ՕԳՏԱԿԱՐ ԵՒ ԱՆՁՆՈՒԷՐ

«Օգտակար» եւ «անձնուէր», ահաւասիկ յատկանիշներ առաքինութեան եւ ազնուութեան, յատկանիշներ եւ չափանիշներ կեանքի մը՝ որ կ՚ապրի մարդ, միշտ հաւատարիմ մնալով իր սկզբնական կոչումին, որ է «մա՛րդ» ըլլալ, մարդու արժանիքները եւ արժանապատուութիւնը ունենալ եւ զանոնք ցոյց տալ իր բոլոր յարաբերութիւններուն, արտայայտութիւններուն մէջ։

Արդարեւ, իրապէս առանձնաշնորհում պէտք է համարուի՝ իր շուրջ ունենալ օգտակար եւ անձնուէր անձնաւորութիւններ, մօտ ըլլալ անոնց եւ երկար տարիներ ապրիլ անոնց հետ։ Մարդու մը ընդհանուր հոգեբանութիւնը մեծ մասամբ կախում ունի իր անմիջական միջավայրէն, քանի որ մարդուս շրջանակը շատ անգամ ուղղակի՛ եւ երբեմն ալ անուղղակի կերպով ազդեցութիւն կը գործէ իր վրայ։ Ուղղակի կամ անուղղակի, բայց անպայմա՛ն միջավայրը ազդեցութիւն կը գործէ մարդուս վրայ՝ անոր կեանքին, ապրելակերպին, ընթացքին եւ հոգեվիճակին վրայ։

Մարդուս միջավայրը վարակիչ է, ուրախ եւ երջանիկ միջավայրը կարծես կը տարածէ իր շուրջը գտնուողներուն՝ ուրախութիւն եւ երջանկութիւն։ Զուարթ միջավայր մը կը մեղմացնէ ամենէն խոժոռ, մռայլ հոգիները եւ անոնց դաժան դէմքին վրայ կը նշմարուի ժպիտ մը՝ անձայն ծիծաղ մը։ Երջանիկ միջավայր մը, ամենէն յուսահատ եւ յուսալքուած մարդուն կը յիշեցնէ դարձեալ յո՛յսը, անշուշտ եթէ այդ միջավայրը ուրախ եւ յոյս ներշնչող՝ յուսատու անհատներու՝ զուարթ, ուրախ եւ շէնշող անձերու հաւաքականութիւն մըն է։ Ուստի միջավայրը, դրական կամ ժխտական, պարագայի համեմատ կը բարեփոխէ կամ կը վատթարացնէ մարդուս տրամադրութիւնը։ Տխուր, տրտմալից մէկը, ուրախ եւ զուարթ միջավայրի մը մէջ, եթէ ո՛չ բոլորովին, բայց մասամբ կը մխիթարուի, գոնէ պահ մը կը հեռանայ իր ցաւերէն եւ վիշտերէն։

Միջավայրի ազդեցութիւնը, փոխադարձաբար կրնայ ժխտական, բացասական ազդեցութիւն մըն ալ գործել, երբ միջավայրը կազմուած ըլլայ, յուսահատ, յուսալքուած, խոժոռադէմ անձերէ, որոնք կարծես իրենց ժխտական հոգեվիճակը անմիջապէս կը փոխանցեն շուրջիններուն։

Այդպիսի շրջանակներու մէջ՝ ուրախութիւնը կը փոխուի տրտմութեան, ժպիտը՝ կախերես արտայայտութեա՛ն։ Եւ միջավայրը, ահաւասիկ այսպիսի ազդու դեր մը կը խաղայ մարդկային կեանքի վրայ։ Եւ այս իմաստով, մարդուս անմիջական շրջանակը՝ ընտանիքը, բարեկամները եւ ընկերները կարեւոր դեր եւ տեղ կը գրաւեն անհատին ընդհանուր կենցաղին եւ հոգեվիճակին վրայ։ Ուրախ, երջանիկ ընտանիքի մը մէջ, մարդ միշտ ուրախ է եւ երջանիկ։ Զուարթ, դրական բարեկամներու, ընկերներու կազմած միջավայրի մը մէջ, անհատը միշտ զուարթ է եւ միշտ դրական կը խորհի։ Նեղութիւններ, դժուարութիւններ շատ չեն ազդեր մարդուս, երբ ան ուրախ, զուարթ եւ երջանիկ միջավայրի մը մէջ կ՚ապրի։ Արդարեւ, ուրախութիւնը եւ երջանկութիւնը մարդուս վստահութիւն կը ներշնչեն՝ մարդ այդ տեսակ միջավայրերու մէջ ինքզինք շա՜տ աւելի ապահով կը զգայ, եւ որքան ապահով զգայ՝ այդքան ուրախ եւ երջանիկ կ՚ըլլայ եւ զուարթ կերպով կ՚արտայայտուի։

