ԿԱՆԱՉ ՏՈԼԱՐ

Անցեալները ժապաւէն մը կը դիտէի՝ «Տը քալըր օֆ մանի» (Դրամին գոյնը):

Ամերիկայի մէջ կանաչ գոյնը իւրայատուկ կը թուի ըլլալ: Գաղթականական օրինաւոր կեցութեան թուղթը, հակառակ կանաչ չըլլալուն, «Կրին քարտ» կը կոչուի, իսկ ամերիկեան դրամանիշը՝ տոլարը, որ կանաչ գոյնի է, ճանչցուած է որպէս «Կանաչ տոլար»:

Ինծի համար յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ մարդիկ չեն գոհանար միայն «տոլար» ըսելով եւ կ՚անդրադառնան կանաչ ածականով:

«Կանաչ տոլար»ի մասին շատ խօսուած է: Շատեր այն կարծիքը ունին, որ Ամերիկայի մէջ ծառերէն կը հաւաքեն, նոյնիսկ եթէ տակաւին «խակ» է (փաստ՝ իր կանաչ գոյնը), կամ գետինները թափած կ՚ըլլան, ուրկէ կարելի է ժողվել:

Լիբանանի մէջ պատահած է, որ քանի մը լիբանանեան ոսկի գտած ըլլամ, սակայն Ամերիկայի մէջ՝ երբե՛ք: Քանի մը անգամ հանդիպած եմ ամերիկեան մէկ սենթի, եւ ոչ իսկ մտածած եմ՝ ծռելով վերցնելու մասին, սակայն ամերիկացին, վստահաբար, որպէս ինքնախաբէութիւն, «Lucky Penny» կ՚անուանէ եւ ո՛չ միայն կը հաւաքէ, նաեւ կը պահէ իր տան մէջ:

Ինչո՞ւ այս նախաբանը: Շատեր, որոնց մէջ՝ դժբախտաբար նաեւ կարգ մը հայեր, գերին դարձած են «Կանաչ տոլար»ին եւ տեսակաւոր միջոցներու կը դիմեն՝ բազմապատկելու այդ կանաչ թուղթի կտորները:

Իսկական պատահած օրինակով մը բացատրեմ միտքս: Կը վստահեցնեմ, որ Հոլիվուտի մէջ պատրաստուած ժապաւէն մը չէ պատմելիքս:

***

Ուրբաթ օր մըն էր, գործէ արձակուելու ժամս, յետմիջօրէի ժամը 3.30:

-Չես կրնար երեւակայել, թէ օրը ուրբաթ ըլլալուն՝ որքա՜ն ուրախ եմ: Պիտի երթամ տուն եւ պիտի վայելեմ շաբաթավերջը: Տղաս եւ հարսս երթալիք տեղ ունին, եւ երկու տարեկան թոռնիկս այս շաբաթավերջին մեր տունը պիտի մնայ: Երկու շաբաթ է՝ չեմ տեսած եւ որքա՜ն կարօտցած եմ:

Հայ գործընկերներէս մէկն էր խօսողը:

Յաճախ իր տղուն աչքաբացութեան մասին կը խօսէր: Ծնողական արդար հպարտութեամբ կը գովաբանէր իր զաւակը, որ քանի մը տարի աշխատելով՝ Լոս Անճելըսի թանկարժէք թաղամասերէն մէկու մէջ գեղեցիկ տուն մը գնած էր:

-Ես այսքան տարի է կ՚աշխատիմ եւ 2 սենեակնոց վարձու յարկաբաժնի մը մէջ կը բնակիմ: Տղաս վաճառական է: Ի՞նչ կ՚առնէ ու կը ծախէ՝ չեմ հետաքրքրուած: Մեզի նման արհեստաւորները տեղ չեն հասնիր: Մարդ վաճառական ըլլալու է, այդ ալ իմ գործս չէ,- կը կրկնէր յաճախ:

Մեկնեցանք մեր տուները: Երկուշաբթի առաւօտ գործի չեկաւ ուրախ տրամադրութեամբ տուն մեկնած գործընկերս: Ստիպողական բացակայութեան պարագային, պայման է գործատիրոջ կամ վերակացուին հեռաձայնելով տեղեկացնել պատճառին մասին:

Չէր հեռաձայնած:

Յաջորդ օրը դարձեալ չերեւցաւ: Կրկին չէր հեռաձայնած: Պատասխանատու-վերակացուն մտահոգուած՝ ի՛նք հեռաձայնած էր: Ո՛չ ոք պատասխանած էր:

Քանի մը օր ետք իմացանք գործի չգալուն պատճառը:

Այդ օր գործէն ուղղակի գացած էր տղուն բնակարանը՝ վերցնելու իր թոռնիկը, սակայն զարմանքով նկատած էր, որ ամբողջ թաղամասը ոստիկանական ինքնաշարժներով պաշարուած էր, եւ չէր կրցած մուտք գործել նոյնիսկ զաւկին բնակած փողոցը:

Անմիջապէս գէշ նախազգացում մը ունեցած էր:

***

Տղուն ընկերներէն քանի մը հոգի վստահեցուցած էին, որ քանի մը տարիէն կարելի է հարստանալ, եթէ իրենց հետ աշխատի: Կարիքը պիտի չունենար երկար տարիներ համալսարանական ուսում ստանալու, եւ ո՞վ կրնար վստահեցնել, որ տասնեակ հազարաւոր համալսարանական ծախսերէն ետք իր վկայականին համազօր գործ մը պիտի կարենար ճարել:

Գործ մը գտնելու պարագային, ամէն առաւօտ կանուխ պիտի արթննար՝ ճիշդ ժամուն գործատեղի հասնելու: Կախեալ պիտի ըլլար վերակացուին քմահաճոյքէն: Քանի մը տարին անգամ մը հաւանաբար ստանար փոքրիկ յաւելում մը, որուն մէկ մասը պիտի երթար «Անքըլ Սեմ»ին (տուրքերու):

Իր ընելիքը շատ «պարզ» եւ «դիւրին» գործ մը պիտի ըլլար: Օրական քանի մը փոքրիկ ծրարներ պիտի փոխադրէր տարբեր վայրեր:

Ուրախութեամբ ընդունած էր առաջարկը: Քանի մը տարի ետք նոյնիսկ պաշտօնի բարձրացում ստացած էր: Իրեն կ՚ուղարկէին Հարաւային Ամերիկայի կարգ մը երկիրներ, կամ՝ Գալիֆորնիոյ դրացի Մեքսիկա, փոխադրելով քանի մը ծրար: Այս մէկը, աւելի վտանգաւոր ըլլալով հանդերձ, շատ աւելի շահաբեր էր:

Ո՛չ ոք տեղեակ էր, թէ ի՛նչ էր իր իսկական գործը: Նոյնիսկ իր մանկամարդ կնոջը տեղեակ չէր պահեր, թէ ո՛ւր կը ճամբորդէր, երբ յաճախ քանի մը օրով կամ շաբաթով մը կը բացակայէր տունէն: Այդքան ալ կարեւոր չէր: Կինը ուրախ էր, որ «յաջող» ամուսնութիւն մը կնքած էր: Դրամը առատ էր եւ անհաշիւ կը ծախսէր, մինչեւ իսկ իր ծնողներուն նիւթապէս օգտակար կը հանդիսանար:

Հայր դառնալէ ետք ներքին ձայն մը իրեն կը յիշեցնէր, որ սխալ ճամբու մէջ է: Քանի մը անգամ հասկցուցած էր գործընկերներուն, թէ մտադիր է աշխատանքէ դադրիլ՝ իր առողջական վիճակը պատճառաբանելով: Բնականաբար չէին հաւատացած եւ զգուշացուցած էին, որ հրաժարիլը կրնար գէշ հետեւանքներ ունենալ, սակայն այդ օր որոշելն ու գործադրելը մէկ եղաւ, եւ միեւնոյն օրն իսկ իր տան մուտքին «անծանօթներ» կրակ բացին ու տեղն ու տեղը սպաննեցին դարձի եկած երիտասարդը:

26 տարեկան էր:

Մահէն ետք գիտցուեցաւ, որ թմրեցուցիչի վաճառական էր: Բազմաթիւ երիտասարդներու պատճառ դարձած էր, որպէսզի այդ «ճերմակ փոշիին» գերին դառնան: Մնան անտուն: Յաճախ՝ մահանան:

***

Որպէս գործընկեր բարեկամ՝ ներկայ էի յուղարկաւորութեան: Երբ մօտենալով ցաւակցութիւններս յայտնեցի՝ «Աստուած ոեւէ մէկուն զաւկի ցաւ ցոյց չտայ» ըսելով, ցած ձայնով ըսաւ: Տակաւին հայր չէի դարձած, սակայն կը զգայի, որ ամենադժուար բանն է զաւկի մը կորուստը: Լիբանան գտնուած շրջանիս տեղացի կիներ իրենց զաւակը սիրելու ժամանակ «թըպրինի» կ՚ըսէին, որուն իմաստը շատ աւելի ուշ հասկցայ՝ «զիս թաղես»: Ծնողի մը համար զաւկի մը կորուստը ամենադժուարն է:

Թոռնիկը վստահաբար խելահաս երիտասարդ է ներկայիս: Թերեւս ինք ալ իր կարգին հայր դարձած է: Արդեօք տեղեա՞կ է, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ մահացած էր իր հայրը: Ինչ կը վերաբերի գործընկեր-բարեկամիս այդ օրուան մեկնելէն ետք բնաւ չերեւցաւ գործատեղի: Որոշ շրջան մը կապս պահեցի իրեն հետ: Հիմնականօրէն ես էի հեռաձայնողը: Բնականաբար միշտ անտրամադիր էր: Կը զգայի, որ մխիթարանքի կարիքը ունէր, սակայն ինչպէ՞ս կարելի էր զաւակ կորսնցուցած անձ մը մխիթարել:

-Թոռնիկդ կը թեթեւցնէ ցաւդ,- ըսի օր մը:

-Թոռնիկի երես տեսած ունի՞մ, որ ցաւս թեթեւցնէ: Հարսս փոխադրուած է ծնողքին տունը, եւ մեր ընտանիքէն ոչ մէկուն հետ կ՚ուզէ տեսնուիլ:

Աւելորդ հարցումներով չուզեցի յաւելեալ վիշտ պատճառել:

Քանի մը ամիս է՝ չէի խօսած հետը: Փորձեցի կապուիլ: Տասնեակ մը հեռաձայններուս ո՛չ ոք պատասխանեց, եւ այդպէսով կապս կտրուեցաւ իրեն հետ:

Աւելի քան 3 տասնամեակ անցած է այդ թուականէն: Կ՚աշխատիմ բոլորովին տարբեր միջավայրի մէջ, սակայն, զարմանալիօրէն, ամէն ուրբաթ յետմիջօրէին, երբ իրարու «բարի շաբաթավերջ» մաղթելով՝ կը մեկնինք մեր տուները, կը յիշեմ դժբախտ բարեկամիս խօսքերը.

«Չես կրնար երեւակայել, օրը ուրբաթ ըլլալուն որքա՜ն ուրախ եմ»:

***

Լոսանճելըսաբնակ ժողովրդականութիւն վայելող հայ երգիչ մը տարիներ առաջ «Կանաչ տոլարին» գովքը կը հիւսէր՝ հետեւեալը երգելով.

«Ա՜խ տոլար, տոլար,

Եկ իմ սիրասուն»:

«Գիշերները երազում

Կանաչ տոլար եմ տեսնում»:

Ամերիկացիք խօսք մը ունին՝ Easy come… Easy go.

Թարգմանութեան կամ բացատրականի կարիքը չեմ զգար…:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 2018

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018