ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴՐԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի (1102-1173). Ներսէս Դ. Կլայեցի (1166 թուականէն սկսեալ), 64 տարեկան էր, երբ կաթողիկոս դարձաւ թէեւ մարմնով տկար՝ ան նոյն հոգւով եւ եռանդով կառավարեց Հայ Եկեղեցին, ինչպէս երբեմն իբրեւ խորհրդական եւ գործակից իր եղբօրը։ (Գրիգոր Գ. Պահլավունի. 1093-1166, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս)։ Ժամանակի դառնութիւնը եւ Հայրապետական Աթոռի վիճակը ան այսպէս կը պատկերացնէ.

«Շրջիլ ամէն կողմ, եւ Աստուծոյ խօսքը քարոզել… անկարելի՛ է ժամանակիս չատութեան եւ բազմիշխանութեան պատճառով. չկայ մեր մէջ բազմաժողով թագաւորական քաղաք մը, որ Հայրապետական Աթոռը այնտեղ հաստատելով մեր ժողովուրդին ուսուցանէինք. այլ այծեամի նման շուներէ եւ որսորդներէ փախած՝ այս քարանձաւը ապաւինած՝ զուրկ ամէն տեսակ մարմնական պէտքերէն… մեր ազգը ցրուած է ամէն տեղ օտար ազգերու մէջ, Հայրապետական Աթոռս տարուբեր՝ անպատշաճ տեղեր. իսկ մեր ազգի կողմէ՝ անօգնական եւ աննուէր։ Հնար չկայ համարձակ շրջիլ եւ ուսուցանել…»։ Բայց այն՝ ի՛նչ որ անձամբ կարող չէր կատարել, Շնորհալին կ՚աշխատի գէթ գրով կատարել. «Եւ մենք», կ՚ըսէ. «այս տօթագին քարանձաւի մէջ (Հռոմկլայ) արգելուած գրաւոր կերպով ձեզ հետ կը խօսինք»։ Շնորհալիի այս նամակներու ժողովածուն, որով ան ամբողջ Հայ ժողովուրդին հետ կը խօսի, կը կոչուի. «Թուղթ ընդհանրական առ համօրէն հայասեռ ազինս»։ Թուղթը ուղղուած է Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ վանականներու, առաջնորդներու, քահանաներուն, իշխաններուն, զինուորներուն, քաղաքացիներուն, գիւղացիներուն եւ կիներուն՝ որոնց կու տայ բարոյական պատշաճ խրատներ՝ շեշտելով այն թերութիւնները, ինչ որ նկատած է անոնց մէջ։

Ահա երբ այսպէս Շնորհալին Հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերաշինութեան խնդրով զբաղած էր՝ Ծիրանածին Մանուէլի կողմէ Սմբատ իշխանը վերոյիշեալ նամակը բերաւ (1166-1167), որով կայսրը կը խնդրէր Գրիգոր Պահլաւունիէ՝ Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներու միութեան գլխաւորութեան համար իր Ներսէս եղբայրը Պոլիս ուղարկել։

Ընդունելով կայսեր նամակը՝ Շնորհալին պատասխանեց, թէ կը ցաւի, որ այդպիսի բարի գործի համար, որ է եկեղեցիներու միութիւնը, անկարող է Հայրապետական Աթոռը անհաւատներու մէջ թողուլ եւ գալ։ Յայտնելով իր խնդութիւնը եկեղեցիներու ըլլալիք միութեան առթիւ, որով երկու ազգերու միջեւ ատելութիւնը պիտի վերանայ, եւ դրուատելով, բարեմասնութիւնները հիւսելով եւ գովելով կայսեր ջանքերը այդ մասին՝ Ներսէսը միութեան յաջողութեան համար հետեւեալ պայմանները առաջարկեց.

ա. որ այդ խնդրի համար կայսրը անձամբ Արեւելք գայ,

բ. որ վիճաբանութեան ժամանակ խոնարհ, հեզ եւ քաղցր ըլլայ,

գ. որ պատուիրէ յոյն եկեղեցականներուն եւ ժողովուրդին՝ չատել, չհայհոյել Հայ նժդեհ՝ վտարանդի եւ պանդուխտ ժողովուրդին։

դ. որ դէմ առ դէմ խօսակցութիւնը չըլլայ տիրաբար եւ ծառայաբար, այլ՝ իբրեւ հաւասար հաւասարի հետ,

ե. որ վիճաբանութեան հիմք միմիայն Սուրբ Գիրքը եւ հայրերու գրուածները ընդունուին՝ որոնց համեմատութեամբ նկատուած որեւէ դաւանական եւ ծիսական թերութիւն երկու եկեղեցիներէ որու մէջ որ ըլլայ, իսկոյն վերացուի՝ ջնջուի։

Այս պայմանները դնելէ յետոյ՝ Շնորհալին ընդարձակօրէն կրկին կը ներկայացնէ Հայոց Եկեղեցիի դաւանութիւնը եւ աւանդութիւնները եւ նոյն Սմբատ պատգամաւորի ձեռքով կայսեր կ՚ուղարկէ։

