ԽԵՆԹ ՓԻԼԻՍՈՓԱՆ -Ա-

Հայերէն լեզուին համաձայն, խենթն ու խելացին հականիշ բառեր են, սակայն ծայրայեղ խելացութիւնը որոշ տեղ խենթութիւն, իսկ ծայրայեղ խենթութիւնը՝ որոշ տեղ իմաստութիւն կը ծնին: Այդ խենթութեան եւ ծայրայեղ իմաստութեան մէջ տարուբերողներէն մին եղած է հայ արձակագիր, բանաստեղծ եւ փիլիսոփայ Եղիա Տէմիրճիպաշեան. արդէն աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր փիլիսոփայ մեր մօտ քիչ մը խենթ, քիչ մը ցնդած ու խելացնոր կ՚ըլլայ:

Ժամանակակիցներու գրածները ուսումնասիրելով շատ տարբեր ու զանազան կարծիքներու կրնանք հանդիպիլ. ոմանք որպէս իմաստուն փիլիսոփայ կ՚ընդունէին Տէմիրճիպաշեանը, իսկ ուրիշներ որպէս մտաթափ ու խելառ մը պարզապէս. ոմանք զինք կը նկարագրեն որպէս եսապաշտ ու անձնասէր, իսկ ուրիշներ՝ որպէս գրականութեան տիտան մը եւ այդպէս ալ Եղիա Տէմիրճիպա՞շեան պամտութեան մէջ մնաց իմաստուն ու խենթ ինքնասպան եղած գրողը՝ ամէն մէկուն համար տարբեր ձեւով հասկցուելով:

Վերոյիշեալ խառն վիճակը նկատի ունենալով՝ կ՚ուզենք երեք տարբեր ձեւերով ներկայացնել Եղիա Տէմիրճիպաշեանը:

Ա.- ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԱՉՔՈՎ.- Տէմիրճիպաշեանի մասին կարելի է որոշ տեղեկութիւն գտնել Արփիար Արփիարեանի մօտ: Հետաքրքրական է, որ երկու գրողներն ալ լոյս աշխարհ կու գան նոյն թուականին եւ աշխարհէն առ յաւէտ կը հեռանան դարձեալ նոյն թուականին. Արփիարեան եւ Տէմիրճիպաշեան կը ծնին 1851 թուականին եւ կը մահանան 1908 թուականին՝ հինգ ամիսներու տարբերութեամբ՝ առաջինը ոճրագործութեան մը զոհ դառնալով, իսկ երկրորդը անձնասպանութեամբ:

Վերոյիշեալ տուեալներու վրայ հիմնուելով կրնանք վստահ ըլլալ, որ Արփիարեան Տէմիրճիպաշեանի մասին իր կարծիքները գրի առած է գրողի կենդանութեան շրջանին: Արփիարեանի կարծիքները սակայն Տէմիրճիպաշեանի մասին այնքան ալ դրական չեն. իր «Գրական դէմքեր» աշխատութեան մէջ Արփիարեան Տէմիրճիպաշեանը կը ներկայացնէ որպէս ինքնասէր, եսակեդրոն, իր իսկ բառերով «Մտքի հաւասարակշռութեան խանգարման» ենթակայ գրող մը եւ կը պատմէ երկու յատկանշական դէպքեր.-

1.- ՏԷՄԻՃԻՊԱՇԵԱՆ՝ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆ.- Արփիարեանի համաձայն, հակառակ նիւթական ոչ շատ թշուառ վիճակ ունենալուն, Տէմիրճիպաշեան օր մը կիրակի օրով Գատըգիւղի եկեղեցւոյ դիմաց իր ֆէսը բռնելով կը սկսի անցորդներէն ողորմութիւն խնդրել. զինք լաւապէս յարգող ու ճանչցող ազգայիններ Տէմիրճիպաշեանը կը տանին եւ չեն ուզեր նման վիճակի մէջ տեսնել «մեծ» գրողը:

2.- ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ՝ ԽԵՂԴԱՄԱՀ.- Գրողը օր մը կ՚ուզէ «խեղդամահ» ըլլալ. այս նպատակը «իրականացնելու» համար կ՚երթայ ծովեզերք, սակայն իր հետ կը տանի նաեւ հայ նաւավար մը՝ խեղդամահ ըլլալու պարագային զինք փրկելու համար։ Տէմիրճիպաշեան ծով կը մտնէ՝ վստահ ըլլալով որ զինք պիտի «փրկէ» իր իսկ պայմանաւորուած նաւավարը:

Արփիարեան վերոյիշեալ երկու դէպքերը պատմելով անոնց դրդապատճառը խենթութենէ աւելի եսամոլութեան կը վերագրէ, որովհետեւ Արփիարեանի համոզումով՝ Տէմիրճիպաշեան անձ մըն էր, որ կ՚ուզէր շրջապատի ուշադրութեան առարկայ դառնալ. անոր խեղդամահ ըլլալու եւ փրկուելու լուրը վստահաբար մամուլի ճամբով ու բերնէ բերան պիտի տարածուէր Պոլսոյ մէջ եւ բոլորը պիտի խօսէին ի՛ր մասին: Այս բոլորին որպէս եզրակացութիւն Արփիարեան կը գրէ հետեւեալ յանդուգն նախադասութիւնը. «Տէմիրճիպաշեանին ամբողջ կեանքը ունայնամիտ ինքնամոլութեան ցուցադրութիւն մը եղած է»: Այս խեղդամահ ըլլալու պատկերը կեղծ կը գտնէ նաեւ Գրիգոր Զօհրապ եւ իր «Մօտան» խորագրեալ գրութեան մէջ հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ ծովեզերքը. «ուր Եղիան կ՚երթայ եւ ուր Պետօն կը սպասէ»:

***

Արփիարեան խօսելով Տէմիրճիպաշեանի գրական արժէքին մասին «ունայնամիտ» կը կոչէ գրողը՝ «իմատասիրութիւն» եւ «փիլիսոփայութիւն» խոշոր բառերով ամբոխին վրայ ազդել փորձող մը պարզապէս: Տէմիրճիպաշեան իր գործերուն մէջ յաճախ կը յիշէ ֆրանսացի գրողներ եւ կու տայ «Լիգռեն, Գլոտ Պեռնար, Լմեդռ, Պրիւնդիեռ, Տլագռուան, Լամալիպրան» անունները, ինչ որ Արփիարեանի համար ինքզինք «իմաստուն» ու «զարգացած» ներկայացնելու ձախող փորձ կ՚որակուի: Այլ ծանր քննադատութիւն մըն ալ հետեւեալ տողով կը կատարէ Արփիարեան. «Հեղինակը խենթ ու խելառ խօսած է անանկ խնդիրներու վրայ, զորս հիմնովին կ՚անգիտանար»՝ նուաստացնելով Տէմիրճիպաշեանի թէ՛ մտային եւ թէ՛ գրական կարողութիւնները:

Սակայն Արփիարեանի հակառակ կային Տէմիրճիպաշեանի գրականութիւնը գնահատողները. օրինակի համար Դանիէլ Վարուժան «Յորդորներ սկսնակներուն» յօդուածի Բ. մասին մէջ Տէմիրճիպաշեանը հաւասար կը դասէ Նարեկացիին, Միսաք Մեծարենցին, Սիամանթոյին, Թլկատինցիին եւ Լեւոն Սեղբոսեանին, ըսելով՝ «ձեր առաջին քայլերուն պէտք չէք կարդալ» այդ գրողներու գործերը՝ նկատի ունենալով անոնց արուեստի յանդգնութիւնը:

Յակոբ Պարոնեան «Կսմիթներ» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ իր դէմ եղած քննադատութիւնները հետեւեալ տողերով կը բացատրէ. «միթէ Սոկրատ ալ չհալածուեցա՞ւ, ես ալ Սոկրատէն պզտի՞կ մարդ եմ...» եւ Սոկրատի հալածանքներուն շարքին մէջ կը յիշէ նաեւ Տէմիրճիպաշեանն ու գրող եւ ուսուցիչ Մելքոն Կիւրճեանը (Հրանդ):

•շարունակելի

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -157-

Աշակերտութեան տարիներուն ունէինք դասընկեր մը, որ կը տարապէր շուրջիններուն՝ մանաւանդ ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը գրաւել ուզելու հիւանդութեամբ: Ունէր մի քանի նախընտրած ուսուցիչ, որոնց կողմէ շոյուիլ ու հետաքրքրութեան կեդրոն դառնալ կը սիրէր: Մի քանի վայրկեան առաջ ուրախ տրամադրութեան մէջ եղող աշակերտը ուսուցիչին ներս մտնելով յանկարծ կը ստանար լուրջ դէմք եւ մտազբաղ վիճակով մը պատուհանէն դուրս՝ հեռուն գտնուող ծառերը կը դիտէր, մինչեւ ուսուցիչը արտասանէր սպասուած նախադասութիւնը.- «Ի՞նչ ունիս տղաս...»:

Յաջողած էր... արդէն ուսուցիչը մտահոգ էր իրմով եւ պիտի ուզէր գիտնալ իր տխրութեան այնպէս ալ գոյութիւն չունեցող գաղտնիքը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2023