ՊԱՅՔԱՐԻՆ ԻՄԱՍՏԸ

Գաղափարախօսութիւն բառէն ետք մեր հայրենասիրութեան բառարանին վրայ ունինք պայքար բառը, որ առաջինին հակառակ իր խորհրդաւորութենէն դուրս գալով հպարտութեան եւ յաղթանակի հոտ մը կը ձգէ: Մեր մօտ գաղափարախօսութիւնն ու պայքարիլը երկու տարբեր երեւոյթներ որպէս կը ներկայանան, սակայն իսկութեան մէջ շաղախուած ու իրարմէ անբաժան են:

Մեր հասարակութենէն ներս այսօր բոլո՛րը կը պայքարին. Եկեղեցին, կուսակցութիւնները, իշխանութիւնը, կազմակերպութիւնները մինչեւ իսկ ամենէն աննշմար միութիւնը պայքարելու «սրբազան» ճամբան բռնած են, սակայն թերացած են քերականական ճշդութեամբ հարցնելու «որո՞ւ»  եւ «ինչո՞ւ» հարցումները. մենք որո՞ւ դէմ կը պայքարինք եւ աւելի կարեւորը՝ ինչո՞ւ կը պայքարինք. ի՞նչ է նպատակը այդ պայքարին:

Այս հարցերուն պատասխանները չգիտնալով մէկտեղ՝ չենք գիտեր նաեւ ինչպէ՞ս պայքարիլ:

Պահ մը ենթադրենք, որ հայաթափութիւնն ու ձուլումը քամին է, իսկ մենք ծառեր ենք անոր դիմաց« Քամին իր բոլոր ուժգնութեամբ կը փորձէ արմատախիլ ընել ծառը: Նման պարագայի մը ծառին ի գործ դրած պայքարը կարծուածին պէս քամիին դէմ դիմադրելը չէ՛, որովհետեւ այդ անհաւասար պայքարին մէջ ծառը պիտի յաղթուի: Քամին փոխադրելու փոխարէն ծառը պէտք է զբաղուի եւ պայքարի իր արմատները զօրացնելով՝ որպէսզի ո՛չ մէկ քամի եւ փոթորիկ զինք քշէ. այսօր այդ պայքարին պակասը ունինք մենք: Թշնամիներուն դէմ ատելութեան լոզունգները երբեք պայքար չեն եւ չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ պայքարը խօսքէ աւելի գործով կը սնուի:

Մենք այսօր արմատներով տկար՝ կը փորձենք դէմ դնել փչող քամիներուն: Այսօր կարելի չէ երկրաշարժերուն դէմ դնել, սակայն կարելի է կորուստները կանխել կառոյցներու ներքին հզօրացումով. մենք ազգովի այդ ներքին հզօրացման կարիքը ունինք:

Գաբրիէլեան այդ ներքին պայքարի իբրեւ մեծագոյն արգասիք կը յիշէ «հայկական դաստիարակութիւն»ը. հեղինակը այդ կրթութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ, որովհետեւ այդ պակասն է, որ մեր երիտասարդութիւնը կը հեռացնէ հայկական կեանքէն. աւելին, հեղինակը կ՚առաջարկէ օտարութեան, մա՛նաւանդ այլ երկիրներու մէջ ուսումի չղրկել երիտասարդութիւնը՝ եթէ չունին լաւ «հայկական դաստիարակութիւն», այլապէս շա՜տ դիւրութեամբ կը հեռանան եւ կը հայաթափուին:

Նոյնն է պարագան հոգեւոր գետնի վրայ. իր հաւատքին մէջ ամուր ու հաստատ չեղող անձ մը շա՜տ աւելի դիւրութեամբ կը հետեւի օտար հաւատալիքներու՝ քան ա՛յն անձը, որ իր մէջ լաւապէս հաստատած ու իւրացուցած է իր սեփական հաւատալիքի սկզբունքներն ու գիտութիւնը։

