ՕՐԷՆՔ ԵՒ ՕՐԷՆՍԴՐՈՒԹԻՒՆ

«Մարդկային օրէնսդրութիւնը օրէնքի հանգամանք կը ստանայ այն ատեն, երբ կը համընկի արդարադատութեան հետ եւ ասկէ երեւան կու գայ, թէ ան իր կորովը կը քաղէ յաւիտենական օրէնքէն։ Այն չափով որ ան հեռանայ իմացականութենէն, նոյն չափով զայն անարդար յայտարարելու է, որովհետեւ ան չ՚արդարացներ օրէնքին ըմբռնած իմաստը ու կը դառնայ բռնութեան մէկ կերպը», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

«Օրէնք»ը իր լայն առումով, կենցաղի կանոն մըն է, հրահանգուած պատկան իշխանութեան կողմէ, հասարակաց բարիքին համար։

«Բարոյական օրէնք»ը կ՚ենթադրէ բանական կարգը՝ որ Արարչին զօրութեան, իմաստութեան եւ բարութեան կողմէ հաստատուած է արարածներուն միջեւ անոնց բարիքին համար եւ ի նպաստ անոնց վախճանին։

Ամէն օրէնք յաւիտենական օրէնքին մէջ կը գտնէ իր առաջին եւ վերջին ճշմարտութիւնը։ Օրէնքը հռչակուած է եւ հաստատուած բանականութեան կողմէ, իբրեւ բնական մասնակցութիւն մը կենդանի Աստուծոյ նախախնամութեան, որ Արարիչը եւ Փրկիչն է բոլորին։ Եւ ահաւասիկ, օրէնքը, այս բանականութեան կարգաւորութիւնն է, ըստ Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի։

Բարոյական օրէնքին արտայայտութիւնները բազմազան եւ բոլորն ալ համազօդուած են իրարու. կայ «յաւիտենական օրէնք»ը, որ Աստուծմով աղբիւր է բոլոր օրէնքներուն. կայ «բնական օրէնք»ը. կայ յայտնուած օրէնքը, որ կը բովանդակէ հին եւ նոր աւետարանական Օրէնքը. կայ վերջապէս քաղաքացիական եւ եկեղեցական օրէնքները։

Արդարեւ, իր ամենալայն առումով օրէնքը ամէն գոյութեան, ամէն էութեան կանոնաւորման եւ տեւականացման անհրաժեշտ տարրն է եւ առանց օրէնքի որեւէ բան գոյութիւն չունի։ Այս իմաստով, ամբողջ տիեզերքը օրէնք մը ունի եւ այդ օրէնքով կը գործէ, կը շարժի, բնութիւնը, նմանապէս օրէնք մը ունի, որուն կը հպատակի, մարդուս կեանքը, թէ՛ անհատական, թէ՛ ընկերային, օրէնքի մը սահմաններուն մէջ կը գոյապահպանուի, կ՚ընթանայ եւ օրէնքով մը կը գոյատեւէ։ Արարչութիւնը օրէնքով կատարուած է, որուն կը հնազանդին բոլոր արարածները։ Աստուած Իր օրէնքով կը կառավարէ իր ստեղծած տիեզերքը եւ մարդը։ Հոն, ուր կեանք կայ, հոն անպայման «օրէ՛նք» մը կայ։ Ուստի օրէնքի գաղափարը անբաժան է կեանքին իրականութեան հետ։ Եւ այս «բնական օրէնք»ը անյեղլի եւ յարակայ կը մնայ պատմութեան յեղաշրջումներուն մէջ. ան կը գոյատեւէ գաղափարներու, սկզբունքներու եւ բարքերուն մակընթացութեան տակ եւ թիկունք կը կանգնի անոր յառաջդիմութեան։

«Բնական օրէնք»ը Արարչին շատ բարի գործն է, որ կը հայթայթէ ամուր հիմերը, որոնց վրայ մարդը կրնայ կառուցանել բարոյական կանոններու շէնքը՝ որոնք պիտի առաջնորդեն անոր ընտրանքները։

Երբ կը խօսինք «օրէնք» եզրին վրայ, պատեհ առիթ մը կը ներկայանայ յիշել Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի «Խոհք եւ խօսք»ի մէջ արտայայտած խօսքերը օրէնքի մասին։ («Խոհք եւ խօսք», ՀԵ գլուխ, էջ. 305-307)։

