ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի շարժումները տեսնելով, միաժամանակ հետեւելով Լիբանանի նախընտրական պայքարներուն՝ էութիւնս վիշտով մը կը լեցուի, որովհետեւ այդտեղ կը տեսնեմ անձեր, որոնք դարձեալ բեմ բարձրացած կը խոստանան ընտրութիւններէն ետք կատարել բոլո՛ր այն բաները, ինչ որ խոստացած էին նաեւ տարիներ առաջ՝ սակայն չէին կատարած:

Ամբողջ տասնամեակներ երկիրն ու գաղութը պահպանողները, այսօր բեմերուն վրայ կը յայտարարեն, թէ «գիտե՛ն ժողովուրդի ցաւերը» եւ պատրաստ են հասնիլ անոր բոլոր կարիքներուն. այս յայտարարութիւններուն դիմաց ակամայ նոյն հարցումը ծնունդ կ՚առնէ մէջս... մինչեւ այսօր ո՞ւր էիք:

Տարիներ շարունակ անգործութեամբ ապրողները յանկարծ ընտրութիւններու նախօրեակին կը յիշեն, որ գոյութիւն ունի ժողովուրդ մը՝ որուն սպասարկելու համար պաշտօնի կոչուած են: Իսկ աւելի զարմանալին ալ այն՝ որ տարիներ շարունակ իրենց անտարբերութեան ու անգործութեան պատճառով տուժած ժողովուրդը, չես գիտեր ինչ ակնկալութեամբ, դարձեալ կ՚երթայ ծափահարելու համար անոնք՝ որոնք մեծամեծ խոստումներ կու տան հանրութեան:

Շատ անգամ իրենք իսկ իրենց ըսած խօսքերուն չհաւատալով խօսքին տեղ հրապարակ կը հանեն աւելի ազդուն՝ դրամը, որու շնորհիւ մարդիկ պատրաստ կ՚ըլլան թէ՛ քուէ տալու եւ թէ ծափահարելու, վստահ ըլլալով որ ով ալ ըլլայ ընտրը-ւողը, կացութիւնը պիտի մնայ նոյնը. ընտրողը պիտի մնայ թշուառ ու աղքատ ու ընտրողին ծառայելու կոչուածները պիտի դառնան ունեւորներ: Հետեւեցէ՛ք պայքարներուն. պիտի տեսնէք, որ ազգին կամ հայ ժողովուրդին համար մտածող չկայ. մտածումը միայն կը կեդրոնանայ աթոռին շուրջ:

Ընտրութեան դէմ այս փառասիրութիւնը մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած է. փաստ Յակոբ Պարոնեանի աւելի քան դար մը առաջ «Մեծապատիւ մուրացկաններ» աշխատութեան մէջ գրած հետեւեալ տողերը.- «ակնավաճառն իւր առաջին յաճախորդը կ՚ուզէր թաղական ընտրել, հացագործն կ՚ուզէր թաղական ընտրել այն մարդն, որուն տունը օրը տասը հաց կու տար. դերձակն թաղական տեսնել կը փափաքէր այն երիտասարդն, որուն վրայ շաբաթը երկու անգամ հագուստ կը ձեւէր եւ կը կարէր. համետագործը քուէ տալ կ՚ուզէր այն հարուստին, որուն մէկ-երկու համետ կը շինէր տարին. խմբագիրն իւր բոլոր բաժանորդները թաղական խորհրդոյ մէջ տեսնել կ՚ուզէր. փաստաբանը իրեն շատ դատ յանձնողին քուէ կու տար. բժիշկն իւր ամենէն ծանր հիւանդին. եւ գինեպանն ալ ամենէն շատ օղի եւ գինի խմողին կ՚ուզէր յանձնել թաղին գործերը»: Նոյն գիրքին մէջ այլ էջի մը վրայ Պարոնեան կը գրէ. «Թորոս աղան ինձի քանի մը օղի խմցունելով ետեւէս ինկաւ, որ իւր ուզած մարդոցը քուէ տամ»:

Կը հաւատամ, որ եթէ մարդ արդար գործ ընէ, քուէն ինքնաբերաբար կը շահի, որովհետեւ կամաց կամաց ոչխարի կարգավիճակէն դուրս գալով մարդիկ սկսան զանազանել խօսքը գործէն, որովհետեւ մեր ազգին մէջ խօսքով հայրենիք փրկողները երբեք չեն պակսիր:

Կրնայ ըլլալ այս բոլոր այլանդակութեանց պատճառը կնոջ քուէ տալու իրաւունքը ըլլայ. Խրիմեան Հայրիկ «Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց» աշխատութեան մէջ, հակառակ իր բացմտութեան, վախով կը խօսի կնոջ քուէ տալու իրաւունքին մասին, ըսելով «Թերեւս օր մի [կինը] այլ եւս աւելի յառաջ երթայ ու մեզ հետ հաւասար քուէ տալու իրաւունք խնդրէ. թողու ընտանեկան ամէն հոգն ու կեանք, թողու ամուսնական սէր։ Աւա՛ղ այն ժամանակին, յորում աշխարհիս կարգ եւ օրէնք պիտի խանգարուին»:

