ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ԹՈՂԱԾ ՄԵԾԱՐԺԷՔ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Հայոց Եկեղեցին, Սրբոց Թարգմանչաց յիշատակի տօնին յաջորդող օրերը հռչակած է «Մշակոյթի շաբաթ» եւ այս շրջանին է, որ կը յիշատակուի սքանչելի՜ հրաշքը՝ Հայ Գիրերու գիւտին յաջորդող թարգմանութիւնները կատարող թարգմանիչներուն նուիրական եւ սրբազան աշխատանքը։ Այս շրջանը անուանուած եւ տօնուած է նաեւ «Մշակոյթի ամիս»։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի առաջնորդած այս հրաշալի շարժումը հայ ժողովուրդի մթագնած հորիզոնին վրայ իմաստութեան եւ հանճարի արեւը ծագեցուց, եւ հայը սկսաւ հայերէն գրել, հայերէն կարդալ եւ հայերէն արտասանել, որ կարելի է ըսել «հայերէն խօսիլ» Աստուծոյ հետ, երբ աղօթքներ արտասանուիլ սկսան հայերէն, շարականեր սկսան երգուիլ հայերէն։

Այս իմաստով Թարգմանչաց տօնը Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ երանելի գործակիցներուն թողած մեծարժէք ժառանգութեան յիշատակի տօնն է։

Հայ գիրերու գիւտէն ետք, 406 թուականին Մեսրոպ Մաշտոց եւ երանելի աշխատակիցները՝ այս «լոյսի առաքեալներ»ը լծուեցան թարգմանութեան օգտաշատ եւ նուիրական գործին եւ նախ թարգմանեցին Աստուածաշունչ մատեանը՝ որ կոչուեցաւ «Թագուհի թարգմանութիւններու»։

Երանելի թարգմանիչները, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտները երեսուն երկար տարիներ տրամադրեցին Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութեանը համար, եւ յետոյ թարգմանեցին այդ շրջանի բոլոր հոգեւոր եւ աշխարհիկ գրականութիւնը։ Եւ այս պատճառով, Ե դարը կոչուեցաւ «Ոսկեդար»։

Ոսկեդարի լոյսի աղբիւրէն լոյս ստացան ապագայի սերունդներ, լուսաւորուեցան եւ դիմադրեցին տգիտութեան պատճառած բոլոր նեղութիւններուն եւ անպատեհութիւններուն։

Արդարեւ, հոն ուր լոյս կայ, մութը, խաւարը այլեւս տեղ չ՚ունենար, կը փարատի, կը չքանայ։

Պահ մը խորհինք. եթէ հայ գիրերու գիւտը չկատարուէր, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մը նման գիւտարար մը չունենայինք, ի՞նչ պիտի ըլլար։ Պարզ է պատասխանը՝ նախ այս տողերը պիտի չգրուէին, ապա դուք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, պիտի չկարենայիք կարդալ հայերէն թերթ, գիրք կամ որեւէ գրութիւն, որ հայերէն ըլլար։ Թերեւս հայ մշակոյթն ալ այսքան ճոխ, այսքան հարուստ պիտի չըլլար, քանի որ միւս գեղարուեստներու կողքին գիրը եւ գրականութիւնն ալ մշակոյթի մը կազմութեան եւ տարածման կարեւոր նպաստ մը ունին։ Ուստի, իր ամենալայն առումով «լեզուն՝ որ գիր է եւ գրականութիւն մեծ մասամբ» կարեւոր եզր մըն է մշակոյթի կազմութեան, հաստատման եւ տարածման համար։

Եթէ հայ գիրը չըլլար, մեր ինքնութենէն շատ բան պիտի կորսնցնէինք։ Որովհետեւ «լեզու»ն միայն խօսիլ չէ, այլ նաեւ՝ գրել, կարդալ, իւրացնել եւ մտքի եւ հոգիի միութիւն մը, համաձայնութիւն մը կազմել։

Եթէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր երանելի աշակերտները, գործակից եւ լծակիցները գոյութիւն չունենային, շատ բան պիտի պակսէր հայ ժողովուրդէն եւ թերեւս ինքնութեան հարց մըն ալ պիտի ծագէր, քանի որ լեզուն՝ գիրը եւ գրականութիւնը մեծ մասամբ իրար կը միացնէ, իրար կը կապէ անհատները եւ անոնք ոչ միայն «հաւաքականութիւն» այլ «ժողովո՛ւրդ» կ՚ըլլան եւ ուրիշ եզրերու միացումով «ազգ» կ՚անուանուին։

Ահա այս ընկերային ընթացքին մէջ «լեզուն» կարեւոր դեր մը կը խաղայ։ Եւ ուրեմն, անվարան կարելի է ըսել, որ հայ ժողովուրդը ուրիշ ազդակներու կարգին իր գոյապահպանումը եւ գոյատեւումը կը պարտի Թարգմանիչներուն, որոնք իրենց աչքի լոյսը կորսնցնելու գինով, անմեռ եւ անմար ջահը սերունդէ սերունդ փոխանցելով մեզի հասցուցին։ Ասիկա, ահաւասիկ, կերպով մը բարոյական ժառանգութիւն մըն է, եւ ամէն ժառանգորդ պարտաւոր է եւ պատասխանատո՛ւ իրեն փոխանցուած ժառանգը լաւագոյն կերպով պահելու եւ պահպանելու, հետզհետէ ճոխացնելով զայն։ Եւ ասիկա կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր անհատ պատասխանատու է նաեւ ապագայ սերունդներու՝ ժառանգը աւելի եւս ճոխացած կերպով փոխանցելու նկատմամբ։

