ԴՐԱԽՏՆԵԹ

Վերջերս սկսած եմ համոզուիլ, որ «յառաջդիմութեան» մէջ եղողը միայն աշխարհ մոլորակը չէ: Հաւանաբար ստուարաթիւ ընդվզումէ եւ բողոքէ, բազմաթիւ գանգատի նամակներէ ետք Եդեմական դրախտի վարչութիւնը եւս վճռեց քայլ պահել այդ յառաջդիմութիւններուն:

Դրախտի մէջ համացանց բերին. Դրախտնե՛թ:

Դժոխքի բանտուածներն ու Դրախտի երանելիները ուրախացնող այս լուրը սակայն, տխրեցուց Գաբրիէլ Հրեշտակապետը, որ երբեմնի իր փառքով, Պէշիկթաշլեանի «ուրախ լուրեր տար ի զէյթուն»ը նշանաբան դարձուցած, կ՚երթար Մարիամ Աստուածածնին՝ աւետելու Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Նամակաբաշխութեան հանգած հնամեայ պաշտօնի մը պէս վերջ կը գտնէր նաեւ Իրը. ի՜նչ ահաւոր բան է տարիքը առած մարդու ձեռքէն խլել այն պաշտօնը՝ որուն համար կեանք մը ամբողջ զոհած է:

Շնորհիւ նորարարութեան անդենականին հետ խօսելու կամ կապ հաստատելու համար վհուկներու եւ կախարդներու կարօտութիւն պիտի չունենաք, ո՛չ ալ սուրճի գաւաթը տառի մը շուրջ դարձնելու եւ ո՛չ ալ ձեր գիտցած - չգիտցած աղօթքները յիշել փորձելու յոգնութիւնը պիտի կրէք. այլեւս անոնք մօտիկ են այնքա՛ն՝ ինչքան Ամերիկա, Եւրոպա եւ այլուր ապրող մեր բարեկամները:

Ամէ՛ն տեղ են հիմա անոնք:

***

Վերոյիշեալ բոլոր «ճշմարտութիւն»ները եզրակացուցի, երբ սկսաւ մեր կեանքին մէջ յաճախական ու բնական երեւոյթ դառնալ ընկերային ցանցերու միջոցաւ մեռնողի մը նամակ գրելու, անոր ծնունդը շնորհաւորելու, ինչո՞ւ չէ՝ մինչեւ իսկ հարցում հարցնելու արտասովոր երեւոյթը: Հոգեհանգիստի նոր ձե՞ւ մը գուցէ. չե՛մ գիտեր:

Անցեալները կը կարդայի երիտասարդի մը գրառումը հանգուցեալ բարեկամի մը կապակցութեամբ.-

«Սիրելիս, ինչո՞ւ այսքան շուտ գացիր ու հեռացար մեզմէ. գիտե՞ս որքա՜ն ցաւ ապրեցանք անժամանակ մեկնումովդ. չէ՞ որ դեռ միասին Հալէպ պիտի երթայինք... համով հոտով «Ֆուլ» մը ուտելու...: Գիտցի՛ր որ միշտ մեր սրտերուն մէջ ես»:

Ի՜նչ զարգացում. արդեօք հանգուցեալին համացանց մուտք գործելու վերջին ժամն ալ կ՚երեւի՞ մեր մօտ. եւ կամ նամակի ընթերցումէն ետք երկու կապոյտ գծիկով կը վաւերացուի՞ այդ մէկը: Սակայն Եդեմի կեանքը պարծենկոտ ու յաւակնոտ դարձուած է բոլորը... մա՛րդ չի պատասխաներ:

***

Անժխտելի իրողութիւն է, որ այսօր, որոշ չափով բոլո՛րս ալ երեւութապաշտական ախտով կը տառապինք: Այսօր բոլորս ալ որոշ չափով Փարիսեցի մըն ենք՝ սուտ ու արհեստական: Համացանցի էջերուն վրայ է, որ պոռնիկը՝ կոյս, օտարամոլը՝ ազգասէր, գողը՝ ողորմած, տգէտը՝ իմաստասէր, անհաւատը՝ հաւատացեալ, անառակը՝ հաւատարիմ ու կոպիտը՝ ազնուաբարոյ կը դառնայ:

Բոլո՛րս ալ կ՚ուզենք երեւիլ այն՝ ինչ որ չենք իրականութեան մէջ: Բոլորս ալ չենք տարբերի՛ր յաճախորդը գրաւել ձգտող այն սուտ գովազդներէն՝ արտաքնապէս գրաւիչ՝ սակայն ներքուստ անախորժ տպաւորութիւն կը ձգեն մարդու վրայ:

Ապրիլ 24-ը վկայ... ամբողջ տարուան ընթացքին հայկական եկեղեցի չայցելած, հայերէն գիրք չկարդացած, գուցէ՛ ամբողջ տարուան ընթացքին հայերէն բառ մը իսկ չարտասանածը այդ օր հայութեամբ կը մկրտուի եւ իր կեանքի ցուցափեղկին վրայ կը ցուցադրէ իր «հայրենասէր» ըլլալու իրե՛ն համար անհերքելի ճշմարտութիւնը:

Մեռնողի նամակ կը յղենք՝ որպէսզի մարդոց վրայ սգաւորի տպաւորութիւն գործենք, աղօթք կը տեղադրենք՝ որպէսզի մարդիկ մեզ նուիրեալ հաւատացեալ կարծեն, Հայաստանի դրօշով նկար կը տեղադրենք՝ որպէսզի մարդիկ մեզ հայրենասէր կարծեն, օդանաւակայանին մէջ նկարուած նկարներ կը դնենք՝ որպէսզի մարդիկ մեզի հարուստ կարծեն, առանց հասկնալու բանի մը մասին կը գրենք՝ որպէսզի մարդիկ մեզի գրագէտ ու իմաստուն կարծեն... ու մեր կեանքը ամբողջ կը զոհենք՝ որպէսզի պարզապէս կարծեն...

Ու մեր կեանքի անձնական գովազդը ընելով, մարդոց վրայ կեղծ ու շինծու գարշելի տպաւորութիւն մը ձգելով կը փորձենք դէպի առաջ քաշել մեր կեանքի գնացքը: 

Երանի՜ թէ Աստուած համացանցի էջերով դատէր մեզ. անկասկա՛ծ, բոլորս ալ դրախտ էինք:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՌՈՄԱՆՈՍ ՄԵԼԻՔԵԱՆ
(1883-1935)

Մեր թուականէն 138 տարիներ առաջ՝ 1 հոկտեմբեր 1883-ին Ռուսական կայսրութեան Ղլազար քաղաքին մէջ ծնած է երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար ու մանկավարժ Ռոմանոս Մելիքեան:

Մելիքեան նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի ծխական դպրոցին մէջ, ուր արդէն իսկ սկսած է ի յայտ գալ երաժշտութեան հանդէպ իր սէրը: Ապա ընդունուած է Ռոստովի երաժշտական համալսարան, ուր սկսած է ժողովրդական երգեր ու շարականներ մշակել երգչախումբերու համար: Տակաւին երիտասարդ՝ 17 տարեկանին ստանձնած է Նոր Նախիջեւանի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավարի պաշտօնը: Մի քանի տարիներ ետք՝ 1905 թուականին դարձեալ մեկնած է Ռուսաստան մասնաւոր երաժշտական դասերու հետեւելու եւ ընդունուած՝ Ժողովրդական երաժշտանոց: Նոյն այդ տարիներուն Մելիքեան ղեկավարած է Լազարեան ճեմարանի երգչախումբը, որուն համար դաշնաւորած է մի քանի երգեր. ինչպէս՝ «Վարդ կօշիկս», «Արազը հեշտացել է» եւ այլ երգեր:

Ցաւ ի սիրտ, առողջութեան եւ նիւթական ծանր պայմաններու պատճառով Ռոմանոս կիսատ ձգելով ուսումը վերադարձած է Նոր Նախիջեւան, ուրկէ անցած է Թիֆլիզ, ուր Յովնանեան վարժարանէն ներս վարած է ուսուցչական պաշտօն: Թիֆլիզի մէջ իր շուրջ հաւաքելով երաժշտասէր երիտասարդութիւնը՝ հիմնած է «Երաժշտական լիկա» ընկերութիւնը: Ուսուցչութեան եւ կազմուած նոր ընկերութեան կողքին Ռոմանոս Մելիքեան, Ազատ Մանուկեանի հետ միասնաբար հրատարակած է «Փնջիկ» մանկական երգերու եւ «Երաժշտական այբբենարան» ժողովածոները: Երաժիշտը իր առաջին համերգը տուած է 1920 թուականին, Թիֆլիզի մէջ: Մելիքեան 1921 թուականին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հրաւիրուած է Երեւան, հիմնելու համար երաժշտական ուսումնարան, որ յետագային դարձաւ երաժշտանոց: Երաժիշտը մեկնած է նաեւ Ստեփանակերտ՝ երաժշտանոց հիմնելու նպատակով: Մելիքեան մեծ ներդրում ունեցած է Երեւանի Օփերայի թատրոնի հիմնադրութեան աշխատանքին մէջ: Երաժշտական հսկայ գոհարներու կողքին հրատարակած է երգերու ժողովածոներ. ինչպէս՝ «Զմրուխտ», «Մանկական երգեր», «Զառ-վառ» եւ ուրիշներ:

Այժմ երաժիշտին անունով կը կոչուի Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի պետական երաժշտանոցը:

Մելիքեան մահացած է 30 մարտ, 1935-ին եւ թաղուած՝ Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2021