ԹՈՔԱԽՏ ԿԱՄ ԲԱՐԱԿԱՑԱՒ

Ե.

ՈՎՔԵ՞Ր ԿԸ ՀԻՒԱՆԴԱՆԱՆ ԹՈՔԱԽՏՈՎ

Երբ մենք, բժիշկներս, կը զգուշացնենք մարդոց հիւանդութիւններուն դէմ, միշտ նոյն պատասխանը կը ստանանք.

-Հապա ինչո՞ւ այս ինչը չհիւանդացաւ. ինչո՞ւ այս ինչը չվարակուեցաւ:

Օր մը, մարդ մը այսպէս ըսաւ.

-Բժի՛շկ, ձեր ըսելով մարդոց մէկ երրորդը թոքախտ ունի, կը հազայ ու ամէն տեղ կը թքէ, թուքը կը չորնայ եւ օդը կը լեցնէ, կը նստի մեր բոլորին ուտելիքին ու խմելիքին վրայ եւ կը մտնէ մեր ներսիդին. սակայն, ինչպէ՞ս է, որ բոլորն ալ չեն վարակուիր եւ աշխարհը չի՛ վերջանար:

Այս պարոնը տեսակ մը ծաղրական կերպով կը խօսէր, բայց ես անոր Աւետարանին այս խօսքերով պատասխանեցի, թէ սերմը ամէն տեղ չի բուսնիր: Ցուպիկն ալ սերմ մըն է, ան ալ պարարտ հող կը պահանջէ:

Եթէ հողը պարարտ չէ, այսինքն՝ եթէ մարդ հիւանդանալու տրամադրուած չէ, թէեւ միլիոնաւոր բացիլներ ալ կուլ տայ, չի՛ հիւանդանար:

Ուրեմն, բացիլը իւրաքանչիւր մարդու մէջ չի՛ կրնար բոյն դնել ու զարգանալ, ատոր համար անհրաժեշտ է, որ մարդ տրամադրուած ըլլայ:

Տեսնենք, թէ որո՞նք տրամադրուած են հիւանդանալու:

Ամենէն առաջ պէտք է բարակացաւ ունեցողներուն զաւակները յիշենք:

Ասոնք, ընդհանրապէս թուլակազմ, սակաւարիւն, իրենց կուրծքերը սեղմուած, նեղցած, կոները եւ ոտքերը բարակ, իրենց մէջքերը երբեմն կզացած, գեղձախտոտ1 կ՚ըլլան:

Մորթը նազիկ, գրեթէ թափանցիկ կ՚ըլլայ, դէմքին գիծերը չափազանց նուրբ են եւ տխուր արտայայտութիւն կ՚ունենան:

Այդպիսի երեխաները ընդհանրապէս չեն զարգանար, այլ՝ նիհար եւ գունատ կը մնան. երբեմն այդ գունատ թուշերը կը կարմրին-կը վառին: Տասնութ-քսան տարեկան աղջիկը 13-14 տարեկանի նման է, տղաներն ալ աղջկայ տեսք ունին: Ընդհանրապէս մեղմ բնաւորութիւն ունին անոնք, բայց դիւրաւ կը գրգռուին, զարմանալի դուրալի եւ գրաւիչ բնաւորութեան տէր են եւ դիւրութեամբ կը յափշտակուին ամէն բանով:

Ապա կը հիւանդանան վատ սնունդ ունեցողները, գետնափորերու եւ նկուղներու մէջ ապրող խեղճերը, չափազանց շատ աշխատողները, վատ-ապականուած օդի մէջ ապրողները (օր. բանտերու, արհեստանոցներու մէջ):

Առհասարակ սմէն բան, ինչ որ կը թուլացնէ մեր մարմինը, թոքախտի պատճառ կը դառնայ:

Վարակիչ հիւանդութիւնները զարմանալի կերպով կ՚ազդեն մանուկներու վրայ, գլխաւորապէս կարմրուկն ու ծաղիկը: Բազմաթիւ երեխաներու մօտ այս հիւանդութիւններուն ընթացքին ի յայտ կու գան թոքախտին առաջին նշանները:

Աւելցնենք, որ ամէն հասակի մարդիկ կը հիւանդանան՝ ծծկեր երեխաներէն սկսած մինչեւ 80 տարեկան հասակը, իսկ գլխաւորաբար (ինչպէս վերը ըսած ենք) 20-էն մինչեւ 40 տարին:

Զ.

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՎԱՐԱԿՈՒԵԼԷՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԻԼ

Ով որ ուշադրութեամբ կարդացած է մինչեւ հիմա գրածս, ան արդէն կը հասկնայ, թէ ի՛նչպէս պէտք է վարակուելէն պաշտպանուիլ:   

Լաւ հասկնալու համար, դարձեալ ըսենք.