«Նախ եւ առաջ պիտի դիտեմ թէ Բարեկարգութիւն- բառը, զոր գաղղիերէն -Discipline- բառին իբր համանշանակ գործածել սովոր ենք. երբեք կարգը այլայլել ու փոփոխել չի նշանակեր, եւ շատ տարբեր է -Réforme- բառէն, զոր յաճախ -բարեկարգութիւն- կը թարգմանենք։ Բարեկարգութեան բուն իմաստն է եղած կարգ ու կանոնը ճշդութեամբ եւ լրութեամբ գործադրել ու պահել, զանցառութենէ զգուշանալ, զեղծումէ խորշիլ, հաւատարմութեամբ հետեւիլ։ Ըստ այսմ անոնք, որոնց բուն նպատակն է եկեղեցական կանոնները փոփոխուած, ծէսերը համառօտուած եւ պարտքերը թեթեւցած տեսնել. -Բարեկարգութիւն- բառը սխալմամբ կը գործածեն, եթէ գիտակցաբար ներքին միտքերնին արտաքին վարագոյրով ծածկել չեն մտաբերեր։

«Երկրորդ դիտողութիւնս է, թէ օրէնսգիտական առողջ սկզբունքով, օրէնքներ եւ կանոններ կրկին ծագում կրնան ունենալ, մէկը վարէն վեր եւ միւսը վերէն վար յառաջելով։ Վարէն վեր է ծագումը՝ երբոր մարդուն միտքն ու կամքն է անոր ծնունդ եւ կեանք տուողը. միտքը օգտակարութիւնն ու յարմարութիւնը կը գտնէ, եւ կամքն ալ իրականացումն ու գործադրութիւնը կը հրամայէ։ Այսպէս են ամէն մարդկային օրէնքներ եւ կանոններ, ինչ ալ ըլլայ իրենց բնութիւնը, եւ ինչ հեղինակութեամբ ալ կատարուի անոնց վճռը-ւիլն ու հրամայուիլը։

«Իսկ վերէն վար է ծագումը՝ երբոր գերագոյն իշխանութիւն մը իւր բացարձակ հեղինակութեամբը եւ կատարեալ իրաւունքովը բան մը կ՚որոշէ, կը վճռէ եւ կը հրամայէ։ Այսպէս են ընդհանրապէս կրօնական օրէնքներն ու կանոնները, որոնք աստուածային գերագոյն իշխանութեամբ հաստատուած են, եւ մարդիկներուն հաղորդուած, որ գիտական բացատրութեամբ -Յայտնութիւն- կը կոչուի, եւ կը պարունակէ տեսական եւ գործնական մասեր, հաւատալիք ճշմարտութիւններ եւ կատարուելիք գործեր։

«Ընդհանուր սկզբունքով օրէնքի մը եւ հրամանի մը փոփոխութիւն միայն օրէնքին տէրը կամ օրէնսդիրը կամ ծագում տուող իշխանութիւնը կրնայ տալ, եւ հետեւաբար մարդկային միտքն եւ կամքը ձեռնհաս չէ Աստուծոյ հաստատած ու յայտնած օրէնքը ու կանոնը փոփոխել, եւ որոնք որ բարեկարգութիւն ըսելով կը մտաբերեն կրօնական յայտնեալ օրէնքը փոփոխել, թեթեւցնել կամ դադրեցնել, առողջ սկզբունքի հակառակ կը խօսին, եւ երբ կը կարծեն նպատակին դիմել, ո՛չ արդար եւ ո՛չ իրաւացի եւ ո՛չ իսկ մտաւորական սկզբանց համաձայն կը խօսին։

«Քրիստոնէական օրէնքներու եւ կանոններու գալով, ընդունուած է, որ անոնց հեղինակը ինքն Քրիստոսն է, որ խորհուրդներն ու հրամանները առաքեալներուն հաղորդեց ու սորվեցուց, անոնք ալ աշխարհի հաղորդեցին ու սորվեցուցին եւ առաքելական եկեղեցի կազմակերպեցին…»։

Աստուած ակունքն է ամէն ճշմարտութեան. Անոր խօսքը ճշմարտութիւն է. Անոր Օրէնքը ճշմարտութիւն է (ԱՌԱԿ. Ը 7), (Բ ԹԱԳ. Է 28), (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 142)։

Աստուած ամէն օրէնքի աղբիւրը եւ սկզբնակէտն է, քանի որ Աստուած Ճշմարտութի՛ւն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 5, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2020