Ուրեմն, մարդ դրական ըլլալու՝ լաւատես եւ միշտ ուրախ ըլլալու համար ի՞նչ ընելու է։

Ահաւասիկ, կու գանք մեր խորհրդածութիւններուն սկզբնակէտին։ Մարդ, երբ իր շուրջը ունի «օգտակար» եւ «անձնուէր» անձերէ բաղկացած միջավայր մը, ընտանիք, ընկերներու եւ բարեկամներու ամբողջութիւն մը, ինքզինք ապահով կը զգայ եւ անշուշտ ուրախ եւ երջանիկ կ՚ըլլայ։ Բայց այս վիճակը պէտք է փոխադարձ ըլլայ՝ ի՛նքն ալ իր միջավայրին հանդէպ պէտք է օգտակար եւ անձնուէր ըլլայ, եւ այն ատեն միայն զգացած ուրախութիւնը եւ երջանկութիւնը կատարեալ եւ տեւակա՛ն կ՚ըլլայ։ Ուրեմն, օգտակար եւ անձնուէր ըլլալ՝ մարդ էակին սկզբնական կոչո՛ւմն է, քանի որ մարդիկ ստեղծուած են զիրար ամբողջացնելու, զիրար զօրացնելու, այսինքն իրերօգնութեան համար եւ «օգնութիւն»ը էապէս անձնուիրութիւն կը պահանջէ, որովհետեւ ուրիշ մէկու մը օգնել՝ իրմէ բան մը տալ, կը նշանակէ։

Երանի՜ անոնց որ իրենց շուրջ ունին օգտակար եւ անձնուէր անձեր եւ իրենք ալ, փոխադարձաբար, օգտակար են եւ անձնուէր անոնց հանդէպ։

Օգտակար եւ անձնուէր մարդ, գեղեցի՛կ է նաեւ, քանի որ գեղեցկութիւնը կ՚ենթադրէ ամէն լաւութիւն, համակրութիւն եւ դրական արտայայտութիւն։ Գեղեցիկ է այն մարդը՝ որ բարի է, օգտակար եւ անձնուէ՛ր իր շուրջիններուն նկատմամբ։

Օգտակար եւ անձնուէր մարդը գեղեցիկ է նաեւ ըսինք, իսկ գեղեցիկ մարդը միշտ վստահութիւն կը ներշնչէ իր շուրջիններուն՝ ապահով զգացնել տալով անոնց ամէն մէկուն։ Արդարեւ, երկնաբոյր անուշահոտութիւններով լեցուն սրուակ մըն է կեանքը ամէն անոնց համար՝ որ իրենք զիրենք ապահով կը զգան աշխարհի նեղութիւններու, դժուարութիւններու դէմ, քանի որ իրենց շուրջը ունին օգտակար եւ անձնուէր՝ վստահութիւն ներշնչող լաւատես եւ բարեմիտ անձերէ բաղկացած լայն միջավայր մը…։

Երբեմն այդ անուշահոտութիւններով լեցուն սրուակը կը փշրուի, բայց անոր անուշահոտութիւնը կը տարածուի, կը ծաւալի՜ շատ աւելի հեռուները։

Արդարեւ, յոյսին զօրութիւնը հո՛ն է, փշրուած սրուակին առջեւ կանգնիլ եւ շարունակել իր ճամբան նո՛յն ուրախութեամբ, նո՛յն երջանկութեամբ։

Կեանքի մէջ ցաւալին՝ ո՛չ թէ թաւալիլ եւ գետին իյնալն է, այլ՝ գետին իյնալէ վերջ չկարենալ դարձեալ ոտքի ելլել, կանգնիլն է. իյնալը պատահական է, իյնալէ վերջ չկարենալ շարունակել ճամբան՝ ահաւասիկ ա՛յդ է մարդուս իսկական դժբախտութիւնը եւ թշուառութիւնը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018