ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

«Դէպի Երուսաղէմ իր ճամբուն վրայ, Յիսուս կ՚անցնէր Սամարիայի եւ Գալիլեայի սահմաններէն։ Եւ մինչ գիւղ մը կը մտնէր, իրեն հանդիպեցան տասը բորոտներ, որոնք հեռուն կեցած եւ բարձր ձայնով ըսին.

-Յիսո՛ւս Վարդապետ, ողորմէ մեզի։

Յիսուս տեսաւ զանոնք եւ ըսաւ.

-Գացէք եւ դուք ձեզ քահանաներուն ցոյց տուէք։

Եւ մինչ դեռ կ՚երթային, արդէն իսկ մաքրուեցան։ Անոնցմէ մէկը երբ տեսաւ որ բժշկուեցաւ, վերադարձաւ եւ սկսաւ բարձրաձայն զԱստուած փառաբանել, փառաւորել։ Երեսին վրայ գետին փռուեցաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէր անոր։ Եւ անիկա Սամարացի մըն էր։ Յիսուս հարցուց.

-Տասը հոգի չէի՞ն մաքրուողները. ո՞ւր են միւսները, մնացեալ ինն հոգիները։ Բացի այս օտարականէն ուրիշ մէկը չգտնուեցա՞ւ, որ դառնար եւ փառք տար Աստուծոյ։

Ապա Սամարացիին դառնալով ըսաւ.

-Ոտքի՛ ել եւ գնա՛, հաւատքդ քեզ փրկեց»։

ՂՈՒԿ. ԺԷ 11-19

Երախտագիտութիւնը առաքինութի՛ւն մըն է։ Եւ ան, այն ազնիւ զգացումն է՝ որ ենթական կ՚անդրադառնայ իրեն հանդէպ եղած բարիքին, եւ կը գիտնայ թէ ո՛վ է որ ըրած է այդ բարիքը իրեն, եւ իրեն բարիք կատարած անձին հանդէպ շնորհապարտ կ՚ըլլայ։

Հին Ուխտին մէջ, երկրիս երախայրիք եղող հացը եւ գինին Արարչին զոհ մատուցուած է ի նշան երախտագիտութեան։ Բայց Ելից Գիրքի շրջագիծին մէջ հացը եւ գինին նոր նշանակութիւն մը կը ստանան. ամէն տարի Զատիկի օրը Իսրայէլի ճաշակած բաղարջ հացերը կը յիշատակեն Եգիպտոսէն ազատումի շտապ մեկնումը։

Անապատի մանանան Իսրայէլին միշտ պիտի յիշեցնէ, թէ կ՚ապրի Աստուծոյ Խօսքին հացով։ Վարջապէս ամէնօրեայ հացը՝ խոստացուած Երկրին պտուղն է եւ գրաւականը Աստուծոյ հաւատարմութեան՝ Իր կատարած խոստումներուն հանդէպ։

Հրեաներուն զատկական ընթրիքին աւարտին «օրհնութեան բաժակը» (Ա ԿՈՐՆ. Ժ 16), գինիին տօնական ուրախութեան կը հաղորդէ կատարածնային ծաւալ մը, ծաւալը Երուսաղէմի վերականգնումին մեսիական սպասումին։

Յիսուս Հաղորդութիւնը հաստատեց՝ հացին եւ բաժակին օրհնութեան տալով նոր եւ վերջնակա՛ն նշանակութիւն մը։

Սուրբ Պատարագի խորհուրդը Հօր մատուցուած գոհաբանութեան զոհակատարում մըն է, օրհնութիւն մը՝ որով Եկեղեցին Աստուծոյ իր երախտագիտութիւնը կ՚արտայայտէ այն բոլոր բարիքներուն եւ այն ամէն ինչի համար, զորս Ան իրագործեց Իր արարչագործութեամբ, փրկչագործութեամբ եւ սրբացումով։

