ՎԻԵՆՆԱՅԷՆ ԵՏՔ. ՍԱՀՄԱՆԻ ԿԱՅՈՒՆ ՎԻՃԱԿԸ ՆՈՐ ՅՈՅՍԵՐՈՒ ԴՈՒՌ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱ՞Յ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առաջին ուղղակի հանդիպումը տեղի կ՚ունենար մարտի 29-ին, Վիեննայի մէջ։

 Ի դէպ, թէեւ այս հանդիպումը որպէս բանակցային հանդիպում մեծ իրագործումներով չէր աւարտեր, սակայն զգալի էր, որ երկու երկիրներու ղեկավարներուն համար այս ձեւաչափի հանդիպում մը կը կարեւորուէր մէկէ աւելի առումներով։

 Նախ այն պատճառով, որ անցեալ գարնան Հայաստանի իշխանութեան ղեկը ստանձնած Նիկոլ Փաշինեան, որ իր նպատակասլաց քայլերով կարողացաւ Ալիեւի հետ վստահութեան միջավայր մը կերտել, այսօր արդէն կը քաղէ այդ փուլի դրական գործընթացի պտուղները։ Միւս կողմէ, Իլհամ Ալիեւի համար ալ այս հանդիպումը, կամ առհասարակ Հայաստանի նոր առաջնորդին հետ շփում ունենալը կարեւոր է եւ որեւէ ձեւով քաղաքական դրական միաւոր ըլլալու բոլոր տուեալները ունի։

 Անշուշտ հրաշք մը պիտի չպատահէր Վիեննայի մէջ, սակայն պիտի ամրապըն-դէր վերջին գրեթէ մէկ տարուան ընթացքին սահմանին տիրող նուազ լարուած իրավիճակը, ինչ որ կը դիւրացնէ բանակցութիւններուն նոր աշխուժութիւն մը հաղորդելը։

 Հայաստանեան կողմին համար, ինչպէս Փաշինեան-Ալիեւ մօտիկ անցեալի ոչ-պաշտօնական ձեւաչափի բոլոր հանդիպումներու, այս անգամ ալ կը շեշտուէր արցախեան կողմին բանակցային սեղանին մասնակցութիւնը՝ որպէս լիարժէք կողմ մասնակից դառնալու կարեւորութիւնը։

Նոյն կարեւորութիւնը կը շեշտուէր պաշտօնական Ստեփանակերտի կողմէ, որ բացի հանդիպման բոլոր մանրամասնութիւններուն հետեւելէ, Հայաստանէն կարեւոր ակնկալութիւններ ունէր, բանակցային փուլին իր մասնակցութիւնը ապահովելու համար։

 Հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի կարծիքով՝ երկու ղեկավարներու միջեւ արդէն չորրորդը հանդիսացող այս հանդիպումը դրական է այն առումով, որ կարելի եղածին չափ կը վանէ ու կը հեռացնէ պատերազմի վտանգը։ Յակոբեան, որ ներկայ եղած է Վիեննայի հանդիպման, նաեւ նկատել կու տայ, որ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ որոշ հասկացողութիւն մը կայ, այդ մէկը երեւելի է նոյնիսկ Body Language-ի առումով եւ այս «մօտիկութիւն»ը, ձեւով մը կը յիշեցնէ երկու երկիրներու նախկին նախագահներ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Հայտար Ալիեւի բանակցութիւններու օրերուն առկայ համահունչ եւ զիրար հասկնալ փորձող ղեկավարներու ընդհանուր պատկերը։

Թաթուլ Յակոբեան, որ այս բոլորին մասին խօսած է «Ազատութիւն» ռատիօկայանին՝ նշած է, որ երկու առաջնորդներու միջեւ կայացած հանդիպման աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան վրայ կողմերը շատ լուրջ աշխատանք իրականացուցած են եւ այդ հաղորդագրութեան հրապարակումը տեւած է երկար ժամեր։