Շնորհալիի այս նամակին կայսրը երկու տարուայ ուշացումէ մը վերջ միայն պատասխանեց (1170, մայիս), այս ժամանակներուն (1167 թուականէն վերջերը) ան զբաղուած էր Արեւմտեան քաղաքական գործերով եւ այն ժողովով՝ որ գումարուեցաւ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Եկեղեցիներու միութեան համար եւ միութիւնը գլուխ չեկաւ՝ գլխաւորաբար եւ մասնաւորապէս յունաց Միքայէլ Անխիալոս Պատրիարքի եւ հոգեւորականութեան ցոյց տուած հակառակութեան պատճառով։ Չկարողանալով Արեւմուտքի Եկեղեցիներու միութիւնը գլխաւորել, որուն սակայն Մանուէլը մինչեւ մահը ձգտեցաւ, կայսրը աշխատեցաւ գէթ նոյնը իրագործել Արեւելքի մէջ. եւ 1170 մայիսին նամակ գրեց Շնորհալիին, եւ գովելով Ներսէսի կամքը եւ մտածողութիւնը եկեղեցիներու միութեան եւ միաւորութեան նկատմամբ՝ յորդորեց իրականացնել այդ մտածութիւնը եւ պատճառ դառնալ ամբողջ ազգի մը փրկութեան, որով ինքն ալ թագաւորական շնորհներու արժանի կը դառնար։ Յայտնեց նաեւ, թէ այդ գործի համար իր կողմէն կ՚ուղարկէ Թէորիանոս մագիստրոսը եւ Յովհաննէս Ութման հայազգին՝ իբրեւ լիազօրներ։

Դեսպանները ներկայացան Շնորհալիին եւ ամիսի մը չափ վիճաբանութիւն ունեցան՝ գլխաւորապէս Քրիստոսի մէկ կամ երկու բնութիւն ունենալու խնդրին եւ Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներու դաւանական եւ ծիսական տարբերութիւններու մասին։ Վիճաբանութեան ներկայ կ՚ըլլային Գրիգոր Տղայ, Վարդան Վարդապետը, Պետրոս եւ Սահակ եպիսկոպոսները, Ստեփանոս Վարդապետը եւ ասորիներու կողմէ՝ Քեսունի Յովհաննէս Եպիսկոպոսը, քանի որ Մանուէլ կայսրը ասորիներու Միքայէլ Պատրիարքին եւս Եկեղեցիներու միութեան համար նամակ գրած էր։ Եւ երբ Թէորիանոս Հռոմկլայ եկաւ, Միքայէլին եւս հրաւէր ղրկեց. բայց սա փոխանակ իրեն Յովհաննէս Եպիսկոպոսին ուղարկեց, որը սակայն դժգոհ Ներսէս Շնորհալիի դէպի յոյները ցոյց տուած բարեկամութենէն՝ Հռոմկլայի մասնաւոր ժողովէն հեռացաւ։

Այս ամսօրեայ վիճաբանութեան մանրամասն արձանագրութիւնը կարելի է գտնել Թէորիանոսի պատմագրութեան մէջ. (Պալճ. Պտմ. եր. 204), այնպէս ներկայացնելով, թէ Շնորհալին որպէս թէ բոլորովին ընդունած է յունաց եկեղեցիին դաւանութիւնը եւ խոստացած նոյնը ընդունիլ տալ նաեւ հայոց, եւ որպէս թէ այդ մտքով խորհրդական նամակ մը գրած է կայսեր։

Սակայն Թէորիանոսի այդ պնդումը պէտք է զրպարտութիւն կամ չափազանցութիւն համարել եւ արդիւնք այն չափազանց խաղաղասիրութեան եւ խաղաղասիրական ոգիին՝ որ ցոյց կու տար Շնորհալին։ Վիճաբանութիւնը այն արդիւնքը ունեցաւ միայն, որ յոյները համոզուեցան, թէ հայոց «մէկ բնութիւն» վարդապետութիւնը հեռու է բնաւ Եւտիքէսի շփոթումէն, իսկ հայերն ալ նոյնպէս համոզուեցան, թէ յոյները «երկու բնութիւն» ըսելով՝ հեռու են «ի Նեստորի բաժանմանէ». բայց այս չի նշանակեր, թէ Շնորհալին ընդունեց Քաղկեդոնի վարդապետութիւնը։

Շնորհալիի դաւանութեան ամենաբացայայտ վկայութիւնը այն նամակն է, որ գրեց Մանուէլ կայսեր (1170, հոկտեմբեր) Թէորիանոսի ձեռքով։ Այս նամակին մէջ չկայ որեւէ բան՝ որպէս քաղկեդոնական բացատրութիւն, այլ ընդհակառակը կրկին ու կրկին կը շեշտէ Հայոց Եկեղեցիի «մէկ բնութիւն» վարդապետութիւնը եւ կը նզովեն անոնք՝ որոնք Քրիստոսի մէջ երկու բնութիւն կը դաւանին ըստ Նեստորի եւ միաւորութեան չեն տար չարչարանքը եւ անչարչարութիւնը, մահը եւ անմահութիւնը։ Ի վերջոյ իր նամակի մէջ Շնորհալին կը գրէ կայսեր, թէ հաւատքի եւ եկեղեցական կարգերու մասին կատարեալ պատասխան միմիայն Հայ Եպիսկոպոսներու ժողովը կարող է տալ…

Թէորիանոսի սնապարծութեամբ լի նամակը, ինչպէս եւ Շնորհալիի խաղաղասիրական տրամադրութիւնը այնպէս կարծել տուին յոյներուն, թէ Հայոց Կաթողիկոսը ընդունած է Քաղկեդոնի ժողովը, եւ այս իսկ պատճառով ամէնուրեք մեծ ուրախութիւն կը տիրէր…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 9 2023, Իսթանպուլ 

Շաբաթ, Յունիս 10, 2023