ՀԱՅԸ ՀԱՅՈՒՆ ՉԻ ՀԱՍԿՆԱՐ

Տարիներ առաջ ողորմած մեծ մայրս Հայաստան բերինք՝ որպէսզի Հայրենիքի մէջ մեր հետ ապրի: Սկիզբները չուզեց. «ես այս տարիքէս ետք նոր լեզու չեմ սորվիր» ըսաւ: Խնդացինք: Հաւանաբար թոռնիկներու սէրը պատճառ եղաւ, որ համակերպի ու Հայաստան գայ:

Եւ իրապէս ալ օտարի պէս ապրեցաւ Հայաստանի մէջ. երբեք չհասկցաւ ու չկրցաւ համեմատել արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը ու ամէն անգամ «ղըզըմ նայիր ինչ կ՚ըսէ»ով դիմեց մօրս, որուն զաւեշտալի պաշտօնն էր հայու խօսածը հայո՛ւն թարգմանել:

Առիթով մը, հարազատներու այցելութիւն տալու ժամանակ մեր հետ եկաւ. աւելի ճի՛շդ մենք ստիպեցինք որ գայ: Տունի հարսը ամենայն ազնուութեամբ մօտեցաւ մեծ մօրս ու լուրջ եւ փաղաքշական ձայնով մը հարցուց.

-Տատի՛, կոֆէ կը խմե՞ս:

Մեծ մայրս, հասկցողի մը ինքնավստահութեամբ ու առաջարկուած կոֆէն չսիրողի հաստատակամութեամբ պատասխանեց.

-Չէ՛ աղջիկս, ես միայն սուրճ կը խմեմ...:

Ու մեծ մայրս երբե՛ք ալ չկրցաւ սորվիլ այդ նոր լեզուն ու գուցէ այդ կոֆէն իրեն համար մնաց առեղծուածային խմիչք մը, որ վստահաբար ինք պիտի չսիրէր երբե՛ք. ինք միայն սուրճ կը խմէր:

***

Չորս տարիներ առաջ լիբանանահայ երիտասարդ մը որոշեց Հայաստան գալ, թէ՛ առաջին անգամ ըլլալով տեսնելու իր հայրենիքը եւ թէ՛ անձամբ դէմ առ դէմ տեսնելու այն օրիորդը, որու հետ ծանօթացած էր համացանցի ճամբով եւ սէր խոստացած:

Եկաւ Հայաստան. դիմաւորեցինք: Ամբողջ գիշեր, աչքերը փակ բայց արթուն սպասեց լուսաբացին տեսնելու համար սիրածը՝ որուն հետ ընտանիք կազմելու երազները արդէն իսկ սկսած էր հիւսել: Մինչեւ իսկ ունենալիք զաւակներուն անունները սկսած էր որոշել:

Սովորականէն աւելի կանուխ արթնցուց բոլորս. հագուեցաւ պաշտօնական շապիկն ու տաբատը եւ ապագայի յոյս մը աչքերուն դուրս եկաւ տունէն՝ հանդիպելու ապագացուին:

Կէսօրուայ մօտերը վերադարձաւ: Նոյն փայլքը չկար աչքերուն մէջ. հիմա արդէն դէմքը աւելի լուրջ էր՝ մտածումներու մէջ թաղուած: Կրնայ ըլլալ աղջկայ վրայ թերութիւն մը տեսած ըլլար եւ կամ դէմ առ դէմ նոյն զգացումները ապրած չ՚ըլլար օրիորդին հանդէպ՝ ինչքան հեռու եղած ժամանակ:

-Չէ, լաւ աղջիկ է, աղուոր աղջիկ է բայց զարմացուց... առաջին օրէն «արի՛ շփուենք» ըսաւ...: Իրենց ազատամիտ ըլլալը լսած էի, բայց առաջին օրէն շփուիլը ո՞րն է... պատիւ, արժանապատուութիւն չունի՞ն:

***

Մեր տան առեւտուրը հայրս կը կատարէր. ի՛նք ալ մեծ մօրս օրինակով երբեք չկրցաւ սորվիլ արեւելահայերէնի նոր լեզուն: Մի՛շտ ապրեցաւ այն տեսութեամբ ու համոզումով, որ որեւէ բայի ետեւ եթէ «ում» եւ «ուց» աւելցնենք՝ կ՚ըլլայ արեւելահայերէն. ամէ՛ն մարդ կը սկսի հասկնալ զինք այդ պարագային: 

Հայրս «ուսկուց գնում եմ» ըսելով Հայաստանի մէջ շա՜տ ճամբաներ սորվեցաւ: Կարելի տեսութիւնն ալ ճիշդ էր. երբեք մարդ չհարցուց «ուսկուց»ին իմաստը եւ գուցէ այդ մէկը պատճառ եղաւ այդ համոզումին ամրապնդման:

Օր մը դարձեալ «ուսկուց»ին դիմելով հասաւ շրջանի ամենէն մեծ նպարավաճառին մօտ՝ առօրեայ գնումներ կատարելու: Ընթացքին տեսաւ խնամքով շարուած սպիտակ տուփեր, որոնց վրայ գրուած էր «հաւու ոտքեր». կէսօր ատեն ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար հաւու պուտ ուտել:

Մի քանի հատ վերցնելով վերադարձաւ տուն: Ճամբու ընթացքին ծրագրած էր ընելիքները. պիտի վառէր ածուխը, հաւու պուտերը լաւ մը համեմելէ ետք պիտի դնէր կրակին վրայ ու ըմբոշխնել բարձրացող ծուխն ու հոտը: Այդ բոլորը մնացին երազանք. տուփերուն մէջէն դուրս եկան բառացիօրէն «հաւու ոտք»եր. երկար, դեղին, երեք մատներով՝ ճանկերը իր հետ:

Հայաստան ա՛յդ ոտքերն ալ կ՚ուտեն եղեր:

***

Ու այսպէս, Հայրենիքի մէջ հայը՝ հայուն չի հասկնար. երկու հայեր օտարներ կը դառնան յանկարծ ու արեւմտահայերէնի մէջ պարզ թուացող բառ մը, յանկարծ հայհոյանքի կը վերածուի արեւելահայերէնով:

Բաբելոնի աշտարակի խառնակութեամբ նո՛յն լեզուն խօսող, սակայն զիրար չհասկցող հայութեամբ կը շարունակենք մեր գոյութիւնը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԻՍԱԿՈՎ
(1894-1967)

Մեր թուականէն 54 տարիներ առաջ՝ 11 հոկտեմբեր 1967-ին Մոսկուայի մէջ մահացած է ծովակալ, հրամանատար, գիտնական եւ գրող Յովհաննէս Իսակով:

Իսակով ծնած է 22 օգոստոս 1894 թուականին, Կարսի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի մէջ, ապա 1913 թուականին մեկնած է Փեթերսպուրկ՝ ընդունուելով արուեստագիտական հիմնարկ: Այդ տարիներուն բազմիցս փորձած է ընդունուիլ ծովային զօրաբանակ, սակայն ազնուական ծագում չունենալու պատճառով մերժուած է: Ուսումը չվերջացուցած կը զօրակոչուի զինուորական ծառայութեան եւ ցանկութիւն կը յայտնէ ծառայել ռազմածովային նաւատորմին մէջ: Երազը կ՚իրականանայ եւ կ՚ընդունուի Փեթերսպուրկի նաւատորմի դպրոց:

Իսակով 1917-ին կը ստանայ սպայի կոչում եւ ծառայութեան կ՚անցնի: Ռուսական յեղափոխութենէն ետք ծառայութիւնը կը շարունակէ Պալթեան ծովու նաւատորմին մէջ: Մինչեւ Պրեստ-Լիտովսկի համաձայնագիրը՝ մասնակցած է գերմանական նաւատորմի դէմ մղուած բազմաթիւ մարտերու եւ ապա անցած է Կասպից ծով՝ 1920 թուականին: Յովհաննէս Իսակով եղած է Սեւ ծովու կապի եւ հետաքննութեան ծառայութեան հարաւային ստորաբաժանումի ղեկավարը՝ 1922-1923 թուականներուն, ապա չորս տարի՝ 1923-1927 թուականներու միջեւ ծառայած է որպէս Սեւ ծովու նաւատորմային ռազմական ուժերու շտապի պետի տեղակալ: Որոշ ժամանակ՝ 1932 թուականէն սկսեալ եղած է Լենինկրատի ռազմածովային ակադեմիայի ամպիոնի ուսուցիչ, միաժամանակ դասաւանդելով տարբեր հաստատութիւններու մէջ՝ մինչեւ Պալթեան նաւատորմի հրամանատար նշանակուիլը:

Իսակով երկար ժամանակ տրամադրած է պատերազմական մարտավարութեան մշակման, որոնք օգտագործուած եւ մեծապէս օգնած են Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ: Ստացած է գնդապետի կոչում՝ 1938 թուականին եւ նշանակուած է ռազմածովային գլխաւոր վարչութեան ղեկավար:

Գերմանացիներու յարձակման հետեւանքով 4 հոկտեմբեր 1942 թուականին Իսակով վիրաւորուած է, որու պատճառով անդամահատած են անոր մէկ ոտքը:

Իսակով զբաղած է նաեւ գրականութեամբ, գրելով աւելի քան 100 աշխատութիւններ, որոնք թարգմանուած են զանազան լեզուներու: Անոր առաջին գործը՝ «Գիշերային ականազերծում»ը լոյս տեսած է 1928 թուականին:

Շնորհիւ իր վաստակին, Իսակով արժանացած է բազմաթիւ կոչումներու եւ շքանշաններու, որոնցմէ կարեւորագոյններէն են Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 20-ամեակի առիթով անոր շնորհուած Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչումը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021