Աւարտելով Յակոբեանի տեսակէտներուն ներկայացման հատուածը՝ նշեմ, որ անոր խօսքերուն մէջ ամենէն ուշագրաւը այն էր, որ ինք՝ լրագրողը, որուն համար ամէնօրեայ հետաքրքրութեան եւ ուշադրութեան հարց է ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցն ու անոր զարգցումները, այսօր ինքզինք շատ հեռու կը զգայ համընդհանուր պատերազմի ընդհանուր մթնոլորտէն, հետեւաբար նաեւ պատերազմի վտանգներէն։ Յակոբեանի այս խօսքը կարեւոր ցուցանիշ մըն է, որ մեծ առաջնահերթութիւն ունի ոչ միայն Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեանց համար, այլեւ կարեւոր ու անհրաժեշտ դրոյթ մըն է նոյնպէս այս երեք տէրութեանց ժողովուրդներուն համար։

Ի վերջոյ Ղարաբաղի համար ի կատար ածուած, ներկայացուած, իրականացուած, խմորուած ու պատրաստուած բոլոր տեսակի ծրագիրները, տեսակէտները, գործերն ու ձեռքբերումները առաջին հերթին կը կատարուին ժողովուրդներուն համար, որպէսզի անոնք նախեւառաջ զիրար հասկնան, յետոյ ի զուր տեղը արիւն չթափեն, որովհետեւ արցախեան հիմնահարցի նման խճճուած հիմախնդիր մը անկարելի է լուծել արեան ու պատերազմի միջոցով։ Հակառակ անոր, որ երեք երկիրներու մէջ ալ կան մարդիկ ու հաւաքականութիւններ, որոնք կը հաւատան, թէ միակ լուծումը պատերազմն է։

Այստեղ արդեօք կարիք կա՞յ յիշեցնելու, կամ որքանո՞վ օգտակար պիտի ըլլայ հանրութեան յիշեցնել, թէ Արցախի մէջ եղած վերջին թէժ լարումը՝ 2016 թուականի այս օրերուն տեղի ունեցաւ Պաքուի անմիջական տնօրինութեամբ ու որոշումով։ Քանզի նման յիշեցում մը առնուազն աւելի կրնայ լարումի տանիլ պատերազմի հռետորաբանութիւնը, որ ապահովաբար կործանարար պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ մանաւանդ Արցախի ու անոր հերոսական ժողովուրդին համար։

Արցախեան պատերազմի վերսկսումը կործանարար է ու բոլորին ալ աւելի քան յստակ է, որ սահմանին տիրող ներկայ կայունութիւնը, բանակցային փշոտ գործընթացին երկարատեւ ընթացքն ու երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ կայացած կամ կայանալիք հանդիպումներուն բազմացումը, ապահովաբար աւելի հեշտ է, քան որեւէ տեսակի, չափի ու տարողութեան պատերազմ, որ ինքնին կրակոց է երկու ժողովուրդներու էութեան վրայ։

Ուրեմն Վիեննայի հանդիպումը բոլոր իմաստներով դրական է ու վստահօրէն այս հանդիպումը հիմքը պիտի դառնայ յառաջիկայ ժամանակաշրջանին տեղի ունենալիք դրական կարեւոր գործընթացներուն։

ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՓՈՒԼԵՐԸ

Ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ առաջին միջազգային փաստաթուղթը 1991 թուականին Ռուսաստանի Ժելեզնովոտցք Ռուսաստան քաղաքին մէջ կնքուած յուշագիրն է։ Այդ փաստաթուղթին տակ ստորագրած են Ելցին, Նազարպայեւ, Մութթալիպով, Տէր-Պետրոսեան։

Զինադադարէն ետք մինչեւ 1996 թուականը բանակցութիւնները եռակողմ էին՝ Հայաստան, Ատրպէյճան, Լեռնային Ղարաբաղ։ Ատրպէյճան Ղարաբաղի պատուիրակութիւնը որպէս բանակցային կողմ չէր ճանչնար: Ատրպէյճան պայման կը դնէր, որ Ղարաբաղի պատուիրակութիւնը ներկայանայ որպէս համայնք՝ հայեր եւ ատրպէյճանցիներ: Ասոր դէմ էր Ղարաբաղի կողմը։

1996-ին ԵԱՀԿ-ի Լիզպոնի գագաթաժողովին, Արեւմուտքն ու Ռուսաստանը պաշտպանեցին նոր փաստաթուղթը, ուր կ՚ընդունուէր Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Ղարաբաղի մեծ ինքնավարութիւնը Ատրպէյճանի կազմին մէջ:

Լիզպոնի մէջ Տէր-Պետրոսեան վեթոյի իրաւունք կիրառեց։

1997-ին վերջին եռակողմ հանդիպումը եղաւ ու հայկական կողմը լքեց բանակցութիւնները։ Այսպէսով Ղարաբաղի մասնակցութիւնը դադրեցուեցաւ։

Կազանի բանակցութիւններ

Կազանի մէջ միջնորդները՝ նախագահներ՝ Քոչարեանին ու Ալիեւին կը ներկայացնեն փաստաթուղթ, որու հիմնական կէտերը՝ Ղարաբաղի հարցը որոշել հանրաքուէով, զինեալ ուժերը դուրս բերել հինգ տարածքներէն՝ բացի Լաչինէն եւ Քելպեճերէն։

Մինչեւ հանրաքուէն Ղարաբաղը պէտք է ստանար միջանկեալ կարգավիճակ։

Անկէ որոշ ժամանակ անց փաստաթուղթին մէջ կ՚աւելցուի նոր կէտ՝ Ղարաբաղը պէտք է ունենար միջանկեալ կարգավիճակ, որով Ղարաբաղը հնարաւորութիւն կ՚ունենար ելք ունենալ դէպի միջազգային շուկաներ, ԵԱՀԿ-ի մէջ կ՚ունենար դիտորդի կարգավիճակ, կ՚օրինականացուէր անով սթաթիւքոն։

Քի Ուեստի բանակցութիւններ

2002-ին Քի Ուեստի մէջ Ալիեւ կոշտ ելոյթ մը կ՚ունենայ եւ կը դատապարտէ Հայաստանը՝ զայն անուանելով «ակրէսոր» (բռնազաւթող), կը մեղադրէ միջնորդ խումբը դանդաղելու համար։ Բանակցութիւններուն կը մասնակցէր նաեւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քոլին Փաուըլ։

Քի Ուեստէն հինգ տարի վերջ, Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք անգամ մըն ալ կը փորձէ մերձեցնել «վաղեմի բարեկամները», 2006-ին կը հանդիպի Էլիզէի պալատէն ներս Քոչարեանի, յետոյ՝ Ալիեւի հետ։

Անկէ ետք Ալիեւն ու Քոչարեանը կը հանդիպին Ռամպուէ ամրոցին մէջ։ Կողմերը չեն յաջողիր համաձայնութեան գալ Լեռնային Ղարագաղի կարգավիճակի, հինգ շրջաններէն զօրքի դուրս բերման եւ Լաչինի միջանցքի հետ կապուած։

Վիեննայի բանակցութիւններ

ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի նիստի ընթացքին համանախագահները կը գաղտնազերծեն այն փաստաթուղթը, որուն շուրջ չեն կարողացած համաձայնութեան գալ Ռամպուէի եւ Պուքրէշի մէջ։ Անոնք նաեւ սպառած են նոր հնարաւոր առաջարկներու ու գաղափարներու պաշարը։

Մատրիտեան բանակցութիւններ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան կը յայտարարէ, որ հակամարտութեան կողմերուն ներկայացուած փաստաթուղթը հաւասարակշռուած է եւ կրնայ հիմք դառնալ նախնական համաձայնութեան համար։

Մատրիտի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը յայտարարեն, որ կողմերու դիրքորոշումները նշանակալիօրէն մօտ են իրարու եւ կը մնայ յաղթահարել վերջին տարաձայնութիւնները։

Անշուշտ այս ուղենշային հանդիպումներէն եւ բանակցային դրոյթներէն ետք արցախեան հիմնախնդրի վերաբերեալ բանակցութիւնները կը շարունակէ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան. ամենէն ուշագրաւ հանդիպումներէն մին կը համարուի 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք Վիեննայի մէջ (մայիսին) տզրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տեղի ունեցած հանդիպումը։

ԹՈՄԱՍ ՏԸ ՎԱԱԼ. «ՓԱՇԻՆԵԱՆ Կ՚ՈՒԶԷ ԱՊԱՑՈՒՑԵԼ, ԹԷ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԽՆԴՐԻՆ ՄԷՋ ԼՈՒՐՋ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ԲԱՆԵՐ ՄԸ ՓՈԽԵԼՈՒ»

