ԳԼԽԱՒՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆՆ Է

Բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ սփիւռքահայերուն համար, մանաւանդ անոնց, որոնք հայութեան օրակարգով կ՚ապրին ու կը շնչեն, Հայաստանի բարօրութիւնը կը շարունակէ մնալ առաջնային։

Բարօրութիւնը անշուշտ կարեւոր կը համարուի այն ժամանակ, երբ չկայ անվտանգութեան հիմնահարց։

Այսօրուան դրութեամբ հայութիւնն ու Հայաստանը յուզող հիմնական հարցը անվտանգութիւնն է, որովհետեւ իրերը ցոյց տուին, որ ծանր պատերազմին հետեւանքով Հայաստանի անվտանգութեան համակարգը ոչ միայն մեծ հարուած ստացաւ, այլ բոլոր առումներով այդ անվտանգութեան համակարգը, որ վերջին տարիներուն ինչ-որ կերպ գոյացած էր, այսօր խոցելի է։ Խոցելի է մի քանի պատճառներով, որոնց ամենէն էականը մօտեցումներն են Հայաստանի հակառակորդ Ատրպէյճանի, որ չէ գոհացած իր արձանագրած «յաղթանակ»ով, այլ կը շարունակէ ունենալ յետին ու նոյնիսկ վտանգալից նկրտումներ։ Կ՚ըսեն, թէ յաղթանակած կողմը, իրաւունքն ունի ինքզինք պարտադրելու մանաւանդ՝ այս պարագային։ Այս պարագային մանաւանդ, որ խաղաղութեան համար գոյացած փաստաթուղթը անուժ է եւ չէ գծած միասնաբար խաղաղութիւն կերտելու հիմնական սահմանները։

Անշուշտ, մեղաւոր այդ փաստաթուղթը ստորագրողը պարտուած կողմի առաջնորդ ներկայացողը չէ միայն, այլ խաղին մեծ-մեծ վարկ եւ փորձառութիւն ունեցող եւ դէպքերը հունաւորող Ռուսաստանը։ Մինչ այդ, դեռ ժամանակ կայ յաւելեալ վերլուծումներ կատարելու՝ հասկնալու համար, որ ի վերջոյ այս պատերազմը որո՛ւ օգտին եղաւ, բայց փաստ է, որ հայկական կողմը կը գտնուի բարդ վիճակի մը մէջ։

Վերադառնալով սփիւռքի եւ սփիւռքահայերու մօտեցման, հարկ է շեշտադրել, որ նախքան Արցախի պատերազմը, որ աւարտեցաւ ահասարսուռ հետեւանքներով, աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան համար գերխնդիր էր Հայաստանի վիճակը բարելաւելը։ Եւ այդ առումով սփիւռքի հայութեան աշխոյժ մարմիններուն կամ միութիւններուն մէջ ներկայութիւն եղող անհատներ, իրենց ունեցած կարեւոր միջոցները ներդրեցին, որպէսզի մեր երկիրը քայլ մը աւելի առաջ երթայ ու իրենք ալ ապրին հոգեկան գոհունակութեան վսեմ պահերը։

Այս կէտին պէտք չէ մոռնալ, որ բոլոր անոնք՝ որոնք քիչ թէ շատ կը հետեւէին Հայաստանի մէջ ընթացող զարգացումներուն, ծաղիկներով չդիմաւորեցին 2018 թուականին տեղի ունեցած եւ թաւշեայ անուանուած յեղափոխութիւնը, նաեւ այն պարզ տրամաբանութեամբ, որ այսօրուան մեր աշխարհին մէջ յեղափոխութիւնները լաւ տեղ չեն տանիր, այլ կը դառնան պատուհաս ու կը տապալեն այդ «յեղափոխութիւն»ը իրականացուցած ժողովուրդներուն փոփոխութեան յոյսն ու ակնկալիքներու մեծ սպասումը։

