

Մրգաստանի մը նման կը սիրեմ քեզ, հա՛յ լեզու,
Մեր հայրենի պալատէն, պարտէզներէն մնացորդ՝
Դալարագեղ դուն պուրա՛կ, որ դիմացար դարերու
Ու կը մնաս առոյգ, հին աւիշովդ կենսայորդ…

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Այնքա՜ն կեանք եւ ճշմարտութիւն կայ բանաստեղծի խօսքին մէջ: Լեզու՝ որ դիմացած է, երբ պալատներ փուլ եկած են:

Տէ՞ր ենք լեզուին՝ որ մեր հայրերու կտակն է:

Գաղտնիք չէ, համաշխարհայնացումը ընդհանուր բնութագրումով քաղաքակրթական է, ներառնելով քաղաքականութիւնը, մշակոյթները, տնտեսութիւնը, բարքերը:

Գաղտնիք չէ նաեւ այն, որ այդ ճամբուն վրայ վտանգուած են ազգային ինքնուրոյնութիւնները անոնց, որոնք փոքր են, նաեւ անոնց, որոնք այսօր փոքր չեն համարուիր:

Սպառողի եւ զբօսնողի մշակոյթը կրնա՞յ մոռցնել տալ ինքնութիւն եւ արժէքներ:

Այդ վտանգը կարծէք վատութեամբ կ՚ընդունուի մեր ազգի անդամներուն եւ ղեկավարութիւններուն կողմէ, փերեզակի հաշիւներով եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու թեթեւսոլիկութեամբ, այդ ալ վերածելով ազգային քաղաքականութեան, որ ոչինչով ազգային է:

20 յունիս 2019-ին, ֆրանսացի հարիւր մտաւորականներ ֆրանսերէնի պաշտպանութեան առաջադրանքով կոչ ստորագրած էին: Այդ կոչը ընդվզումով կը խօսէր ֆրանսերէնի ոչ-ցանկալի վիճակին մասին: Ֆրանսերէնին՝ որ ունի հսկող, տէր, զայն արժէքի վերածող գիր եւ գրականութիւն:

Անոնք կը գտնէին, որ ֆրանսերէնը խեղդամահ կ՚ըլլար «անկլօ-ամերիկերէն»ին կողմէ: Կոչ կ՚ընէին որ երկրի նախագահը պաշտպանէր ֆրանսերէնը:

Որ չի նշանակեր արհամարհել կամ ստորագնահատել անգլերէն-ամերիկերէնը, բայց տէր ըլլալ սեփական ինքնութեան, չընթանալ այլասերման ուղիով:

Հարիւր մտաւորականներ կոչ կ՚ընէին, որ նախագահը տար օրինակը եւ օտարերկրեայ իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին հրաժարէր Շէյքսփիրի լեզուն գործածելէ…

Նոյն ժամանակ կը պահանջէին, որ նոր արտադրութիւններուն եւ ապրանքատեսակներուն տրուին ֆրանսերէն անուններ:

Յայտարարութիւնը կ՚ըսէր. Il y va de notre identite nationale… Այսինքն խնդրոյ առարկայ է մեր ազգային ինքնութիւնը…

Հզօր մշակոյթով եւ աշխարհատարած լեզուով Ֆրանսայի հարիւր մտաւորականները ինքնութեան կորուստի մղձաւանջի ահազանգով կը պահանջեն, որ իրենց նախագահը օտարերկրեայ իր այցելութիւններուն ընթացքին ազգային ինքնապաշտպանութեան համար անգլերէն չխօսի:

Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ) օրինակելիութեան լսելիք չունի՞նք այդ հարիւրի կոչին մէջ: Մենք, վերնախաւ եւ ժողովուրդ: Ժողովուրդ, որուն համար յաճախ ըսած ենք, որ միշտ պահած է եւ կը պահէ ազգի առհաւական (atavique) առաքինութիւնները: Կարծէք տարազը այսօր դատարկ կը հնչէ:

Լենինէն Պրեժնեւ ըսած եւ կրկնած էին, որ ամէն խորհրդային քաղաքացի պէտք է սորվի ռուսաց մեծ լեզուն… եւ կոչը կամայ-ակամայ լսուած էր:

Սփիւռք(ներ)ի մէջ, վասն պատշաճելու եւ լաւ ապրելու, նոյն եղանակը նուագուած էր եւ լսուած:

Մի՛շտ ի հեճուկս հայերէնի:

Ազգի գոյութենական կոչը երգած էին հայ մտաւորականները, բանաստեղծները, պանծացնելով հայերէնը: Անոնց խօսքերը այսօր հանդէսներու բեմերուն գեղօր են, անոնք կոչուին Չարենց թէ Սիլվա Կապուտիկեան, Վահան Թէքէեան թէ Մուշեղ Իշխան: Բայց մեծ ու պզտիկ կը մոռնանք, մոռցած ենք, որ հայերէնը հարազատ տուն է:

Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), հոգեբանական աղիտալի մակերեսայնութեան, տեղատուութեան եւ յաջողելու սնափառութեան հետեւանքով, անհատ եւ հաւաքականութիւններ կը հարուածեն հայերէնը: Արդէն շուրջ օտար եօթը հարիւր բառեր հաւաքած եմ, եւ անոնց ցանկը վերջնական չէ, այդ բառերը վայրագ կերպով ներխուժած են Հայաստանի մէջ խօսուող եւ գրուող հայերէնի մէջ, չես գիտեր որ բանգիտութեան տուրք տալու համար: Սփիւռք(ներ)էն այդ բառերը թութակաբար կրկնող համբակներ ալ կան:

Իսկ սփիւռքներու հայերէնը, բախտաւոր պարագային ցածորակ հաղորդակցական միջոց է, ընդհանրապէս աղքատացած բառապաշարով, քերականութեան եւ շարահիւսութեան անտեսումով, եւ ամէն օր բազմացող օտարաբանութիւններով. ախտաժէտ թրքաբանութիւններուն վրայ գումարելով արաբաբանութիւններ, ֆրանսաբանութիւններ, իրանաբանութիւններ, անգլիաբանութիւն-ամերիկանաբանութիւններ:

Ականաւորներ,- կամ իրենք զիրենք այդպէս տեսնել ուզողներ,- ակադեմական ճոխութեամբ կամ անճոխութեամբ, հայկական եւ օտար բեմերէ կը խօսին օտար լեզուներ, որոնց շարքին՝ Հայաստանի ներկայացուցիչները:

Ինչո՞ւ հայերէն պիտի չխօսին միաժամանակ, ի հարկին իրենց խօսածը թարգմանել տալով՝ բանաւոր կամ գրաւոր բաժնելով:

Միշտ պէտք է կրկնել, յարգելով ժամանակավրէպ համարուող հետզհետէ անգտանելի դարձող բացառութիւնները:

Դեռ Ֆրանսայի օրինակով, բողոքով եւ պահանջով հանդէս չեկան Հայաստանէն հարիւր մտաւորականներ: Ինչո՞ւ նոյն ակնկալութիւնը չունենալ Սփիւռքէն, որուն ցարդ գոյապայքարի առանցքին եղած է հայերէնը: Վաղը պիտի ըսենք՝ եղած էր հայերէնը:

Կայ հակառակին փաստը. անհատաբար եւ հաւաքաբար հիացման պահեր կ՚ապրինք՝ լսելով հայածնունդի օտարաբարբառ շքեղ խօսքը, որպէս ապացոյց մեր բնատուր շնորհին եւ ընդունելի ըլլալու հիւանդագին ակնկալութեան:

Յառաջդիմութիւն կը համարենք, երբ օտար լեզուներով կ՚աղօթենք, օտար լեզուներով ժողովներ կը գումարենք, թերթ կը հրատարակենք, գիրք կը գրենք:

Երեւելիութիւններու անմահացման եւ պանծացման համար շէնքեր կը կառուցուին, մարմարի կամ պրոնզի վրայ անուններ կը գրուին…

