ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԸԼԼԱԼ…

«Փառք քեզ, Աստուած, փառք քեզ. յաղագս ամենայնի, Տէր, փառք քեզ»։

Հաւատալ Միակ Աստուծոյ եւ սիրել զԻնք ամբողջ էութեամբ՝ մեր ամբողջ կեանքին համար անհուն հետեւանքներ ունի։ Ասիկա կը նշանակէ ճանչնալ Աստուծոյ մեծութիւնը եւ մեծ վայելչութիւնը. «Աստուած այնքան մեծ է, որ կը գերազանցէ մեր գիտութեան սահմանը». (ՅՈԲ. ԼԶ 26)։ Ասոր համար. «հարկ է որ նախ Աստուծոյ ծառայենք», կ՚ըսէ Սրբուհի Ժան տ՚Արք։

Հաւատալ Միակ Աստուծոյ եւ սիրել զԻնք Իր ամբողջ էութեամբ՝ կը նշանակէ ապրիլ գոհաբանութեան մէջ. եթէ Աստուած Միակ է, ուրեմն մենք ինչ որ ենք եւ ինչ որ ունինք Անկէ կու գայ. «Դուն ի՞նչ ունիս զոր չես ստացած». (Ա ԿՈՐՆԹ. Դ 7)։ «Ես ի՞նչ պիտի տամ Տիրոջ փոխարէնն այնքան բարիքի, զոր Ինք տուաւ ինծի». (ՍԱՂՄ. ՃԺԵ 12)։

Ուրեմն, մեզի պարգեւած անսահման, աներեւակայելի եւ անպատմելի շնորհքներուն եւ պարգեւներուն համար պէ՛տք է յաւէտ փառաբանենք եւ շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ։ Քանի որ աղօթքը միայն խնդրելու համար պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ՝ մեր խնդրածները պարգեւելուն համար փառաբանելու՝ մեր երախտապարտութիւնը, մեր երախտագիտութիւնը, շնորհակալութիւնը յայտնելու, փառք տալու համար…։

Եւ ինչպէս որ տեւական կը խնդրենք, նո՛յնպէս ալ պէտք է տեւական շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ իր պարգեւներուն համար, այնքան ատեն որ չեն դադրիր մեր խնդրանքները, պէտք չէ դադրին նաեւ մեր փառաբանութիւնը եւ շնորհակալութիւնը՝ աղօթքով։

Երբ հիւանդ ենք բնականաբար բժիշկին, բայց նաեւ ամենաբոյժ, ամենաբուժիչ Աստուծոյ կը դիմենք. բայց երբ առողջ ենք, կամ «առողջ» կը կարծենք մենք զմեզ, չենք խորհիր իսկ դիմել բժիշկին եւ ո՛չ իսկ Աստուծոյ։ Սակայն առողջ մարդն ալ պէտք ունի բժիշկի՝ իր առողջութիւնը պահպանելու համար, ինչպէս Աստուծոյ՝ իր առողջութիւնը չվատթարանալուն համար։ Եւ Աստուծոյ պէտք է դիմէ առողջը՝ իր առողջութիւն պարգեւող եւ պահպանող իր երկնային Հօր։

Նեղութիւններու մէջ կը դիմենք Աստուծոյ՝ որպէսզի Ան փրկէ մեզ նեղութիւններէն, հապա՝ ուրախութեան մէջ պէտք չէ՞ դիմել նաեւ Աստուծոյ՝ որ այդ ուրախութիւնը տեւականացնէ եւ նաեւ պէտք չէ՞ փառք տալ Անոր՝ որ այդ ուրախութիւնը պարգեւած է…։

Ուրեմն, պէտք է աղօթել թէ՛ հիւանդութեան եւ թէ՛ առողջութեան մէջ, նաեւ պէտք է տեւական աղօթել թէ՛ նեղութեան եւ թէ՛ ուրախութեան մէջ, քանի որ շնորհապարտութիւնը ա՛յս կը պահանջէ։

Կը պատմուի՝ թէ գիւղի մը մէջ երիտասարդ կին մը ամէն առաւօտ գիւղի եկեղեցին կ՚երթար եւ կ՚աղօթէր։ Բայց միջոց մը վերջ երիտասարդ կինը դադրեցաւ եկեղեցի յաճախելէ եւ բացակայեցաւ։ Ասիկա ուշադրութիւնը գրաւեց գիւղի քահանայ հօր, եւ գտաւ կինը իր տան մէջ եւ հարցուց. «Աղջիկս, ամէն օր եկեղեցի կը յաճախէիր եւ կ՚աղօթէիր, ի՞նչ պատահեցաւ, որ այլեւս դադրեցար եկեղեցի յաճախելէ եւ աղօթելէ»։ Կինը միամտօրէն պատասխանեց. «Ամուսինս հիւանդ էր, հիւանդանոցը կը դարմանուէր, անոր բժշկութեանը համար կ՚աղօթէի, բայց հիմա ան բժշկուեցաւ եւ տուն վերադարձաւ, ուրեմն ալ եկեղեցի յաճախելու եւ աղօթելու համար պատճառ մը չմնաց ինծի…»։

Ահաւասիկ, այս է մեր շատերուն աղօթքի հասկացողութիւնը դժբախտաբար՝ միայն ուզել, միայն խնդրել եւ ո՛չ շնորհակալութեան, փառաբանութեան համար աղօթել…։

