«ԹԻՐԱԽԸ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՉԷ, ԱՅԼ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԲՈԼՈՐ ԿԱՃԱՌՆԵՐԸ»*

Անցնող օրերուն Կրթութեան նախարարութիւնը համացանցային քննարկումներու նիւթ տուաւ: Շուտով, կառավարութեան կը ներկայացուի հանրակրթութեան նոր չափորոշիչներու ծրարը, որ բաւական ընդարձակ է. յետագային կ՚անդրադառնամ այդ մասին:

Այսօր, սակայն, պիտի կեդրոնանամ կարեւոր նիւթի մը մասին, որ շատերուն անհանգստացուցած է, զգալի մասի մը տարակուսանքը յառաջացուցած է, միւս հատուածին մօտ՝ սիրտի զովութիւն, որ վերջապէս Հայաստանի մէջ գտնուեցաւ իշխանութիւն մը, որ կը հաւատայ, թէ կրօնական գիտելիքներով պէտք չէ ծանրաբեռնել աշակերտը: Խօսքը, «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթը հանրակրթական ծրագիրէն դուրս բերելու կամ միաւորելու մասին է: Նիւթը բարդ է, բազմաշերտ, կարելի է երկար բանավիճիլ, ի վերջոյ, կրօն ու քաղաքականութիւնը այն ոլորտներն են, ուր մարդիկը համոզելը բաւական դժուար է:

Պիտի խօսիմ փաստերով, առանց շրջանցելու հակափաստարկները եւ զերրծ մնալով պաթոսէն եւ զգացմունքային մօտեցումներէն:

Երկու շատ յստակ հարցումներ պիտի տամ.

Առաջին հարցում. դպրոցէն ներս արդէն 15 տարի է, որ «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթը կ՚ուսանին: Ո՞վ եւ ե՞րբ սկսած է համարել, որ այս դասանիւթը աւելորդ է դպրոցէն ներս:

Պատասխան. Թիրախը միայն Հայ Եկեղեցին չէ, այլ հասարակական բոլոր կաճառները, որոնք ո՛չ լիարժէք ձեւով կ՚ընկալուին մադոց այս խումբին կողմէ. այսինքն՝ մերժուածներու շարքին մէջ միայն Եկեղեցին չէ, այլ՝ ընտանիքը, բանակը, պատրարխալ կամ հայրիշխանական դրուածքը հասարակութեան մէջ:

Դպրոցական ծրագիրի փոփոխութիւնը նախաձեռնողը Կ[րթութեան], Գ[իտութեան], Մ[շակոյթի] եւ Ս[պորտի] նախարար Արայիկ Յարութիւնեանն է, իշխող քաղաքական խումբը, որու անդամներէն կամ համակիրներէն շատերը անցնող տասն տարիներու ընթացքին իրականացուցած են արտասահմանէն նիւթապէս հովանաւորուող տարրատեսակ ծրագիրներ. ասոնց կարգին են պատգամաւորներ, Հ[ասարակական] Կ[ազմակերպութիւն]ներու դաշտի յայտնի դէմքեր, լրագրողներ, փոխ-նախարարներ ու… նախարարներ: Այս մարդիկը յայտնի են յանդուգն գաղափարներով: Տարեկան տասնեակ հազարաւոր տոլարներ դրամաշնորհներով հետազօտութիւններ կը կատարէին հետեւեալ նիւթերով.

- Ինչո՞ւ պէտք չէ հակառակիլ սեքսիզմին (sexism):

- Որո՞նք են էմոներն ու սատանայապաշտները եւ ի՞նչ իրաւունքներ ունին Հայաստանէն ներս։

- Ինչքա՞ն վտանագաւոր է հայաստանեան հասարակութեան զինուորականացումը (militarization):

- Ինչո՞ւ պէտք է նուազի Եկեղեցւոյ դերը հայաստանցիի կեանքէն ներս:

- Ինչո՞ւ պէտք է պաշտպանել Լ [լիսբեան-միասեռական], Գ [միասեռական] Բ [երկսեռ] Տ [սեռափոխ] (L[esbian], G[ay], B[isexual], T[ransgender]) համայնքի իրաւունքները:

- Վե՛րջ տալ Հայաստանը ստրկացուցած ռուսական գերիշխանութեան:

- Ե՞րբ սկսիլ երկուքէն վեց տարեկան երեխային սեռական կթրութեան:

- Ինչպէ՞ս կոտրել հայ-թրքական հաշտեցման հայաստանեան միֆերը:

- Ատրպէյտճեանին հետ հաշտութեան երթալ:

- Ինչո՞ւ համար անհեթեթ է ազգ-բանակ գաղափարը, եւ այլն. շարքը անվերջանալի է:

Այս նիւթերուն հեղինակները կը յայտարարեն, թէ այլընտրանքային մտածողութիւն ունին, եւ այդ գաղափարներն ալ կաթիլ-կաթիլ ընկերային ցանցեր կը ներարկեն, քննարկումներ կը ծաւալեն ու տպաւորութիւն կը ստեղծեն, որ հանրութեան մէջ զգալի հատուած մը, այդ գաղափարներուն կրողն է կամ՝ ջատագով: Այս բանին համար շատ պարզ միջոցներ կան, ինչպէս օրինակ, YouTube-ի վրայ արհեստականօրէն աւելցնել դիտումներու քանակը, դիմատետրի վրայ կեղծ լայքերով աւելցնել status-ներու կշիռը, եւ այլն:

Ամենէն հետաքրքրականը այն է սակայն, որ այս յանդուգն գաղափարները յաջողութիւն կը գտնեն այն դաշտին մէջ, որուն այգեպանը այս ուղեղը լուացող ցեցին դէմ պայքարի դեղը չունի: Այսինքն, այս դասանիւթը դպրոցական ծրագիրէն հանելու խնդիրը մէկ օրուայ կամ մէկ գիշերուայ մէջ չէ որոշուած, այլ՝ սա՛ շատոնց գրուած ծրագիր է: Այս դասանիւթը որ դուրս կը բերուի դպրոցական ծրագիրէն, առանձինն չէ՛ որ դուրս կու գայ, ուշադի՛ր. իր հետ կը կրճատուին նաեւ Հայոց Լեզուի եւ Գրականութեան դասաժամերը՝ ի հաշիւ օտար լեզուներու: ՆԶՊ, կամ Նախնական Զինուորական Պատրաստութիւն դասանիւթը նոյնպէս դուրս կը բերուի: Եթէ ասոնց վրայ աւելցնենք Լանզարոտէի պայմանագիրին վաւերացումը, եւ այն, որ վե՛ց տարեկան, նո՛ր դպրոց գացող երեխան, պէտք է անյայտ սեռական դաստիարակութեան մասին գիտելիք ստանայ, ապա հետեւեալը կ՚ունենանք: Հինգերորդ դասարանին մէջ այդ նոյն երեխան բաւարար չափով լեզու եւ գրականութիւն պիտի չանցնի, պատմութիւնը թերի պիտի իմանայ, բարձր դասարաններուն մէջ ՆԶՊ պիտի չանցնի, ասոնց փոխարէն պիտի ունենայ սեռական գիտելիքներու մեծ պաշար եւ բազմաթիւ օտար լեզուներ պիտի իմանայ, կամ մի քանի հատը աւելի լաւ պիտի իմանայ, քան՝ անցեալին:

Երկրորդ հարցում. Ի՞նչ բանի կ՚ուզէ հասնիլ Կրթական Գերատեսչութիւնը [ԿԳՄՍ] այս քայլով:

Պատասխան. Կրթել սերունդ մը, ով չունի կրօնական կաղապարային մտածողութիւն, որ համբերող [համակերպող] է (tolerant) այլ կրօններ դաւանողներու նկատմամբ, որ կը յարգէ ո՛չ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդը, կաթոլիկը, բողոքականը, աթէիստը, մկրտականները, եւ այլն:

Նախ, Հայաստանի մէջ չկա՛ կրօնական կամ ռասայական առումով ատելութիւն կամ ոչ-թոլերանթութիւն, սա՛ մատնանշենք ու բացառենք: մնացած բոլոր ելոյթները այս հարցին հետ կապուած՝ արհեստական են եւ կեղծ, նպատակ ունին պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու:

Մեր կենեթիք քոտը այս տարածքաշրջանէն ներս հինգ հազար տարուան պատմութիւն ունի, եւ մենք չենք ունեցած, չունինք եւ պիտի չունենանք այլազգիներու կամ այլ կրօն դաւանողներու նկատմամբ ատելութիւն կամ անհանդուրժող մօտեցում: Ատիկա մեր որակը չէ՛: Եւ ո՛վ որ կը փորձ մեզ համոզել, ուրեմն ուրիշին ջրաղացքին մէջ ջուր կը լեցնէ եւ կ՚ուզէ մեզ պառակտել:

Ո՛չ մէկ աթէիստ կամ այլ յարանուանութեան հետեւորդ, եթէ ինքզինք մեր երկրի քաղաքացի կը զգայ, եթէ ինքզինք մեր ժողովուրդին զաւակ կը համարէ, եթէ միայն մականունի «եան» վերջածանցով չի՛ սկսիր ու չի՛ վերջանար իր հայկականութիւնը, ապա հաստատ յարգանքով կը վերաբերի Հայ Եկեղեցւոյ հետ: Թերեւս անոր հետեւորդը չըլլայ, թերեւս նախընտրէ անմիջականօրէն եւ ո՛չ թէ Եկեղեցւոյ միջոցով օգնել կարիքաւորին, թերեւս չընդունի Վարդանանքի մասին Եղիշէի շարադրանքը, թերեւս նզովէ Տիզբոնի մէջ Յազկերտ թագաւորին մօտ Վասակ Սիւնիի ծախած Յովսէփ Կաթողիկոսը, Բիւզանդիոնին երկրի բանալիները յանձնած Պետրոս Գետադարձը, բայց չի՛ կրնար ոտքի չկանգնիլ Խրիմեան կամ Մխիթարեաններ մականունը լսած ժամանակ, չխոնարհիլ Կոմիտասի անունին ու գործին դիմաց, չի՛ կրնար վատաբանել Խորէն Տփղիսեցին, որ իր ակռաներով պաշտպանեց Եկեղեցին ու հոգեւորականները Խորհրդային ճանկերէն, չի՛ կրնար գէշ կերպով ընկալել Գէորգ Չէօրեքճեանը, Վազգէն կամ Անթիլիասի Խորէն Վեհափառը: Չի՛ կրնար, որովհետեւ այդ հսկաներուն կենսագրութիւնը միայն բաւարար է ապացուցելու, որ այդ մարդիկ, Եկեղեցւոյ գոյքէն ու կալուածէն առաջ, ա՛զգի մասին մտածած են, դպրոց կառուցելու, գիր եւ գրականութիւն դասաւանդելու, աղքատին թեւերէն բռնելու եւ կանգնեցնելու, աշխատանքով ապահովելու մասին:

Եթէ դպրոցական ծրագիրէն այս դասանիւթը պիտի հանուի, հետեւեաբար պէտք է ունենայ քննադատութիւնը տապալող հիմնաւորում: Եթէ ատոր համար պատռուակ պիտի ներկայացուին pently-ներու եւ առանձնատուներու մասին խօսակցութիւնները, ուրեմն այս ամէնը անլուրջ է:

Այո՛, դասագիրքը պէտք է մատչելի ըլլայ, հասանելի. դասաւանդողն ալ՝ բաւարար գիտելիքով եւ կեանքի փորձով հարուստ մարդ: Այս պատճառով ո՛չ թէ դասանիւթը կը հանուի, այլ՝ բովանդակութիւնը կը բարելաւուի: Ո՛չ թէ կ՚ըսենք եկէք ձեռքը կտրենք, միտքը կրտենք, այլ՝ բուժենք: Ո՛չ թէ ազգային կրթութեան հիմքը խարխլենք, այլ՝ մեր ոտքերը ամրացնենք: Եկէ՛ք բովանդակութեան վրայ աշխատինք: Երեխային մօտ քննական մտածողութիւն սերմանենք, փորձենք անոր նրբօրէն բացատրել, թէ Վասակ Սիւնին ո՛չ թէ դաւաճան էր, այլ՝ Վարդան Մամիկոնեանի պէս հայոց զօրքի հպա՛րտ ռազմիկը, հրամանատարը, հմուտ դիւանագէտը, որ ինչ-ինչ խարդաւանանքներու զոհ գնաց: Եկէ՛ք այսպէս աշխատինք, դասագիրքերը բարելաւենք, ու ոչ թէ ըսենք՝ մեզի կրօնք ու հաւատք պէտք չեն:

Անահաւատ եւ անհայրենիք սերո՞ւնդ կ՚ուզենք, այդ մէկը աններելի սխալ է: Տեսէ՛ք, քրիստոնէութիւնը մեր քաղաքակրթական այցէքարտը դարձաւ առաջինը՝ երբ տակաւին նոր չորրորդ դար մտած էինք: Համամարդկային արժէքները, բարոյական ընկալումները բիւրեղացուցինք, բայց այդքանով չբաւարարուեցանք, այլ՝ այդ կրօնքը ազգայնացուցինք, Եկեղեցին ալ փորձեցինք ծառայեցնել ազգապահպանումի:

Հետաքրքրական կէտ մը, որ թերեւս շատերու ուշադրութենէն վրիպած է. այս դասանիւթը «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» կը կոչուի եւ ոչ թէ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պատմութիւն»1:

Վեհափառ Հօր հանդէպ մեր վերաբերմունքը պէտք չէ ցուցիչ ըլլայ այս առումով: Տարիներ շարունակ փորձ կը կատարուի ցոյց տալու, թէ այսինչ հոգեւորականը ինքզինք այսպէս պահած է, այն միւսը այսպէս…, Ե՞ւ… Ատով կ՚ուզէք արդարացնել նման դասանիւթի մը դուրս բերուիլը, կը սխալիք:

Տասը տարեկանին երեխան կը սկսի ձեւաւորել իր միտքերն ու ցանկութիւնները, եւ որպէս կանոն այդ տարիքին ստացած գիտելիքը էական նշանակութիւն ունի իր մարդ տեսակի ձեւաւորումին մէջ: Սպունգի նման կը քաշէ, կը կլանէ, ի՛նչ տուիր՝ այդ պիտի սորվի: Համշխարհայնացո՞ւմ կու տաս, աշխարհաքաղաքացի երիտասարդ կը ստանաս, որ անհայրենիք է, կաթնահունձ, արժէքային համակարգը եոկուրթային եւ յեղյեղուկ: 21-րդ դարու հրամայականներուն համապատասխան ազգային դաստիարակութի՞ւն կու տաս, հրաշալի սերունդ կը ստանաս, որ կը հաւատայ իր հզօրութեան, կը կարողանայ Արաքսէն այն կողմ տեսնել, պետութեան հարկ կը վճարէ, բանակին մէջ կը ծառայէ, օրէնքը կը յարգէ, իրաւունքները կը պաշտպանէ, աղօթած ժամանակ ալ՝ չ՚աղմկեր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

8 յուլիս 2020, Վաղարշապատ


* Այս գրութիւնը արտագրումն է քաղաքագիտութեան տոքթոր, քաղաքագէտ, հեռուստամեկնաբան եւ լրագրող Աբրահամ Գասպարեանի 6 յուլիս 2020-ին անոր երեկոյեան լուրերու կատարած անդրադարձին «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթի մասին: Նիւթի շահեկանութեան ու կառուցողականութեան համար, զայն արտագրեցինք ու արեւմտահայերէնի վերածելով հրապարակեցինք, որպէսզի սփիւռքի մեր ժողովուրդին զաւակները հասու ըլլան թագաժահր համաճարակի այս օրերուն Հայաստանի ներքին կեանքը յուզող կարեւոր հարցերէն մէկուն մասին:

1 Այստեղ պէտք է ըսուածին խորքը թափանցել, հասկնալու համար գաղափարը: Դասանիւթը, որպէս այդպիսին, ո՛չ թէ յատուկ է միայն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հետեւորդներու, այլ խօսքով՝ այդ Եկեղեցւոյ հետեւորդներու զաւակներուն, այլ՝ այս դասանիւթը յատուկ է բոլորին անխտիր, այսինքն՝ բոլորր անոնց, որոնք իրենք զիրենք հայ կը կոչեն, որովհետեւ այս դասանիւթը դարաւոր ազգային այն կառոյցին մասին է, որ մեզի տուած է հաւատք եւ բարոյականութիւն, գիր եւ գրականութիւն, մշակոյթ եւ գիտութիւն, եւ բոլոր այն մասերը, որոնք կը կազմեն հայու ինքնութիւնը, եւ արդարեւ իւրաքանչիւր հայ՝ անկախ իր յարանուանական պատկանելիութենէն պարտաւոր է գէթ որոշակի գիտելիք եւ ծանօթութիւն ունենայ Հայ Եկեղեցւոյ մասին:

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2020