ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԹՆՈՒԹԻՒՆ

Այսօր, ընդհանրապէս մարդկութիւնը «հոգեւոր արթնութեան» մը կը կարօտի, հակառակ որ քաղաքակրթութեան անարգել յառաջդիմութեան շնորհիւ շատ բաներ ունի։ Այսօր մարդկութիւնը պահանջքը ունի հոգեւոր արթնութեան, քանի որ հետզհետէ կ՚անտեսուի հոգեւորը, բարոյական արժէքները։

Եւ ո՜րքան տխուր իրականութիւն է, երբ կը դիտենք մեր շուրջը եւ կը տեսնենք համայնական լռութիւն մը, կը հանդիպինք անտարբեր կեցուածքներու հոգեւոր արժէքներու, բարոյական ճշմարտութիւններու նկատմամբ։ Չեն անդրադառնար շատեր որ աշխարհ միայն նիւթ չէ՛, կեանքը միայն անյագ նիւթական տենչանքներ չէ՛։

19-րդ դարու Սկովտիացի նշանաւոր պատմաբան եւ գրագէտ Թովմաս Քարլայլ սապէս կ՚ըսէ. «Մարդուն ապերջանկութիւնը վերագրելի է իր մեծութեան։ Իր մէջ անհունութիւն մը կայ որ հակառակ իր իմաստութեան եւ խելացիութեան՝ չի կրնար զայն թաղել հունաւորին տակը։ Աստուծոյ անսահման, անհուն տիեզերքը կ՚ուզէ՝ զայն վայելելու եւ գոհացնելու իր փափաքները։ Տո՛ւր իրեն տիեզերքին կէսը՝ միւս կէսին տիրոջը հետ պիտի սկսի վիճիլ, եւ ինքզինք յայտարարել մեծագոյն անիրաւուած, իրաւազրկուած մարդը»։ Մարդուն նիւթական տենչանքները սահման չունին, անյագ փափաքներու գերին է դարձած եւ ոչինչ կը համարէ բարոյական-հոգեւոր ամէն արժէք։

Մարդ արարածը իր Արարիչէն որոշ անհունութիւն մըն է ժառանգած եւ կ՚ուզէ. կ՚ուզէ՜ իրականացնել այդ «անհունութիւն»ը, բայց իր կարողութեան, իր միջոցներուն հունաւոր, այսինքն սահմանափակ ըլլալուն պատճառով չի կրնար իրականացնել զայն։ Մարդկային տկարութիւններ, թերութիւններ եւ անկատարութիւններ արգելքներ են մարդուն՝ իրականացնելու համար անհունութիւնը։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին սաստկօրէն կը զգացուի «հոգեւոր արթնութեան» մը պահանջքը։

Բայց անհունութեան փափաքը իրականացնելու համար երբ մարդ իր կարելին կ՚ընէ՝ իր պարտականութիւնը կատարած կը սեպուի, քանի որ կեանքի մէջ նախընտրելի է մագլցիլ եւ մասամբ յաջողիլ՝ քան թէ նստիլ լերան ստորոտը եւ դիտել միւս մագլցողները։ Եւ կամ աւելի՛ լաւ է մաշիլ՝ քան անշարժ եւ անաշխատ ժանգոտիլ։

Հոգեւոր արթնութեան համար պէտք է հաւատարիմ ըլլալ այս սկզբունքին եւ կարելին ընել փոխանակ բոլորովին անհոգ եւ անտարբեր՝ կորուստի մատնուելու։

Այսօր, աշխարհի մարդկութիւնը մեծ մասամբ ամէն ժամանակէ աւելի հոգեւոր արթ-նութեան պահանջքը ունի։

Հոգեւոր արթնութիւն մը՝ որ մարդը մօտեցնէ Աստուծոյ, մաքրէ, սրբէ իր հոգիին «աղբ»ը եւ երկնային երանութիւններու արժանացնէ։ Աստուծմէ, Աստուծոյ ներկայութենէն, Աստուծոյ ճշմարտութենէն հեռու ապրող մարդկութեան մեծ մասը՝ որ իր «հաց»ին, հաճոյքին, հանգիստ եւ սակայն ճոխ կեանքին ետեւէն է, երբեք չի խորհիր թէ կեանքը դաշտի խոտերուն նման շատ շուտ կը չորնայ. հովերը կը ցրուեն, կը տարածեն իր թերթերը, որքան ալ անոնք օր մը թարմ եւ կանաչ ըլլային։

Հոգեւոր արթնութեան շնորհիւ է որ մարդկութիւնը պիտի անդրադառնայ ահաւո՜ր կործանումի մը իրականութեան եւ նոյն ատեն փրկութեան յոյսին, երբ հետզհետէ կը վազէ դէպի գահավէժ։

Այսօր մանաւանդ այս պէտք է ըլլայ հոգեւորականի պարտականութիւնը, փոխանակ զբաղելով աւելորդ եւ անիմաստ մանրամասնութիւններով՝ իրականացնել հոգեւոր արթնութիւնը ժողովուրդի խաւերուն մէջ. այն հոգեւորականները, որոնք Աստուծոյ առջեւ ուխտած են ուրանալ իրենց անձերը եւ նուիրուիլ ամբողջութեամբ Աստուծոյ ծառայութեան եւ Անոր ժողովուրդին…։

