ՋԱՅԼԱՄԱԽՏ

Հաւանաբար շատերու զարմանք պատճառեց երէկուան՝ երկուշաբթի, 11 ապրիլ 2022-ի թիւին մէջ մեր հրատարակած «Ծիծիկներ» խորագրեալ գրութիւնը. հաւանաբար շատեր «անբարոյ» ածականով պիտակաւորեցին թերթի խմբագրութիւնը, մասնաւորաբար ինձ՝ որ յանդգնած էի նման խորագրով մը հրապարակ դուրս գալ: Շատեր առաջարկեցին «ծիծիկներ»ու փոխարէն գործածել աւելի գրական «ստինք» տարբերակը, շատեր նախընտրեցին անբարոյականութեան հետ կապուած խորագիր մը ընտրել. անոնց պատասխանեցի Պիղատոսի ինքնավստահութեամբ՝ «ինչ որ գրեցի՝ գրեցի»:

Եւ այսօր կ՚ուզեմ անոր հիմնական պատճառներուն անդրադառնալ:

Կասկածէ վեր է, որ երէկուան մեր յօդուածը շատ աւելի ընթերցողներ ունեցաւ՝ քան մինչեւ օրս մեր հրատարակած յօդուածները, որովհետեւ դժբախտաբար զեխութեան, անառակութեան, շուայտութեան եւ ցոփութեան հանդէպ տարբեր տառփանք մը ունինք, որ մեզ աւելի կը հրապուրէ քան հայրենասիրական կամ ազգասիրական հարցեր ու խնդիրներ: Այսօր ունինք այնպիսի իրականութիւն մը, որ կապիկութեանց ու այլանդակութեանց  հանդէպ շատ աւելի յարում ու սէր ունի, քան պիտանի այլ նիւթերու: Երէկուան մեր յօդուածին վերնագիրը եթէ դնէինք «Անբարոյական արժէքներու կորուստ» վստահ ենք, որ պիտի չունենար այնքա՛ն ընթերցող՝ ինչքան «ծիծիկներ»ը եւ այս մէկը ինքնին փաստն է այն ճշմարտութեան, որ անբարոյականութիւնը աւելի ծանրակշիռ է այսօր քան բարոյականութիւնն ու հայու արժանապատուութեան վերականգնումին համար գրուած բոլոր յօդուածները:

Արտառոց ու անճոռնի բաներն են այսօր մեր հետաքրքրութեան առարկան եւ հաւատացէ՛ք իր «ծիծկներ»ուն մասին խօսող անբարոյ կինը այսօր շա՜տ աւելի տարածում ու ճանաչում ունի մեր իրականութենէն ներս՝ քան էջերով գրուած Խրիմեանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուրիշներու ճառերն ու յորդորները:

Համացանցի վրայ այսօր համեմատութեան դրէք մամուլներու ճամբով հրատարակուած յօդուածներու ստացած արձագանգն ու այդ անբարոներուն այլանդակութեանց ստացած արձագանգները. այսօր կաթողիկոս մը, պատրիարք մը թող համացանցի ճամբով խօսի հայկական կարեւորագոյն հարցի մը մասին. նոյն միջոցին անբարոյ այդ անձերը թող իրենց այլանդակութիւնները տեղադրեն համացանց. ձեր կարծիքով ո՞ր մէկը աւելի տարածում պիտի գտնէ. ըստ մեզի պատասխանը պարզ է. վստահաբար այլանդակութիւնն ու անբարոյականութիւնը:

Տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ թատերական ներկայացում մը տեղի ունեցաւ, որուն նիւթը վերացական էր ու շատ տպաւորիչ. ներկայացման ընթացքին ետեւի շարքէն մէկը իր քովի նստողին կ՚ըսէր. «ես ալ խնդալիք նորմալ բան մը կարծեցի». ներկայացման ընթացքին գրեթէ մեծամասնութիւնը քնացած վիճակ մը ունէր. շատեր ներկայացման առաջին դադարին դուրս եկան եւ ալ չեկան. պատճառը դերասանական պակասութիւնը կամ անկազմակերպուածութիւնը չէ. պատճառը ա՛յն է, որ այսօր հանդիսատեսը բեմերէն կ՚ուզէ «մէջքէ վար» կատակներ լսել, հայհոյանք լսել, փողոցային արտայայտութիւններ լսել ու բաւարարուիլ անոնցմով. բազմահարիւր ներկայացման արժանացած «Նամուս»ը այսօր բան մը պիտի չըսէ հանդիսատեսին, սակայն «ծիծիկներ»ը... մագնիսի նման պիտի քաշէ՛ հանդիսատեսը:

Այս բոլորին մասին գրելու համար պէտք չունինք ամչնալու, որովհետեւ այս բոլորը մաս կը կազմեն մեր իրականութեան եւ այդ իրականութիւնը պահել փորձելը ջայլամի գլուխը պահելէն տարբեր բան մը չէ:

Այսօր մեր մէջ տարածում գտած է ջայլամախտը. կը կարծենք մեր հարցերը հողին տակ պահելով մշտնջենաւորապէս վերացուցած կ՚ըլլանք զանոնք մեր մէջէն:

Երէկուան յօդուածի պարագային խորագիրը չէ՛ որ «ամօթ է». ամօթը անբարոյականութեան ու այլանդակութեան հանդէպ մեր ունեցած հետաքրքրութիւնն ու սէրն է, այդ բոլորին դիմաց «բան մը չեղած»ի պէս ծիծաղիլն ու անցնիլն է, դէպի այլանդակութիւն եւ անբարոյականութիւն առաջնորդուող մեր ընկերութեան դիմաց անտարբեր կեցուածքն է եւ «ծիծիկներ»ը պարզապէս հայելին է այդ ամբողջին: Այս բոլորը պարզապէս հայութեան ուղղուած «յո՞ երթաս» մըն է, որուն պատասխանը թէեւ ո՛չ մեր լեզուներուն վրայ, սակայն մեր աչքերուն դիմաց է:

Բոլոր անոնք որոնք «ծիծիկներ»ուն դիմաց ամօթ զգացին, թող պահ մը ամօթ զգան նաեւ իրենց անտարբերութեան համար, որուն պատճառով է, որ հասանք հոն՝ ուր որ ենք այսօր: Այդ ամօթահար ջայլամները թող շարունակեն իրենց գլուխները մտցնել հողին տակ եւ մարմնապէս շարունակեն ապրիլ այն անբարոյականութեան մէջ՝ որուն սիրահարները, իսկ մենք՝ ակամայ հանդիսատեսներէն ենք պարզապէս:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅԱԿՈԲ ԳՐԻԳՈՐ
(1905-1985)

Մեր թուականէն 117 տարիներ առաջ՝ 12 ապրիլ 1905-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է թարգմանիչ, հրապարակագիր եւ մտաւորական Յակոբ Գրիգոր (բուն անունով՝ Յակոբ Ճրճրեան):

Յակոբ Գրիգոր իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէրպէրեան եւ ապա Կենդրոնական վարժարաններէն ներս: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք մեկնած է Լայպցիկ, հետեւելով տեղի համալսարանի տնտեսագիտական հիմնարկի դասընթացքներուն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1927 թուականին: Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք Յակոբ Գրիգոր հաստատուած է Փարիզ, ուր սկսած է զբաղիլ գրական գործունէութեամբ:

Յակոբ Գրիգոր հրապարակախօսական, հայագիտական եւ գիտական յօդուածներով հանդէս եկած է զանազան մամուլներու մէջ. ինչպէս՝ «Ապագայ», «Պայքար», «Բազմավէպ», «Աշխարհ» եւ այլ թերթեր: Յայտնենք, որ Յակոբ Գրիգոր եղած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի աշխատակից: Յայտնի են Յակոբ Գրիգորի գիտական ուսումնասիրութիւնները, որոնցմէ մաս մը հրատարակուած է. անոնցմէ են «Եթովպիոյ հայ եկեղեցին եւ հայերը», «Պարոյր Սեւակի լեզուական կտակը», «Համազգային ուղղագրութիւն եւ հայերէնի մաքրագործման հարցերը» եւ այլ աշխատութիւններ: Գրական մրցանակի արժանացած է Յակոբ Գրիգորի ֆրանսերէն լեզուով լոյս տեսած «Ծանօթ եւ անծանօթ հայեր Նոյէն մինչեւ մեր օրերը» աշխատութիւնը:

Հրապարակախօսութեան ու յօդուածագրութեան կողքին Յակոբ Գրիգոր մեծ աշխատանք տարած է թարգմանութեան ծիրէն ներս. հայերէնի թարգմանած է ամերիկացի գրող Էտկար Փոյի, գերմանացի մտաւորական Կէօթէի, գիտնական Այնշթայնի եւ այլ յայտնիներու գործերէն, իսկ հակառակ գետնի վրայ գերմաներէն լեզուի թարգմանած է Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» եւ «Պաղտասար աղբար»ը:

Հրապարակախօսը մահացած է 23 օգոստոս 1985 թուականին, Փարիզի մէջ:

ԾԱՆՕԹ: Դժբախտաբար չկրցանք գտնել Յակոբ Գրիգորի լուսանկարը՝ ո՛չ համացանցի եւ ո՛չ ալ այլ հրատարակութիւններու մէջ, սակայն նկատի ունենալով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից ըլլալը, չուզեցինք զանց ընել ու ներկայացնել գրողի կենսագրութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022