ՀԱՍՈՅԹՆԵՐՈՒ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Կար ժամանակ, երբ գիր-գրականութիւնը նիւթաբեր էր. հայ մամուլը, թէեւ հազար ու մէկ զոհողութիւններով, իր կարելին կ՚ընէր թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս բարձր պահելու համար մշակոյթը եւ հասնելու ազգին եւ մա՛նաւանդ դպրոցի կարիքներուն:

Յստակ ձեւով կը տեսնենք, թէ անցեալին կար հասարակութիւն մը, որ սեփական շահերէն աւելի կը մտածէր հաւաքական ու մանաւանդ ազգային շահերը. հայ թատրոնը աղքատ էր, սակայն իր աղքատութեան մէջ կարելին կ՚ընէր կանգուն պահելու համար հայ մամուլը. հայ մամուլը աղքատ էր, սակայն բան չէր խնայեր քաջալերելու համար հայ թատրոնը եւ այդ իրերօգնութիւնն էր, որ բարձր կը պահէր մշակոյթն ու հայկականութիւնը:

Խօսինք օրինակներով.- 1890 թուականին, Ռոտոսթոյի նորակազմ թատերախումբը իր ներկայացումներուն հասոյթը կ՚որոշէ յատկացնել «Արեւելք»ի խմբագրութեան։ Նոյն ժամանակաշրջանի մամուլէն կը տեղեկանանք, թէ «Արեւելք» հրատարակած մէկ գիրքի հասոյթը կը նուիրէ տեղի վարժարանին. 1908 թուականին «Սիլիվրիի հայութիւնը» խորագրեալ գիրքի հասոյթը կը յատկացուի Սիլիվրիի մէջ հայկական վարժարանի մը շինութեան. 1909 թուականին Իզմիրլեան Սրբազան իր «Տխուր ժպիտ» աշխատութեան հասոյթը կը նուիրէ Հայաստանի անօթեւան հայորդիներուն:

Աւելին, Կարապետ Պասմաճեան իր հրատարակած «Անիի յիշատակարան» գիրքի հասոյթը կը տրամադրէ հայ ֆետայիներուն համար զէնք առնելու:

Իրականութեան մէջ այստեղ տեղի ունեցողը նիւթականէն վեր ու աւելի կարեւոր երեւոյթ մըն է. վերոյիշեալ բոլոր հաստատութիւններն ալ իրականութեան մէջ նիւթապէս հարուստ հաստատութիւններ եւ կամ անձեր չեն եղած, սակայն ունեցած են գիտակցութիւնը, որ դպրոցը, մամուլը, մշակոյթը եւ ինչպէս նաեւ զէնքը աւելի կարեւոր է՝ քան սեփական հարստութիւնը: Ընթերցասէր հանրութիւնը մամուլը առնելով գիտէր, որ հայ լեզուին համար մղուած պայքարին կողքին օգնած կ՚ըլլայ նաեւ հայ դպրոցին, հայ թատրոնին եւ միւս բոլոր կարեւոր արժէքներուն. ընթերցողը մամուլը եւ կամ այս կամ այն հրատարակութիւնը առնելով սեփական զարգացման կողքին օգնած կ՚ըլլար նաեւ հայկական մշակութային հարստութեանց բարձրացման, ինչ որ աւելի նպատակ եւ իմաստ կու տայ ընթերցանութեան:

Այսօր կը խօսինք հայ մամուլի ունեցած նիւթական դժուարութիւններուն մասին. մեր հայկական թատրոնները, մշակութային կեդրոնները, ինչո՞ւ չէ նաեւ որոշ տեղ հայկական վարժարանները հազիւ կը յաջողին իրենց գոյութիւնը քաշքշել. մերօրեայ թատրոնը չի կրնար օգնել հայ մամուլին, որովհետեւ թատրոնը ինք հազիւ կը յաջողի գոյատեւել. այսօր հայ հրատարակիչը իր հասոյթը դպրոցի շինութեան չի կրնար տրամադրել, որովհետեւ տպագրողը հազիւ կը յաջողի (եթէ յաջողեցաւ) իր տպագրութեան ծախսերը ապահովել:

Սակայն պէտք է լրջօրէն մտածել. մերօրեայ թատրոնը հայ մամուլին չ՚օգներ, որովհետեւ չի՞ կրնար նիւթապէս աջակցիլ, թէ ոչ անտարբերութիւն մը ունի հայ մամուլի նկատմամբ. պէտք է լրջօրէն այս նիւթերուն մասին մտածել. պէտք է ուսումնասիրել ու քննել բազկերակը, տեսնելու համար այսօրուան մամուլը նոյնքան մտահո՞գ է հայ դպրոցի վիճակով՝ ինչքան անցեալին:

Մեր ազգը իրաւունք չունի իր քոյր-եղբայր կազմակերպութիւններով չհետաքրքրուելու, որովհետեւ իրերօգնութիւնն է, որ զիրենք պիտի առաջնորդէ դէպի ապագայ. մեր սեփական աչքերով տեսանք, թէ ինչպէս նիւթապէս անդունդ հասած վարժարաններ իրենց դռները փակեցին սփիւռքի տարածքին. աւելի քան երբեք վստահ եմ, որ զոհողութիւններով, օգնութիւններով կարելի պիտի ըլլար այդ դպրոցները կանգուն պահել։ Մերօրեայ հայը աւելի՛ հարուստ է՝ քան անցեալի հայը, սակայն անցեալինը աւելի օգնող էր՝ քան այսօրուանը:

Այսօր մեր մէջ պակսած են թատերական ներկայացումները, որովհետեւ հայ դերասանը, մանաւանդ թատերական դերասանը աւելի քան դար մը առաջ ապրող հայ մտաւորականներուն դերը ստանձնած է եւ թատրերգութիւնը այսօր զոհողութիւն մըն է եւ ո՛չ նիւթաբեր «աշխատանք». այսօր մեր մէջ շա՜տ յստակ ձեւով պակսած է գիրքերու հրատարակութիւնը, որովհետեւ պակսած են ընթերցողները եւ գիրք հրատարակելը պարզապէս «հին աւանդութիւն» մը կեանքի կոչելու վերածուած է: Այսօր պակսած են բանաստեղծները, վիպագիրները, հրապարակախօսներն ու ուսումնասիրողները, որովհետեւ աշխարհի ներկայ պայմաններով այդ բոլորով զբաղուիլը պարզապէս խենթութիւն կարելի է նկատել: Պակսած են ուսուցիչները, ազգային գործիչներն ու գրեթէ բոլոր անոնք՝ որոնք ազգի մը համար անհրաժեշտ են գոյատեւելու եւ աւելի փայլուն ու յուսալի ապագայ մը ունենալու համար:

Վերջապէս մեր մօտ պակսած են Կարապետ Պասմաճեանները. այսօր ո՞վ յանձն կ՚առնէ իր գրպանը մտնելիք դրամէն հրաժարիլ եւ ազգին նուիրել. այսօր ունինք բարերարներ, որոնք իրենց աւելորդ ունեցուածքէն կու տան. անցեալի թատրոնը, մամուլն ու Պասմաճեանները, իրենց չունեցածը կու տային, որովհետեւ ազգի մը համար զոհողութիւնը այդ կը նշանակէ:

Ազգի համար զոհուիլը նահատակութեան կողքին նաեւ բարոյական զոհողութիւն է, ինչ որ կը պակսի մեր մէջ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -265-

Սիրային տօնին առիթով լուսահոգի Մեղրիկ Սրբազան Հօր հետ որոշեցինք Աստուծոյ սիրոյն մասին խօսող փոքր գրքոյկ մը հրատարակել՝ արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով եւ դուրս գալով Լիբանանի փողոցները անվճար բաժնել որոշեցինք:

Մի քանի եկեղեցական ոստիկաններու ընկերակցութեամբ փակեցին ճամբան եւ մէկ առ մէկ անցնող ինքնաշարժներուն տրամադրեցին այդ գրքոյկները: Առաջին փորձ մըն էր այդ մէկը. շատեր իրենց ինքնաշարժներու պատուհանները փակ պահեցին, շատեր «մեզի պէտք չէ» ըսելով ետ վերադարձուցին:

Պատճառը յստակ էր. կա՛մ մարդիկ հեռացած էին Աստուծմէ եւ եկեղեցականին հանդէպ ո՛չ յարգանք եւ ոչ ալ վստահութիւն ունին. շատեր ալ այդ գրքոյկները վաճառքի կարծելով հրաժարեցան վերցնելէ: Մերօրեայ հրատարակութիւններուն ճակատագիրը նոյնն է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 10, 2023