Ղեկավարները ե՞րբ պիտի կարենան հասկնալ, որ ժողովուրդը այլեւս ոչխար չէ... ամբողջ երկու տարիներ հայահոծ շրջաններ չայցելած անհատներ, այսօր ընտրութեան շեմին ժողովուրդին մօտ կ՚ըլլայ, անոնց հետ կը նկարուի եւ կը զրուցէ:

Այս ինչպէ՞ս եղաւ որ դերերը փոխուեցան. եթէ ազգը՝ ժողովուրդը տան տէրն է, իսկ նախարարներն ու պատգամաւորները ծառաները, ինչպէ՞ս եղաւ որ ծառան աւելի՛ արժէք ստացաւ քան տան սեփականատէրը:

Մինչեւ օրս երբեք քուէ չեմ տուած, այս ընթացքով մտադիր եմ ալ չտալ, որովհետեւ համոզուած եմ քուէն պարզապէս ժողովուրդին «դուն ընտրեցիր» ըսելու խաբկանք մըն է, մինչեւ վերջաւորութեան որպէս արդիւնք կ՚ընտրուի ան՝ որ նախապէս ընտրուած է: Փա՞ստ. տարիներ առաջ ուզեցի մուտք գործել սկաուտական կառոյց մը՝ երիտասարդական շրջանակ մը ունենալու նպատակով. ակումբին մէջ ինձ ոչ ոք կը ճանչնար՝ բացի սկաուտութեան գլխաւոր վարիչէն: Մասնակցեցայ առաջին ժողովին եւ յանկարծ ինծի չճանչցողներու կողմէ ընտրուեցայ վարչութեան ատենադպիր... ձայներու մեծամասնութեամբ անշուշտ:

Քուէ տաս չէ չտաս, յաղթողը միշտ ալ նախապէս որոշուած է. Պարօնեան կը յիշէ, թէ թաղին մէջ կ՚ըլլար 632 քուէ տալու իրաւունք ունեցող, սակայն քուէարկութեան աւարտին այդ նոյն շրջանի քուէի տուփէն դուրս կու գար 6 հազար բնակիչէ աւելի քուէ. հաւանաբար մեռածները եւս Յարութիւն առնելով քուէարկած ըլլան:

Պէքտ է գիտակցիլ, որ քուէ ծախելը, դրամի դիմաց ուրիշին հետեւորդ դառնալը եւս դաւաճանութիւն է ազգին նկատմամբ, որովհետեւ քուէն ծախել յառաջիկայ սերունդին ապագան ծախել կը նշանակէ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
(1932-2017)

Մեր թուականէն 90 տարիներ առաջ՝ 12 մայիս 1932-ին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի շրջանին մէջ ծնած է բանաստեղծ, գրող, թարգմանիչ եւ հրապարակախօս Արմէն Յովհաննիսեան:

Յովհաննիսեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք ընդունուած է Ատրպէյճանի Վ. Ի. Լենինի անուան պետական մանկավարժական կաճառը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1968 թուականին: Աշակերտական տարիներէն սկսած է գրել բանաստեղծութիւններ. իր առաջին բանաստեղծութիւնները հրատարակուած են Պաքուի մէջ հրատարակուող «Կոմունիստ» հայկական թերթին մէջ: Աշխատակցած է զանազան թերթերու, որոնցմէ են «Գրական Ատրպէյճան», «Մետաքսագործ», «Ազատ Արցախ», «Արցախի կոմունիս», «ԼՂ Հանրապետութիւն» եւ այլ պարբերականներու:

Յովհաննիսեան 1957-1958 թուականներուն եղած է «Գրական Ատրպէյճան» թերթի խմբագրական կազմի անդամ. 1966-1970 թուականներուն՝ «Մետաքսագործ» թերթի խմբագիր, 1996-1999 թուականներուն՝ «ԼՂ Հանրապետութիւն» թերթի գործադիր տնօրէն, 1999-2001՝ թուականներուն «Ազատ Արցախ» թերթի խմբագիր: Յովհաննիսեանի առաջին գործը՝ «Գրական ալմանախ»ը առաջին անգամ հրատարակուած է 1957 թուակնաին, Պաքուի մէջ, որուն յաջորդած են «Բարի ճանապարհե»ը, «Հայրենի տուն»ը, «Լեռնային վտակ»ը, «Անմահների ձայնը» եւ այլ աշխատութիւններ:

Խմբագրական եւ ստեղծագործական գործունէութեան կողքին Յովհաննիսեան կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանքներ. ռուսերէնէ հայերէնի թարգմանած է շատ մը յայտնի գրողներու գործեր. ինչպէս՝ Նիքոլա Կումիլիով, Աննա Ախմատվա, Միխայիլ Դուդին, Ելենա Իսայեւա եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Յովհաննիսեան 1959 թուականին դարձած է Խորհրդային Միութեան Գրողներու միութեան անդամ, 1994-ին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Գրողներու միութեան, իսկ 2002 թուականին՝ Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ:

Յովհաննիսեան մահացած է 25 դեկտեմբեր 2017 թուականին, Արցախի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2022