ՔՆՆԵԼ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱ՛Լ

«Քննեցէ՛ք Գիրքերը, քանի որ կը կարծէք, թէ անոնցմով յաւիտենական կեանք կ՚ունենաք». (ՅՈՎՀ. Ե 39)։

Հաւատքը երբեք նախապաշարում, կանխակալութիւն չէ՛, հաւատքը կանխակալ կարծիք մը, առանց ստոյգ գիտութեան առաջուց կազմուած թիւր համոզում մը, մանաւանդ անհիմն հաւատալիք եւ սնոտիապաշտութիւն չէ՛. առանց քննութեան ընդունուած կարծիք չէ՛։

Այս իմաստով՝ ճշմարիտ հաւատքը հրամայականոն «dogmatique» դրութեան մը արդիւնքը չէ երբեք։

Այս մասին Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի բանաձեւը յաճախ կրկնուած է, թէ պէտք է հասկնալով հաւատա՛լ եւ հաւատալով հասկնա՛լ։

Արդարեւ, հաւատքը անհիմն զգացում մը չէ, փաստի եւ ապացոյցի ալ չի կարօտիր, քանի որ կեանքը ինք փաստ մըն է, քանի որ հաւատքը կեանքի ապրում մըն է, եւ ապրող մարդուն համար բնատուր եւ անհրաժեշտ հոգեվիճակ մըն է հաւատքը։

Թէ ի՞նչ կը նշանակէ հաւատք։

Հաւատքը մարդուն պատասխանն է Աստուծոյ, որ Ինքզինք կը յայտնէ եւ Ինքզինք անոր կու տայ, իր կեանքին գերագոյն իմաստը որոնող մարդուն միաժամանակ յորդառատ լոյս կը սփռէ։ Հաւատալու մէջ, մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Հաւատալը արարքն է բանականութեան, որ շնորհքին միջոցաւ Աստուծմէ դրդուած կամքին հրամանին տակ, աստուածային ճշմարտութեան կը յարի»։

Արդարեւ, «Հաւատամք»ին վերջին «Ամէն»ը կը վերակոչէ եւ կը վերահաստատէ իր առաջին «կը հաւատամ» բառը։ Ուստի, հաւատալ՝ Աստուծոյ խօսքերուն, խոստումներուն, պատուիրաններուն «Ամէն» ըսել է, ամբողջովին եւ անվարան վստահի՛լ է Անոր, որ անհուն սիրոյ եւ կատարեալ հաւատարմութեան «Ամէն»ն է։ Քրիստոնեային ամէնօրեայ պիտի դառնայ այն ատեն «Ամէն» մը՝ իբր պատասխան մեր Մկրտութեան հաւատքին դաւանութեան «կը հաւատա՛մ»ին։

Մեր փրկութիւնը ընդունելու համար անհրաժե՛շտ է հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի եւ զԻնք մեր փրկութեան համար Առաքողին. (ՄԱՐԿ. ԺԶ 16) եւ (ՅՈՎՀ. Գ 36, Զ 40)։ «Եւ քանի որ առանց հաւատքի անկարելի է հաճելի ըլլալ Աստուծոյ». (ԵԲՐ. ԺԱ 6) եւ հասնիլ Անոր որդիներուն վիճակին մասնակցութեան, ուստի ո՛չ ոք առանց հաւատքի կ՚արդարանայ եւ ո՛չ ոք յաւիտենական կեանքը կ՚ընդունի եթէ հաւատքին մէջ. «մինչեւ վերջ չէ յարատեւած». (ՄԱՏԹ. Ժ 22, ԻԴ 13)։

Աստուծոյ մարդուն տուած Հաւատքը ձրի պարգեւ մըն է։ Մենք կարող ենք կորսնցնել այս անգնահատելի պարգեւը։ Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ Տիմոթէոսը. «Մղէ՛ գեղեցիկ պայքարը, պահպանէ՛ հաւատքդ եւ մաքուր խիղճդ. ոմանք մերժեցին զայն եւ ասոր համար հաւատքին մէջ նաւաբեկ եղան». (Ա ՏԻՄ. Ա 18-19)։ Հաւատքին մէջ ապրելու, աճելու եւ մինչեւ վերջ յարատեւելու համար, պարտինք զայն սնուցանել Աստուծոյ Խօսքով։ Պարտինք աղերսել Տէրը որ աւելցնէ զայն. (ՄԱՐԿ. Թ 24), (ՂՈՒԿ. ԺԷ 5, ԻԲ 32)։

Հաւատքը պէտք է գործէ «սիրով». (ԳԱՂ. Ե 6), (ՅԱԿ. Բ 14-26), պաշտպանուի «յոյսով» (ՀՌՈՄ. ԺԵ 13) եւ արմատանայ Եկեղեցւոյ Հաւատքով։

