ՆՈՐ ՏԱՐՒՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ

«Յորժամ գաս փառօք, յահագին աւուրն. յիշեա զիս Քրիստոս։ Նորոգող հնութեանց. նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա»։

Ներսէս Հայոց Կաթողիկոս իր «Երգ-Աղօթական»ին մէջ այսպէս կ՚ըսէ եւ «հիները նորոգող Քրիստոս»է կը խնդրէ, որ մեզ ալ նորոգէ։

Արդարեւ, ամէն ապրող էակ յաճախ նորոգութեան պէտքը ունի, քանի որ նիւթը, այսինքն մարմինը, ժամանակի ընթացքին հետզհետէ կը հիննայ, կը մաշի եւ նորոգուելու պահանջքը կը զգայ։ Ասիկա ֆիզիքական աշխարհի համար շատ բնական է. եւ ոչ միայն ապրող՝ կենդանի էակներու համար, այլ նաեւ անկենդան, մարդու շինած ամէն գործիքի համար ալ անհրաժեշտ պահանջք մըն է։ Ժամանակի ընթացքին մաշած որեւէ բան եթէ չնորոգուի, կը փճանայ, կը չքանայ։

Մարդն ալ որպէս մարմնաւոր-ֆիզիքական էակ նորոգուելու, դարմանուելու, բարեփոխուելու պահանջքը ունի։ Ան պէտք է ժամանակի դէմ պայքարի, իր թերութիւնները լրացնէ, տկարութիւնները զօրացնէ, անկատարութիւնները կատարելագործէ։

Թէեւ մաշիլը նախընտրելի է քան ժանգոտիլը, քանի որ «մաշիլ»ը աշխատելու, գործելու հետեւանք է, իսկ ժանգոտիլը՝ անաշխատութեան, անգործութեան եւ ամլութեա՛ն։ Աշխատող, գործող ամէն բան ժամանակի ընթացքին կը մաշի եւ գոյապահպանուելու, գոյատեւելու համար յաճախ պէտք է նորոգել զայն, եւ մարդն ալ պէտք է նորոգուի։

Այս բոլորը նիւթի, մարմնականի համար է. հապա հոգի՞ն։ Մարմնի մէջ, ֆիզիքական պատեանի մը մէջ «բանտարկուած», շատ անգամ մարմնականին հպատակելու պարտադրուած եւ տեւական մարմնականին հետ պայքարի մէջ եղող, երբեմն պարտուող, երբեմն յաղթող, եւ այս պատճառով «մաշող» հոգին նորոգուելու, բարեփոխուելու պահանջքը չունի՞։

Հոգին ամենէն աւելի նորոգուելու եւ դարմանուելու պահանջքը ունի, քանի որ ան անմահ է, երբեք չի փճանար, չի վերջանար։ Եւ այս պատճառով ան շատ աւելի նորոգուելու պէտքը ունի, մաշած չշարունակելու համար իր ճամբան, առողջ եւ առոյգ գոյատեւելու համար։

Ուրեմն, մարդ պէտք է իր մարմնին ցոյց տուած խնամքէն աւելին ցոյց տայ հոգիին. առողջ եւ առոյգ պահէ զայն, եւ յաճախ նորոգէ եւ նորոգուի։

Ահաւասիկ, այս պատճառով Քրիստոսէ խնդրելու ենք որ մեզ նորոգէ՝ մեր հոգին միշտ առոյգ պահէ, որպէսզի մարմինն ալ առողջ մնայ։

Մարդիկ Նոր տարին կը դիմաւորեն նոր յոյսերով, նոր ակնկալութիւններով եւ մեծ ուրախութեամբ։ Նոր տարւոյ առաջին օրը թուականը կը փոխուի, օրացոյցներ կը նորոգուին, մարդիկ նուէրներ կ՚առնեն, նուէրներ կու տան որպէսզի ամէն ինչ «նոր» ըլլայ, փոխուի, բարեփոխուի, նորոգուի։ Բայց մարդիկ ո՞րքան կը մտածեն նորոգուելու մասին։

