ԽՕՍՔ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Չէ, մի՛ մտահոգուիք, ընթերցողներուս չէ, որ հրաժեշտ կու տամ։ Տասը ամիսէ ի վեր շաբաթը անգամ մը՝ միասին ենք, եւ հաճելի է ինծի համար, ուստի հեռանալու միտք չունիմ։

Հրաժեշտս՝ վեց կամ չորս տարի տեւած կեանքի մէկ կարեւոր հատուածին է ուղղուած։

Ճիշդ այս պահուս երեւանեան առաւօտ մըն է, որ կը բացուի պատշգամէս դուրս։ Իսկ ես, ամբողջ գիշեր նստած այս նոյն աթոռիս, երկնքի գունաթափման ականատեսը եղայ։ Եւ հիմա, հակառակ յոգնած վիճակիս, այս տողերը կը գրեմ, շնորհակալութիւն յայտնելու համար։ Խօսքը՝ դոկտորական մօտաւորապէս. 350 էջանոց աշխատութեանս աւարտին մասին է։ Ամբողջ գիշեր նըս-տած՝ վերջին մանր-մունր շտկումներն է, որ կ՚ընէի, արդէն իսկ բացուած այս օրուայ երեկոյեան հատորս համալսարան ուղարկելու մտադրութեամբ։

Շնորհակալութիւն որո՞ւ. գիտէք, կ՚ենթադրեմ։

Այս սիւնակիս ընթերցողները վստահաբար տեղեակ են, որ անցնող տարիներուն ընթացքին ժամանակակից Թուրքիոյ հայութեան մասին դոկտորական աշխատանքս կը պատրաստէի։ Արդարեւ, այստեղ գրած յօդուածներուս նիւթերէն շատերն ալ, նո՛յն այդ էջերէս քաղուած են։

Վեց կամ չորս տարի ըսի վերը... եթէ հաշուէք մագիստրոսի տարիներս, որոնք դարձեալ նոյն թեմային նուիրուած էին, բայց սոսկ աւանդական պոլսահայ համայնքը նկատի ունենալով, ապա՝ վեց։ Եթէ միայն ա՛յս աշխատութիւնս հաշուէք՝ ըսէք չորս։ Շատ ալ կարեւոր չէ… Աներկբայ է, որ կեանքի լուրջ հատուած մըն է, որ պատշգամիս բացուող լոյսին հետ միասին ետեւ դրի, եւ այս պահիս կը փշաքաղուի մարմինս։

Օքսֆորտեան ցուրտ, դեղին-մոխրագոյն, յաճախ տխուր, բայց ոգեշնչող ու սնուցանող տարիներ... Պոլսոյ մէջ քսան ամիս... ծանօթութիւններ, շփումներ, հարցազրոյցներ, ընթերցումներ, շփոթներ, գիւտեր, լարուածութիւն, մտահոգութիւն, լուծումներ... բոլորը եկած հանգչած են հիմա մի քան հարիւր էջին մէջ, որ հիմա դեռ զուտ թուային էութեամբ համակարգչիս մէջ կը ննջէ։

Անշուշտ, ո՛չ Թուրքիոյ հայութենէն կը բաժնուիմ, ո՛չ ալ մանաւանդ քաղաքէս։ Աւելի՛ն. հիմա, որ այս սահմանը հատած եմ, տարբեր տեսակի կարօտ-ցանկութիւն մը կարծես կ՚արթննայ՝ վերադառնալու, նոյն տեղերէն անցնելու... կ՚ընեմ, օրը կու գայ, կ՚ընեմ...

Բայց հիմա, յօդուածին սկիզէն ի վեր մի քանի անգամ կրկնած, բայց յուզմունքի տարուելով մոռցած ու յետաձգած շնորհակալութիւնս կ՚ուզեմ յայտնել։ Բայց չեմ գիտեր, ուրկէ՞ եւ որմէ՞ սկսիմ։

 Այն ընտանիքներէն ու մարդոցմէ, որոնք զիս զաւկի պէս նայեցա՛ն Պոլիս գտնուելու ընթացքիս... շնորհակալ եմ։

Այն մարդոցմէ, որոնք վստահեցան ինծի ու իմ առջեւ բացին մտքերը, սրտերը, ցաւերը, կեանքերը իրենց... շնորհակալ եմ։

Այն մարդոցմէ, որոնք, Անգլիոյ մէջ թէ Պոլսոյ, ուղղութի՛ւն տուին գործիս... շնորհակալ եմ։

Հերթականութեան հարց չկայ անշուշտ։ Պահ մը մէ՛կն է, որ կը յիշեմ, պահ մը մէկ ուրի՛շը... անգամ մը արեւմտահայերէնով կ՚ըսեմ շնորհակալութիւնս, անգամ մը՝ արեւելահայերէնով, անգամ մը՝ անգլերէնով, անգամ մըն ալ՝ թրքերէնով։

Կարդացողին համար արժէք կ՚ունենա՞յ արդէօք գործս, (կամ ինչքա՞ն կարդացող կ՚ունենայ), ուրիշ հարց։ Ինծի համար անփոխարինելի արժէք ունի։ Եւ գործս որ կ՚ըսեմ, մի քանի հարիւր էջը չէ։ Այլ չորս-վեց տարուայ կեանքս, որ այս աշխատութեան վրայ էր խարսխուած եւ անով դրոշմուած խստօրէն։

Առանց տատամսելու կրնամ ըսել, որ ես՝ այսօրուայ մարդը պիտի չըլլայի, եթէ չանցնէի այս ճանապարհէն։ Եւ, քանի որ այսօրուայ մարդէն այդքան ալ դժգոհ չեմ, դարձեալ, կրկին, եւ միշտ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց՝ Պէյրութէն Օքսֆորտ, Պոլիսէն Ատըեաման ու Մալաթիա, Վաքըֆլըյէն Երեւան, որոնք օգտակար եղան՝ գիտութեամբ, տեղեկութեամբ, բարոյապէս, նիւթապէս, հոգեբանական առումով, ընկերային առումով, եւ ամէն կերպով...

Դեռ կը հանդիպինք...

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2019