ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՐԵԼ

Գրելու նկատմամբ ձեւով մը բոլորը սկսած են հետաքրքրութիւն ցուցաբերել, եւ սկսած են բոլորը ձեւով մը «գրիչ շարժել», թուղթի վրայ «մրոտել»: Այդպիսիները շատ յաճախ սակայն, կը մոռնան, որ գրելը արուեստ է, իսկ արուեստին պէտք է զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտենալ, որպէսզի արուեստը քեզի տայ իր բարիքները, որպէսզի մարդ կարենայ վայելել այդ արուեստը:

Այսօր, մեզի յատկացուած այս սիւնակով ընթերցողներուն նոյնութեամբ կը ներակայցնենք Բենիամին Թաշեանի «Ինչպէ՞ս գրել» վերնագիրը կրող գրութիւնը, որ լոյս տեսած է «Գրաբեր», պարբերաթերթ գրականութեան եւ արուեստի մէջ, Ա. տարի, յունուար 1946, թիւ 1, Աթէնք, էջ 24-26:

Բարի ընթերցանութիւն:

Ես կողմնակից չեմ պարզ գրելու պահանջին, որ կը թուի գետին շահիլ մեր գրասէր, նոյնիսկ գրագէտ տարրին վարի եւ վերի խաւերուն մէջ։

Նաեւ, ես կողմնակից չեմ պարզ չգրելու, այսինքն ծաղկազարդուած ոճով գրելու պահանջին ալ: Այս երկու պահանջումները գրական տեսակէտ մը չեն, այլ պարզապէս ճաշակի եւ կրթանքի խնդիր մը:

Ինչպէ՞ս գրելու կողմնակից եմ ուրեմն ես:

Թերեւս կարծեն ոմանք, թէ միջին ճամբան պիտի բոնեմ: Պիտի ելլեմ ըսեմ, օրինակի համար, թէ ո՛չ պարզ գրելու է բոլորովին, ո՛չ ալ բոլորովին ծաղկաւոր ոճ մը գործածելու է: Այսպիսի բանաձեւում մը մտածելու գաղջ եղանակ մը միայն կ՚ենթադրէ: Ո՛չ աջ եմ, ո՛չ ալ ձախ ըսելու պէս բան մըն է ասիկա:

Իմ ճաշակիս, սակայն, յարմար չեն մտածելու եւ գործելու գաղջ եղանակները։ Կ՚ուզեմ ձախ կամ աջ ըլլալ անպատճառ, նայելով այդ խնդրին մօտենալու իմ տրամադրութեանս:

Ուստի կրնամ ամենէն վերջը ըսելիքս ամենէն առաջ ըսել. այսինքն՝ որ ես (ենթադրելով, որ խօսքը իմ մասիս է), իբրեւ գրող իմ կանոնս կ՚առնեմ իմ խառնուածքէս եւ չեմ ուզեր գլուխ ծռել հրամաններու կամ հրամանագրերու, Մարկոսէն գան անոնք թէ Կիրակոսէն:

Այս կէտին մէջ -թերեւս միայն ա՛յս կէտին մէջ- ես իմ վեհապետս եմ եւ կախում չունիմ ուրիշ ոչ ոքէ:

Արդ՝ Յակոբ Պարոնեան իր «Հոսհոսի ձեռատետր»ին մէջ կը գրէ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի մասին.

«Օրինակի համար՝ ես կ՚ըսեմ. «Արշալոյսին արթնցայ, հագուստներս հագայ եւ քիչ մը հաց կերայ»:

«Տո՛ւր այս տողը Պ. Ատոմին, եւ հետեւեալ օրը քեզի պիտի ըսէ.

«Արթնցայ արշալոյսին, զոր վարդամատն կ՚անուանեն դասականք, եւ հագայ հագուստներս, որոնք տձեւութիւն ծածկելու միայն ծառայելու են, կ՚ըսէ Ժան Ժաք Ռուսօ, եւ կերայ քիչ մը հաց, թէպէտեւ Աւետարանը կ՚ըսէ, թէ ո՛չ միայն հացիւ կեցցէ մարդ, այլեւ բանիւ Տեառն»:

Այս վկայութիւնը կրնաք ընդհանրացնել, կրնաք տարածել զայն մեր բոլոր գրողներուն եւ անոնց ամբողջ գործին վրայ: Կրնաք ըսել օրինակի համար.

- Պարո՛ն Խաչատուր Աբովեան, ինչո՞ւ դուն ալ Րաֆֆիին պէս չես գրեր, (ենթադրելով որ Րաֆֆին իրմէ առաջ ծնած եւ մեռած ըլլար)։

Յետոյ կրնաք դառնալ Րաֆֆիին ու փսփսալ ականջն ի վար.

