ԳՈՅՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆ

Բնութեան մէջ չկայ որեւէ իր եւ իրողութիւն, որ չունենայ իմաստ մը, նշանակութիւն մը։ Արդարեւ, ամէն ինչ ստեղծուած է նպատակի մը համար, նպատակի մը ծառայելու համար։ Այս կը նշանակէ, որ բնութեան մէջ տեսնուած ամէն ինչ «լեզու» մը ունի, եթէ նոյնիսկ անիկա բացայայտ չըլլայ։ Եւ այս իրականութենէն կը հետեւի՝ թէ բնութեան մէջ, մեր շուրջը գտնուած ամէն բան կարեւորութիւն մը ունի եւ պէտք է այդ աչքով դիտել բնութիւնը, մտքի աչքերով տեսնել զայն եւ տեսնուած ամէն բանէ իմաստ մը, նշանակութիւն մը առնել եւ ըստ այնմ օգտագործել զայն։

Այս ուղղութեամբ, բնութեան մէջ տեսնուած գոյներն ալ իւրայատուկ «լեզու» մը ունին եւ շա՜տ բան կ՚ըսեն, եթէ անոնց մտքի աչքով նայի մարդ։

Արդարեւ, գոյները անբաժան են մարդկային կեանքէն, քանի որ անոնց կարելի է հանդիպիլ ամէն տեղ, ամէն վայրկեան։ Բնութիւնը ինքզինք կը յայտնէ գոյներով, գոյներն են որ իւրայատուկ լեզուով կը խօսին, կը բացատրեն եւ կը ներկայացնեն լուռ, անձայն բնութիւնը։

Արդարեւ, գոյնը կը ցուցնէ զանազան վիճակներ, զանազան բնութիւններ, զանազան իրողութիւններ։ Գոյնը նկարագի՛րն է, ինքնութիւնն է որեւէ իրի կամ որեւէ իրողութեան։ Բնութեան մէջ իրենց գոյներով կը ճանչցուին զանազան գոյացութիւններ, զոր օրինակ, բոյսեր, քարեր, հողեր, եւ այլն։

Ուրեմն «գոյն»ը՝ «երանգ», «թոյր», «երփն» հոմանիշներով կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ մարդկային կեանքին մէջ եւ մեծ մասամբ կը դիւրացնէ զայն, շատ մը անհասկնալի բաները հասկնալի դարձնելով։

Կարելի՞ է երեւակայել անգոյն աշխարհ մը։ Գոյներն են որ կենդանութիւն կու տան, ինքնութիւն կ՚ընծայեն շատ մը բաներու, քանի որ անոնք ընդհանրապէս կը ճանչցուին իրենց գոյներով։ Գոյնը այն տպաւորութիւնն է, որ աչքը կը ստանայ որեւէ առարկայի վրայէն արտացոլած լոյսի ճառագայթէն. (Հայերէն բացատրական բառառան, Ստեփան Մալխասեանց, 1944)։

Այո՛, գոյները լեզու ունին եւ կը խօսին, բայց իրենց «լեզուն» կը փոխուի երկրէ երկիր եւ շրջանէ շրջան։ Թէեւ գոյներու «լեզուն» տեղ տեղ եւ ատեն ատեն տարբեր նշանակութիւններ կ՚ունենայ, սակայն հիմնական գիծերը միշտ նոյնը կը մնայ։

Ճերմակ գոյնը.- Ճերմակը, ընդհանրապէս կը խորհրդանշէ անբծութիւն, մաքրութիւն, յստակութիւն եւ կամ խաղաղութիւն։ Ան կը խորհրդանշէ նաեւ գեղեցկութիւն. (ԺՈՂ. Թ 8), (ՅԱՅՏ. Գ 3)։

Ճերմակ գոյնը թագաւորական եւ քահանայական գոյն էր Հրեաներու մէջ, կապուտակ գոյնի հետ, ինչպէս էր «ծիրանի»ն՝ Հռոմայեցիներու մէջ. (ԵՍԹ. Ը 15), (ՅՈՎՀ. ԺԹ 2)։

Արդարեւ, ընդհանրապէս կ՚ըսուի. «Ձիւնի պէս ճերմակ է», ինչ որ կը նշանակէ՝ զտութիւն, անխառն ըլլալ, մաքուր ըլլալ, այսինքն՝ անպարտ ըլլալ, անմեղ եւ սրտով մաքուր ըլլալ, որեւէ յանցանք գործած չըլլալ՝ պատժապարտ չըլլալ։

