«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

• Ո՜վ Ռոնտա. ո՞վ կրնայ օգնել ինծի պայքարելու համար ձախակողմեան մտածումներուն դէմ:

-Արթնութիւնն ու յարատեւ աղօթքը: Արթնութեամբ ուշադիր կ՚ըլլաս եւ լաւ մտածումներ ձեռք կը ձգես: Արդարեւ, եթէ բաժակ մը տեսնես, անմիջապէս Սուրբ Սկիհին եւ Վերջին Ընթրիքի մասին մտածէ, ուր որ էր Յիսուս: Եւ ճիշդն ալ հակառակը:

Տարբեր-տարբեր մտածումներ մի՛ հաւաքեր եւ ապա փորձել վռնտել զանոնք: Կեդրոնացած կերպով Յիսուսի աղօթքը աղօթէ, եւ եթէ աղօթքի ժամանակ միտքիդ ցրուի, փորձէ անմիջապէս դարձեալ կեդրոնանալ անընդհատ կերպով: Մի՛ արտօներ միտքիդ որպէսզի թափառի, նոյնիսկ այն բաներուն՝ որոնք վատ չեն համարուիր, որովհետեւ սառն եւ փուճ միտքերու յորձանուտին մէջ թափառիլը -աւելցնել ասոր ցրուածութիւնը- կը տանի մեզ խոստովանելու այդ միտքերը, եւ տեղ տալ անոնց: Այդ ատեն չարը կու գայ եւ կը ստեղծէ խախուտ միտքեր, որոնք աւելի վտանգաւոր են՝ քան վատ մտածումները, որովհետեւ չենք հասկնար զանոնք, որոպէսզի վռնտենք:

-Ո՜վ Ռոնտա. մտածումս կ՚ըսէ ինծի. «Զգալի յառաջընթաց չես ունեցած հակառակ անոր, որ երկար տարիներէ ի վեր վանքի մէջ ես»:

-Ուրիշ ի՞նչ կ՚ըսէ քեզի: Կը թուայ, թէ կը լսես փորձիչին քեզի ըսածները: Ի՞նչ է այդ խաբկանքը, որու մէջ ձգած է քեզ: Ինչո՞ւ կը հաւատաս փորձիչին: Ինչո՞ւ այս իրարանցումը: Հանգստացի՛ր: Դուն զուր տեղ կը չարչարուիս եւ անարդար կերպով կը նեղուիս: Սատանան հարցերը խառնուած կերպով ցոյց կու տայ քեզի ու կը շրջէ զանոնք, որով անոնց մէջ յուսահատութիւն կը ցանէ, որպէսզի քեզ հեռացնէ աղօթքէն եւ գործի մէջ ուշադրութենէն եւ ժամանակդ ի զուր կը վատնէ: Այս խառումը, նեղուածութիւնն ու յուսահատութիւնը կ՚ուրախացնեն զինք: Աշխատէ՛, երբ առանձին ըլլաս հետեւեալ կանոնին հետեւիլ. սաղմոսերգել, փառաբանել, Տէր Յիսուսի աղօթքը՝ միտքով կամ լսելի ձայնով, եւ այդ ատեն այդ մտածումներուն շշնջիւնը կ՚անցնի եւ զօրաւոր ճամբաներ կը գտնես: Եթէ սատանան կարելիութիւն ունի ճամբաներ հնարելու, հետեւեաբար ինչո՞ւ մենք նոյնը չենք ըներ: Անհատներու հետ խօսած ատեն, երբ կու գայ պահը՝ երբ անհատին իրեն օգնող խօսք մը պիտի ըսեմ, մէկը կու գայ եւ խօսակցութիւնը կ՚ընդհատէ, կամ մեծ աղմուկ կը բարձրանայ, որով կը ստիպուիմ դադրեցնել խօսակցութիւնը: Եթէ սատանան նմանատիպ բաներ կը կատարէ, ուստի մենք ինչո՞ւ նոյնը չընենք: Խելացի՛ եղիր եւ անոր վրան խըն-դայ:

