ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Թ.

ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Փարիսեցիներէն ոմանք լսեցին» (Յհ 9.40):

Մեկնութիւն. ոմանք, որոնք ամենէն չարերն էին, անոնք էին, որոնք լուսաւորուածին տաճարէն վռնտեցին:

Խօսք. «Արդեօք մե՞նք ալ կոյր ենք» (Յհ 9.40):

Մեկնութիւն. թանձրամիտն ու հերձուածողը ըստ իր միտքին բարի խօսքը չարի կը փոխէ, ինչպէս հիւանդ մը կերակուրը մաղձի կը փոխէ, իսկ ձին յստակ ջուրը խմելով իր փորին մէջ կ՚ապականէ:

Խօսք. «Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք պիտի չունենայիք» (Յհ 9.41):

Մեկնութիւն. իրենց խօսքով զիրենք կը յանիմանէ:

Չորս է իմացումը. նախ՝ թէ գործերս չէիք տեսած, պատճառ ունէի՞ք Ինծի չհաւատալու: Երկրորդ՝ թէ Գիրքն ու Իմ մասիս եղած մարգարէութիւնները չէիք գիտեր, այնքան մեղք չունէիք, ինչպէս հիմա ունիք: Երրորդ՝ եթէ դուք ձեզ կոյր համարէիք, մեղք չէիք ունենար, քանի որ բժիշկի կ՚երթայիք ու կը հաւատայիք: Չորրորդ՝ կոյր տգէտի կ՚ըսէ, ինչպէս մանուկ, որովհետեւ անգիտութեամբ մեղանչելը աւելի փոքր է քան՝ գիտութեամբ [Մեղանչելը], որ ձաղկանքը աւելի սաստիկ կ՚ընէ:

Դարձեալ՝ ըստ մարմինի կոյրը մեղքերու ցանկութենէն անմեղ է, ինչպէս նաեւ նախանձէն եւ ատելութենէն, որովհետեւ չի տեսներ:

Խօսք. «Քանի կ՚ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք» (Յհ 9.41):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ աւելի շատ բան գիտէք, քանի որ տեսաք զիս եւ սակայն չհաւատացիք, կամ անզեղջ ու անդարձ [մնացիք] ձեր մեղքերուն մէջ:

Եւ գիտելի է, թէ կոյր կը կոչուի մեղաւորն ու անհաւատը, եւ տասը պատճառով կ՚ըսենք.

Նախ՝ որովհետեւ կոյրը ոչինչ կը տեսնէ, այդպէս ալ մեղաւորը աստուածայիններէն ոչինչ կ՚իմանայ:

Երկրորդ՝ քանի որ կուրութիւն կայ, որ բնական է, ինչպէս ի ծնէ կոյրը, եւ կայ, որ պատահմամբ. այդպէս է մեղաւորը, որ բնականապէս յիմար է, այսինքն՝ անհաւատը, ինչպէս այլազգները, որոնք անխտիր մեղք կը գործեն, եւ կայ որ ետքէն պատահմամբ է, ինչպէս քրիստոնեաները Աւազանի ծնունդէն ետք:

Երրորդ՝ որովհետեւ կոյր կայ, որ միտքով սուր է եւ որպէս աչքաւոր կը շարժի. այդպէս է մեղաւորը, որ ճարտարապէս իբրեւ արդար կայ, սակայն մեղաւոր է, ինչպէս հրեաները այն ատեն:

Չորրորդ՝ կոյր կը կոչուի, որուն աչքերէն բնական լոյսը պակսած է, այդպէս ալ մեղաւորը կոյր կը կոչուի, որովհետեւ խղճմտանքը վերացած է անկէ:

Հինգերորդ՝ քանի որ կոյրը եթէ մէկուն հարուածէ, չի՛ գիտեր, թէ ով է, այդպէս ալ մեղաւորը չի գիտեր, թէ սատանան ի՞նչ չարիքի մէջ կը ձգէ զինք:

Վեցերորդ՝ որովհետեւ մէկը կիսով չափ կոյր է, այդպէս ալ մէկը քիչ մեղքեր ունի:

Եօթներորդ՝ քանի որ մէկու մը աչքը բորոտ է, թէեւ լոյս ունի. այդպէս ալ ոմանք հերձուածող են եւ կատարեալ հաւատքը չունին ու մեղաւորներ կը կոչուին:

Ութերորդ՝ որովհետեւ կոյրը ստուգապէս գիտէ թէ չի տեսներ, այդպէս ալ որոշ մեղաւորներ գիտեն, թէ մեղքերով լեցուն են, այդ պատճառով կը զղջան:

Իններորդ. որովհետեւ կուրութիւնը հնարաւոր չէ թաքցնել, այդպէս ալ հնարաւոր չէ որ մեղքերը պատիժ չբերեն, թէ՛ այստեղ եւ թէ՛ ալ այնտեղ:

Տասներորդ՝ քանի որ կոյրը դժուարութեամբ կը բժշկուի. այդպէս ալ մարդ դժուարութեամբ մեղքերէն կ՚ելլէ, միթէ՞ իմաստուն բժիշկ մը ըլլայ այդպիսիին համար, կ՚ըսէ Տէրը. «Քանի կ՚ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք» (Յհ 9.41):

Այստեղ հինգերորդ գլուխի երկրորդ հատորին աւարտն է:

ԳԼՈՒԽ Ժ.

ՃՇՄԱՐԻՏ, ՃՇՄԱՐԻՏ Կ՚ԸՍԵՄ ՁԵԶԻ

ԱՍԻԿԱ ԸՍՏ ԿԱՐԳԻՆ ՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽՆ Է ԵՒ ՎԵՑԵՐՈՐԴ՝ ԸՍՏ ՀԱՏՈՐԻ

Այստեղ տասներորդ պատճառը կը դնէ, թէ Քրիստոս Աստուած է: Այսպէս, եթէ մէկը էութեամբ եւ մեծութեամբ նոյն է Աստուծոյ հետ, Աստուած է, իսկ Քրիստոս էութեամբ եւ մեծութեամբ Աստուծոյ հետ է, հետեւաբար Քրիստոս Աստուած է:

Քրիստոսի մեծութիւնն ու էութիւնը այստեղ չորս կերպով կը ցուցնէ. առաջինը հաւատացեալներուն ներգործութեամբ է, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ դուռը եւ ներս տանողը» (հմմտ. Յհ 10.9): Երկրորդ՝ որ բոլորը կը հովուէ բարի ու քաջ հովուութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ իրաւ [քաջ] Հովիւը» (Յհ 10.11): Երրորդ՝ հայրական հաղորդութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Հայրս, որ [զանոնք] Ինծի տուաւ, բոլորէն աւելի մեծ է» (տե՛ս Յհ 10.29), այս է Աստուածութիւնը: Չորրորդ՝ Իր վկայութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ես եւ Հայրս մէկ ենք» (Յհ 10.30):

Արդ, Աւետարանիչը նախ Քրիստոսի վարդապետութեան լուսաւորիչ ըլլալը ցոյց տուաւ: Այստեղ կը ցուցնէ այս վարդապետութեան կենդանացուցիչ ըլլալը, որովհետեւ այս գլուխով ցոյց կու տայ, թէ կենդանացուցիչ է, ու ասկէ ետք զգալի նշանով ցոյց կու տայ: Այս գլուխը նախ Քրիստոսի հեզութեան մասին կը ճառէ, սորվեցնելու համար, եւ երկրորդ՝ հրեաներու չարութեան մասին կը խօսի, զԻնք հալածելնուն համար: Այն ատեն այնտեղ՝ Երուսաղէմի մէջ նաւակատիքները եղան, իսկ այստեղ կը ցուցնէ Բարի Հովիւին եւ գողին ինչութիւնը, եւ անոնց զանազանութիւնը երեք կերպով կը ցուցնէ.