«Նորոգուիլ», արդարեւ կը նշանակէ ներքնապէս բարեփոխուիլ՝ ներաշխարհը, այսինքն հոգին նորոգել, հոգիին վրայ ծանրացած աղտերէն փրկել՝ մաքրել զայն ամէն տեսակ վնասակար եւ վտանգաւոր մարմնական ազդեցութիւններէ…։

Մարդիկ իրենց մարմնին տուած հոգը եւ խնամքը եթէ տային նաեւ իրենց հոգիին, ո՜րքան երջանիկ աշխարհի մը մէջ պիտի ապրէին. մաքուր հոգին պիտի մաքրէր նաեւ մարմինը։

Մաքուր եւ թեթեւ հոգիի մը համար պայման է ներքին խաղաղութիւնը՝ հանդարտ խիղճ մը, մաքուր սիրտ մը։ Հանդարտ խիղճ եւ մաքուր սիրտ մը ունենալու նախապայմա՛նն է՝ սիրով լեցուած ըլլալ. սէրը կը մաքրէ ամէն աղտ, ամէն վատ զգացում։ Սիրով լեցուն անհատը երբեք վախ չ՚ունենար, երբեք չի մտահոգուիր իր հոգիին մասին, քանի որ ան գիտէ որ հոգին առողջ է եւ առո՛յգ։

Եթէ մինչեւ այսօր չխորհեցանք այս մասին, ահաւասիկ, Նոր տարւոյ առաջին օրը՝ նոր օր մը, լաւագոյն առիթն է այս մասին խորհելու. մարմնի առողջութեան եւ երջանկութեան չափ խորհելու հոգիին առողջութեան եւ երանութեան մասին։ Որովհետեւ, առողջ հոգին մարմինն ալ կ՚առողջացնէ, կը բուժէ։

Մարդիկ յաճախ կը մտահոգուին մարմնական հիւանդութիւններու, կորուստներու մասին, բայց շատ անգամ չեն հետաքրքրուիր հոգիի վնասներու եւ կորուստներու մասին։ Մարմնական առողջութիւնը երջանկութեան համար միակ կամ առաջնակարգ անհրաժեշտութիւն կ՚ընդունին. հապա ներքին խաղաղութի՞ւնը, հոգիին առողջութիւնը, ընդհանրապէս գործածուած խօսքով՝ «սրտի հանգստութի՞ւն»ը։ Մարդս եթէ ներքին խաղաղութիւն ունի՝ հոգին առողջ է եւ առոյգ, մարմինն ալ առողջ կ՚ըլլայ։

Խռոված սիրտ մը, անհանգիստ խիղճ մը, մարմնի հոգերով ծանրաբեռնուած հոգի մը կ՚անհանգստացնէ, կը վատթարացնէ նաեւ մարմինը, կը խանգարէ նաեւ մարմնական առողջութիւնը։ Անշուշտ որ մարմնի որեւէ հիւանդութիւն ալ կրնայ ազդել հոգիին, կրնայ ենթակային տրամադրութիւնը նոյնպէս ինկած վիճակի վերածել, բայց բարձր տրամադրութիւնն ալ կրնայ մարմնի առողջութիւնը եւ եթէ պէտք է բժշկութիւնը ապահովել։

Անշուշտ «հոգիի նորոգութիւն»ը կ՚ենթադրէ նաեւ հոգիի մաքրութիւն, անմեղութիւն, արդարութիւն, եւ ընդհանրապէս մեղքերու ծանրութենէն ազատում։

Ո՞վ մեղաւոր չէ որ։

Ահաւասի՛կ, տարւոյ առաջին օրը առիթ մըն է անդրադառնալու սխալներուն, մեղքերուն, եւ զղջալու, ներհայեցողութեամբ ինքզինք քննելու եւ նորոգուե՛լու. Նոր տարւոյ առաջին օրով, նոր օրով «նոր մարդ» ըլլալու, բարեփոխուելու, նոր յոյսերով եւ նոր՝ մաքուր սիրտով նոր կեանքի մը սկսելու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 25, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2021