ՏԱԼԸ ՍԻՐԱՅՕԺԱՐ ԸԼԼԱԼՈՒ Է

Աստուած սիրայօժար տուողը կը սիրէ։ Մարդ, եթէ սիրայօժար չտայ, Աստուած Իր բաժինը կ՚առնէ, Աստուծոյ առնելու ձեւը սակայն յաճախ ցա՛ւ կը պատճառէ մարդուս։

Ուստի, եթէ մարդ ապահովագրուած է եւ աչքը կորսնցնէ, ապահովագրութեան ընկերութիւնը մեծ գումար կը վճարէ, աչքին որպէս փոխարժէք։

Բայց այդ իրաւունքը ձեռք ձգելու համար մարդ որոշ գումար մը կը վճարէ ապահովագրութեան ընկերութեան։ Աչքը կորսնցուցած մէկու մը եթէ ըսուի, թէ մեծաքանակ վճարումի մը փոխարէն պիտի կարենայ տեսնել, տարակոյս չկայ, որ աչազուրկը կը ծախէ իր ամբողջ ունեցածը եւ խոստացողին ձեռքը դնէ, որպէսզի չունեցածը ունենայ…

Նոյնն է խօսելու դժուրութիւն ունեցողին համար, կամ կաղին, եւ կամ որեւէ հիւանդութեան համար։ Եթէ մարդ հաշուի նստի Աստուծոյ հետ, որչա՜փ պարտական պիտի մնայ Իրեն։ Ուստի, մարդ տակաւին որեւէ վճարում չըրած վստահութեան վրայ, Աստուած մարդուն տուած է տեսողութիւն, լսելու, քալելու, խորհելու, դատելու կարողութիւն, առողջ ձեռքեր, ուժ, զանազան տաղանդներ։ Մարդ, Աստուծոյ տուածները կը գործածէ, կը վայելէ երկա՜ր տարիներ, եւ անկէ եկած օգուտը կը մսխէ իր կերակուրին, իր հագուստին, իր հաճոյքին համար, եւ դժբախտաբա՛ր կը մոռնայ պարտատէրը։

Բայց Պարտատէրը չի մոռնար երբեք մարդը՝ հակառակ անոր անտարբերութեան։ Աստուծոյ «գործաւոր»ները Պարտատէրի պաշտօնական ներկայացուցիչներն են։ Եւ եթէ մարդ չի վճարեր իր պարտքը, յանցանքը մասամբ ալ Աստուծոյ գործաւորներունն է, անոնք քնացած եւ անտարբեր գտնուած են։

Տէրը արթնցնէ եւ ուշադրութեան հրաւիրէ անոնք՝ որ կը քնանան եւ անտարբեր են։ Աստուծոյ գործաւորները պէտք է զգան կարիքը, յետոյ հաւատացեալները մղեն որպէսզի այդ կարիքը՝ կարիք ըլլալէ դադրի այլեւս։

Մարդ պէտք է իր աչքերը չորս-բաց այս կողմ-այն կողմ նայի՝ տեսնելու համար թէ ո՞ր հաւատացեալը սկսած է Աստուծոյ պատկանողէն գողնալ եւ սիրով եւ աստուածային իմաստութեամբ զինք ճամբու բերեն։

Ըստ Աստուծոյ Խօսքին մեր մէջ շատ գողեր կան։

Մաղաքիա մարգարէ կ՚ըսէ. «Միթէ մարդ Աստուած կը կողոպտէ՞, որ դուք զիս կը կողոպտէք. բայց դուք կ՚ըսէք.- Քեզմէ ի՞նչ կողոպտեցինք, տասանորդներ եւ ընծաներ։ Դուք անէծքով անիծուած էք, քանզի դուք բոլորդ զիս կողոպտեցիք բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, որպէսզի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։ Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ՚ըսէ զօրքերու Տէրը։ Թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ եւ ձեզի օրհութիւն թափեմ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլար». (ՄԱՂԱՔ. Գ 8-10)։

Աստուած կը մեղադրէ Իսրայէլը՝ որովհետեւ ան զԻնք կողոպտած էր՝ տասանորդ չէր վճարած։ Եւ Աստուած ասպարէզ կը կարդայ անոնց՝ որ փորձեն զԻնք, թէ արդեօք երկինքի պատուհանները պիտի չբանա՞յ անոնց վրայ օրհնութիւն թափելու համար։ Այսօր որ Աստուած այնչա՜փ դիւրացուցած է փրկութեան գործը, ո՛չ աղաւնի, ո՛չ ոչխար կը պահանջէ մեզմէ, որչա՛փ կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը։

Եւ այս հարցին յիշենք այն ճշմարտութիւնը՝ որ կը համառօտէ վերոյիշեալ խորհրդածութիւնները.

«Աւելի երանելի է տա՛լը քան թէ առնելը»…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024