«Գոհութեան խորհուրդ» մըն է ան, որ նախ եւ առաջ կը նշանակէ «Գոհաբանութիւն» եւ կը համապատասխանէ երախտագիտութեան, երախտապարտութեա՛ն, որուն միջոցով Եկեղեցին՝ ժողովուրդը Աստուծոյ փառքը կը հիւսէ ամբողջ արարչութեան անունով։ Գովաբանութեան զոհը ընդունելի ըլլալու համար՝ Անոր մէջ Հօր ընծայուելու է Քրիստոսով եւ Քրիստոսի հետ։ Գոհութեան խորհուրդը յիշատակումն է Քրիստոսի Զատիկին, այժմէագործութիւնը եւ խորհրդենական ընծայումը Անոր նոյն եւ միակ զոհին, ծիսակատարումով Եկեղեցւոյ, որ Անոր Մարմինն է։ Եւ քանի որ նոյնի՛նքն Քրիստոս խորանին խորհուրդին մէջ ներկայ է, հարկ է մեծարել զԻնք երկրպագութեան պաշտամունքով։ Ուստի ամենասուրբ Խորհուրդին այցելութիւնը երախտագիտութեան ապացո՛յց մըն է, նշան մըն է սիրոյ եւ երկրպագութեան պարտականութիւն մը Քրիստոսի՝ մեր Տիրոջ հանդէպ, որ կը բխի երախտագիտութեան անկեղծ եւ ազնիւ զգացումէն։

Քրիստոս այս աշխարհէն մեկնելով դէպի Հայրը, Սուրբ Պատարագի խորհուրդը մեզի կը թողու իբր գրաւական փառքին՝ Իր մօտ։ Սուրբ Զոհին մասնակցութիւնը մեզ կը նոյնացնէ Իր Սրտին հետ, թիկունք կը կանգնի մեր ուժերուն՝ այս կեանքին ուխտագնացութեան ընթացքին՝ յաւիտենական Կեանքը մեզի բաղձալի կը դարձնէ եւ այժմէն իսկ մեզ կը միացնէ Երկինքի Եկեղեցիին, Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ բոլոր սուրբերուն՝ երախտագիտութեան ազնիւ զգացումին մէջ։

Բարոյական գոյութիւնը «պատասխա՛ն» է Տիրոջ սիրազեղ նախաձեռնութեան։ Ան երախտագիտութի՛ւն է, մեծարանք է Աստուծոյ, եւ պաշտամունք՝ գոհաբանութեան։

«Պատուէ՛ հայրդ եւ մայրդ որպէսզի աշխարհի վրայ երկար կեանք ունենաս, զոր Քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի» (ԵԼՔ. Ի 12)։

Այս պատուիրանը կ՚ուղղուի յատկապէ՛ս զաւակներուն, նկատի առած անոնց յարաբերութիւնները իրենց հօր եւ մօր հետ, որովհետեւ այս առընչութիւնը ամենէն տիեզերականն է։ Ան կը հայի նաեւ ազգականական յարաբերութիւններուն՝ ընտանեկան խումբին անդամներուն միջեւ։ Ան կը խնդրէ, որ պապերուն եւ նախահայրերուն պատիւ, սէր եւ երախտագիտութիւն ընծայուի։

Վերջապէս ան կ՚ընդգրկէ աշակերտներուն պարտականութիւնները հանդէպ իրենց ուսուցիչին, պաշտօնեաներուն՝ հանդէպ իրենց գործատէրերուն։ Նաեւ քաղաքացիներուն՝ հանդէպ հայրենիքը տնտեսող կամ կառավարող անձերուն։

Այս պատուիրանը կը պարունակէ եւ լռելեայն կը հասկնայ պարտականութիւնները ծնողներուն, խնամատարներուն, դաստիարակներուն, պետերուն, կառավարիչներուն, բոլոր անոնց որոնք ուրիշին կամ մարդոց հասարակութեան մը վրայ իշխանութիւն կը կիրարկեն, եւ որոնց հանդէպ ստորակարգեալները պարտին երախտագիտութիւն ցոյց տալ իրենց բարիքներուն համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 28, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2020