Փառք, պատիւ եւ հանգիստ կեանք հետապնդել, ծէսերով եւ արարողութիւններով ժամանակ լեցնել բոլորովին ներհակ է հոգեւորականի ուխտին, քանի որ անոնց առաջնակարգ պարտակութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը կը պահանջէ իրականացնել «հոգեւոր արթնութիւն»ը՝ որուն այնքան պահանջքը կը զգացուի մանաւանդ ներկայ ժամանակներու մէջ։

«Շատ հովիւներ իմ այգիս աւրեցին, իմ բաժինս ոտնակոխ ըրին, եւ իմ ցանկալի վիճակս անապատի ամայութեան վերածեցին» (ԵՐԵՄ. ԺԲ 10)։

Երեմիայի այս մարգարէութիւնը իրապէ՛ս «մարգարէութիւն» մըն է, երբ մարդկութիւնը այսօր հոգեւոր արթնութեան մը կարօտը ունի։ Արդարեւ, այն՝ որ ինք արթուն չէ, ի՞նչպէս կրնայ արթնցնել ուրիշները…։

Եւ դարձեալ արդեօք ո՞րոնց համար ըսուած է. «Վա՜յ այն հովիւներուն, որոնք իմ արօտիս ոչխարները կը կորսնցնեն եւ կը ցրուեն» (ԵՐԵՄ. ԻԳ 1)։

Ահաւասիկ ճշմարիտ մարգարէութի՛ւն մը։

Եւ Երեմիայի մարգարէութիւնները կը շարունակէ. «Իմ ժողովուրդս կորսուած ոչխարներու պէս եղաւ, զանոնք իրենց հովիւները մոլորեցուցին, զանոնք լեռներու վրայ պտըտցուցին, անոնք ալ լեռնէ լեռ եւ բլուրէ բլուր գացին, եւ իրենց մակաղատեղը մոռցան» (ԵՐԵՄ. Ծ 6)։ (Ծանօթագրութիւն.- «մակաղատեղ» կը նշանակէ՝ ոչխարներու պառկելու, հանգչելու տեղ)։

Եւ մարդիկ, այսօր, ընդհանրապէս «օրը օր ընել»ու, «օրը լաւ ապրել»ու ետեւէ՝ կը նախընտրեն «ժանգոտիլ» փոխանակ «մաշել»ու։ Անտարբերութիւնը տիրական է դարձած եւ անտեսուած՝ հասարակաց բարիքը, հանրային ծառայութիւնը։

Շատ անգամ հանրութեան ծառայելու քօղին տակ՝ մարդիկ իրենք իրենց օգտին եւ շահուն կը ծառայեն եւ կը կարծեն, թէ հասարակաց բարիքին ի նպաստ բան մը կ՚ընեն եւ ո՛չինչ կ՚ընեն…։ Անոնք միա՛յն փառք եւ պատիւ կը հետապնդեն, եւ ա՛յդքան։

Ահաւասիկ Եզեկիէլի մարգարէութիւններէն եւս. «Վա՜յ Իսրայէլի հովիւներուն՝ որոնք իրենք զիրենք կ՚արածեն, հովիւները հօտ արածելու չե՞ն։ Դուք ճարպը կ՚ուտէք եւ բուրդը կը հագնիք եւ գէրը կը մորթէք, բայց հօտը չէ՛ք արածեր։ Տկարները չզօրացուցիք եւ հիւանդները չբժշկեցիք, եւ կոտրածը չփաթթեցիք, հապա բռնութեամբ եւ խստութեամբ անոնց վրայ տիրեցիք։ Եւ անոնք հովիւ չունենալնուն պատճառով ցրուեցան, տարածուեցան եւ ցրուելով դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան»։ (ԵԶԵԿ. ԼԴ 2-8)։ (Ծանօթագրութիւն.- «գէր» կը նշանակէ՝ պարարտ, ճարպոտ)։

Այսօր երբ կը կարդանք այս մարգարէութիւնները եւ կը վկայենք ներկայ անտարբերութեան, ընդհանուր անհոգութեան հոգեւոր արժէքներու, բարոյական իրականութիւններու նկատմամբ կը մտածենք, թէ ո՛րքան ճիշդ մարգարէութիւններ կատարուեր է դարեր առաջ, եւ այդ իսկ պատճառով անոնք մարգարէ են կոչուեր։ Դժբախտաբար ներկայ անտարբեր եւ գաղջ վիճակով անկարելի, եւ կամ գոնէ շատ դժուար կ՚երեւի ապահովել «հոգեւոր արթնութիւն»ը։

Արդարեւ, արթնութիւնը պէտք է սկսի անոնց կողմէ՝ որ իրենք զիրենք «Աստուծոյ պաշտօնեայ» կը կոչեն։ Անոնց առաջնակարգ պարտականութիւնն է ասիկա։ Անոնք պատասխանատո՛ւ են հոգեւոր արթնութիւնը իրականացնելու ժողովուրդին մէջ։ Եւ այս իրականացնելու համար ո՛չ մէկ արգելք կայ, բացի իրենց անդիմադրելի «Ես»էն, փառք եւ պատիւ վայելելու անյագ տենչանքէն…։

Ոմանք կրնան խորհիլ եւ կամ ըսել. «Բժիշկ դուն նախ քեզ բժշկէ՛…»։ Այս տողերը ապացոյց չե՞ն բժշկուելու մտադրութեան, բայց երբ կը պակսին անհրաժեշտ կազմածները բժշկութիւնը ապահովելու՝ ի՜նչ կարելի է ընել եթէ ոչ միա՛յն ցաւ յայտնել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 28, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2019