«Քարնեկի» հիմնադրամի փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ «Էխօ Մոսկուի» պարբերականին հարցազրոյց մը տալով խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլին ու հեռանկարներուն կապակցութեամբ:

-Ի՞նչ ազդեցութիւն ունի Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը Փաշինեանի դիրքորոշման վրայ:

-Ես կը կարծեմ, որ Փաշինեան չի շտապեր: Անոր համար, ի հարկէ, կարեւորը ներքաղաքական իրավիճակն է՝ իշխանութեան ամրապնդում, ներքին բարեփոխումներ: Այդ ամէնուն յաւելենք, որ Ղարաբաղի մէջ դեռ հին իշխանութիւնը կայ ղեկին՝ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ նախկին իշխանութիւններու մօտիկ անձեր, իսկ այդ կը նշանակէ, որ Փաշինեանի համար դժուար է զանոնք համոզել՝ որեւէ բան փոխել ղարաբաղեան գործընթացին մէջ: Ան չի շտապեր, բայց նաեւ կը հասկնայ, որ կայ «ձիւնհալ»ի պահ, որ ռազմական դրութիւնը բաւական խաղաղ է, եւ որ ան պէտք է ապացուցէ որեւէ բան փոխելու հարցի վերաբերեալ իր անկեղծութիւնը: Իսկ յստակ ի՞նչ կրնայ ընել՝ ահա, այդ է խնդիրը:

-Փաշինեանի համար որոշ հարցերու մէջ կայ աւելի դժուա՞ր դրութիւն, քան Սարգսեանի համար:

-Մէկ կողմէ՝ այո, կար ազդակ, եւ Պաքուն նոյնիսկ խանդավառութեամբ կ՚ընկալէր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը, բայց, միւս կողմէ՝ հիմա Պաքու որոշ չափով «հիասթափուած է» Փաշինեանէն, եթէ կարելի է այդպէս ըսել:

-Ի՞նչ պիտի ընէ Փաշինեան՝ կանգնած ըլլալով այդ յոյսերու ու վրէժի վտանգի միջեւ, որ ամէն պահ կրնայ զարգանալ Հայաստանի մէջ:

-Այո՛, իսկապէս, ես կը կարծեմ, որ որոշ հարցերու մէջ աւելի դժուար կ՚ըլլայ համաձայնութեան հասնիլ Փաշինեանի հետ. նախ՝ ան մշտապէս կ՚ըսէ, որ որոշողը ինք չէ, այլ Հայաստանն ու Ղարաբաղը միասին, կը նշանակէ՝ ան կողմնակից չէ այնպիսի արմատական դիրքորոշման, ինչ որ ունէր Սարգսեան, որ կը յաւակնէր ինքնուրոյն որոշումներ կայացնել: Այն, որ Փաշինեան, ի հարկէ, Հայաստանէն է, եւ ոչ թէ Ղարաբաղէն, անխօս, ալ խնդիրներ կը ստեղծէ: Ատրպէյճանի մէջ ընդունուած է կարծել, որ Հայաստանն ու Ղարաբաղը մէկ ամբողջութիւն են՝ այն պարագային, երբ խօսքը Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման մասին է, բայց, ինչ խօսք, այստեղ ալ դիրքորոշումները տարբեր են:

-Պաքու որքանո՞վ կաշկանդուած է վերջին տարիներու իր կոշտ հռետորաբանութեամբ:

-Ես կը կարծեմ, որ Պաքուն խիստ կաշկանդուած է անով, քանի որ վերջին տարիներուն հռետորաբանութիւնը այնպիսի մակարդակի էր, այնպիսի յայտարարութիւններ եղած էր, որ պարզապէս դժուար է նահանջել: Չմոռնանք, որ բոլորովին վերջերս տեղի կ՚ունենային գործընթացներ, օրինակի համար լրագրողներ Ռաուֆ Միրքատիրովի եւ Արիֆ ու Լէյլա Եունուսներու դէմ, որոնք փաստացիօրէն մեղադրուեցան Հայաստանի համար լրտեսութիւն ընելու մէջ, եւ յանկարծ՝ բնակչութեան ըսել, որ ամէն ինչ հակառակը պիտի ըլլայ. հայերուն հետ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, ինչ խօսք, այնքան ալ հեշտ չէ:

-Բանակցային սեղանին կա՞ն սկզբունքներ՝ Մատրիտեանի նման, թէ՞ խօսքը հրդեհը մարելու եւ, օրինակ, 2016-ի ապրիլին տեղի ունեցածէն խուսափելու մասին է:

-Ես կը կարծեմ, որ առանց միջազգային միջնորդներու այս հարցը չի լուծուիր, բայց, ի հարկէ, ժամանակները նոյնը չեն ու կարելի չէ ըսել, որ Ուաշինկթըն Մոսկուայի հետ այդքան լաւ կը համագործակցի: Ամէն պարագայի, միջազգային որոշակի միջամտութիւնը անխուսափելի է: Ես կը կարծեմ՝ հիմա լուրջ քննարկումներ կ՚ընթանան թէ՛ Եւրոպայի, թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ըստ իս՝ երկրորդ ծրագիր չկայ: Կը կարծեմ՝ ուրիշ ոչինչ յօրինած են, լուծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի այս ամենաբարդ հարցը։ Ես կը կարծեմ, որ Մատրիտեան սկզբունքները, չնայած անոր, որ այնքան ալ «ժողովրդային» չեն, ամէն պարագայի կը փորձեն լուծել այս հարցը, այլ լուծում ես դեռ չեմ տեսներ:

-Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման առումով Մոսկուայի ու Ուաշինկթընի դիրքորոշումները արդեօք որեւէ կերպով իրարու կը մօտենա՞ն:

-Դժուար է ըսել: Ցաւօք, ես կը կարծեմ, որ անոնք շատ այլ դժուարութիւններ ունին, բայց ցանկալի կ՚ըլլար, որ այս հարցին վերաբերեալ կարողանային համագործակցիլ: Այսուհանդերձ, ամէն ինչ աստիճանաբար աւելի ու աւելի կը բարդանայ:

«ՄԱՏՐԻՏԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ»

Վինննայի հանդիպումէն ժամեր անց ուշագրաւ յայտարարութիւններ կը կատարէր ռուս քաղաքագէտ Ստանիսլաւ Տարասով։ Ան մասնաւորապէս նկատել կու տար. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման կողմերը Նիկոլ Փաշինեանի Հայաստանի վարչապետ նշանակումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանիի ներքեւ։ Չորս անգամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպած էին, երեք անգամ ոչ-պաշտօնական հանդիպում եղած էր Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ, եւ սա առաջինն էր, Մինսքեան խմբակի հովանիով։ Փաստօրէն, տեղի կ՚ունենար երկու զուգահեռ գործընթաց. Մինսքեան խմբակը հանդիպում կը նախաձեռնէր եւ կողմերն ալ հանդիպումներ կ՚ունենային։ Չի բացառուի, որ կողմերը կը փորձեն կարգաւորման իրենց տարբերակը մշակել եւ առաջարկներ ներկայացնել Մինսքեան խմբակին: Կը կարծեմ, որ կը փորձէին շրջանել Երեւանը, Մատրիտեան սկզբունքները եւ ստեղծել նոր տարբերակ»:

 Ռուս քաղաքագէտին կարծիքով՝ հանդիպման ամենէն «մեքենայութեան» կողմը այն էր, որ Երեւան ու Պաքու հրապարակայնօրէն կը մերժէին իրարու տեսակէտները, հակասական յայտարարութիւններ կ՚ընէին եւ հարց կ՚առաջանար, թէ ինչ իմաստ կրնար ունենալ անոնց հանդիպումը։

 Ան նաեւ նկատել կու տար, որ չէր բացառուեր, որ «Երեւան միտումնաւոր կերպով կ՚օգտագործէր Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու խաղաքարտը՝ լաւ հասկնալով, որ Պաքու կտրականօրէն պիտի մերժէր նման առաջարկը ու այդպէսով գնդակը պիտի նետուէր Ատրպէյճանի դաշտը: Պարզ դարձաւ, որ 3 ժամ զրուցած են ու սա շատ է դիւանագիտութեան համար: Սա կը նշանակէ, որ Փաշինեանն ու Ալիեւը խօսած են լուրջ հարցերու մասին: Հանդիպումէն ետք անոնք դրական գնահատականներ հնչեցուցած են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ տրամադրուած են շարունակել երկխօսութիւնը»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019