ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

ՓՈՂԻ ՏԵՂ ԵԱՍԱՄԱՆ

-Սիրո՞ւն են եասամանները,- նայուածքս նկատելով հարցուց հանդիպակաց մայթէն դէպի ինծի քալող եօթանասունը անց տատիկ մը, որ մէկ ձեռքով ճերմակ եասամանի փունջէն երկու ճիւղ հանել կը ջանար:

-Այո, տատիկ, շատ գեղեցիկ են: Ձեր պարտէզէ՞ն են,- պատասխանեցի:

-Էս փունջը տանելու եմ տղուս հեռախօսը սարքողին. մարդը սարքեց, փող չունենք տալու. առանց հեռախօսի չի լինի, աղջի՛կ ճան, աշխատանք էլ չունենք էս վարակի պատճառով...:

Պատմելով փունջէն հանած ճիւղերը տուաւ ու շնորհակալութիւնս գրկած, գլուխը օրօրելով, շարունակեց ճամբան:

20 ՎԱՅՐԿԵԱՆ

-Տղա՛ս, ի՞նչ կ՚ընես բաղնիքը այսքան երկար ժամանակ,- կ՚ըսէ մայրը տղուն, երբ մի քանի անգամ կը նկատէ պատանի տղուն բաղնիքը երկար օգտագործելը:

-Մա՛մ, չէ որ հեռատեսիլէն կը յայտարարեն, որ լուացուելուն ժամանակը պէտք չէ 20 վայրկեանէն քիչ ըլլայ,- կը պատասխանէ Լիբանանէն վերջերս Երեւան հաստատուող ընտանիքին պատանի զաւակը, որ տակաւին չէ ընկալած արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն «վայրկեան»ին տարբերութիւնը:

ԿԱՍԿԱՏԻ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

-Մի քանի անգամ էլ արա վարժութիւնը, թեքէ մարմինդ, ձեռներդ թող գետնին կպնին, ձիգ պահիր ծնկներդ, մի քանի անգամ... յետոյ կանգնիր:

Հայրը մարզաձեւը կը սորվեցնէր պատանի տղուն առանց իմանալու, որ կեանքի կարեւոր դասերէն մէկը կ՚աւանդէր...:

***

Հեծանիւը շալակը առած կը բարձրանայ երիտասարդը ընկերներուն հետ, կը յոգնի հարկաւ աս հարիւրաւոր աստիճանները հեծանիւը շալակին բարձրանալով, բայց, անկէ ետք, ընկերները կը յոգնին, ինք հանդարտ շարժումներով, հեծանիւին վրայ նստած կ՚ուղեկցի իրենց:

***

-Մա՛մ, էս կոնֆէթը չէի ուզում, գնանք էն միւսը վեկալենք,- կը դժգոհի աղջնակ մը:

-Բալէս, ես չհասկացայ դու ի՞նչ ես ուզում, տես ձեռքումս ինչեր ես բարդել ու հիմի ասում ես չեմ ուզում. յոգնեցի էսքան վեր հանելուց, ահագին փող ծախսեցի վրէդ, մեղք չի՞:

***

-Ախտահանիչս եմ մոռացել, սպասէք գնամ բերեմ,- կ՚ըսէ երիտասարդուհին ընկերներուն:

-Ի՞նչ ես բերելու, սրճարանում լիքը ախտահանիչ կը լինի, արի՛,- կը պատասխանէ ընկեր մը զայն կանչելով:

***

-Վարսաւիրանոցում գրանցուեցի, իմացէք ե՞րբ է հերթս,- դժգոհելով երիտասարդուհի մը կ՚ըսէ ընկերուհիին:

-Իմ վարսաւիրս մօտս կը գայ, ուզո՞ւմ ես համարը ուղարկեմ:

-Ուղարկիր, ի՞նչ անենք, հիմի ինք թող կտրի, մի ամսից էլ գրանցումիս ժամէտն է, հոն էլ կը գնամ...:

***

Կեանքի եռքն է Կասկատի աստիճաններուն վրայ արտակարգ դրութեան մեղմացման զուգընթաց եւ հոն՝ աստիճաններուն ամենէն վերը նստած պապիկ մը կը դիտէ կեանքի այս պատկերները...:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020