Դժուար էր, ի հարկէ, այն մօտեցումը, որ նոյն այդ մարդիկը, այսինքն անոնք՝ որոնք խանդավառ չէին եղած դէպքերով, չկարողանան իրենց ձայնը լսելի դարձնել։ Անոնցմէ բազմաթիւներ միտումնաւոր կերպով չխօսեցան ու եղան ուրիշներ, որոնք շատ բան գիտէին ու շատ բան կը նախազգային, սակայն չուզեցին դառնալ «սեւ ագռաւ»։ Ի վերջոյ տխուրն ու մղկտալին այն էր, թէ Հայաստանի հասարակութեան մէջ ստեղծուած էր այնպիսի «միօրինակ» մօտեցում մը, որ յառաջ կը քշէր մէկ ըմբռնում. ան որ «Թաւշեայ»ին դէմն է, ապա ան Հայաստանի եւ հայութեան թշնամին է։

Անցան տարիներ, երազները մնացին երազներ ու մեր ժողովուրդի մեծ ու փոքր ակնկալիքները մնացին երազ ու ակնկալիք։

Հարցերը բարդացան, երազները ինկան ու ազգովին հասանք ու կանգնեցանք մեծ աղէտին առջեւ, որուն անունն է Արցախի պատերազմ։

Խնդիրը անշուշտ զանազան առումներով ալ ունէր խորքային արմատներ։ Բայց եւ այնպէս, այսքան զոհեր տալէ ետք, բոլորին առջեւ յըս-տակ կը դառնար, որ Փաշինեան եւ իր շուրջի գործիչները ոչ միայն կրնան լեզու գտնել դաշնակից Ռուսաստանին հետ, այլ նաեւ փաստ կը դառնար, որ անոնք ոչ մէկ կարողականութիւն կամ քարտ ունէին, որպէսզի վայրկեան մը առաջ դադրէր աղէտալի պատերազմը։ Բաց աստի, պատերազմը նաեւ մեզ կը դնէր բաւականին բարդ փուլի մը մէջ, որուն վերջնական հետեւանքներուն մասին ոչ ոք պատկերացում ունի, կամ ոչ ոք իրապէս գիտէ, թէ տակաւին ինչ ճակատագիր կը սպասէ վիրաւոր Հայաստանին ու Արցախին։

Ու այս բոլորի ֆոնին արդէն պարզ ու մեկին դարձած է, որ այսօր աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան, կամ այն անհատներուն համար, որոնց կեանքին եւ էութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի Հայաստան հայրենիքը, անոնք բոլորն ալ սկսած են հասկնալ (շատ մը պարագաներու լռութեամբ), որ այսօր Հայաստանի գերագոյն եւ հիմնարար խնդիրը կը շարունակէ մնալ անվտանգութիւնը։

Բոլոր օրակարգերը երկրորդական դարձած են, բոլոր մակարդակի խնդիրները անիմաստ դառնալու չափ դարձած են անկարեւոր եւ մեր տարբեր մակարդակի ապրումներն անգամ կ՚անցնին մեծ ցնցումներէ։

Նախքան պատերազմը ուրիշ էր ամէն ինչ, իսկ այսօր յետ այդ հրէշաւոր պատերազմը ուրիշ է ամէն ինչ։

Ամէն պարագայի տակ, սառն դիտելով մեր այսօրուան իրականութիւնը, հարկ է անգամ մըն ալ հաստատել, որ հակառակ մեզ հալածող մեծ հարցերուն՝ տակաւին կան մարդիկ ու գործիչներ, որոնք կը փորձեն լսելի դարձնել հաւասարակշռուած խօսք եւ մօտեցում, որոնց մէջէն ալ նաւարկելով կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ ապահով ափեր։ Այդ անուններէն մին է ամերիկահայ գործիչ Յարութ Պռոնոզեան, որ վերջերս Հայաստանի այսօրուան դրութեան մասին հանդէս եկաւ ուշագրաւ տեսութիւններով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Յարութ Պռոնոզեանի յօդուածէն հատուածներ։