Առաջին. զանազան կերպերով հաւատքի մէջ մտնելու մասին, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ով որ դռնէն չի՛ մտներ ոչխարներուն փարախը, այլ՝ այլեւայլ ձեւերով կ՚ելլէ, այդպիսին գող ու աւազակ է. իսկ ան որ դռնէն կը մտնէ, ոչխարներուն հովիւն է» (տե՛ս Յհ 10.1-2):

Մեկնութիւն. արդ, կարճ կերպով այստեղ կը բացատրուի. դուռը օրէնքն է կ՚ըսէ, հովիւ՝ քահանաներն ու փարիսեցիները, ոչխար՝ ժողովուրդը, փարախ [գաւիթ]՝ հին խորանը, ինչպէս որ ներքին տաճարը աւելի պատուական է քան գաւիթը, այդպէս ալ մեր եկեղեցին, քան իսրայէլացիներուն խորանը:

Երկրորդ. որովհետեւ բոլորն ալ նախ գաւիթը կը կոխեն եւ ապա ներս կը մտնեն, այդպէս ալ առաջին է այն, քան մերը, մէկը միւսին մէջէն կ՚ելլէ: Քահանաներն ու փարիսեցիները օրէնքը չպահեցին. գող փարիսեցիներուն կ՚ըսէ, որովհետեւ կեղծաւորներ էին, աւազակ՝ քահանաներուն, որ յայտնապէս կը մեղանչէին, իսկ հովիւ՝ որ դռնէն կը մտնէ, Քրիստոս Ինքն իր մասին կ՚ըսէ:

Վարդապետները այլ կերպով կը մեկնեն. այստեղ դուռ անունով հովուութեան ուղիղ մուտքը կ՚իմացուի, իսկ մէկը միւսին մէջէն ելլելը կը նշանակէ սխալ մուտքը հոգիներու հովուութեան, եւ Քրիստոս յառաջիկային կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ դուռը» (Յհ 10.7), այն կը ցուցնէ, թէ ան որ ոչխարներուն վրայ հովիւ կ՚ըլլայ, պէտք է, որ Քրիստոսէ իշխանութիւն ունենայ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի ճշմարտութիւնը եւ Անոր հանդէպ սէրը: Եւ որ Քրիստոս հովիւ է, այս ճշմարտութիւնը, իշխանութիւնն ու սէրը Քրիստոս գոյացութեամբ ունի, իսկ ուրիշները այս երեքը Քրիստոսի հետ հաղորդութեամբ ունին, եւ անոնք բարի հովիւներ են, իսկ անոնք որոնք հաւատքով հերձուածողներ են ու չունին ճշմարիտ իշխանութիւն եւ չեն սիրեր զՔրիստոս, այլ՝ իրենք զիրենք, անոնք չար հովիւներ են եւ չար որոմը կը սերմանեն, կը գողնան միտքերն ու հաւատքը եւ ժողովուրդի հոգին կը սպաննեն: Իսկ եթէ մէկը Քրիստոսի ճշմարիտ հաւատացեալ է եւ ճշմարիտ իշխանութիւնը չունի Քրիստոսի հետ, վարձկան կ՚ըսուի: Եւ այդպիսիին գող կ՚ըսուի, որովհետեւ ոչխարներուն փրկութիւնը չի՛ փնտռեր եւ ո՛չ ալ Քրիստոսի փառքը, այլ՝ իր անձին փառքը: Տակաւին առաւել գող ու աւազակ կ՚ըսուի, որ առանց հաւատքի եւ ուղիղ իշխանութեան ինքն իր անձը բռնութեամբ հովիւ կ՚ընէ, ասիկա մանաւանդ, կը կորսնցնէ ու կը սպաննէ ոչխարները, իսկ վարձկանը չար օրինակով միայն կը սպաննէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 93

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021