ՏԱՆԵՐԷՑ ՔԱՀԱՆԱՆ

Խրիմեան Հայրիկ ընտանիքի անդամներէն մէկը կը նկատէ նաեւ քահանան՝ որպէս տան երէց եւ անոր պարտաւորութիւններն ու դերը շեշտելու համար իր 16-րդ գլուխը կը կոչէ «Տան երէց եւ իւր պարտիք», ուր կը խօսի հոգեւոր հովիւին մասին, ըսելով թէ անոնց «միայն յանձնուած է ընտանեկան հոգեւոր պէտքերը հոգալ ու մատակարարել»: Հայրիկ կը շեշտէ կարեւորութիւնը տաներէց քահանային կոչումն ու պարտաւորութիւնը, ըսելով «հովուական պարտիքն ու կոչումն՝ շատ մեծ, շատ նուիրական եւ շատ արդիւնաւոր հոգեւոր աշխատութեան մշակութիւնն է»:

Անոր դերը մեր ընտանիքին մէջ պարտի մեծ ըլլալ, որովհետեւ ան է որ մեզ կը պսակէ, ան է որ մեր զաւակները կը մկրտէ, մեր մեղքերուն թողութիւն կու տայ, մեր մեռելները կը թաղէ եւ ընտանեկան վէրքերը կը բուժէ: Անոր պարտաւորութիւնն է խրատել, մխիթարել, եւ որպէս հայր անոնց հոգեւոր պէտքերն ու կարիքները հոգալ: Թէեւ այսօր տաներէց քահանային պարտաւորութիւնները ամբողջութեամբ փոխուած կը տեսնենք, սակայն Հայրիկի համոզումով՝ ճշմարիտ ու արդար տաներէց քահանայի մը իսկական դերը ընտանիքի անդամ դառնալն է. Հայրիկ կ՚ըսէ. «Նորա մեծ եւ սեպուհ պարտիքն է, երկրի վերայ իբրեւ երկրաւոր հայր՝ խնամ տանել բոլոր ծխական ընտանեաց. մանաւանդ նոցա պատահար թշուառութեանց մէջ Յիսուսի նկարագրած գորովալիր գթութեան տիպարը լիովին յանձին բերել»: Անոր պարտաւորութիւնն է եթէ զաւակը ծարաւ է՝ ջուր տալ, եթէ մերկ է՝ հագուստ տալ եւ իր պարտաւորութիւնները խղճով կատարէ եւ միայն այդպիսի քահանայ մը արժանի է Աստուծոյ Քահանայ կոչուելու:

Ծնողքի մը պարտաւորութիւնը զաւակին բարոյապէս դաստիարակելն է. դպրոցին պարտաւորութիւնը զաւակը մտապէս գիտութեամբ դաստիարակելն է, իսկ տաներէց քահանային իսկական դերը հոգեւոր դաստիարակութիւն ջամբելն է: Դպրոցը որոշ հոգեւոր կրթութիւն կը փորձէ փոխանցել, սակայն հիմնական բաժինն ու պարտաւորութիւնը քահանայինն է:

Հայրիկ հակառակ է այն համոզումին, որ քահանային գործն ու բաժինը լոկ սաղմոսը, շարականն ու եկեղեցական արարողութիւնները ըլլան. նման քահանաներ Հայրիկի կոչումով «տգէտ ու անուս» կ՚ըլլան, որոնք իրենց տգիտութիւնը կը քօղարկեն բարի վարքի մը ներքոյ. Հայրիկ կարեւորութեամբ կը խօսի քահանային վարքին մասին, որովհետեւ ընդունելի չէ չարութեամբ ապրիլ եւ սակայն ժողովուրդին բարութիւն քարոզել, այդ իսկ պատճառով Հայրիկ իրաւունք կու տայ ժողովուրդին, որպէսզի ընտրէ իր տաներէց քահանան:

Յաճախ ներկայիս եկեղեցականներ կը մեղադրուին այն զրպարտութեամբ, որ իրենց «պարտաւորութիւնները» կը կատարեն նիւթականի համար. իրականութեան մէջ եթէ քահանան իր բոլոր պարտաւորութիւնները լիովին կը կատարէ՝ արժանի է իր վարձքին. Հայրիկ կ՚ըսէ. «Տաներէց քահանային իրաւունքն է՝ պահանջել իր պաշտաման ու հոգեւոր աշխատութեան վարձքը», որովհետեւ ինչպէս Աստուածաշունչը կ՚ըսէ՝ Մշակը արժանի է իր վարքին. Աստուածաշունչը ի՛նք կ՚ըսէ, թէ «Սեղանոյ պաշտօնեայն, արժան է որ նոյն սեղանէն կերակրուի»:

Ընտանեկան սեղանին պաշտօնեան տաներէցն է եւ հետեւաբար ան մասնակից է նոյն այդ սեղանին. քահանան պէտք է վարձատրուի, այլապէս ինչպէս Հայրիկ կ՚ըսէ. «անվարձ մնայ իւր հոգեւոր մշակութիւնը, նա հոգւոց հանելով կը կատարէ իւր պաշտօնը»: Հետեւաբար Հայրիկ կ՚ըսէ, որ քահանային վարձքը արդարօրէն չտուողոներ գանգատելու եւ բարի եւ արժանաւոր եկեղեցական չունինք ըսելու իրաւունք չունին:

Հայրիկ լաւապէս կը գիտակցի, որ ժողովուրդը բողոք ունի շարք մը քահանաներու նկատմամբ, սակայն Հայրիկ անիրաւ կը գտնէ այդ բողոքը, որովհետեւ թերութիւնը երկկողմանի է. Հայրիկ կ՚ըսէ. «Ժողովուրդի ընտիր որդիքներէն ո՛վ յանձն կ՚առնու քեզ համար հովիւ ու տաներէց լինիլ, երբ դու արժանաւորին եւ անարժանին մէջ ընտրութիւն չունիս: Դու Աւետարանին ազատ զինուոր եւ Եկեղեցւոյ պատուարժան պաշտօնեայն ճնշեր ստրկացուցեր ես չքաւորութեան լուծին տակը եւ կը սպասես տակաւին որ նոքա վեհանձն եւ ազնուական կերպով շարժին»: Հայրիկի համոզումով՝ պէտք է քահանաները լաւ կեանք մը ապրին, ծանօթ ըլլան աշխարհի բոլոր նորութիւններուն, որպէսզի յաջողին այդ նոյն յառաջդիմութիւնը մեր ընտանիքներէն ներս բերել. թշուառ քահանայէն կարելի չէ յառաջդիմութիւն ակնկալել. պէտք է քահանան քաղաքակիրթ ու քաղաքավար ըլլայ, ճանչնայ ժամանակը եւ ժամանակի պահանջները, որպէսզի այդ համոզումներով առաջնորդուի եւ ճի՛շդ ու արդար քահանայութիւն ընէ:

Այս է պատճառը, որ մեր եկեղեցական կեանքէն ներս օծումի արարողութեան ժամանակ ժողովուրդին հարց կը տրուի եւ անոնք կը պատասխանեն «արժան եւ իրաւ»։ Քահանան կ՚օծուի նախ Աստուծոյ եւ ապա ժողովուրդին ծառայելու համար եւ հետեւաբար ժողովուրդը ի՛նք իրաւունք պիտի ունենայ ընտրելու իր եկեղեցականը եւ իր «արժան եւ իրաւ»ով է, որ կը փաստէ այդ մէկը, որպէսզի չըլլայ թէ յետոյ տրտունջ բարձրացնեն:

Հայրիկ արդար ըլլալով կ՚ուզէ, որ երկու կողմերը լաւապէս հասկնան իրենց պարտաւորութիւնները. գրութեան վերջին մասը Հայրիկ խօսքը կ՚ուղղէ քահանաներուն. «յորդոր կը կարդամք նախ բոլոր Տաներէց քահանայից, որ ճանչնան իրենց սուրբ պարտիքը»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Եկեղեցւոյ մէջ ծափելն ու պարելը պատշա՞ճ է:

Պատասխան. Եկեղեցւոյ մէջ պարելու եւ ծափելու պատշաճութիւնը կախուած է կրօնական համայնքի աւանդութիւններէն եւ մշակոյթէն: Որոշ եկեղեցիներու մէջ պարն ու ծափը երկրպագութեան անբաժանելի մէկ մասը կը թուին ըլլալ, որոնք կը դիտուին որպէս ուրախութեան, տօնակատարութեան եւ հոգեւոր կապի արտայայտութիւն: Սակայն աւելի աւանդական եւ պահպանողական եկեղեցիներէն ներս այդ արտայայտութիւնները կը դիտուին որպէս խանգարող եւ անպատուաբեր: Հետեւաբար պատշաճ ըլլալը եւ կամ չըլլալը պէտք է որոշել նկատի ունենալով շրջանակի սովորութիւններն ու համոզումները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024