Բայց կարեւոր հարց մըն է սա՝ թէ մենք որ աստիճան բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ կ՚օգտագործենք այս անգին ժառանգը, եւ ո՛րքան գիտակցութիւնը ունինք մեր պատասխանատուութեան, քանի որ մեզի փոխանցուածը մենք ալ փոխանցելու պարտաւորութիւնը ունինք, թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքաբար։ Եւ այս անգին, մեծարժէք ժառանգին հանդէպ անտարբերութիւնը անհաւատարմութիւն մը պէտք է նկատել Թարգամիչներուն հանդէպ, որոնք զոհեցին իրենց ամէն ինչը, որպէսզի մենք ապրինք հպարտ եւ արժանի մեր ինքնութեամբ։

Արդարեւ, հեթանոսական շրջաններուն երբ հայ ժողովուրդը կրակը կամ արեւը կը պաշտէր, իր հոգիին խորը կը զգար Լոյսին կարօտը՝ ճշմարտութեան, իմաստութեան, բարութեան ակնաղբիւրը։ Եւ գիրերու գիւտէն անմիջապէս յետոյ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց անցաւ այն գործին՝ որուն մասին տարիներ շարունակ աղօթած էր, այսինքն՝ Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութեան։ Ան անմիջապէս հաւաքեց աշակերտները եւ սկսաւ թարգմանութեան։ Ինք կը թարգմանէր եւ Հռուփանոս գրի կ՚առնէր, միաժամանակ աշակերտներուն գրել կը սորվեցնէր։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութեան սկսաւ Առակաց գիրքէն։

Հայերէն լեզուով թարգմանուած եւ գրուած առաջին բառերն են. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ. իմանալ զբանս հանճարոյ» (ԱՌԱԿԱՑ Ա 2), ինչ որ կը նշանակէ. «Իմաստութիւնը եւ խրատը գիտնալու համար, հանճարին խօսքերը հասկնալու համար»։ Այս խօսքերը փորագրուած են կրանիթէ երկու հսկայ սիւներու վրայ եւ կանգնեցուած Աշտարակ քաղաքի մուտքին, որ շատ մօտ է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդավայր Օշականին, որուն եկեղեցիին խորանին տակ կը գտնուի իր դամբարանը։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կենսագիրը՝ Կորիւն, կը շեշտէ, թէ ան կը մտածէր թէ ի՛նչ միջոցով կրնար հայոց երկիրը լա՛ւ քրիստոնեայ դարձնել։ Այս ուղղութեամբ գիրերու գիւտը պարզապէս եղած է քրիստոնէական քարոզչութեան համար։ Տարիներ շարունակ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մտահոգութիւնը եղած էր իր ժողովուրդին հոգեւոր փրկութիւնը, եւ ասոր համար էր որ անընդհատ կ՚աղօթէր, կը ճգնէր, կու լար, խնդրելով որ Աստուած միջոց մը ցոյց տայ իրեն, հոգեւոր փրկութիւնը հասցնելու իր հայրենակիցներուն։

Պէտք է նշել, որ այս մասրամասնութիւնը կարեւորութեամբ յիշուած չի տեսնուիր ընդհանրապէս, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց ներկայացուելով սոսկ որպէս հայ գիրերու գիւտարար…։

Այս իմաստով, Սրբոց Թարգմանչաց տօնը հանդիսաւորումն է հայ մշակոյթին եւ դպրութեան։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մէջ կը տեսնուի հանճարին նիւթը՝ բեղմնաւորուած քրիստոնէական շունչով։ Ուստի գիրերու գիւտին յաջորդող «Ոսկեդար»ով երաշխաւորուած է հայ գրականութիւնը որպէս կոթողումը հայ բնատոհմիկ հոգիի յայտնաբերման։ Արդարեւ, գիրերու գիւտը արդիւնքն է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի էութիւնը լեցնող հոգեկան տառապանքներուն։

Իսկական հերոսացումի տիպար մըն է ան, մեծ գործեր, հրաշալիքներ կը ծնին տառապող հոգիի խռովքէն, եւ ամէն ստեղծագործութեան արմատական ազդակը՝ ազնիւ տանջանքը, հոգեկան ցա՛ւն է։ Հետեւաբար, հոգեպէս կեդրոնացած ուժին ներգործութեան հետեւանքն է գիրերու գիւտը, եւ ասիկա կարելի է նմանցնել Յիսուսի Գեթսեմանիի մէջ ապրած տրտմալից հոգեվիճակին, (ՄԱՏԹ. ԻԶ 36-46)։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անգին ժառանգին տէր կանգնիլ մեր առաջնակարգ պարտականութի՛ւնն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 6, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020