Հաւատքը նախաճաշակել կու տայ մեզի ուրախութիւնը եւ լոյսը երանաւէտ տեսութեան՝ որ այս աշխարհի վրայ մեր ճանապարհորդութեան վախճանն է։ Այն ատեն Աստուած «դէմ յանդիման». (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ 12) պիտի տեսնենք «Ինչպէս որ է». (Ա ՅՈՎՀ. Գ 2)։

Հաւատքը յաւիտենական կեանքին արդէն իսկ սկիզբն է։

Սուրբ Բարսեղ Մեծ կ՚ըսէ. «Հաւատքին օրհնութիւնները հայելիին արտացոլումին մէջէն այժմէն իսկ սեւեռելով, մենք կարծես արդէն իսկ կը տիրանանք այս սքանչելիքներուն, որոնց մասին մեր հաւատքը կը հաւաստէ, թէ օր մը պիտի վայելենք զանոնք»։

«Մենք կ՚ընթանանք հաւատքով… եւ ոչ թէ պայծառ տեսութեամբ». (Բ ԿՈՐՆ. Ե 7) եւ կը ճանչնանք Աստուած «իբրեւ հայելիի մը մէջէն՝ … տարտամ եւ անկատար կերպով». (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ 12)։ Հաւատքը, որ իր հաւատացած Աստուծմով լուսաւոր է, յաճախ մթութեան մէջ ապրուած է։

Ան կարող է փորձութեան ենթարկուիլ։ Մեր ապրած աշխարհը շատ հեռու կը թուի այն բաներէն, որոնց մասին կը հաւաստէ մեզի հաւատքը։

Չարին եւ չարչարանքին, անարդարութիւններուն եւ մահուան փորձութիւնները կարծէք բարի Լուրին կը հակասեն. այս բաները կրնան խախտել հաւատքը եւ մեզի համար փորձութիւն դառնալ։

«Հաւատալ»ը ունի բաղդատմամբ երկու եզր՝ նախ անձը եւ ճշմարտութիւնը, ապա ճշմարտութիւնը եւ զայն վկայող անձին հաւատալիութիւնը։ Եւ մենք միմիայն Աստուծոյ հաւատալու ենք, որ Հայր է, Որդի եւ Սուրբ Հոգի։

«Հաւատալ»ը մարդկային անձին արժանապատուութեան համապատասխանող մարդկային գիտակից եւ ազատ կամքն է։ Գիտակից է, քանի որ մարդ բանաւոր արարած մըն է, եւ իր ազատ կամքով կը շարժի եւ հաւատն ալ «կ՚ապրի» բանականութեամբ։

«Հաւատալ»ը եկեղեցային արարք է։ Եկեղեցւոյ դաւանած հաւատքը կը կանխէ մեր հաւատքը, կը ծնի զայն, կը կրէ եւ կը սնուցանէ զայն։ Եկեղեցին մա՛յրն է բոլոր հաւատացեալներուն։ Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագենացի կ՚ըսէ. «Ոչ ոք կրնայ Աստուած իբր Հայր ունենալ, եթէ չունի Եկեղեցին իբր մայր»։

Ուստի հաւատալու շարժառիթը այն չէ, որ յայտնեալ ճշմարտութիւնները մեր բնական բանականութեան լոյսին տակ մեզի ճշմարիտ եւ իմանալի երեւին։ Մենք կը հաւատանք յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ հեղինակութեան պատճառով, որ չի կրնար ո՛չ մոլորիլ, ո՛չ ալ մեզ մոլորեցնել։ Սակայն որպէսզի մեր հաւատքին մատուցած մեծարանքը մեր խելքին համապատասխան ըլլայ, Աստուած ուզեց, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւած ներքին օգնութիւններուն զուգակցի Իր Յայտնութեան արտաքին փաստերը։ Այսպէս ուրեմն, Քրիստոսի եւ սուրբերուն հրաշքները, մարգարէութիւնները, Եկեղեցւոյ ծաւալումը եւ սրբութիւնը, անոր բեղմնաւորութիւնները եւ կայունութիւնը ամէնուն իմացականութեան յարմարող ստոյգ նշաններ են Յայտնութեան, պատճառներ են անոր հաւատալիութեան, որոնք ցոյց կու տան, թէ հաւատքին հաւանութիւնը ամենեւին մտքի կոյր մղում մը չէ։

Հաւատքը աներկբայ է, աւելի աներկբայ՝ հաստատ քան մարդկային ամէն ճանաչում, որովհետեւ ան կը հիմնուի Անսուտ Աստուծոյ Խօսքին վրայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 7 2023, Իսթանպուլ 

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023