ԵՍ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՍՈԽԻ ԿԵՂԵՒԻՆ…

Հայաստանի մէջ յաճախ տարեցներէն լսած եմ, որ եթէ սոխի կեղեւը հաստ ըլլայ՝ ձմեռը խիստ կ՚ըլլայ, իսկ եթէ բարակ ըլլայ, ձմեռը մեղմ կ՚ըլլայ… Հաւատալ, թէ՝ ոչ, սա էր բուն խնդիրը…

15 տարի այս մասին լսելէ ետք, վերջին երկու տարիներուն հետեւեցայ սոխի կեղեւի հաստութեան. անցեալ տարի հաստ էր, ձմեռը 6 ամիս տեւեց, իսկ այս տարի բարակ է, եւ դեռ ձիւն չտեսանք։ Անցեալ տարի այս օրերուն գիւղացիները իրենց ձմրան փայտի ողջ պաշարը սպառած էին արդէն։ Այս տարի, եթէ ասկէ ետք ձիւն գայ՝ բնական է… Հետեւաբար, ես սկսայ հաւատալ սոխի կեղեւին եւ անոր մէջ թաքնուած փիլիսոփայութեան։

***

Սոխը նման է Հայաստանի մէջ ապրող ժողովուրդին, որոնք նոյն արմատին պէս կառչած են իրենց հողին եւ կը դիմակայեն բոլոր դժուարութիւնները, իրենց բոլոր իրավիճակներու մէջ ալ կը մնան օգտակար՝ արարող։

Սոխի կեղեւը անոր պատեանն է՝ վերնախաւը, երբ ան բարակ է, սոխը (ժողովուրդը) աւելի հիւթեղ կ՚ըլլայ, բարետես ու փայլուն (ժողովուրդը՝ արարող), որովհետեւ կեղեւը կը նուիրուի սոխին, ինքզինք կը զոհէ յանուն անոր «բարօրութեան», իսկ երբ կեղեւը միայն ինքն իր մասին կը մտածէ, սոխը կը ճլորի եւ հիւթեղ չ՚ըլլար։

Սոխի կեղեւը նոյնն է ինչ վերնախաւը՝ իշխանութիւնը։ Շատ կ՚ուզեմ այդ կեղեւին ալ հաւատալ, շատ կ՚ուզեմ այդ «կեղեւ»ն ալ սկսի «բարակնալ», եւ «հաստնալու» փոխարէն՝ վերջապէս մտածէ ժողովուրդի բարօրութեան մասին, որպէսզի մեր ժողովուրդն ալ իրեն յարիր «տեսք»ը ստանայ եւ «հիւթեղ» դառնայ։

28.10.2017-ին «Ժամանակ» թերթը  (Երեւանի) գրած է-. «Կառավարութիւնը 2018-ին կը նախատեսէ մօտ 5560 աշխատակից կամ աշխատատեղ կրճատել։ Անիկա կը կազմէ ընդհանուր աշխատողներու 4 տոկոսը։ 2017-ին պետական համակարգի աշխատակիցներու թիւը կազմած է 144 հազար 133 մարդ, 2018-ին անոնց թիւը պիտի կազմէ 138 հազար 549 հոգի։ Իսկ այդ կրճատման իբրեւ արդիւնք՝ կառավարութիւնը պիտի տնտեսէ մօտ 3 միլիառ դրամ։ Այս ցուցանիշը արտացոլուած է 2018-ի պիւտճէի նախագծի փաստաթուղթերուն մէջ։ Կրճատումներ պիտի ըլլան պետական համակարգի բոլոր ոլորտներէն ներս»։

2018-ը կը մօտենայ. ակնյայտ իրականութիւն է, որ պետական բոլոր համակարգերէն ներս կան բազում ո՛չ գործունեայ աշխատողներ, որոնք համակարգ մտած են իրենց ետին կանգնած «հաստ կեղեւ»ներու շնորհիւ եւ աշխատելու փոխարէն նոյնիսկ կը խոչընդոտեն աշխատանքն ու կը խաթարեն մթնոլորտը։

Կ՚ուզեմ հաւատալ, որ պիտի կրճատուին ո՛չ գործունեաները, որ միայն անո՛նք տուն պիտի երթան ու վայելեն իրենց հովանաւորներուն ստուերը։ Կ՚ուզեմ հաւատալ, որ կրճատումը որակ պիտի ապահովէ, ո՛չ թէ՝ հովանաւոր։

Մի անտեսէ՛ք սոխը, ան շատ օգտակար է եւ բուժիչ, մա՛նաւանդ «երբ կեղեւը բարակ է»։ Բայց նաեւ զգուշացէ՛ք սոխէն, երբ զայն «կը մանրեն» ու ճնշման կ՚ենթարկեն, ան կը լացնէ զինք ճնշողը։

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017