«Ճերմակ դրօշակ»ը խորհրդանիշ է խաղաղութեան՝ անդորրութեան եւ ապահովութեան։

Սեւ գոյնը.- Սեւը խորհրդանիշն է սուգի, սգաւորութեան, եւ կամ տխրութեան, տրտմութեան, մելամաղձոտութեան։ Ուստի ընտանիքին մէջ երբ մահ պատահի, սեւ զգեստ կը հագուին ընտանիքին մնացեալ անդամները՝ ցոյց տալու համար իրենց ցաւը եւ վիշտը։

Սեւ գոյնը, ուրեմն, նշանակ է նաեւ թշուառութեան. (ՅՈԲ. Լ 28-30), (ՅԱՅՏ. Զ 5, 12)։

Կանաչ գոյնը.- «Կանանչ» որ իրականին պէտք է գրուի՝ «կանաչ», ինչպէս որ գարունը վերակենդանութեան, նոր յոյսերու խորհրդանիշն է, կանաչ գոյնն ալ նո՛յնպէս յոյսի խորհրդանիշն է։

Բայց ինչպէս աւելի առաջ մատնանշուեցաւ, տեղէ տեղ, երկրէ երկիր կրնայ փոխուիլ գոյներու տրուած նշանակութիւնները։ Եւ ինչպէս այս նշանակութիւնները կրնան փոխուիլ ժամանակաշրջաններու համեմատ, եւ ուրեմն այս խորհրդանիշները յարաբերական են եւ փոփոխութեան ենթակա՛յ։ Զոր օրինակ, կանաչը կը խորհրդանշէ նաեւ վախը։ «Վախի պատճառով կանաչ գոյն ստանալ» ասացուածքը շատ վախցած ըլլալու վիճակը ցոյց կու տայ։ Անշուշտ, ինչպէս ըսուեցաւ, ասիկա յարաբերական է եւ կը փոխուի տեղէ տեղ։

Կարմիր գոյնը.- Կարմիրը նախ կը խորհրդանշէ «յոյզ», «կիրք», «սէր» եւ նաեւ «չարչարանք»։ Կարմիր վարդը սապէս կը խօսի. «Քեզ կը սիրեմ»։ Արդարեւ, «կարմիր»ը երբ կը խորհրդանշէ թէ՛ սէրը եւ թէ՛ չարչարանքը, պէտք չէ՛ զարմանալ «սիրահարուիլ» բառին նմանութեան «սիրավիրաւորուիլ» բառին, որոնք թէեւ կը հակասեն զիրար, բայց «սաստիկ սիրով վիրաւորուիլ» իրողութիւնն ալ պէտք չէ՛ հեռու պահել մտածութենէ։

Կարմիր գոյնը ունի նաեւ նրբերանգներ. «աշխէտն» եւ «շառագոյնը» արիւնահեղութեան կամ յաղթութեան նշանակ է. (ԶԱՔ. Զ 2), (ՅԱՅՏ. ԺԲ 3), «կրկնակի» եւ «որդան կարմիրը» անջնջելի բանի մը խորհրդանիշն է (ԵՍ. Ա 18)։

Ամենօրեայ կեանքի մէջ, երթեւեկի կանոններով՝ եթէ կարմիր է լոյսը՝ պէտք է կենալ, իսկ եթէ կանաչ է՝ կարելի է շարունակել ճամբան։

Դեղին գոյնը.- Դեղինը մահաբեր սատակման խորհրդանիշն է. (ՅԱՅՏ. Զ 8)։ Դեղինը նաեւ կը խորհրդանշէ՝ նախանձ կամ մախանք։

Կապոյտ գոյնը.- Կապոյտը կը ներկայացնէ՝ պաղը, ցուրտը, ուրկէ կու գայ «Ցուրտի կապոյտ էր» ասացուածքը։ Կապոյտը կը խորհրդանշէ նաեւ վախը կամ բարկութիւնը։ Կ՚ըսեն նաեւ՝ «Օդանաւի կապոյտ վախ մը ունի…»։

Ահաւասի՛կ «լեզուներ» որոնք կ՚արտայայտուին, կը խօսին գոյներու միջոցով։

Այո՛, գոյները «լեզո՛ւ» ունին եւ կը խօսին, բայց ինչպէս ամէն լեզու, ամէն խօսք կը փոխուի երկրէ երկիր, գոյներու լեզուն ալ կը տարբերի երկրէ երկիր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 7, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020