ԱՆՀԱԿԱԿՇԻՌ ԵՒ ԱՆՏԵՂԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Coronavirus-ի համաճարակը երբ կը շարունակուի տակաւին տարածուիլ աշխարհով մէկ, կը թուի, թէ ցնցած է Ամերիկայի ալ Կեդրոնական կառավարութեան ղեկավարութիւնը:

Անցեալ մարտէն սկսեալ իշխանութեանց կողմէ հրահանգուած որոշումները, ձեռք առնուած ու գործադրուած համապատասխան քայլերը, տակաւին շօշափելի արդիւնաւորման չհասած, կը հնչեն երկիրը «բանալ»ու հրահանգներ: Նման կոչեր գրկաբաց պիտի ընդունուէին ժողովուրդին կողմէ, եթէ հիմնաւորուած ըլլային:

Կառավարիչներուն ու քաղաքապետներուն ճնշող մեծամասնութիւնը շուարումի մատնուած է, այլապէս առինքնող այս լոզունգին դէմ: Նկատի ունենալով վարակումի աղէտին տակաւին բարձրացնող թիւը զոհերու, որքա՜ն հակագիտական եւ անտրամաբանական պիտի ըլլար նման յայտարարութիւններ կատարել:

Օրն ի բուն, տունը մնալու, տունէն դուրս՝ ձեռք-երես ծածկելու, իրարմէ որոշ հեռաւորութեամբ կենալու, մաքրութեան բոլոր ձեւերու գործադրութեան խիստ հրահանգներ տրուած են: Դասաւանդութիւններ, հաւաքոյթներ, մարզական-մշակութային ձեռնարկներ, համախմբուած պաշտօնէութիւն կամ բանաուորներ աշխատցնող շատ մը ընկերութիւններ փակուած են:

Երկիրը, նահանգը կամ քաղաքը «բանալ՝»ու գրաւիչ յայտարարութիւնները եթէ պայմանաժամէ մը յետոյ գործադրութեան դրուէին, վարակումի ընդունելի աստիճանին համաձայն, դրական յոյսը թերեւս խաբկանքի չէր վերածուեր: Ու նշանակեալ պայմանաժամի մը աւարտին, եթէ աննպաստ ըլլար վարակումներու ընթացքը, յետաձգուելու էր «բացում»ը:

Հեռատեսիլի վրայ կ՚երեւի ցոյցեր բնակիչներու, որոնք աննշան քանակ մը կը ներկայացնեն: Ծովափները, փարքերը, ճաշարաններն ու գործատեղիները պիտի սկսին բացուիլ, ու զուգահեռաբար նաեւ՝ մեծ թիւով բանտարկեալներ ազատ արձակելով... (Այո վերջին միջոցառումը Արշակաւանի համազօր հրաւէր է...): Միաժամանակ, հեռատեսիլէն պարբերաբար կը յայ-տարարուի, թէ զէնքի վաճառատուները բաց պիտի մնան: Մին ինքնապաշտպանութեա՞ն համար, թէ պարզապէս Սահմանադրութեան թիւ 2 յօդուածը՝ քաղաքացիին անխոցելի իրաւունքը ամրապնդելու կամ պաշտպանելու համար...

Բնականոն կեանքի աստիճանական վերադարձը ձեւով մը «արգելափակում»ի ենթարկուած ժողովուրդին կողմէ, շոյուած անյետաձգելի ցանկութիւն է, բայց ոչ թէ համաճարակին տարածումի ու տակաւին անդարմանելի այս հանգրուանին:

Երկիրը «բանալ» ու կանխահաս որոշումը, առանց ընդունելի պայմաժամէ մը ետք, հարազատ է համաճարակի տարածումին, չէզոքացնելով միանգամայն ցարդ թափուած առողջապահական ընդհանուր ջանքերը: Պարզապէս շուարումի ենթարկուած պիտի ըլլան «բացում»ին տակաւին կողմնակից չեղող կառավարիչն ու քաղաքապետներ - բժիշկ, բուժքոյր, ոստիկան, զինուոր -, երբ օրն ի բուն, առաջին գծի վրայ կը պայքարին (ու կը մահանան ալ), երբ իմանան իրենց աշխատանքներուն կացինահարումը:

Բնականօրէն, եթէ տրամաբանութիւնը տակաւին պիտի գործէ, առողջապահական շրջանակները, շատ մը բանիմաց կառավարիչներ ու քաղաքապետներ պիտի ընդդիմանան նահանգը կամ քաղաքը «բանալ»ու կոչերուն եւ որոշումներուն, առաջնորդուելով առողջապահական պայմաններու բարելաւումէն, օրը օրին տեղեակ պահելով հանրութիւնը մահասփիւռ վարակումի ախտաճանաչումի արդիւնքներէն եւ առաջքը առնող միջոցառումներէն:

Այո՛, ձեւով մը «արգելափակուած» ըլլալը անտանելի կրնայ նկատուիլ, սակայն այս միջոցառումը առնուած է կեանքի ապահովութեան ու փրկութեան համար: Այն ատեն մարդկային խոհական կամքը շարունակելու է տիրապետել, ի գին այլազան զրկանքներու, հասնելու համար անվտանգ արշալոյսի մը ծագումին:

Ենթադրաբար, կամ՝ հաւանականօրէն, տարուած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններով, որոնք նախատեսուած են յառաջիկայ նոյեմբերին, Պրն. Նախագահը հետամուտ է, օր առաջ, երկիրը բնականոն իրավիճակին վերադարձնելու:

Բնականաբար, սարսափի մատ-նըւած ժողովուրդին համար, նոյնքան ու աւելի բաղձալի է նման կացութեան մը գոյառումը: Սակայն, ի՞նչ շօշափելի տուեալներէ մղուած կարելի է ներկայիս իրագործել իտէալական նման օրինավիճակ մը: Բոլորին հաւաքական ջանքերը ի զուր վատնուած պիտի չըլլա՞ն, երբ coronavirus-ը վայրագօրէն կը շարունակէ իր տարածուն արշաւը:

Բարեբախտաբար, բժշկական համակարգին իրաւ առաջնորդները եւ այլազան նահանգներու ողջամիտ կառավարողները, կողմնակից են կրկնապատկելու իրենց հաւաքական ջանքերը, կասեցնելու համար պսակաձեւ ժահրին աւելի եւս տարածումը, շարունակելով «գոց» մնալ մինչեւ անոր աստիճանական արշաւին կասեցումը եւ ապա՝ կործանումը:

Մինչեւ հիմա նախատեսուած առողջապահական բոլոր միջոցառումները աւելի եւս զօրացնելու է, շարունակելով անտեղիտալի կերպով գործադրել զանոնք:

Միայն դրական բեկում մը վարակումներու ընթացքին մէջ, ողջունելի է «բացում»ի որոշումին ի նպաստ:

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Նոր Օր», Լոս Անճելըս

Շաբաթ, Մայիս 9, 2020