Ազգապահպան ի՞նչ ժառանգութիւն կը ստեղծենք, որպէսզի կտակենք:

Բայց երբ հայ ազգը վաղը դառնայ անինքնութիւն հաւաքականութիւն, ի՞նչ բան պիտի յիշեցնեն այդ անունները:

Վերջին տասը օրերուն քաղած ախտաբառերու ցանկ մը կը կցեմ, ոչ ծաղկաքաղ, ծաղիկը գեղեցիկ է եւ հմայիչ (իսկ եթէ ուրիշ հարիւրաւոր ախտաբառեր ստանալու ցանկութիւն ունեցողներ կան, թող գրեն թերթին):

Վերջին տասը օրերուն խօսուած եւ գրուած ախտաբառերու հունձք.

Կոնսերվացման, տրանսֆորմացիա, աորա, լիդեր, սենատոր, նեգատիվ, դիստանցիա, պրիմիտիվ, պոզիտիվ, գլոբալ, վերաֆորմատավորման, տոտալիզատորը, դեֆորմացիա, իներցիա, քաղաքական լանդշաֆտ, էքսցենտրիկ, կոլապս, չարչիական արշին, կոնֆիդենցիալության, նորմատիվ, արսենալ, պաթետիկ, ամեն մի լայվ, ռոտացիոն, ֆավորիտ, անարխիա, իմպերատիվ, աբսուրդայնությունից, ատեստատ, էնտուզիազմ, պրոցեդուրայից, ադապտացվել, մոդեռնիստական…

Կարդալէ ետք հարց տուէ՛ք դուք ձեզի, պետութիւն, կուսակցական, եկեղեցական, հրապարակագիր, բարերար, բանաստեղծ, արուեստագէտ, ծնողք եւ շարքային հայ, թէ ինչպէ՞ս կը դիակնանայ հայերէնը ձեր աչքին առջեւ: Եւ դուք մասնակից եւ մեղսակից էք այդ աղէտին: Ինչո՞ւ ազգի ինքնութեան եւ արդար իրաւունքի կացինով պիտի չմաքրենք հրապարակը՝ հոգեկոռուպցիայի ախտէն:

Հարց տուէ՛ք, թէ դուք ի՞նչ կ՚ընէք այս վարակին դէմ:

Հարցում. հայերէնին վախճանը ի՞նչ բանի վախճան պիտի ըլլայ:

Եթէ ազգային որակի հանդէպ լրջութեան եւ պատասխանատուութեան վերաբերում ունենայինք, հայկական եւ հայերէն թերթերը եւ լրատուամիջոցները աշխատանքի կը կոչէին ՍՐԲԱԳՐԻՉՆԵՐ, որպէսզի ինչ որ կը ներկայացուի ընթերցողին գրուած ըլլայ ճիշդ եւ որակաւոր հայերէնով: Խօսքը բովանդակութեան մասին չէ, որ կը վերաբերի գիտական եւ գրական որակին:

Կը մոռնանք, որ ընթերցողին համար թերթը եւ լրատուամիջոցը մնայուն դպրոց է, անիկա պէտք է ունենայ ուղղագրական, քերականական, շարահիւսական եւ մեքենագրական ճշգրտութիւն: Նոյնը պէտք է ընել լսատեսողական լրատուամիջոցներու պարագային:

Այս գրաքննութիւն չէ, մսխում չէ, պերճանք չէ, այլ՝ մշակոյթ-ինքնութեան պաշտպանութիւն:

Հայերէնի վերջնական վախճանին մեղսակից կ՚ըլլանք՝ ընդունելով, որ թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ անիշխանութեան բեմ համացանց, դառնան արեւելեան պազար, որ չի ծառայեր ազգային ինքնութեան, որակին, տոկալուն եւ տեւելու կամքին, այլ եսական եւ էսթէպլիշմընթային շահերու:

Սադայէլի շրջանակ՝ որմէ դուրս պէտք է գալ, նոյնիսկ եթէ այդ ընելու համար պէտք է ինքնագոհութեան կուռքերը քանդել:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Եռագոյն»

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2020