1. Խորխը հիւանդին թշնամին է, ուրեմն եթէ տունին մէջ հիւանդ կայ, պէտք է անոր խորխը հաւաքել թքամանին մէջ եւ օրական քանի մը անգամ դուրս տանիլ ու մաքրել:

Հիւանդը միշտ պէտք է խորխամանին մէջ թքէ եւ երբե՛ք՝ յատակին վրայ, կամ թաշկինակին մէջ2:

Ամանին մէջ կարելի է քիչ մը ջուր լեցնել (կամ աւելի լաւ, կիրի խառնուրդ, իսկ քաղաքներուն մէջ կարբոլեան թթու): Ասոր նպատակը այն է, որ խորխը միշտ թաց մնայ:

Քաղաքներուն մէջ առաջին թքամաններ կը ծախեն. գիւղացիները կրնան բաժակ մը վերցնել, կամ հողէ աման մը, փոքրիկ խուփ մըն ալ վրան:

Խորխամանին ծակը պէտք է միշտ փակ մնայ, բնաւ պէտք չէ հող, աւազ ու թեփ դնել մէջը: Արհեստանոցներուն մէջ իւրաքանչիւր անկիւնը այդպիսի թքամաններ պէտք է դրուած ըլլան:

2. Հիւանդին թաշկինակները, բարձին երեսները, սաւանները, ընդհանրապէս բոլոր սպիտակեղէնը պէտք է առանձին լուալ (ուրիշներուն հետ չխառնել), եւ եթէ կարելի է սոտայի կամ կրախառն ջուրի մէջ, կամ գոնէ հասարակ ջուրի մէջ մօտ 10-15 վայրկեան եփել: Միայն եփելով կարելի է թոյնը ոչնչացնել, հասարակ կերպով լուալով, թէկուզ ուղղակի եռացած ջուրի մէջ ալ ըլլայ, անկարելի է թոյնը ոչնչացնել:

3. Հիւանդին ափսէները, բաժակները, պատառաքաղ-դանակը, դգալը, պէտք է նոյնպէս ջուրին մէջ եփել:

4. Հիւանդին սենեակը մաքրած ատեն, յատակը աւլած ժամանակ պէտք չէ փոշի բարձրացնել, այլ՝ սրբած ժամանակ պէտք է ջրել յատակը, իսկ պատերը, կահ-կարասիքը թաց կտորով սրբել եւ այդ կտորը առանձին ջուրի մէջ եփել:

5. Քանի որ տնային կենդանիներն ալ թոքախտ կ՚ունենան, հետեւաբար պէտք է անոնցմէ պաշտպանուիլ: Կաթը պէտք է լաւ տաքցնել, իսկ միսը՝ լաւ եփել:

6. Թոքախտոտ ծնողները երբեք պէտք չէ մոռնան, որ իրենց զաւակները այս սարսափելի ցաւը կրնան ստանալ, հետեւաբար պէտք է չափազանց ուշադիր ըլլան:

Եթէ մայրը հիւանդ է, ան պէտք չէ ծիծ տայ երեխային, այլ՝ պէտք է ծծմայր վարձէ: Իր մեծ երեխաներն ալ պէտք չէ իր ծոցը քնացնէ, ոչ ալ իր սենեակին մէջ, եթէ տան մէջ մի քանի սենեակ կայ: Ամենէն լաւը այն կ՚ըլլայ, որ երեխան ուրիշին յանձնեն՝ պահելու համար:

7. Առողջ ծնողները եւս պէտք է խնամքով եւ զգուշութեամբ պահեն երեխաները, որպէսզի պահպանեն զանոնք վարակուելէն: Պէտք չէ թոյլ տալ, որ իւրաքանչիւր եկող գրկէ ու համբուրէ ձեր երեխան, ոչ ալ պէտք է ուրիշներու տուն ղրկել, եթէ կասկած կայ, որ այնտեղ հիւանդներ կան: Ամենէն սարսափելին այն է, որ ծամած հաց կը դնեն երեխային բերանը. եթէ ծամողը հիւանդ է, երեխան ալ կը հիւանդանայ:

8. Կացարան վարձած ատեն պէտք է տեղեկանալ, թէ որո՞նք ապրած են այնտեղ, եւ եթէ կասկած կայ, որ թոքախտաւոր եղած է, պէտք է անպայման ախտահանել կամ չվարձել:

9. Արհեստանոցներուն մէջ, զանազան գործարաններու մէջ պէտք է խորխամաններ ունենալ եւ աշխատողներուն ստիպել մէջը թքել: Աշխատողները իրենք պիտի հետեւին, որպէսզի ոչ ոք յատակին թքէ:

Է.

