ՊԱՅՔԱՐ Ի՛Մ ԵՒ Ի՛Մ ՄԻՋԵՒ

Բոլոր մարդկութեան քո՞վ այդպէս է, թէ ոչ միայն մօտս, չե՛մ գիտեր, սակայն աւելի քան տասն տարի է կը զգամ իմ մէջս անձէս բացի այլ անհատի մը ներկայութիւնը, որ շարունակ կը խօսի: Կը զգամ գոյութիւնը երկրորդ ձայնի մը, որ շատ անգամ կը վիճի, կը հակաճառէ, նոյնիսկ կը ծաղրէ ու կը հեգնէ արարքներ, զորս ես կը կատարեմ: Յաճախ անձս երկխօսութեան մէջ կը գտնեմ իր հետ ու որպէս երրորդ դէմք կը հետեւիմ անձիս ու անյայտին վիճաբանութեան:

Սակայն անյայտ ձայնը անձնապէս չեմ սիրեր, որովհետեւ գիտեմ, թէ կը խօսի այն ճշմարտութիւնները, որոնք շատ անգամ կը փորձեմ քօղարկել նոյնիսկ անձէս: Շատ անգամ ինքզինքս գտած եմ զինք համոզելու, նոյնիսկ ինքզինքս իրեն սիրելի դարձնելու անախորժ փորձին մէջ, սակայն միշտ ալ մնացած ենք Փանջունիներ:

Թէեւ հոգեբաններ ներքին այդ խօսակցութիւնն ու ձայնը դրական ու կարեւոր կը նկատեն, ինքն ու ես տակաւին չկրցանք հաշտուիլ իրարու հետ:

Արդի հոգեբանութիւնը կը հաւատայ, որ մարդու ներքին ձայնը կը սկսի երեւան գալ 2-3 տարեկան հասակին եւ այդ մէկը աւելիով կը զարգանայ հինգ տարեկանին, երբ մանուկը սկսի աւելի մտածել ու անդրադառնալ, թէ ինչ բան կարելի է խօսիլ եւ ինչը ոչ, եւ այդ դատումը կը սկսի կատարել ի ներքուստ: Սակայն այդ մէկը անձէ անձ կը տարբերի. շատերու շեշտուած կ՚ըլլայ ներքին ինքնախօսութիւնը եւ ուրիշներու մօտ ոչ:

Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, ինքնախօսութիւնը առաւելաբար կ՚երեւի այն մարդոց մօտ, որոնք առաւելաբար մեկուսացած կեանք մը կ՚ապրին, որովհետեւ ներքին ինքնախօսութիւնը կը զարգանայ հոն, ուր արտաքին հաղորդակցութեան պակաս մը կը սկսի: Այլ խօսքով՝ ինքնախօսութիւնը կու գայ ամբողջացնելու ընկերային հաղորդակցութեան պակասը:

Հակառակ բնական երեւոյթ մը ըլլալուն, ինքնախօսութիւնը ունի նաեւ իր բացասական կողմերը, որովհետեւ շատ անգամ կրնայ արդիւնք ըլլալ անհանգստութեան, մտահոգութեան եւ հոգեկան բարդոյթներու: Օրինակ՝ վախը կրնայ պատճառ ըլլալ ինքնախօսութեան. այսպէս՝ եթէ անձ մը հրապարակային ելոյթ պիտի ունենայ եւ իր մէջ վախ ու մտահոգութիւն ունի, կ՚անցնի ինքնախօսութեան՝ ուժ եւ քաջութիւն հաւաքելու միտումով: Այդ ինքնախօսութիւնը եւս իր մէջ կը բաժնուի երկու մասերու. մին դրական եւ միւսը ժխտական։ Հրապարակային ելոյթ ունեցող անձը կրնայ ինքնախօսութեան ճամբով ինքզինք համոզել, որ լաւապէս պատրաստուած է եւ յաջող ելոյթ մը պիտի ունենայ, մինչ ուրիշ մը առաջինին ամբողջութեամբ հակառակ կրնայ բացասական ինքնախօսութիւն մը ունենալ, որ վախի ընկերակցութեամբ քաոսային վիճակ մը կը ստեղծէ մարդու ներաշխարհէն ներս: Հակառակ այս ճշմարտութեան, պէտք է գիտնալ նաեւ, որ ժխտական ինքնախօսութիւնը միշտ չէ, որ բացասական ազդեցութիւն կը թողու. շատ անգամ կրնայ մարդը առաջնորդել ինքնասրբագրումի եւ իրատեսութեան:

Ինքնախօսութեան տարբերութիւնները կրնանք բաժնել հիմնական երկու մասերու.