- Պարո՛ն Րաֆֆի, ինչո՞ւ չես գրեր Չրաքեանի պէս:

Ասիկա պիտի նշանակէր մեղանչել գրական խղճմտանքին դէմ: Այսինքն պիտի նշանակէր պահանջել, որ Աբովեանը կեղծէր, Րաֆֆին կեղծէր, Չրաքեանը կեղծէր: Կեղծէին ամէնքը: Պարոնեանն ու Տէմիրճիպաշեանն ալ միասին:

Բայց արուեստագէտէն ամէն բանէ առաջ կը պահանջուի անկեղծութիւնը:

Արդ՝ խնդիրը բնաւ չի վերաբերիր լեզուին, ըսել կ՚ուզեմ՝ բառերու հէնքին: Այլ պարզապէս եւ լիապէս ոճին, ձեւին, դրոշմի՛ն:

Վասն զի ամէն ճշմարիտ արուեստագէտ հետը կը բերէ իր դրոշմը եւ հետն ալ կ՚առնէ կը տանի զայն:

Ուստի կրնանք հաստատել, որ Եղիան, Աբովեանը, Րաֆֆին, Չրաքեանը իրենց կանոնը կ՚առնեն իրենց խառնուածքէն եւ չեն ուզեր գլուխ ծռել ո՛չ Մարկոսին, ո՛չ Կիրակոսին եւ Մատթէոսին:

Այս կէտին մէջ -գուցէ միայն ա՛յս կէտին մէջ- անոնք իրենց վեհապետն են եւ կախում չունին ուրիշ ո՛չ ոքէ:

Վասն զի չկայ հասարակաց ոճ մը, որուն մենք բոլորս ըլլանք հպատակ, ինչպէս չկայ հասարակաց խառնուածք մը, որմէ մենք բոլորս առնենք մեր կանոնը:

Եղիան պիտի գրէ Եղիային պէս, Աբովեանը՝ Աբովեանի պէս, Չրաքեանը՝ Չրաքեանի պէս եւ Պարոնեանը՝ Պարոնեանի պէս. (միայն դուն ու ես ենք որ, սիրելի Մարկոս, պիտի գրենք իրարու պէս։ Ուրիշ կերպ չի կրնար ըլլալ)։

Վասն զի գրականութեան եւ արուեստի մէջ կերպերը յատուկ ընկալչութիւններ են զգալու, մտածելու, յուզելու կամ յուզուելու: Ու ամէն «իրաւ» արուեստագէտ իր սեփական կերպը ունի, առնելու եւ տալու իրեն միայն յատուկ եղանակը:

Ինչպէ՞ս կ՚ուզէք որ այդ եղանակը ան փոխէ՝ համաձայն ձեր ճաշակին, պահանջին կամ հրամանագրին:

Գրելու արարքը արհեստ մը չէ. գիրքերէ չի սորվուիր, դպրոցներու մէջ չ՚ուսուցուիր, դաս չի տրուիր:

Խօսքը անշուշտ, չի վերաբերիր լեզու մը ուղիղ գրելու կանոններուն, որոնք թէ՛ կրնան սորվեցուիլ, թէ՛ կրնան սորվուիլ:

Մեզ հետաքրքրողը ոճն է, աւելի մեծ բառով մը՝ ԴՐՈ՛ՇՄը:

Ճիգով չ՚առնուիր ան եւ ճիգով չի տրուիր։ Ան կէսն է մեր էութեան, միւս կէսը ըլլալով մեր իսկ անձնաւորութիւնը: Անբաժան, յաճախ մինչեւ իսկ անկախ է ան մեզմէ: Մենք չենք զայն վարողը. ի՛նքն է, որ մանաւանդ կը վարէ մեզ: Աւելի հզօր է ան, քան մենք ինքնին:

Արդ՝ մեզմէ անկախ, մեզ վարող, մեզմէ աւելի հզօր, մեր էութեան առաջին կէսը կազմող այս ոճը, այս դրոշմը ինչպէ՞ս կարելի է ենթարկել հասարակաց կանոններու:

Ինչպէ՞ս կարելի է պահանջել Զարեանէն, որ պարզ գրէ, երբ ան ենթակայ է միայն իր խառնուածքի մղումին:

Ինչպէ՞ս կարելի է պահանջել Շիտանեանէն, օրինակի մը համար որ «բարդ» գրէ, ունենայ դրոշմ, երբ ան մեր աշխարհը մտած է անդրոշմ եւ անկնիք:

Կ՚ուզէիք որ փարոտի ըլլար հայոց ազգին գրականութիւնը:

Եւ ի՞նչ է մեր ուզածը արուեստագէտէն, եթէ ոչ դրոշմ։

Չէ՞ որ արուեստի մէջ տգեղ է՝ ինչ որ կեղծ է, ինչ որ դրոշմ չունի եւ ինչ որ գեղեցկութեան ցուցամոլութիւնն է մանաւանդ, քան բուն իսկ գեղեցկութիւն:

Գրեցէք, ինչ որ կ՚ուզէք, ինչպէս որ կ՚ուզէք. միայն թէ գրածնիդ բանի մը նմանի։ Այսինքն ըլլայ գեղեցկութիւն։

Ձեր կանոնը առէք ձեր խառնուածքէն:

Մնացածը... Կեսարին բաժինն է: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2022