ՈՐՊԷՍԶԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉՉԱՐԱՇԱՀՈՒԻ՞ ԵՒ ՉՅԱՆԳԻ՞ ԻՐ ԻՆՔՆԱԺԽՏՄԱՆ

Ո՞ւր կը սկսի եւ ո՞ւր կանգ կ՚առնէ ժողովրդավարութիւնը: «Ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյ» դասական տարազը ըսողը եւ լսողը հարց կու տա՞ն, թէ՝ «բազմաց չեղողներու ձայնը» ինչպէ՞ս պէտք է որակել, հետեւութեամբ առաջին հաստատման: «Բազմաց» չեղող ձայնը չարի եւ սատանայի ձա՞յն է: Զայն պէտք է հալածե՞լ, անտեսե՞լ:

Ժողովրդավարական ընտրութեան մը քուէներու կէսէն մէկ աւելիին տիրացողը կը դառնայ իշխանութիւն, երկրի, կուսակցութեան, տուեալ հաւաքականութեան մը ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունք կը ստանայ: Ընտրութեան մը կէսէն մէկ պակասը ստացող հաւաքականութիւնը պէ՞տք է զրկել հաւաքականութեան ճակատագիր տնօրինելու եւ առաջնորդելու իրաւունքէ:

Այսպէս կը գործեն ժամանակակից ժողովրդավարութիւնները:

Կէսէն մէկ աւելիով կամ կէսէն մէկ պակասով իրաւունք կը կենսագործուի՞:

Այս հարցով կը տագնապիմ ամէն անգամ երբ երկրի մը ղեկավարները կը խորհին եւ կը գործեն այնպէս, որ  կէսէն մէկ աւելին բացարձակապետութեան իրաւունք կու տայ, ինչպէս որ էին անցեալի ի վերուստ տրուած իրաւունքով իշխող թագաւորները (roi de droit divin):

Ա՞յս է ժողովրդավարութիւնը:

Անհանգստացնող այս հարցումը քաղաքացին պէտք է մղէ մտածելու, ան ըլլայ շարքային թէ ղեկավար:

Պարզագոյն սահմանումով, ժողովըր-դավարութիւնը համակեցական եւ համախոհական սահմանուած դրութիւն մըն է. իշխանութիւն իրագործել ժողովուրդին վրայ նոյնինքն ժողովուրդով:

Ի՞նչ կը նշանակէ այս տարազը:

Մարդիկ կազմակերպուելով որպէս հաւաքականութիւն, դառնալով ժողովուրդ, կ՚ինքնորոշուին, որպէսզի իրականացնեն իրենց նպատակները, հպատակելով հաւաքական կամքի մը, առանց հաշուետու ըլլալու իրենցմէ դուրս ուժի կամ ուժերու: Այս տեսութիւն է:

Կանգ կ՚առնենք հետեւեալ հարցման դիմաց. ինչպէ՞ս կարելի է ժողովուրդին ընձեռել իշխանութիւն գործադրելու հնարը: Եւ կը ծնին հակասութիւններ, բարդութիւններ. ի՞նչ ձեւի իշխանութիւն, ինչպի՞սի հաստատութիւններով, ժողովուրդի ցանկութիւնները եւ իտէալը, ինքզինք կառավարելու կամքը, իշխանութեան անխուսափելի հակասութիւնները, քանի որ ժողովրդավարական համակարգին մէջ ժողովուրդը միաժամանակ իշխողն է եւ իշխանութեան ենթական:

Ժողովրդավարական կարգի ընդունումը համաձայնութիւն մըն է, որուն հիման վրայ ժողովուրդը ինքզինք պիտի կառավարէ: Ան զանազան ձեւերով ներկայացած է պատմութեան մէջ եւ կը ներկայանայ այսօր: Փորձենք թուել:

- Աթէնքի ուղղակի ժողովրդավարութիւնը՝ մեր թուագրութենէն առաջ Ե. դարուն: Հրապարակը (ակորա) հաւաքուած ժողովուրդը կ՚արտայայտուէր քաղաքը յուզող հարցերու մասին, մեծամասնութիւնը որոշումներ կը կայացնէր, օրէնք կը սահմանէր, իր կազմէն կ՚ընտրէր քաղաքին գործերը վարող պատասխանատուներ: Այս օրինակելի թուացող ուղղակի ժողովրդավարութիւնը կ՚ենթադրէ, որ ակորայի վրայ հաւաքուած քաղաքացիները հարցերէն տեղեակ են, իմաստուն են, բազմաթիւ չեն, ինքնաբաւ են եւ ինքնաբաւ քաղաքի բնակիչ, որպէսզի ժամանակ ունենան տեղեկանալու, խօսելու, վիճելու եւ կառավարելու: Արդարեւ, խօսող, վիճող եւ կառավարող քաղաքացիները ազատ ժամանակ ունէին, քանի որ Աթէնքի մէջ ընդունուած էր ստրուկներ ունենալ, որոնք կ՚աշխատէին: Փակագիծ մը. հիմա համացանցը կարելիութիւն կ՚ընծայէ բոլորին տեղեկանալու, ուղղակի կարծիք յայտնելու, քուէարկելու: Հարցախոյզներ իրականացնելու համար ուղղակի կը դիմուի զանգուածին: Բայց ինչպէ՞ս ճշդել իրատեսութիւնը, պայծառատեսութիւնը եւ իմաստութիւնը, երբ դէմ առ դէմ արտայայտուելով կարծիքները չեն բիւրեղանար: Երբ չկայ վիճարկում եւ անոր հետեւող՝ բիւրեղացում:

- Անուղղակի ժողովրդավարութիւնը կը փոխարինէ առաջինը: Ակորայի վրայ կարելի չէ հաւաքել բոլոր քաղաքացիները, ուղղակի ժողովրդավարութիւնը, երբ գործ կ՚ունենանք մեծաթիւ եւ երկրի մը մէջ տարածուած քաղաքացիներու հետ: Կը միջամտեն նաեւ կարողութիւնները, փորձը: Հեռու եւ մօտ բնակող քաղաքացիները կ՚ընտրեն զիրենք ներկայացնողներ, որոնք իշխանութիւնը պիտի ստանձնեն եւ կիրարկեն իրենց անունով: Անոնք, որոշ հերթականութեամբ եւ կանոնաւորութեամբ հաշուետուութիւն պիտի ընեն, ժողովներու ընթացքին եւ մասնաւորաբար ընտրութիւններու նախօրեակին՝ պիտի դատեն կատարուած աշխատանքը:

Զարմանալի կրնայ թուիլ, որ ժողովրդավարութիւնը սահմանափակող վտանգ համարուած է պետութիւնը: Ժողովրդավարութեան եւ իր ազատութեան համար պայքարած ժողովուրդը, քուէարկելէ ետք, կը լիազօրէ իր կողմէ ընտրուած իշխանութիւնը,- անհատներ, կուսակցութիւններ,- որ իր անունով որոշէ եւ գործէ: Այսինքն, ընտրելով կը զիջի իր ազատութիւնը: Եւ պէտք կ՚ըլլայ սպասել յաջորդ ընտրութեան: Պետութիւնը անհատը կը փոխարինէ բոլոր հարցերու մէջ, քաղաքացիները կը կազմաւորէ ըստ իր հայեցողութեան եւ արժէքներուն, կը միօրինականացնէ կրթութեան ճամբով, անհատական նախաձեռնութիւնները կը հպատակեցնէ կանոններու:

Պարզ է, ամէն բնոյթի կառավարման կառոյց վերէն կ՚իշխէ ժողովուրդին վրայ: Ժողովրդավարական իրաւ ըմբռնումը այդ ուղղաձիգ իշխանութիւնը պէտք է գիտնայ հունաւորել: Դժուար պայքար՝ անվիճելի ըլլալու փորձութեան դիմաց:

Ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան խնդիրը պարզ կը դառնայ, երբ կան ճնշում կամ օտարի տիրապետութիւն: Պայքար կը մղուի հաւասարութեան եւ իշխանութեան հաւասար մասնակցութեան համար: Եղած են եւ պիտի ըլլան անհաւասարութիւններ ինչ կը վերաբերի իշխանութեան իրաւունքներու եւ մակարդակի, վարկի, հմայքի, դիրքի, երեւելիութեան, որոնց համար նաեւ կը մղուին պայքարներ անկախաբար ժողովուրդին ծառայելու ընթացիկ խոստումներէ:

Արդար, արդիւնաւոր եւ գործօն իշխանութիւն մը յայտարարութիւններով չի կրնար բաւարարուիլ, բնական է, անհրաժեշտ, աշխատանքի բաժանումը, որ յաջողելու համար նկատի պէտք է ունենայ կարողութիւնները, համապատասխան պատրաստութիւնը, եւ ստանձնուած դերին պատասխանատուութիւնը: Այսինքն, պիտի ըլլան զանազան դիրքերու վրայ գտնուող ղեկավարներ: Նոյնիսկ Աթէնքի ուղղակի ժողովըր-դավարութեան մէջ, ընտրութենէ ետք կային նախարարներ եւ այլ պատասխանատուներ, որոշողներ: Հետեւաբար, նաեւ ժողովրդավարական կարգերու մէջ, պատասխանատուներու որոշումները պէտք է յարգուին, միշտ պահելով հակակշռելու միջոցները, օրինակ, ազատ մամուլը եւ անկախ արդարադատութիւնը:

Ժողովրդավարութիւնը չի կրնար անգիտանալ կարողութիւնները, ձեռնհասութիւնները, որոնք այս կամ այն ձեւով անհաւասարութիւններ կրնան յառաջացնել, իրաւունքի, գնահատման եւ վարձատրութեան: Հաւասարութեան ժողովրդավարական ձգտումը ձեւական չըլլալու համար, նկատի պէտք է ունենայ դիրքի պահանջած պատասխանատուութիւնը, ձեռնհասութիւնը եւ ակնկալուած արդիւնաւէտութիւնը: Բանակի տասնապետը եւ զօրավարը, գործարանի տնօրէնը եւ դռնապանը նոյն ձեւով չեն վարձատրուիր: Բայց ե՛ւ տասնապետը ե՛ւ դռնապանը պէտք չէ զրկուին բնութեան եւ գիտութեան բարիքներէն, չապրին զրկանքի մէջ:

Պարզ իմաստութեամբ, ժողովրդավարութիւնը միշտ պէտք է ընէ այնպէս, որ կառավարողները գործեն ընկերութեան բարիքին համար, այսինքն իրագործեն ժողովրդական կամքը: Իմաստուն ղեկավարութիւնը պէտք է պահէ հաւասարակշռութիւնը գործնապաշտ առաջնորդութեան եւ ժողովրդական ակնկալութիւններուն միջեւ:

Միշտ պէտք է մնալ ողջմիտ. կէսէն մէկ աւելիին ընձեռած իրաւունքը բացարձակատիրական իրաւունք չէ:

Անցեալին ճիշդ եւ արդար չէր, այսօր ալ ճիշդ եւ արդար չէ, ըստ ամենայնի ժողովրդավարական ըմբռնումով մերժելի է, ֆրանսական Յեղափոխութեան մեծ դէմքերէն ծայրայեղական Սէն-Ժիւստի այն միտքը, որ «ազատութիւն չկայ ազատութեան թշնամիներուն համար»: Այսինքն, ժողովրդավարութիւնը երբ կայացած չէ, միշտ ինքզինք պէտք է սրբագրէ, ան համակեցութեան եւ բարոյականութեան իտէալ մըն է: Ժան-Ժագ Ռուսօ, ինչպէս ուրիշներ իրմէ վերջ, գիտակցած են ժողովրդավարութեան անբաւարարութիւններուն: Ան ըսած է, որ ժողովրդավարութիւնը համակարգ մըն է, որ պատճառ կրնայ ըլլալ պառակտումներու եւ քաղաքացիական կռիւներու, եւ բռնատիրութիւնը կրնայ աւելի խաղաղութիւն ստեղծել: Իր «Ընկերային համաձայնագիրը» գիրքին մէջ, (Le Contrat Social), Ժան-Ժագ Ռուսօ կ՚եզրակացնէ. «Բայց ես կը նախընտրեմ վտանգաւոր ազատութիւն մը փոխան հանդարտ ստրկութեան: Եթէ ըլլար Աստուածներու ժողովուրդ մը, ան ինքզինք պիտի կառավարէր ժողովրդավարութեամբ»:

Փոխադարձ յարգանքով, միւսին մէջ մեր հաւասարը տեսնելով, համեստութեամբ խորհելով, որ միւսն ալ ճիշդ կրնայ ըլլալ, իրաւունք ունենալ, ժողովրդավարութիւնը ինքզինք տեւաբար կը սրբագրէ եւ կը դառնայ կառավարման ընդունելի համակարգ: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ հակառակ իր անբաւարարութիւններուն, ինչպէս կ՚ըսէ Ուինսթըն Չըրչիլ, իր հռչակաւոր դարձած արտայայտութեամբ, «որ ժողովրդավարութիւնը գէշ համակարգ մըն է, բայց բոլոր համակարգերուն մէջ ան նուազագոյն գէշն է»:

Պարզ պէտք է ըլլայ, որ ժողովրդավարութեան յաջող ընթացքին համար, քաղաքական կեանքին մէջ յաճախ անտեսուած բարոյականութիւնը պէտք է ըլլայ կանոն, ընդդէմ «Raison d’Etat»ի, պետական հրամայականի, որ յաճախ կը ծառայեցուի անարդարանալին արդարացնելու:

Միշտ պէտք է մտածել, աստ եւ անդ, որ ժողովրդավարութեան սկզբունք «ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյ» կանոնը երբ կ՚անտեսէ «բազմաց ձայն» չեղող զանգուածը, կը դադրի աստուածային ըլլալէ, կը դառնայ հրէշային:

Ժողովրդավարութիւնը յաջողելու համար ամէն օր եւ ժամ ինքզինք պէտք է վերանայի: Թերեւս կարգախօս ընդունելով Ի. դարու ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ լը Սէնի իմ շատ սիրած տարազս. «Ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»:

Այսօր, երբ թեր կամ դէմ կը խօսինք, աշխարհի եւ մեր փոքրիկ երկրի իրարանցումներուն մասին, ղեկավար եւ շարքային քաղաքացի, պէտք է մտածենք մեր հաւասար միւսին մասին, փոխանակ դառնալու մեր խօսքերուն եւ կիրքերուն գերին:

Մանաւանդ հիմա, երբ կ՚ըսուի, որ պսակաձեւի ժահրի յառաջացուցած հոգեկան, ընկերային եւ տնտեսական խանգարումները պէտք է դարմանել, վերականգնելով, նորոգելով եւ վերանորոգուելով:

Իտէալի՞զմ: Թերեւս: Բայց գործնապաշտութիւնները միթէ՞ չեն առաջնորդած պատեհապաշտութեան եւ անոր անցանկալի հետեւանքներուն:

Յ.ՊԱԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2020