-Ո՞վ Ռոնտա. երբ լաւ մտածում մը կը դնեմ, քիչ ետք վատ մտածում մը կու գայ եւ կը փճացնէ զայն: Արդեօք ինչ որ կ՚ընեմ սիրտէս բխած չէ՞:

-Ո՜վ Ռոնտա. երբեմն կը պատահի, որ կը պայքարիմ ու ձախ կողմի մտածում մը կը վռնտեմ, սակայն կրկին անգամ կը վերադառնայ հակառակ խնդիրը փակած ըլլալուս:

-Այո՛, խնդիրը վերջացաւ, բայաց ստանան՝ ո՛չ: Սատանան չի մեռնիր երբեք: Շունը կը փախչի մէկ կամ երկու անգամ եթէ հարուածեցիր զայն, սակայն սատանան չի՛ հեռանար ու իր տեղը կը մնայ: Անգամ մը մոմ վառեցի խուցս սուրբերուն համար, որպէսզի սատանաները վռնտեմ: Անոնք ըսին ինծի.

-Մոմը մեզի համա՞ր վառեցիր:

Ըսի.

-Ինչպէ՞ս թէ ձեզի համար վառեցի: Զայն սուրբերուն համար վառեցի:

-Այո՛, -ըսին սատանաները-, մենք ստիպեցինք քեզ, որպէսզի վառես զայն:

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ երբ իր հետ վատ բան կը պատահի ու ինքն իրեն հարց կու տայ. «Աստուած իմ, ինչո՞ւ այս բանը կը պատահի ինծի». կրնա՞յ ըլլալ, որ օգնութիւն ստանայ:

-Ինչպէ՞ս օգնութիւն ստանայ: Արդեօք իրողութիւնները բարի՞ մտածումով մեկնաբանեց: Որոշ մարդիկ բազմաթիւ ձիրքեր եւ առաւելութիւններ ունին հոգեւոր կեանքի համար, սակայն կը սխալին ճշդելու ճի՛շդ ուղղութիւնը: Եթէ յաջողին ղեկը դէպի բարի մտածումները թեքել, ապա անոնք դէպի հաստատ եւ ճիշդ ուղղութիւնը կը յառաջանան:

ԲԱՐԻ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՃԵՑՈՒՄԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. բարի մտածումները իրենք իրե՞նց կու գան, թէ պէտք է խնամել զանոնք:

-Պէտք է խնամել: Պէտք է դուն քեզի հետեւիս ու քննես ինքդ քեզ: Իսկ երբ թշնամին քեզի գէշ մտածումներ բերէ, փորձէ վռնտել զանոնք եւ անոնց տեղ բարի մտածումներ դնել, այդ ատեն վարուելակերպդ կ՚աճի եւ նախկինէն աւելի լաւ կ՚ըլլայ: Աստուած երբ տեսնէ քու լաւ վարուելակերպդ, կ՚օգնէ քեզի այնքան՝ մինչեւ այդ գէշ մտածումներուն մէջէդ վերանալը: Գէշ մտածումները կը հեռանան քեզմէ, եւ ձեռք կը ձգես բարի մտածումներ, որոնք քեզ դէպի բարի կը թեքեն, արդարութիւն կը լեցնէ սիրտդ, որով Յիսուս մէջդ կ՚ըլլայ: Սակայն այս բանը մէկ օրուայ ընթացքին չի՛ պատահիր: Ան մնայուն պայքարի կը կարօտի, կրնայ ըլլալ տարիներ երկարի, որու աւարտին անձը համբերութեան պսակին կը տիրանայ: Այդ ատեն միայն պատերազմը վերջնականապէս կ՚աւարտի, որովհետեւ պատերազմները ներքին անհաւասարակշռութեան արդիւնք են:

-Հետեւաբար, բոլոր անոնք որոնք բարի մտածումներ ձեռք կը ձգեն, յաջողեցա՞ն այդ պայքարին մէջ:

-Այդ մէկը կախում ունի մարդու վիճակէն: Ոմանք բարի մտածումներ ձեռք կը ձգեն իրենց հոգեւոր կեանքի սկիզբէն եւ յառաջընթաց կ՚ունենան: Ոմանք ալ իրենց բարի մտածումները չպահեցին, որով գէշ մտածումներ ձեռք ձգեցին: Ոմանք գէշ մտածումները ձգեցին, որով լաւ մտածումներ ձեռք ձգեցին: Երբեմն բարի եւ գէշ մը-տածումները կը հաւասարին նոյն մարդուն մէջ: Հոգեւոր աշխատութեամբ, գէշ մտածումներու վռնտումով եւ բարի մտածումներու աճեցումով մարդ կը հասնի միայն բարի մտածումներ ձեռք ձգելուն: Երբեմն կ՚երկարի ու երբեմն կը կարճնայ ժամանակը գէշ մտածումները վռտնելուն: Կը պատահի նաեւ, որ ժամանակ գայ եւ մարդը ո՛չ բարի եւ ո՛չ ալ չար մտածում ունենայ, ու այդ ժամանակ հոգեկան տագնապը կ՚անհանգստացնէ զինք ու ինքն իրեն հարց կու տայ.

-Ի՞նչ պիտի պատահի հիմա. ունէի գէշ մտածումներ, որոնց տեղը գրաւեցին բարի մտածումները, իսկ հիմա ո՛չ ասոնք եւ ո՛չ ալ անոնք: Այս դատարկութենէն ետք միտքը աստուածային շնորհքով կը լեցուի եւ աստուածային լուսաւորութիւնը կու գայ:

-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ այդ լեցունութիւնը:

-Մարդ մը, որ աստղեր չէ տեսած, չի՛ կրնար արեւին տեսքը երեւակայել, եւ հակառակն ալ ճիշդը:

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ բանը կ՚օգնէ մարդուն, այդ դատարկութեան (միտքերէն) հասնելու համար, ինչ որ դուն յիշեցիր:

-Հոգեկան փափկութիւնը, անընդհատ աղօթքը, լռութիւնը եւ ճգնութիւնը: Գէշ մտածումներու դէմ պայքարող անձ մը, կրնայ շատ աւելի լաւ վիճակի մը հասնիլ, քան ուրիշ մը, որ գէշ մտածումներ չունի: Արդարեւ, անոր հոգեւոր կեանքի սկիզբին, կրնայ շատ քիչ բարի մտածումներ ձեռք ձգել, սակայն կրնայ շատ աւելի լաւ վիճակի մը հասնիլ քան ան՝ որ շատ չնչին չափի գէշ մտածումներ ունի:

ՄԻՏՔԻ ԵՒ ՍԻՐՏԻ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս միտքի եւ սիրտի մաքրութիւն ձեռք կը ձգենք:

-Նախապէս ըսի քեզի, որ մարդ պէտք չէ ընդունի չար մտածումները, որոնք սատանան բերած է իրեն եւ այդ ատեն միտքը կը մաքրուի: Ան պէտք է արդարութեամբ մտածէ եւ ուրիշներուն սխալներուն պէտք է սիրով եւ փափկութեամբ նայի: Երբ բարի մտածումները կը կրկնապատկուին, այն ատեն մարդը հոգեպէս ալ կը մաքրուի, որով զօրաւոր կերպով կը շարժի, կը խաղաղի ու խաղաղ կեանքով կ՚ապրի: Սակայն եթէ իրողութիւններուն անվստահութեամբ նայի, ապա իր կեանքը դժոխքի կը վերածուի, եւ ի՛նքն իսկ կը կրէ հսկայ պատասխանանտուութիւնը իր կենաքը դժոխքի վերածելուն: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 7

5 հոկտեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2020