ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՏ ԸԼԼԱԼ

Աղօթքը կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ է։ Արդարեւ, աղօթքի հիմքը Քրիստոսի հետ եղած միութիւնն է։ Աղօթքով կատարուած մեծ գործեր՝ Քրիստոսի հետ եղած կենսական եւ հոգեւոր միութեան արդիւնքն են։ Սակայն պէտք է այդ միութիւնը անկեղծ եւ անտարակուսելի ըլլայ՝ հիմնուած հաստատ հաւատքի վրայ։ Ան, որ կատարեալ հաւատքով միացած է Քրիստոսի, անոր համար անկարելի բան չկայ՝ ամէն ինչ կարելի է անոր համար։

Մարդուս ադամական հին բնութիւնը՝ որ ամենամեծ արգելքն է աղօթքի հանդէպ, եթէ տակաւին չէ յանձնուած խաչի մահուան, անշուշտ, թէ պիտի շարունակէ իր ապականիչ եւ սպաննիչ ազդեցութիւնը ներգործել հոգիին վրայ։ Եւ այս իմաստով՝ Քրիստոսի հետ աղօթքի միութիւնը կեանքի շնչերա՛կն է եւ մարդոց հաւատքի կեանքի առողջական վիճակը հասկնալու միակ միջոցն է։ Սակայն հասկնալու համար նախ պէտք է անդրադառնալ։

Աստուածային եւ հոգեւոր իրողութիւններու հանդէպ մարդ արարածին ունեցած գիտութիւնը կամ կատարած հոգեւոր գործի քանակը չեն կրնար ճշգրիտ կերպով ցոյց տալ անոր հոգեւոր առողջական վիճակը եւ կատարելութիւնը, քանի որ մարդ կրնայ շատ գործունեայ, շատ աշխատասէր ըլլալ եւ աշխոյժ կերպով հոգեւոր գործով զբաղուիլ, բայց հոգեւորապէս շատ վատառողջ վիճակի մը մէջ գտնուիլ։

Ուստի, գործի մը քանակը չէ՛ որ արժէք կու տայ անոր, այլ՝ որակը, այսինքն անոր հոգեվիճակը։

Յիսուս Քրիստոսի հետ հաստատուած կենսական միութեան շնորհիւ, հաւատացեալը ուղղակի՛ աղօթքի մթնոլորտին մէջ կը մտնէ, քանի որ Քրիստոսի ներկայութիւնը մշտնջենաւոր է. Քրիստոս անձամբ Ինք կենդանի՛ է յարատեւ բարեխօսական աղօթքով մասնակցելու համար։ Եթէ մարդ կենդանի եւ հաստատ հաւատքով Անոր մէջ կենալու ըլլայ, նոյն աղօթքով եւ հոգիով պիտի գրաւուի։

Քրիստոսին մարդու հետ ունեցած հաղորդակցութիւնը հոգիով եւ միտքով, կը յառաջանայ Անոր հետ մարդուն ունեցած միութենէն եւ այդ հոգեւոր միութիւնը, կը ստեղծէ անոր միջեւ խորունկ մտերմութեան զգացում մը, որ Անոր հետ հոգեւոր հաղորդակցութեան կ՚առաջնորդէ զայն։

Հաւատացեալին Քրիստոսի հետ ունեցած յարաբերութեան մէջ պատահած որեւէ խախտում անոր աղօթքի կեանքի մէջն ալ խախտում պիտի յառաջացնէ։ Արդարեւ, տարակոյսը եւ թերամտութիւնը արգելք են հաստատ հաւատքի, ինչ որ կ՚ազդէ աղօթքի կեանքին եւ կը տկարացնէ զայն։

Մարդու մը համար ի՛նչ որ է շնչելը, նո՛յնն է աղօթքը հոգեւոր մարդու մը համար։ Եւ ինչպէս որ մարդ չի կրնար իր կեանքը ապահովել առանց շնչելու՝ նո՛յնպէս հոգեւոր մարդը չի կրնար հոգեւոր գոյութիւնը պահպանել եւ տեւականացնել առանց Քրիստոսի հետ միութեան, առանց աղօթքի մէջ միութեամբ Անոր հետ։

Ամենակարողն Աստուած միշտ մարդուն հետ է եւ երբեք չի՛ լքեր զայն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 10, 2024