ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԾԷՍԵՐ

Բոլոր հին թէ նոր արարողութիւնները ունին իրենց մեքենականութեան առաւել կամ նուազ ժողովրդային հաւատալիքներու եւ սովորութիւններու ազդեցութիւնները, որոնք յաճախ կը փոխուին միջավայրի, շրջանի եւ զարգացման աստիճանի համապատասխան երեւոյթներ ցոյց տալով։ Այս ուղղութեամբ, առնենք հայ ժողովուրդի աւանդական ծէսերէն՝ ամուսնութիւնը պատմական եւ ընկերային տուեալներու լոյսին տակ։ Մանաւանդ «պատմակա՛ն», քանի որ այս արարողութիւններէն շատերը այսօր կարելի չէ՛ տեսնել, մինչեւ իսկ հասկնալ։

Նիկոմիդիոյ Ատաբազարի շրջանին մէջ ամուսնութիւնը ունէր իւրայատուկ աւանդական ծէսեր։

«Գլխահարկ», որ կը նշանակէ՝ «պաշլըք» կամ «կաթնագին», որ աղջիկ վաճառելու ամենահին բարքերը յիշեցնող սովորութիւն մըն էր անշուշտ։

Այս սովորութիւնը կը շարունակուէր տակաւին մինչեւ ԺԹ դարու կէսերը։ Պէտք է նշել, որ այս սովորութիւնը՝ այս «տուրք»ը՝ աւելի վերջի շրջաններուն ալ գոյութիւն ունեցած է մաղագործ հայ բօշաներու մէջ, ըստ պատմական եւ ընկերային վկայութիւններու։ Բայց այսօր, իրապէս, բացատրել եւ հասկնալ կարելի չէ նման սովորութիւն մը…։

Սակարկութիւններու եւ հետեւաբար խնամիական գժտութիւններու առաջքն առնելու համար, Ատաբազարի ազգային իշխանութիւնը աշխատած է որոշ միօրինակ փոքրիկ սակի մը վերածել հարուստի թէ աղքատի համար, որպէս ժողովրդային արմատացած հաւատալիքի՝ «իրաւունք սովորութեան» մը խորհրդանշական գոհացում, զոր «նշանտուք»ի, այսինքն՝ պաշտօնական հարսնախօսութեան ատեն, ազգային իշխանութիւնը կը գանձէր փեսացուէն պսակադրութեան եւ եկեղեցական տուրքերու հետ միասին, ուղղակի հարսնցուին մօրը տալու համար։ Այս «միօրինակ կաթնագին»ը՝ մինչեւ վերջն ալ արձանագրուած է շրջանի թաղային տոմարներուն մէջ՝ զոր շատ ընտանիքներ չյօժարելով ստանալ, կը թողէին եկեղեցւոյ։

«Առեւանգում». Կովկասէն գաղթած Չէրքէզներու մօտ կը շարունակուէր ձեւականօրէն առեւանգումը, իրարու սահմանուած զոյգի ընտանիքներու մէջ։ Մանչուն բարեկամներէն, ընկերներէն կազմուած ձիաւոր խումբ մը կ՚երթար աղջկան գիւղը կամ բնակած տունը, «առեւանգել», այսինքն՝ փախցնելու համար աղջիկը, որմէ ետք միայն հարսանեկան խրախճանքը կը սկսէր։

Երկու կողմերու երիտասարդութեան այս «ձեւական ընդհարում»ը՝ երբեմն ալ տեղի կու տար իրական բարկութիւններու եւ ընդհարումներու։

Չէրքէզներու այս սովորութիւնը բաղդատութեան եզր մըն է, որ առիթ կու տայ դիւրութեամբ համեմատելու հայ ժողովուրդին հետեւեալ սովորութիւններուն հետ, որոնք պարզապէս պատմական արժէք կը ներկայացնեն այսօր։

«Գեղմտէք», գիւղ մտնելու սովորութիւնը։

«Գեղմտէք» կոչուած նուէր, որ կը բաղկանար ողջ կամ եփած հաւեղէնէ մը, մէկ ափսէ խմորեղէնէ եւ մէկ շիշ օղիէ, զոր հարսնառութեան գացող փեսայի խումբին յառաջապահ երիտասարդները կը տանէին հարսնացուի տան դրան առջեւ դիմաւորելու սպասող երիտասարդներուն՝ որպէսզի դուռնէն «անցք» տրուի փեսացուին եւ խումբին։

Եւ ո՞վ կրնայ հերքել մէկ երկրէն միւս երկիր անցնելու համար, սահմանագլուխներու վրայ կատարուած «անցնագրային» պաշտօնական ձեւակերպութիւնները եւ կամ անցքի արգելքները։