Ա.- Դրական եւ բացասական ինքնախօսութիւն:

Բ.- Ուսուցողական ինքնախօսութիւն:

Ինքնախօսութեան դրական կամ ժխտական ըլլալը շատ անգամ կապուած է անհատի հոգեկան վիճակին հետ եւ այդ է պատճառը, որ շատ անգամ ժամանակի տարբերութեամբ կատարուած նոյն երեւոյթին հանդէպ տարբեր հակադարձութիւններ կ՚ունենանք:

Ուսուցողականը ամբողջութեամբ տարբեր է. անոր ինքնախօսութիւնը ընդհանրապէս խրատական բնոյթ կը կրէ, որուն մենք շատ անգամ կ՚անուանենք «խղճի ձայն»:

Հակառակ այս բոլորին, ուսումնասիրութիւններ կը պնդեն, թէ ինքնախօսութիւնը կ՚օգնէ յիշողութեան զարգացման. ըստ տուեալներու, այն անձերը որոնք աւելիով ինքնախօսութիւն ունին, տէր են զօրաւոր յիշողութեան. այդ պատճառը որ շուկայի մէջ շատ մը կիներ կը տեսնենք ինքնախօսութեան մէջ, որովհետեւ առանձին խօսիլը կ՚օգնէ յիշելու:

Հոգեբաններու համաձայն, ուրիշ անձերու հետ շփում ունենալը, շատ անգամ մտածումները գրի առնելը եւ տարբեր զբաղմունքներով տարուիլը ինքնախօսութիւնը թեթեւցնելու լաւագոյն ձեւերէն մէկն է: Երբեմն ինչքա՜ն կ՚ուզեմ, որ պահ մը այդ ներքին ձայնը լռէ, գէթ մի քանի վայրկեան. կեդրոնացած կը փորձեմ պահ մը լռութիւնը վայելել, սակայն կարծես չար մանուկի մը նման անընդհատ «հո՛ս եմ» կը պոռայ: Անոր հետ վէճս ինչքան պիտի տեւէ, չեմ գիտեր, սակայն մեր միջավայրին մէջ ինքնիրեն խօսող մարդը շատ անգամ խենթ կ՚անուանեն:

Կա՛մ խենթացած եմ, կամ ալ այդ ճամբուն վրայ եմ կ՚երեւի. երանի՜ այն մարդուն, որ կրցած է լեզու գտնել ի՛ր եւ ի՛ր միջեւ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳՐԻԳՈՐ ԵԱՂՋԵԱՆ
(1916-1983)

Մեր թուականէն 39 տարիներ առաջ՝ 12 յունուար 1983-ին Երեւանի մէջ մահացած է թատերագիր, դերասան, Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր արուեստագէտ եւ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Գրիգոր Եաղջեան:

 Եաղջեան ծնած է 2 դեկտեմբեր 1916-ին, Կիւմրիի մէջ: Փոքր տարիքէն զբաղած է թատրերգութեամբ. 15 տարեկան հասակէն՝ 1931-1934 թուականներուն սկսած է բեմ բարձրանալ Կիւմրիի «Վարդան Աճէմեան» պետական թատրոնին մէջ, 1936-1940 թուականներուն Վանաձորի «Յովհաննէս Աբէլեան» պետական թատրոնին մէջ, իսկ 1944-1947 թուականներուն՝ Ստեփանավանի թատրոնին մէջ: Եաղջեան 1959 թուականին աւարտած է Խորհրդային Միութեան Գրողներու միութեան Մոսկուայի մէջ կազմակերպած գրական բարձրագոյն դասընթացքները. վերադառնալով Հայաստան 1966-1982 թուականներուն եղած է Երեւանի Տրամաթիքական թատրոնի գրական բաժնի վարիչը:

Թատրոնի կողքին Եաղջեան դեր ստանձնած է նաեւ ժապաւէններու մէջ. 1941 թուականին նկարահանուած է «Սովետական լեզուի դասընթացք» ժապաւէնին մէջ: Եաղջեան դերասանութեան կողքին զբաղած է նաեւ թատրերագրութեամբ. անոր առաջին թատրերգութիւնը՝ «Զոյա»ն առաջին անգամ ներկայացուած է 1942 թուականին Երեւանի եւ ապա այլ շրջաններու մէջ: Ան աւելի ճանաչելի դարձած է 1949 թուականին իր հեղինակած «Վաճառուած տուն» թատերագրութեամբ, որուն յաջորդած են «Արեւածագին» (1950), «Ոսկի քաղաք» (1951), «Մարդը» (1953), «Կեանքի շեմին» (1954), «Գարնան շունչը» (1956) եւ այլ ներկայացումներ: Անոր թատրերգութիւններէն շատեր հրատարակուած են առանձին գրքոյկներով, որոնցմէ են «Մոլորութիւն»ը, «Կեանքի իրաւունքը» եւ ուրիշներ: Եաղջեան 1953 թուականին դարձած է Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ եւ շնորհիւ իր վաստակին՝ 1954-ին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր արուեստագէտ կոչումին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 12, 2022