ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐ

Հին դարերէ ի վեր եւ այսօր ալ մարդիկ այնպիսի նախապաշարումներու հագուստներ դրած են կրօնական ճշմարտութիւններու վրայ, որ խորհող, դատող, դատելէ առաջ քննող, խորը թափանցող միտքերու համար առարկելի եւ անընդունելի եղած են։ Սա բացայայտ է, որ գիտնականները թշնամի չեն կրօնքի. անոնց հակառակութիւնը  նախապաշարումներու դէմ է։

Այս իմաստով կարեւոր է եւ հմտութիւն կը պահանջէ՝ ճշմարտութիւնը եւ նախապաշարումը զատել իրարմէ, հետեւիլ ճշմարտութեան եւ մերժել նախապաշարումը։ Արդարեւ, նախապաշարումը ամենամեծ արգե՛լքն է մարդուս յառաջդիմութեան, լուսաւորութեան եւ ճշմարտութեան հասնելուն։ Նախապաշարումը թմբիր, ընդարացում է՝ որ կարծես անշարժութեան կը մատնէ մարդուս միտքը՝ բանականութիւնը եւ մեքենայի մը կը վերածէ զայն՝ միօրինակ շարժող, միակերպ գործող գործիքի մը, որ տարբերութիւն չունի անշարժութենէ եւ անգործութենէ, անշարժ եւ աննպատակ տատանելէ բանաւոր մարդու համար։

Բայց մարդ մեքենայ չէ՛… եւ ուրեմն նախապաշարումը բոլորովին ներհակ է մարդկային բնութեան։

Արդարեւ, գիտուններ ճշմարտութիւնը չեն կրնար մերժել, չեն կրնար ուրանալ ճշմարտութեան գոյութիւնը եւ քանի որ կրօնքն ալ ճշմարտութեան ճամբան է, ուրեմն չեն հակառակիր հոգեւոր ճշմարտութեան։

Բայց այն ատեն որ կրօնքը նախապաշարեալներու պատճառով կը շեղի իր նպատակէն, կը կորսնցնէ իր էական իմաստը, եւ կը վերածուի ձեւապաշտութեան, բառապաշտութեան եւ կռապաշտութեան, ահաւասիկ, ատոր դէմ է որ կը յարձակին գիտնականներ՝ պաշտպանելու համար ճշմարտութիւնը։

Պահ մը խորհինք եւ  հարցնենք մենք մեզի. խորհող եւ դատող լուսաւոր միտք մը ինչպէ՞ս կրնայ հաւատալ «Աստուծոյ» մը, որ իբրեւ անողոք, անգութ իշխան, միայն պատիժ եւ պատուհաս կը թափէ մարդոց որդիներուն վրայ եւ անոնց տանջանքին մէջ հաճոյք կը գտնէ։ Ուստի հրամայականոն՝ «dogmatique», օրինապաշտ կրօնքի  մը ըմբռնումը մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի նախապաշարում, քանի որ հոն մտածելու, դատելու, հասկնալու հաւանականութիւն գոյութիւն չունի։ Մինչդեռ երբ հոգին եւ միտքը, զգացումները եւ մտածումները համընթաց ըլլան, զիրար ամբողջացնեն փոխանակ զիրար մերժելու, ահաւասիկ այն ատեն կը յայտնուի ճշմարիտ կրօնը՝ որ մարդս հետզհետէ կը մօտեցնէ ճշմարտութեան։ Եւ գիտունին հասնիլ ուզած նպատակն ալ ճշմարտութիւնը չէ՞։ Ուրեմն, գիտութեան կամ կրօնի ճամբով կարելի է հասնիլ ճշմարտութեան՝ թէեւ տարբեր միջոցներով բայց նոյն նպատակով։ Եւ եթէ նպատակը նոյնն է, այդ կը նշանակէ որ անոր ճամբուն վրայ գտնուողներ՝ գիտուն կամ կրօնաւոր կրնան համաձայնիլ եւ իրերօգնութեամբ յառաջանալ ճշմարտութեան ճամբուն մէջ։

Այս իմաստով, ճշմարիտ գիտնականը բանականութեան միջոցով կ՚ընդունի ճշմարիտ Աստուածը՝ Քրիստոսի ներկայացուցած, մարդացած եւ մարմնացած Աստուածը, որ սիրոյ Հա՛յր է եւ որուն սիրալիր ներկայութեամբը շրջապատուած է համայն մարդկութիւնը եւ ամբողջ տիեզերքը, բնութիւնը…։