Այս «գեղմտէք»ի նուէրի զանցառութենէն խնամիական գժտութիւններ ալ ծագած են երբեմն, մանաւա՛նդ պարտեալ կողմի երիտասարդութեան իբր արժանապատուութեան հարց, քանի որ կատակախառն հեգնանքի նշաւակ պիտի դառնային այլեւս անոնք։

«Շեմքի անցք». Եկեղեցւոյ մէջ պսակադրութենէ յետոյ, հարսանեկան թափօրով՝ պսակեալ զոյգը կը դառնան մանչուն տունը՝ որուն դրան առջեւ աւանդական նոր արարմուքներ տեղի կ՚ունենան։

ա) Տարօս. Փեսայի տան պատուհանէն՝ ցորեն կամ կորեկ, մանր դրամներու հետ խառն, կը ցանուին հարսուփեսի գլխուն վրայ։ Ասիկա կը կատարուի առատութիւն եւ բեղմնաւորութիւն ապահովելու համար, համակրական մոգութեան հեթանոս պաշտամունքի կամ հաւատալեաց վերջամնացութիւն մը՝ որ աւանդաբար կը շարունակէր։

բ) Տան շեմին վրայ հաւ մը զենուլ, այսինքն՝ մատաղ ընել, որուն արեան կաթիլներէն անպատճառ քսել հարս ու փեսի ոտնամաններուն, որպէսզի կարենան անցնիլ շեմին վրայէն դէպի ներս։

Ըստ հին ժողովրդային հաւատալիքներուն, տան դրան շեմը՝ նկատուած էր նախահարց ոգիներուն որպէս կայան, եւ իրեն յատուկ զանազան պաշտամունքներու ծէսերը ունէր։

- Ընտանի թերափներու կամ նախահարց ոգիներուն զոհ մատուցանելով տալ նշան, թէ՝ առեւանգումի արշաւէն յաղթակա՛ն վերադարձած են իրենց յաջորդները։

- Առեւանգեալ աղջիկը՝ այլեւս օտար մը չէ, քանի որ միեւնոյն զոհին արեամբ շաղապատուելով՝ արենակցած է իրենց ընտանիքին եւ ընդունուած ընտանի թերափներու պաշտամունքը։

- «Հաղորդական զոհ»ի հաւատալիք, որ «անցքերու» շեմայի լրման երրորդ գօտիին յատուկ է հոս։

Ո՞վ կրնայ անգիտանալ Արեւմտեան քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, մինչեւ վերջին ժամանակներ եւ թերեւս շարունակուող ցեղային ատելութեան կամ խտրականութեան ստեղծած ներքին եւ ծածուկ սահմանագլուխները, որոնցմէ դուրս կամ ներս բնակութիւն հաստատելը կ՚արգիլուի նոյն իսկ նո՛յն երկրի զաւակներուն կամ հպատակներուն։

Արեւմտեան թէ Արեւելեան աշխարհին մէջ, կրօնական խտրականութեան ստեղծած արգելքները, այս կամ այն սրբավայրի՝ աղօթատեղիի ներսը մտնելու բազում արգելքները եւ ձեւականութիւնները, հաւատացեալի կամ ոչ-հաւատացեալի ընկերային փոխյարաբերութիւններու՝ նախապաշարումներու եւ ատելութեան փշաթելերով ցանկապատուած սահմանագիծերը ամէն մարդու ծանօթ երեւոյթներ են։

Մինչեւ իսկ «հաւատացեալ»ներու համար ի զօրու՝ «սուրբ գօտի»ներու սահմանային արգելքները որո՞ւն անծանօթ են։ Նոյնը եւ իւրաքանչիւր ընտանեկան տուն՝ որ ունի իր «մուտքի դուռ»ն ու սենեակներ, ուրկէ ընտանիքի անդամներու եւ օտարներու անցքերը՝ զատ զատ ձեւականութիւններով կրնան յատկանշուիլ։

Ահաւասիկ, ասոնց նման բազմազան ժողովրդային արարողութիւններու,- ուրիշ նոր ընտանիքի մը՝ ցեղի՝ ընկերութեան կամ միաբանութեան անդամակցութեան յատուկ ծէսեր կը կատարուին՝ որոնց կարեւորագոյնն է «միաւորման կամ հաղորդակցութեան ծէս»երը։

Արդարեւ ծէսերն են որ կ՚իրագործեն էականը եւ ամբողջակա՛նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 3, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 12, 2019