«Ուրեմն իրար շնորհաւորենք եւ գոհութիւն մատուցանենք ո՛չ միայն որովհետեւ քրիստոնեաներ եղանք, այլ նոյն Ինքն Քրիստոսը։ Կը հասկնա՞ք, եղբայրնե՛ր, շնորհքը զոր Աստուած տուաւ մեզի՝ տալով մեզի Քրիստոսը իբր Գլուխ։ Հիացէ՛ք եւ ուրախացէ՛ք, մենք Քրիստոսը եղանք։ Արդարեւ քանի որ Ինք Գլուխն է իսկ մենք Անոր անդամները, ուրեմն մարդն ամբողջ՝ Ի՛նքն է եւ մե՛նք ենք։ Քրիստոսի լիութիւնը ուրեմն ե՛ւ Գլուխն է ե՛ւ անդամներն են։ Գլուխը եւ անդամները՝ կը նշանակեն Քրիստոսը եւ Եկեղեցին», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Իսկ Սուրբ Գրիգոր Մեծ կ՚ըսէ. «Մեր Փրկիչը Ինքզինք ներկայացուց իբրեւ միակ եւ նոյն անձը՝ Եկեղեցիին հետ, զոր ստանձնեց»։

Վերջապէս Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Գլուխ եւ անդամներ՝ միստիկական միակ եւ նոյն անձն են»։

Ուրեմն անդադար, անընդհատ եւ յարատեւ պէտք է աղօթել Աստուծոյ իր անվերջ պարգեւներուն համար՝ թէ՛ նեղութեան եւ թէ՛ ուրախութեան մէջ՝ ինչ տրամադրութիւն ալ ունենանք։

Աստուծոյ միշտ շնորհակալութիւն պէտք է յայտնենք, որ կը հանգստացնէ մեր պարտասած մարմինները, կը մխիթարէ մեր բեկուած սիրտերը, կը խաղաղացնէ մեր խռոված հոգիները, կը բարձրացնէ մեր ինկած տրամադրութիւնները, կ՚ազնուացնէ մեր մտածումները, կը հոգիացնէ մեր ցանկութիւնները, կը տաճարացնէ մեր անձերը եւ Իր աստուածութեանը անհասանելի, անիմանալի խորհուրդներուն հաղորդակից կը դարձնէ մեզ՝ բոլոր այն բաներուն, որոնք թերեւս չենք խնդրած նոյնիսկ Իրմէ, բայց Ան գիտէ, որ ի՛նչ բանի կը կարօտինք, ի՛նչ բանի պահանջքը ունինք մենք։ «Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ մեր մասին», կ՚ըսէ Պետրոս Առաքեալ իր առաջին Ընդհանրական նամակին մէջ. (Ա ՊԵՏՐ. Ե 7)։ Եւ ուրեմն մեր սիրտերը երախտագիտութեամբ եւ երախտապարտութեամբ խոնարհած՝ յաւերժական գոհաբանութիւն պէտք է վերառաքենք Աստուծոյ իր անսահման պարգեւներուն համար։ Եւ մեր փառաբանական եւ խոնարհ աղօթքները երբեք պէտք չէ՛ դադրին։

«Ո՜վ իմ Տէրս եւ Աստուածս, պիտի փառաւորեմ քեզ, պիտի օրհներգեմ քու անունդ, որովհետեւ սքանչելի են գործերը որոնք կը կատարես սկիզբէն իսկ պատրաստած Քու ճշմարիտ ծրագրիդ համաձայն», կ՚ըսէ Եսայի Մարգարէ. (ԵՍ. ԻԵ 1)։ Եւ շարուակելով. «Տակաւին իրենք չկանչած՝ պիտի լսեմ զիրենք. դեռ իրենց աղօթքը չաւարտած՝ պիտի հարցնեմ.- Ի՞նչ կ՚ուզէք», կը վկայէ Աստուծոյ Խօսքին. (ԵՍ. ԿԵ 24)։

Արդարեւ, մենք երբ կ՚աղօթենք Հօր, մենք Հօր եւ Անոր Որդիին հետ հաղորդակից կ՚ըլլանք. (Ա ՅՈՎՀ. Ա 3)։ Այն ատեն՝ մենք կ՚իմանանք եւ կը ճանչնանք զԻնք մշտանորոգ սքանչումով։ Տիրոջ Աղօթքին առաջին խօսքը՝ պաղատանք մը, խնդրանք մը ըլլալէ առաջ երկրպագող օրհնաբանութիւն մըն է։ Արդարեւ զԻնք իբր «Հայր» Աստուած ճշմարիտ ճանչնալը Աստուծոյ Փառքն է։ Մենք Իրեն գոհութիւն կը մատուցանենք, որ մեզի Իր անունը յայտնեց եւ Իրեն հաւատալու եւ Իր Ներկայութեան Բնակարանը դառնալու պարգեւը տուաւ մեզի։

Մենք փառաբանելու եւ երկրպագելու ենք Հօր, որովհետեւ Ինք մեզ վերստին ծնաւ Իր Կեանքին, Իր Միածին Որդիով՝ մեզ իբր Իր զաւակները որդեգրեց։

Գոհութեան խորհուրդը՝ գոհաբանութիւն եւ գովաբանութիւն է Հօր։ Ուստի Սուրբ Պատարագը կը ներկայացնէ գոհութեան խորհուրդը՝ ուր կը փառաբանենք եւ մեր անհուն երախտագիտութիւնը եւ երախտապարտութիւնը կը յայտնենք Աստուծոյ, որ մեր Արարիչն է եւ Նախախնամը, եւ երբեք մեզ չի թողուր, չի լքեր առանց Իր հովանաւորութեան եւ կը պահէ մեզ մի՛շտ Իր հովանիին ներքեւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 5, 2021, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021