Աստուած սէր է, եւ ո՞վ կրնայ մերժել եւ ուրանալ սիրոյ գոյութիւնը։ Աստուած իմաստութիւն է, եւ ո՞վ կրնայ մերժել իմաստութիւնը։ Եւ Աստուած լո՛յս է եւ լոյսին էութիւնը բացատրելու համար գիտնականներ շատ վարկածներ հնարած են, որոնք կրնան փոխուիլ. սակայն լոյսը միշտ կա՛յ եւ անփոփոխ կը մնայ եւ միեւնոյն հրաշալիքները կը կատարէ բնութեան մէջ՝ մարդիկ անոր գաղտնիքները հասկնան կամ ո՛չ։ Լոյսին գոյութիւնը ուրանալ՝ լոյսին էութիւնը չի փոխեր. ան մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի ճշմարտութիւն է, քանի որ Աստուծմէ է եւ աստուածային։ Խաւարը չի կրնար խափանել լոյսը, բայց լոյսը իր մէկ շողով կամ ցոլքով կը լուսաւորէ, կը փարատէ ամբողջ խաւարը։ Խաւարը անզօր է լոյսին դէմ, քանի որ խաւարը միա՛յն մութին մէջ «խաւար» է։

Կրօնական ճշմարտութիւններու մասին ալ աստուածաբաններ զանազան մեկնաբանութիւններ են տուած, որոնք ժամանակի ընթացքին փոփոխութեան ենթարկուած են ընդհանրապէս, անշուշտ էականը միշտ անփոփոխ մնալով, եւ այս կը նշանակէ որ ճշմարտութիւնն է կարեւորը եւ ո՛չ թէ անոր վրայով յայտնուած կարծիքները, ենթակայական համոզումներ եւ կամ այդ մասին տրուած մեկնութիւնները։

Այսուհետեւ, կար ժամանակ մը երբ կրօնքի «պաշտպան»ները կ՚ուզէին որ մարդիկ Աստուածաշունչ Մատեանը կարդան իբր «գիտութեան անսխալ դասագիրք» եւ աշխարհի ստեղծագործութեան-արարչագործութեան պատմութիւնը ընդունին բառականապէս՝ տառացի եւ իբր այդ, երբ գիտնականներ Աստուծոյ միւս գիրքը «բնութիւն»ը քննելով սորվեցուցին թէ Աստուած ո՛չ թէ վեց օրուան մէջ՝ հապա միլիոնաւոր դարերու շրջանին ստեղծեց տիեզերքը եւ մեր երկիրը, կրօնականներ հալածեցին այս կարծիքը ունեցողները՝ իբր «անկրօն» եւ «անաստուած»։ Մինչդեռ, սա իրականութիւն մըն է որ աստուածային ստեղծագործութիւնը տակաւին չէ՛ վերջացած եւ դեռ կը շարունակուի։

Այս ճշմարտութիւնը ընդունողները եւ նոյնպէս իբր «անհաւատ» հարուածուեցան անոնք ալ, որ Սուրբ Գիրքին մէջ սխալ հասկցուած ճշմարտութիւններ նշմարեցին եւ անոր բառական եւ տառական ներշնչումը չէին կրնար ընդունիլ, քանի որ ստեղծագործութեան նպատակը եւ իմաստը սխալ մեկնաբանուած էր։ Ուստի տառացի մեկնաբանութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ նախապաշարումներու՝ որ կը նշանակէ շեղիլ բուն նպատակէն եւ իմաստէն։ Աստուածաշունչը շիտակ հասկնալու համար պէտք է զայն կարդալ աստուածաշնչեալ՝ հոգեւոր տրամադրութեամբ։

Մինչդեռ այսօր ողջախոհ եւ ազատամիտ քրիստոնեաներ կ՚ընդունին Սուրբ Գիրքը ո՛չ թէ իբրեւ գիտութեան դասագիրք, այլ աստուածաշունչ՝ հոգեւոր ճշմարտութիւններու շտեմարան, ուր արձանագրուած են Աստուծոյ մօտ ապրող մարդոց փորձառութիւնները, որոնք իբր «յայտնութիւն» մարդիկ Աստուծոյ կ՚առաջնորդէ։

Հետեւաբար գիտութիւնը Ս. Գիրքին եւ կրօնքին հակառակ չէ երբեք, այլ սխալ մեկնութիւններուն, անբանաւոր նախապաշարումներուն՝ որոնք քննական միտք ունեցողը կը հեռացնեն Ս. Գիրքէն ալ, կրօնքէ ալ։

Ուստի կրօնքէ, եկեղեցիէ, աստուածային ճշմարտութիւններէ եւ Աստուծմէ ուծացողներուն մեծ մասին պատճառը կրօնական մոլեռանդութիւնը եւ նախապաշարումները, բարոյական հալածա՛նքները եղած են…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 29, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019