ԾԻԾԻԿՆԵ՜Ր

Վերոյիշեալ վերնագիրին դիմաց մեր տարեց ընթերցողները յաւիտենական կրակին չարժանանալու համար կրնան անմիջապէս «Մեղայ Ամենասուրբ» մը արտասանել, ինչու չէ, նաեւ անցնիլ Նարեկի ընթերցանութեան, իրենց մասին պատրաստուած դատաստանի գիրքէն ջնջելու համար այն գայթակղութիւնը, որ ես պիտի պատճառեմ այսօր իրենց:

Աւագ երկուշաբթի օրով ինչքանո՞վ տրամաբանական է գրել նման նիւթի մը մասին՝ չեմ գիտեր, սակայն ազգովի մեր «նուաճած» անբարոյականութեան գագաթնակէտը այսօր ո՜չ Աւագ շաբաթ, ո՜չ Տէրունական տօն եւ ո՛չ ալ սրբութիւններ կը ճանչնայ եւ կը շարունակենք ապրիլ այնպէս՝ ինչպէս պիտի չապրէին մեր նախնիները:

Մի քանի օրեր առաջ համացանցի վրայ տեղադրուած գտայ տեսերիզ մը, ուր մայր մը, աւելին՝ ՀԱՅ մայր մը ամենայն համարձակութեամբ իր «ունկնդիրներուն» եւ «ակնդիրներուն» համար տեսերիզ մը պատրաստելով կ՚ըսէ. «Այսօր միասնաբար պիտի խօսինք իմ ծիծիկներուն մասին...»: Այս տեսերիզէն շաբաթ մը առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցներէն Վարանդին հետ կը խօսէինք մեր ժողովուրդին մէջ բոյն դրած անբարոյականութեան հարցին շուրջ. տեսերիզը ղրկեցի Վարանդին ու երկտող մը գրեցի. «Եղբայր, տես թէ ուր հասած ենք. խնդրեմ առանձին եղած ժամանակ դիտէ»:

Առաջարկեցի առանձին դիտէ, որ յանկարծ շուրջինները մասնակից չդառնան այդ անբարոյականութեան, սակայն ետքը սկսայ մտածել հետեւեալը. ՀԱՅ մայրը նման նիւթեր արծարծելու չ՚ամչնար, սակայն մենք կ՚ամչնանք լսելէ եւ կ՚ամչնանք նոյնիսկ անոր մասին գրելէ: «Մեղայ Ամենասուրբ» կարդացող մեր տարեցները եթէ ամչցան յօդուածին վերնագիրէն, ըսեմ, թէ ՀԱՅ մայրը հպարտութեամբ խօսեցաւ այդ մասին:

Այս բոլորին դիմաց  նոյն հարցը կը դրուի մեր. ո՞ւր կ՚երթանք այսպէս... ո՞ւր պիտի հասնինք վերջապէս եւ տակաւին ինչքա՞ն պիտի ապականենք մեր ինքնութիւնը վաճառքի դնելով ամէ՛ն բան՝ ներառեալ արժանապատուութիւնն ու պատիւը:

Իր ծիծիկներուն գովքը հիւսող ՀԱՅ մայրը մեր մէջ բոյն դրած բազմատասնեակ անբարոյականութիւններէն օրինակ մըն է պարզապէս:

Եթէ յօդուածին խորագիրը ձեզ զարմացուց, վստահ եղէք բախտաւոր էք, որ հաղորդ չէք դարձած ՀԱՅ մօր արծարծած նիւթերուն, ուր հպարտութեամբ կը բարձրաձայնէր «իմս զաւակներու կաթ տուած, բնական գեղեցիկ ծիծիկներ են». ու տեսնէ՜ք տեսանիւթին տակ գրուած մեկնաբանութիւնները, անձրեւի նման տեղացող սրտիկներն ու «լայք»երը, որովհետեւ այս բոլորը կամաց կամաց կը սկսի բնական տեսք ստանալ մեր ընկերութենէն ներս:

Այս բոլորը գրելու չե՛նք ամչնար, որովհետեւ այսօր հայաթափութեան կողքին բարոյալքման ահազանգը եւս գոյութիւն ունի մեր հաւաքական կեանքէն ներս, ամօթ ըսուածը կամաց կամաց կը վերանայ եւ «զարգացած» ու «բացմիտ» անուան տակ անբարոյականութիւն կը տարածուի ամէնուր: Այդ տեղադրուած տեսերիզը մեծահասակներու կողքին կը տեսնեն նաեւ երիտասարդներն ու պատանիները: Անցեալին եթէ երիտասարդներու կամ պատանիներու իտէալները մեծ անուանի մարդիկ էին, այսօր համացանցի «աստղ»երն են, որ ծափահարութեան դիմաց պատրաստ են ամէ՛ն տեսակ անբարոյական նիւթեր արծարծելու, մինչեւ իսկ հպարտութեամբ խօսելու զաւակներ կերակրած ՀԱՅ մօր ծիծիկներուն մասին:

Եթէ այդ ՀԱՅ մայրը իրապէս զաւակներ կերակրած է այդ իր ծիծիկներով... չեմ ուզեր երեւակայել ա՛յն կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը, որ նման մայր մը պիտի փոխանցէ իր զաւակներուն: Յակոբոս առաքեալ իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն քաղցր եւ դառն ջուր կը բղխէ՞» (Յակոբոս 3.11). այս խօսքին լոյսին տակ նման մայր մը կրնա՞յ թէ՛ անբարոյ ըլլալ եւ թէ՛ բարոյականութիւն փոխանցել իր զաւակներուն, ճի՛շդ այն ոճրագործներուն պէս, որոնք եւրոպական անպիոններէն խաղաղութեան ու եղբայրասիրութեան քարոզ կը կարդան:

Մեր հիմնական ահազանգը մեր այսօրէն աւելի ապագայինն է, որովհետեւ այդ աղբիւրները միա՛յն դառն ջուր պիտի բղխեն եւ այդ դառն ջուրերը իրենց կարգին ծնունդ պիտի տան նոր դառն ջուրերու եւ այսպէս տակաւ առ տակաւ աւելիո՛վ դէպի անդունդ պիտի առաջնորդուինք: Եթէ այսօրը սրբագրելը դժուար կը նկատէք, ապագան սրբագրելը շա՜տ աւելի դժուար պիտի դառնայ, որովհետեւ ծառը իր հասակ առած ժամանակ կը շտկեն. մեծնալէ վերջ անօգուտ. պէտք է կտրել ու պատուաստել զայն:

Մեր նախնիները արժանապատուութեան կողքին յաճախ խօսած են ՀԱՅՈՒ արժանապատուութեան մասին, որովհետեւ ընդհանուրէն առանձնացող յատկութիւն մը տեսած են անոր մէջ՝ որ վայել է միայն հայուն:

Ողորմած մեծ մայրս իր ծունկերէն աւելի երկարող հագուստը բազմիցս կը շտկէր, որ չըլլայ յանկարծ որ ծունկերը երեւին... այսօր ՀԱՅ մայր մը իր ծիծիկներուն գովքը հրապարակաւ կը հիւսէ... անցեալին կար «ամօթ ըլլայ ըսելը» արտայայտութիւն մը, այսօր վերացած է այդ ամօթը. այս է տարբերութիւնը սերունդներուն:

Ծանօթ մը հարցուց. նման խորագիր ամօթ չէ՞. պատասխանեմ. Ամօթը ո՛չ թէ մեր գրածները, այլ մեր ըրածներն են...վա՜յ մեզի:

Յ.Գ. Վարանդին պատասխանը տեսերիզին.- Հասած ենք անասնութեան գագաթնակէտ. ուրիշ ո՛չ մէկ բան. պատկերացուր այս անբարոյին դաստիարակած զաւակները ի՞նչ պիտի ըլլան: Մարդիկ ո՞ւր հասած են այսպէս... չե՜մ գիտեր...:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱՀՐԱՄ ՏԱՏՐԵԱՆ
(1900-1948)

Մեր թուականէն 74 տարիներ առաջ՝ 11 ապրիլ 1948-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է հայ գրող եւ մտաւորական Վահրամ Տատրեան:

Տատրեան ծնած է 30 ապրիլ 1900-ին, Թուրքիոյ Չորում քաղաքին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, սակայն Համաշխարհային Ա. պատերազմի հետեւանքով ուսումը կիսատ թողելով ընտանիքի անդամներուն հետ միասին բռնած է գաղթի ճամբան՝ դէպի արաբական երկիրներ: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք՝ 1919-1936 թուականներուն ապրած է Պոլսոյ մէջ եւ ապա վերջնական հաստատուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Տատրեան Պոլիս գտնուած միջոցին աշխատակցած է սկզբնական շրջանին Պոլսոյ եւ ապա Փարիզի մէջ լոյս տեսնող «Կավռօշ» երգիծական պարբերականին:

Տատրեան առաւելաբար իր գրութիւններուն մէջ ներկայացուցած է պոլսահայ կեանքը. իր գործերէն շատեր առաձին գրքոյկներով հրատարակուած են: Գրողի յայտնի գործերէն են «Բարեւ տէր պապա»ն, «Պատուոյ գողը կամ քօր ամուսինը», «Իմ անցեալը», «Վերջին ներկայացումը» եւ այլ աշխատութիւններ:

Տատրեան երգիծական գրութեանց կողքին «Դէպի անապատ»  աշխատութեան մէջ գրած է նաեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի իր յուշերն ու ականատեսի վկայութիւնները: «Նելլի Պելլա» աշխատութեան մէջ ներկայացուցած է Թուրքիոյ եւ մասնաւորաբար Պոլսոյ ապականած բարքերն ու սովորութիւնները:

Տատրեան փորձած է գրել նաեւ թատրերգութիւններ, որոնք հրատարակուած են իր «Հինգ թատերախաղեր եւ ցրուած էջեր» հատորին մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022