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ ԹՈՔԱԽՏԱՒՈՐ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ

Մենք ըսած ենք, որ թոքախտաւորէն ծնած երեխաները հեշտութեամբ կը հիւանդանան, որովհետեւ տրամադրուած կ՚ըլլան: Հետեւաբար, ծնողները պէտք է ամէն միջոց ի գործ դնեն՝ իրենց զաւակը փրկելու համար:

Մենք ըսինք, որ հիւանդ մայրը պէտք չէ ծիծ տայ երեխային, այլ՝ պէտք է առողջ ծծմօրի մը տայ երեխան, եւ ամենէն լաւը այն կ՚ըլլայ, որ զայն իրմէ հեռացնէ: Երեխան պէտք չէ այն սենեակին մէջ քնացնել, ուր հիւանդն է, այլ՝ առանձին: Երեխային սենեակը պէտք է ընդարձակ եւ լուսաւոր ըլլայ, արեւը մէջը:

Փոքր տարիքէն սկսած երեխան պէտք է պաղ ջուրի վարժեցնել: Ծնունդէն մէկ-երկու ամիս անցնելէ ետք, անոր լողարանի ջուրին տաքութիւնը պէտք է հասցնել 240 եւ կամաց-կամաց դարձեալ պակսեցնել մինչեւ 160: Յետոյ, ինչքան երեխան մեծնայ, այնքան աւելի պէտք է ջուրը սառեցնել, այնպէս որ 2-3 տարեկան տղան կարող ըլլայ արդէն սենեակի ջուրով լոգնալ:

Հագուստը պէտք է ո՛չ հաստ եւ ո՛չ ալ շատ տաք ըլլայ, որպէսզի երեխան չքրտնի: Պէտք է սորվեցնել թեթեւ հագուելու:

Ամէն օր, երեխան լաւ հագցուցած պէտք է դուրս հանել եւ ընտելացնել ամէն եղանակ, ամառ-ձմեռ: Եթէ տան մէջ մեծ բակ կայ, կամ այգի, երեխան պէտք է լաւ եղանակին ամբողջ օրը դուրսը ըլլայ:

Կերակուրը պէտք է սննդարար ըլլայ: Կաթը միմիայն առողջ կովէ պէտք է վերցնել եւ բացի ատկէ, ամէն անգամ լաւ տաքցնել: Միս պէտք է շատ տալ, ինչպէս նաեւ հաւկիթ: Սակայն, մինչեւ մէկ տարեկան հասակը, գլխաւոր սնունդը կաթը պէտք է ըլլայ:

Թոյլ երեխաները պէտք չէ պարապմունքներով եւ մտաւոր աշխատութիւններով ծանրաբեռնել: Պէտք է ուշ ուսումնարան տալ. ամառը պէտք ազատ ձգել ուսումէ եւ գիւղ տանիլ:

Ընդհանրապէս պատանեկութեան հասակին կը յայտնուի ժառանգաւորներուն թոքախտը, հետեւաբար, այս ընթացքին պէտք է չափազանց զգոյշ ըլլալ եւ նուազագոյն տկարութեան վրայ ուշադրութիւն դարձնել: Մանաւանդ, պէտք է լաւ պահպանել երեխան պաղ առնելէ: Ամէն տեսակի հազ պէտք է բժշկել: Պէտք է զինք նոյնպէս լաւ պահպանել զանազան վարակիչ հիւանդութիւններէ3, որովհետեւ բարակացաւը յաճախ ատոնց ընթացքին երեւան կու գայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ   

•շար. 3

Վաղարշապատ


1 Գեղձախտը հիւանդութեան դրութիւն մըն է, երեխայի վիզին, ծնօտատակին մեծ-մեծ խլեր դուրս կու գան, կ՚ուռին, կը թարախակալին, կը բացուին եւ խոց կը դառնան: Անոնց ականջները կը բորբոքին, գլուխին խոցեր ու ջրջրուկներ կը գոյանան, երբեմն ալ յօդերը կը բորբոքին:

2 Լուսաւորուած [քաղաքակրթուած] երկիրներուն մէջ նոյնիսկ արգիլուած է փողոցներուն մէջ թքելը, եւ հիւանդները իրենց գրպաններուն մէջ թքամաններով կը պտտին:

3 Տե՛ս իմ «Վարակիչ հիւանդութիւնները եւ անոնց թոյնը» աշխատութիւնը: 

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2022