*

Որեւէ յառաջդիմութեան հասնելու համար մարդ պէտք է երեւակայութիւն ունենայ, երեւակայութիւնը ծրագրաւորում կը նշանակէ, եթէ երեւակայութեան պակաս ունենանք ըլլայ գիտութեան, տնտեսութեան ու մարդկային յարաբերութիւններու մէջ, կը ձախողինք։ Խօսելով մեզի համար այսօր այդքան կարեւոր ներգաղթի խնդրին մասին՝ հարկ կը համարեմ ըսել, որ նախ պէտք է զօրացնենք Հայաստան-սփիւռք կապերը, նկատի առնելով, որ այսօր հայերու մեծամասնութիւնը կ՚ապրի սփիւռքի մէջ: Ես ներգաղթ ըսելով, կ՚ուզեմ աւելի կեդրոնանալ մասնագիտական հմտութիւններ ունեցող ուժերուն վրայ, անոնք որոնք կարող են արդիւնաւէտ գործ ընել Հայաստանի մէջ: Հայաստանը պէտք է օգտագործէ սփիւռքի ներուժը։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւններու դերին, ապա պարտիմ ըսել, թէ իշխանութիւնները պէտք է լաւ կշռէին եւ տեսնէին, թէ ինչ ուժ կը ներկայացնէ սփիւռքը՝ մտային, նիւթական, եւ քաղաքական: Ապա սփիւռք-Հայաստան կապ ստեղծուէր, կազմակերպ ու հետեւողական, ու այս առումով ալ ամէն տարի պէտք է յստակ տեղեկատուութիւն ներկայացուի, թէ ինչ աշխատանք պէտք է ըլլար, ինչ եղած է եւ ինչու չէ եղած:

Իմ կարծիքով՝ սփիւռքի հարցերով զբաղուող յանձնակատարութիւնը (անցեալին նախարարութիւն) պէտք է հանրութեան ներկայացնէր, թէ ինչ կապեր կարողացած է ստեղծել տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայ մասնագէտներու հետ, սփիւռքեան ներուժի որ տոկոսը օգտագործուած եւ ի վերջոյ այդ առումով ալ պէտք է մշակուի յատուկ քաղաքականութիւն։

Պարզապէս, երկու կողմէն ալ մտածող մարդիկ պէտք է աշխատին, իսկական հայրենասէր մարդիկ պէտք է ըլլան տարբեր պաշտօններու վրայ, որովհետեւ ասիկա կը նմանի արտաքին յարաբերութիւններու ստեղծման, եւ այդ ուղղութեամբ մենք գրեթէ ոչինչ կ՚ընենք:

Այսօր մեր երկիրը կը գտնուի տարածքաշրջանի մը մէջ, եւ մենք անհոգ կերպով ներքին պայքարներով կը զբաղինք, անցեալի երեք եւ այսօրուան իշխանութիւնները փոխանակ երկիրը եւ հասարակութիւնը միացնելու, բաժանում կը ստեղծեն եւ կը պառակտեն մեզ։ Ազգային գաղափարախօսութեան հիմք ընդհանրապէս չկայ, հետեւաբար մենք կանգնած ենք այս շրջանին մէջ մեր գոյատեւումը ապահովելու լուրջ վտանգներուն առաջ: Եթէ մենք ներքնապէս մեր ամբողջական կարելիութիւնը, մասնագէտները, մեր բոլոր ուժերը քով-քովի չբերենք եւ միասնաբար չաշխատինք, ձախողութեան պիտի մատնուինք: Բաժանումներ ստեղծելը հակառակ է մեր ժողովորդի շահերուն, եւ խօսելու փոխարէն պէտք է գործենք:

Ճիշդ է, որ ներկայիս, տարբեր երիտասարդ մասնագէտներ նշանակուած են տարբեր նախարարութիւններու մէջ, սակայն նախքան սփիւռքէն մասնագէտներ բերելը Հայաստան, պէտք է յիշել, որ Հայաստանի նախարարութիւններուն մէջ կան արդէն մասնագէտներ, որոնք չեն գործեր, այսինքն դուրսէն մարդուժի ապահովումը առանց ներսինի ներդրումին կը նկատուի միայն ցուցադրական արարք։

Այս իշխանութիւնը հայերու հետ կապ չունի, անոնց ապազգային քաղաքականութիւնը առաջին օրէն երեւաց: Անոնք իշխանութեան եկան իբրեւ թէ բարեփոխումներ կատարելու, որովհետեւ յեղափոխութիւնը այդ կը նշանակէ, բայց փոխանակ բարելաւելու աւելի վատթարացուցին վիճակը:

Ներկայիս երկու մասի բաժնուած ենք, նոյնիսկ սփիւռքի մէջ, չկայ այն միացնող ուժը, որուն շնորհիւ կարողանանք մեր երկիրը զարգացնել եւ իսկապէս ունենալ ազատ եւ անկախ երկիր մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021