ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ

Ողջախոհութեան առաքինութիւնը կը ծաղկի բարեկամութեան մէջ։ Ողջախոհութիւնը կ՚արտայայտուի մանաւանդ բարեկամութեան մէջ՝ մերձաւորին հետ։ Նոյն սեռին կամ տարբեր սեռի անձերու միջեւ մշակուած բարեկամութիւնը բոլորին համար մեծ բարիք մը կը հանդիսանայ եւ ան կ՚առաջնորդէ «հոգեւոր հաղորդութեան»։

Ողջախոհութիւնը ցոյց կու տայ աշակերտին ի՛նչպէս հետեւիլ եւ նմանիլ Անոր՝ որ մեզ ընտրեց իբր Իր «յատուկ բարեկամ»ները (ՅՈՎՀ. ԺԵ 15)։ Ինքզինք մեզի ամբողջովին տալէն ետք, մեզ մասնակից կ՚ընէ Իր աստուածային վիճակին։ Սէրը ձեւն է բոլոր առաքինութիւններուն։ Անոր ազդեցութեան տակ, ողջախոհութիւնը կը յայտնուի իբրեւ դպրոց մը «ինքնանուիրում»ի։

Ողջախոհութիւնը զինք կիրարկողը կ՚առաջնորդէ մերձաւորին մօտ վկան դառնալու Աստուծոյ բարեկամութեան, հաւատարմութեան եւ գուրգուրանքին։

Մարդը իր անհնազանդութեամբ կորսնցուց Աստուծոյ բարեկամութիւնը, սակայն Ան չլքեց մարդը եւ ուխտերը բազմացուց մարդոց հետ։ Ուստի Աստուած շնորհքին միջոցով մարդը կը վերահաստատէ Իր բարեկամութեան մէջ. այսպէս Ան կու տայ Իր ամենազօրութեան գերագոյն ապացոյցը, երբ կը համբերէ, կը գթայ եւ անսասան կը պահէ բարեկամութիւնը մարդուն հետ։ Արդարեւ, քանի որ Աստուած սէր է, ուրեմն ճշմարիտ բարեկամութեան ակն է սէրը՝ ճշմարիտ, անկեղծ եւ մշտնջենաւոր բարեկամութիւնը կը բխի սէրէն։ Ուստի, Աստուած մարդը Իր բարեկամութեան մէջ կը դասէ։

Առաջին մարդը ստեղծուեցաւ իր ո՛չ միայն բարի, այլ նաեւ հաստատուեցաւ իր Արարչին հետ բարեկամութեան մը մէջ։ Հոգեւոր արարած ըլլալով՝ մարդը այս «բարեկամութիւն»ը կրնայ ապրիլ միա՛յն Աստուծոյ նկատմամբ «ազատ հնազանդութեան ձեւ»ին տակ։ Ասոր արտայայտութիւնն է «Բարիին եւ չարին գիտութեան ծառէն ճաշակելու մարդուն վրայ դրուած արգելք»ը. «որովհետեւ այն օրը որ ուտես անկէ, պիտի մեռնիս» (ԾՆՆԴ. Բ 17)։ «Բարիին եւ չարին գիտութեան ծառը» (ԾՆՆԴ. Բ 17) խորհրդանշականօրէն կը յիշեցնէ «անանցանելի սահման»ը, զոր մարդը իբր արարած պարտի ազատօրէն ընդունիլ եւ վստահութեամբ յարգել։

Արդարեւ, մարդը կախում ունի Արարիչէն, ան ենթակայ է արարչութեան օրէնքներուն եւ բարոյական կանոններուն, որոնք կը կանոնաւորեն ազատութեան գործածութիւնը՝ սիրոյ եւ բարեկամութեան մէջ։ Ուստի հաւատարմութիւն եւ հնազանդութիւն կը զօրացնեն բարեկամութիւնը։

Ո՛րքան մասնակցինք Քրիստոսի կեանքին եւ յառաջդիմենք Անոր «բարեկամութեան» մէջ, ա՛յնքան դժուարաւ Իրմէ կը խզուինք մահացու մեղքով։ Այս ուղղութեամբ «Նոր Օրէնք»ը կոչուած է «օրէնք սիրոյ», որովհետեւ ան գործել կու տայ Սուրբ Հոգիին չեղած սիրոյ միջոցով քան վախով։ Ան կոչուած է նաեւ «օրէնք շնորհքի», քանի որ իր հետ կը բերէ շնորհքին զօրութիւնը՝ գործելու համար հաւատքին եւ սուրբ խորհուրդներուն միջոցաւ։ Կոչուած է նաեւ «օրէնք ազատութեան», որոհետեւ կ՚ազատէ մեզ Հին Օրէնքին ծիսական եւ իրաւական կանոնապահութենէն, կու տայ մեզի հակումը գործելու «սիրոյ ինքնաբուխ մղում»ով, եւ վերջապէս կ՚անցընէ մեզ ծառայի վիճակէն՝ ուր կ՚անգիտանայ թէ ի՛նչ կ՚ընէ իր Վարդապետը, դէպի վիճակը Քրիստոսի բարեկամի, «Որովհետեւ ի՛նչ որ սորվեցայ Հօրմէս՝ զայն յայտնեցի ձեզի» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 15), կամ դէպի վիճակը «ժառանգորդ որդի»ի. (ԳԱՂ. Դ 1-7, 21-31), (ՀՌՈՄ. Ը 15-17):

Ուստի, «Նոր Օրէնք»ը՝ օրէնք մըն է սիրոյ, օրէնք մը շնորհքի, օրէնք մը ազատութեան եւ օրէնք մը բարեկամութեա՛ն։

Արդարեւ, Յիսուս Իր մարդկային սիրտը տրամադրելով Հօր սիրոյն մարդոց հանդէպ, «ի սպառ զանոնք սիրեց» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 1). «որովհետեւ չկայ աւելի մեծ սէր քան իր կեանքը տալ իր բարեկամներուն համար» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Եւ ահաւասիկ, այս խօսքին մէջ է որ ամենալաւ կերպով կ՚արտայայտուի սիրոյ կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը բարեկամութեան մէջ, որ մարդկային փոխյարաբերութիւններու նկատմամբ զօրաւոր կապ մը կը հաստատէ։

Բարեկամութիւնը սերտ կապ մը կը հաստատէ թէ՛ մարդոց միջեւ եւ թէ մարդոց եւ Աստուծոյ միջեւ։

Սուրբ Թերեզա Աւիլացի իր հետեւեալ խօսքերով, բարեկամութեան կարեւորութիւնը կը մատնանշէ աղօթքի մէջ. «Հայեցողական աղօթքը ըստ իս սերտ բարեկամութեան առեւտուր մըն է, ուր դէմ առ դէմ առանձին կը խօսինք այն Աստուծոյ հետ, զոր գիտենք որ մեզ կը սիրէ»։ Եւ դարձեալ այս խօսքերը մեզի ցոյց կու տան, թէ սէր եւ բարեկամութիւն ո՛րքան սերտօրէն կապուած են իրարու՝ այնքան որ եթէ չկայ սէր՝ չկա՛յ նաեւ բարեկամութիւն՝ որ կը պահանջէ հաւատարմութիւն, անկեղծութիւն, իրերհասկացողութիւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 17, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2019