Ի՛ՆՉ ՈՐ ՏԱՍ՝ ԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՍ

Գիւղի մը մէջ աղքատ, անոք եւ անօգնական մարդ մը կ՚ապրէր։ Ան ողորմութիւն կը խնդրէր բոլորէն։ Օր մը կին մը մօտեցաւ անոր, որ կը ճանչցուէր իր ժլատութեամբ եւ պատռտած թաշկինակ մը տուաւ իրեն։ Յետոյ մօտեցաւ տատիկ մը՝ մեծ մայրիկ մը, եւ անոր տուաւ ոսկի դրամ մը։ Աւելի վերջ՝ ուրիշ կին մը թէ՛ տուաւ հագուստ եւ թէ՛ տաք ուտելիքներ։ Աղքատ եւ անոք մարդը՝ գոհ իր ստացածներէն ուզեց հեռանալ գիւղէն եւ դեռ ոտքը չքաշած, գիւղիին մէջ հրդեհ մը ծագեցաւ։

Աղքատը վերադարձաւ եւ վերադարձուց այն ամէնը, ինչ որ տուած էին իրեն։ Ուստի, ոսկի տուողին վերադարձուց ոսկին, հագուստ եւ տաք ուտելիքը՝ զանոնք տուողին, իսկ պատռտուած թաշկինակը վերադարձուց թաշկինակը տուողին՝ թաշկինակին տիրոջը։

Ահա, այսպէս, ո՛վ որ ինչ տուած էր՝ այն ալ ստացած եղաւ։

Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ. «Ի՛նչ որ ցանես, այն ալ կը հնձես»։ Արդարեւ, կեանքի մէջ մարդուս ամէն արարքը ունի իր փոխարժէքը. լաւին՝ լաւով կը փոխարինուի, իսկ չարին՝ չա՛րով։

Այս է ահաւասիկ աշխարհի օրէնքը. ամէն մարդ, ի վերջոյ իրեն արժանի վարձատրութիւնը կամ հատուցումը կը ստանայ։ Թէեւ, երբ «աշխարհի օրէնք» կ՚ըսենք, այս օրէնքը կը շեղի շատ անգամ իր գիծէն եւ նպատակէն, եւ բարիք ընողը չարիք կը ստանայ իր ըրած բարիքին փոխարէն, իսկ չարիք գործողը կը սպրդի պատիժէն կամ հատուցումէն, ինչ որ ատիկա անուղղակի կերպով բարիք ըլլալով կը վերադառնայ իրեն։ Այս կէտին, մարդուս համար կարեւոր հարց մըն է՝ արդարութիւնը եւ ողորմածութիւնը հաշտեցնել, քանի որ արդարութեան կը հակադրէ ողորմածութիւնը կամ ներողամտութիւնը։ Արդարութեան կշիռը պէտք չէ խախտի ողորմածութեամբ, այլապէս անիկա «արդարութիւն» չ՚ըլլար։ Արդարութեան կշիռի նժարներուն մէջ ողորմածութիւնը, գութը տեղ չունին։

Աստուած ամենաողորմած եւ ամենագթած է, բայց նաեւ՝ արդա՛ր։

Թէ ի՞նչ է «արդարութիւն»ը։

Արդարութիւնը, իր ամենալայն առումով, այն բարոյական առաքինութիւնն է՝ որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ կամքով տալու Աստուծոյ եւ մերձաւորին, ի՛նչ որ պարտական ենք անոնց։ Արդարութիւնը Աստուծոյ հանդէպ կոչուած է «կրօնի առաքինութիւն»։ Իսկ մարդոց հանդէպ, կամ մարդուն իր նմաններուն նկատմամբ արդարութիւնը մեզ տրամադիր կ՚ընէ «յարգելու իւրաքանչիւրին իրաւունքները» եւ «հաստատելու մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ ներդաշնակութիւնը», որ կը հրահրէ արդարադատութիւնը անձերուն հանդէպ եւ հասարակաց բարիքին։

«Արդար մարդ»ը, յաճախ յիշուած Սուրբ Գիրքին մէջ, կը զանազանուի իր գաղափարներուն սովորակի անաչառութեամբ, մերձաւորին հանդէպ իր վարքին ուղղամտութեամբ։

«Աղքատին հանդէպ աչառութիւն պիտի չունենաս. ո՛չ ալ նախասիրութիւն զօրաւորին հանդէպ. արդարութեամբ պիտի դատես ընկերդ». (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։

«Տէրե՛ր, շնորհեցէ՛ք ձեր ստրուկներուն իրաւունք եւ արդարութիւն, գիտնալով, որ դո՛ւք ալ Տէր մը ունիք երկինքի մէջ». (ԿՈՂ. Դ 1)։

Աստուածային ամենազօրութիւնը ամենեւին կամայական չէ. «Աստուծոյ զօրութիւնը եւ էութիւնը, կամքը եւ իմացականութիւնը, իմաստութիւնը եւ արդարութիւնը նոյնն են, այնպէս որ ի՛նչ որ կայ աստուածային զօրութեան մէջ, ըլլալու է Աստուծոյ արդար կամքին կամ Անոր իմաստուն իմացականութեան մէջ», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Վերջին Դատաստանը տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի փառքի մէջ գալուստով։ Անոր ժամն ու օրը միա՛յն Հայրը գիտէ, միայն Ինք կը վճռէ անոր պատահումը։ Այն ատեն Իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, Հայրը պիտի ըսէ Իր վերջին խօսքը ամբողջ պատմութեան մասին։ Եւ մարդիկ պիտի իմանան ամբողջ արարչագործութեան եւ փրկչական ամբողջ տնտեսութեան վերջնական իմաստը, պիտի ըմբռնեն այն սքանչելի՜ ուղիները, որոնցմով նախախնամ Հայրը ամէն բան առաջնորդեց դէպի Իր վերջնագոյն վախճանը։ Վերջին Դատաստանը յայտնի պիտի ընէ, թէ ինչպէս Աստուծոյ արդարութիւնը յաղթած է Իր արարածներուն գործած բոլոր անիրաւութիւններուն եւ անարդարութիւններուն, եւ թէ Իր սէրը աւելի հզօր է քան մահը. (ԵՐԳ. Ը 6)։ Ուստի, մարդ թէեւ կարող է դատել, թէ արարք մը յինքեան ծանր յանցանք մըն է, սակայն պարտի անձերու դատաստանը յանձնել Աստուծոյ արդարութեան եւ ողորմութեան, որ է ողորմութիւն մը ներդաշնակուած արդարութեան հետ, քանի որ Աստուծոյ արդարութիւնը եւ ողորմածութիւնը բացարձակ է եւ անշե՛ղ։

Բարոյական օրէնքը իր լիութիւնը եւ միութիւնը Քրիստոսի մէջ կը գտնէ. Ինքն է վախճանը օրէնքին, որովհետեւ միայն Ինք կ՚ուսուցանէ եւ կու տայ Աստուծոյ արդարութիւնը. «Որովհետեւ օրէնքին նպատակը Քրիստոս Ինքն է, արդարացումը՝ ամէն հաւատացեալի». (ՀՌՈՄ. Ժ 4)։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 5 2022, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2022