ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Գ.

ՄԱՇԿԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մաշկը եւ անոր գոյնը: Նորածինին մաշկին առանձնայատկութիւնները: Մաքրութեան անհրաժեշտութիւնը: Օճառի աղի գործածութիւնը: Վաննա: Ջուրին տաքութիւնը: Ի՞նչ պարագայի պէտք չէ լոգցնել: Ե՞րբ պէտք է լոգցնել: Վաննային ազդեցութիւնը երեխային վրայ: Բաղնիք տանիլն ու Մկրտութեան լուացումը: Գլուխին խնամումը: Երեխան չորցնելը: Մասնաւոր լուացում:

Ջուրի տաքութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի: Շատ տաք եւ շատ պաղ ջուրը կրնայ մանուկին վնասել: Սկիզբը ջուրին տաքութիւնը պէտք է 28՛ ըլլայ: Այս տաքութեամբ վաննաները պէտք է չորս շաբաթ շարունակել, ապա իւրաքանչիւր շաբաթ 1/2՛ պակսեցնել, այնպէս որ երկու ամիս ետք 26՛ ըլլայ: Այս տաքութիւնը պէտք է մինչեւ երկու տարեկան հասակը պահպանել: Այսպիսով երեխային մարմինը թէ՛ մաքուր կը պահուի եւ թէ՛ կ՚ամրապնդուի ու դիմացկուն կը դառնայ: Հետեւաբար, ջերմաչափով պէտք է չափել ջուրին տաքութիւնը եւ ո՛չ թէ ձեռքով, որ սխալ ցուցմունքներ կու տայ (տե՛ս նկ. 13):   

Լաւ չէ երեխան վաննայի մէջ կանգնեցնել եւ վրան ջուր լեցնել. այսպիսով լոգցնելու ընթացքին երեխան դիւրութեամբ կրնայ պաղիլ, որովհետեւ մաշկին տաքութիւնը շուտ-շուտ կը փոխուի: Պէտք է ամբողջութեամբ պառկեցնել եւ գլուխին ջուր լեցնել: Մէկ ձեռքով գլուխը կը բռնեն, վիզը ջուրէն վեր, որպէսզի ականջներուն եւ աչքերուն մէջ ջուր չմտնէ, միւս ձեռքով ալ մաքուր բամպակով ջուրին մէջ մարմինը կը լուան1:

Ի՞նչ պարագայի պէտք չէ լոգցնել. դէպքեր կան, երբ փորձը միայն կրնայ որոշել, լոգցնե՞լ, թէ՞ ոչ: Առաջին դէպքը՝ ակռաները հանելու շրջանն է: Այս ատեն երբեմն վաննան աւելի կը գրգռէ մանուկը, երբեմն ալ ընդհակառակը՝ կ՚անհանգստացնէ: Ատիկա պէտք է փորձը որոշէ: Եթէ վաննայէն ետք մանուկը հանգիստ կը քնանայ, կարելի է ընել, իսկ եթէ ոչ՝ պէտք չէ: Միւս դէպքը երեխային վրայ դուրս տուած զանազան ցաները, օր.՝ ջրջրուկը: Երբեմն վաննան լաւ է, իսկ երբեմն մաշկը աւելի կը բորբոքի: Այդ ալ պէտք է նկատի ունենալ:

Ընդհանրապէս կարելի չէ լոգցնել հետեւեալ պարագաներուն.

1.- Երբ երեխան տաքութիւն ունի (տաքութիւնը 380 է եւ աւելի):

2.- Կը հազայ:

3.- Լոյծ է: Եւ՝

4.- Հիւանդութենէ նոր առողջացած է:

Ծննդեան առաջին օրերը վաննային տեւողութիւնը երկու-երեք վայրկեանէն աւելի պէտք չէ ըլլայ, ապա կարելի է ջուրին մէջ պահել 4-5 վայրկեան, ոչ աւելի: Մէկ տարեկանէն սկսեալ կարելի է աւելի լոգցնել:

Պէտք չէ մոռնալ, որ վաննան միայն մաքրութեան համար չէ. ան նաեւ ուրիշ կարեւոր նշանակութիւն ալ ունի: Այս նշանակութիւնը ըմբռնելու համար յիշեցնենք, թէ երեխային մաշկը չափազանց հարուստ է ջիղերով: Իսկ բոլորը գիտեն, որ ջիղերը մեր բոլոր գործարաններուն, մեր մկաններուն կանոնաւոր գործունէութեան ղեկավարողներն են. առանց ջիղերու համակարգութեան միջամտութեան ո՛չ մէկ շարժում, ո՛չ մէկ գործողութիւն կրնայ կատարուիլ մարդուն մէջ: Այս ջիղերուն շնորհիւ է, որ մենք տաքն ու պաղը կը զգանք, որ կը տեսնենք, կը լսենք, եւ այլն: Մաշկին մէջ տարածուող ջիղերու անհամար վերջաւորութիւնները անդադար գրգռումի մէջ են, եւ այս գրգռումը անշուշտ կ՚անցնի եւ ամբողջ համակարգին, որ ամբողջութեամբ գրգռումի մէջ է եւ կ՚իյնայ ու զանազան հիւանդութիւններ կը յառաջացնէ: Այսպիսի գրգռումի պատճառներէն մէկը մաշկի չորնալն է, որ շատ դիւրին կարելի է պահել, որովհետեւ, ինչպէս ըսած ենք, փոքր մանուկին քրտնային գեղձերը դեռ քրտինք չեն արտադրեր: Եթէ կաշին չոր է, ջիղերուն վերջաւորութիւնները կը գրգռուին, այդ պատճառով անհրաժեշտ է երեխան վաննա դնել, որպէսզի այն կակուղնայ: Նոյն պատճառով է, որ վաննան այնքան հանգստացնող զօրութիւն ունի: Այս հանգստացնող ազդեցութեան շնորհիւ է, որ գրգռուած, առանց պատճառի լացող ու չքնացող երեխաները վաննա կը դնեն:

Ե՞րբ պէտք է լոգցնել. վաննա պէտք է երեկոները դնել եւ անմիջապէս քնացնել երեխան: Առաւօտեան վաննան անյարմար է, որովհետեւ անկէ ետք մի քանի ժամ երեխան պէտք չէ դուրս տանիլ, եւ այդպիսով ան օդէն կը զրկուի: Բացի այդ, երեկոյեան վաննան նաեւ այն առաւելութիւնը ունի, որ ան երեխային հանգիստ քուն կը բերէ:

Փոքրիկ երեխաները բաղնիք տանիլ (մինչեւ 5 տարեկան հասակը) վտանգաւոր է, որովհետեւ բաղնիքին չափազանց տաք օդն ու գոլորշիները կրնան մանուկին թոքերը գրգռել եւ զանազան հիւանդութիւններ յառաջացնել: Բացի ատկէ, բաղնիքէն տուն բերելու ժամանակ կրնաք զայն մսեցնել:

Այստեղ կարելի չէ մի քանի խօսք չըսել մկրտութեան լողացումի մասին: Մկրտութեան աւազանին ջուրը մեր մէջ տաք կ՚ընեն (դժբախտաբար սակայն ջերմաչափով չեն չափեր), եւ ատիկա լաւ սովորութիւն է: Սակայն, ձմրան, եկեղեցին ցուրտ կ՚ըլլայ: Հետեւաբար, մկրտութենէն ետք անմիջապէս պէտք է տաքցուցած զգեստներու մէջ փաթթել եւ լաւ մը ծածկել, ու ինչքան հնարաւոր է, շուտով տուն տանիլ:

Գլուխին խնամումը. երեխային գլուխը առանձին խնամքով պէտք է մաքրել: Շատ տեղեր վատ եւ անհասկնալի նախապաշարում կայ, թէ գլուխը պէտք չէ լուալ: Գլուխը տաք ջուրով ու սպունգով կը լուան, կամ շատ փափուկ խոզանակով: Ականջները նոյնպէս պէտք է բամպակով լուալ: Աչքերուն մաքրութիւնը աւելի եւս պէտք է մօր ուշադրութիւնը գրաւէ, մանաւանդ ծննդեան առաջին օրերը, քանի որ ճիշդ այդ օրերուն կը պատահի աչքի սարսափելի բորբոքումը: Գլուխին եւ երեսին լուալու ջուրը պէտք է առանձին ըլլայ:

Չորցնելը. վաննայէն հանելէ ետք, երեխան անմիջապէս պէտք է տաքցուցած լաթերու մէջ փաթթել եւ լաւ մը չորցնել: Երբ երեխան լաւ չորցուած ըլլայ, եթէ գէր է, կարելի է կաշիի ծալուածքներուն մէջ զանազան փոշիներ ցանել (օր. բրինձի ալիւր, թալք) կամ վազելին քսել, որպէսզի չկարմրի: Գլուխը առանձին խնամքով պէտք է չորցնել, մազերը լաւ սանտրել, կամ փափուկ խոզանակով սղալել ու բարակ լաթ մը կապել, որպէսզի մնացած խոնաւութիւնն ալ ծծէ: Այս լաթը երբ թրջի, պէտք է փոխել: 

Մասնաւոր լուացում. մենք ըսինք, թէ երեխային մաշկը կ՚արտադրէ ճարպային մածուցիկ նիւթեր, որոնք մարմինին վրայ մի քանի տեղեր շերտ կը կազմեն, ինչպէս գագաթին վրայ, թեւատակերը, աճուկներուն, յօդերու ծալուածքներուն եւ կաշիի փոնփերուն: Այս տեղերը, եթէ յաճախ կը լուացուին, կը գրգռուին, կը կարմրին, կը բորբոքին եւ յաճախ կը ջրոտին: Կաշին նոյնպէս կրնայ գրգռուիլ, երբ լաթերը կոշտ են, երբ մարմինը երկար ժամանակ սեղմուած եղած է, եւ այլն:

Այս բոլորէն բացի, երեխան անդադար կը կեղտոտէ իր մէզով ու կղկղանքով, որոնք մնալով՝ նոյնպէս կը գրգռեն մաշկը եւ երբեմն ալ կրնան ծանր հիւանդութիւններ յառաջացնել; Երեխաները այս կեղտէն անհրաժեշտ է մաքրել. ատոր համար տաք ջուրի մէջ թրջած լաթով մը կը սրբեն, կամ մարմինին կեղտոտած մասերուն վրայ ջուր կը կաթեցնեն ու անմիջապէս տաքցուցած չոր լաթով մը կը չորցնեն:

Մասնաւոր լուցումներու համար պիտէ կոչուած տաշտիկը կը գործածուի (տե՛ս նկ. 14), կամ հասարակ մեծ թաս (լական) մը, որու մէջ կը նստեցնեն երեխան ու կը լուան: Լուալէն ետք պէտք է տացուցած փափուկ երեսի սրբիչ մը դնել արանքը եւ փաթթել, որպէսզի ինքն իրեն չորնայ, եւ ո՛չ թէ տրորել:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 6

Վաղարշապատ


1 Յաճախ սպունգ կը գործածեն, բայց սպունգը այն անյարմարութիւնը ունի, որ իր մէջ կեղտ կը պահէ եւ իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք, անհրաժեշտ կ՚ըլլայ դարձեալ ջուրի մէջ եռացնել:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2023