Մեր անկման պատճառը ո՛չ ժամանակն է, ո՛չ համաշխարհայնացումն է, ո՛չ ալ արտաքին աշխարն է. մեր անկման պատճառը մեր ներքին տկարութիւնն է: Պայքարի մէջ հիմնական յաղթութիւնը թշնամին կամ վտանգը տկարացնել կամ մեղմացնել չէ, այլ անձնապէս աւելիով զօրանալն է, որովհետեւ ներքին հզօրացումը ինքնաբերաբար կը բերէ այն յաղթութիւնը՝ որուն երազովը կ՚ապրինք դարեր շարունակ: Այդ ներքին տկարութեան պատճառով է, որ մենք այսօր ունինք բազմաթի՜ւ անձեր, որոնք մարմինով հայ, սակայն հոգիով արաբ, թուրք եւ կամ ամերիկացի են արդէն:

Այսօր մարդ կը համարձակի՞ Թուրքիոյ մէջ անվայել բառ մը նոյնիսկ արտասանել Քեմալ Աթաթուրքի մասին. վստահաբար ո՛չ, որովհետեւ նման պարագայի գիտենք ինչպիսի կացութեան մէջ կրնայ մատնուիլ, սակայն այսօր նոյնը չէ՛ մեր պարագային. մեր ամենէ՛ն ազնուական արժէքները նոյնիսկ ոտնակոխուին, ունինք թիւով մե՜ծ երիտասարդութիւն մը, որ կրնայ անտարբերութեամբ հետեւիլ անցուդարձին. հայեցի դաստիարակութեան եւ պայքարի ոգիին պակասը ա՛յս է:

Այսօր մեր դպրոցներուն պարտականութիւնը թուաբանական հաշիւներ, գիտական ճշմարտութիւններ ուսուցանելու կողքին այդ ոգին փոխանցելն է. ա՛յդ է պատճառը, որ մեր հայրերը տարիներ շարունակ կարեւորութիւն տուին հայկական դպրոցներուն, թէ ոչ նոյն թուաբանական հաշիւը գուցէ եւ շա՜տ աւելի լաւ ձեւերով կը փոխանցուին օտար դպրոցներու մէջ եւս: Մեր մօտ ալ մէկին մէկ գումարած՝ երկու կը կազմէ իրենց մօտ ալ, սակայն դպրոցին նպատակը այս պէտք չէ ըլլայ:

Պէտք է համոզուիլ, որ այսօր պայքարը բողոքի ցոյցերէն, լոզունգներէն եւ ճառերէն շատ աւելի վեր բան մըն է եւ այդ պայքարը ո՛չ թէ օտարին, ալ սեփական անձին վրայ դրուած ուժն է՝ որ մեր հայերուն կողմէ կոչուած է հայակերտում:

Այնպէս ինչպէս հողին տակ տակաւին չգտնուած ոսկին ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ մարդոց համար, նոյնն է պարագան նաեւ մեր պայքարի ոգիին։ Մինչեւ հայու հոգին դուրս չբերենք, բոլոր պայքարները մեզի համար պարտութիւն են պարզապէս:

•վերջ

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -166-

Մարդիկ երբ եկեղեցական մը տեսնեն, յանկարծ իրենց հայհոյախառն խօսակցաձեւը մէկ կողմ դրած կը փորձեն մաքրամաքուր հայերէնով մը խօսիլ... լեցուն ահաւոր սխալներով ու անհասկնալի «հոմանիշ»ներով։

Առիթով մը այլ եկեղեցականի մը հետ շուկայ գացի։ Վաճառող պարոնէն խնդրեցինք մեր ուզածը։ Ընկերակցող միաբանը այլ գնում մըն ալ ուզեց ընել։ Վաճառողը իրար անցնելով իր մաքուր հայերէնը խօսեցուց... Պանիրին զուգահե՞ռ շիշ մը ջուր...

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023