ԲՈՅՍԵՐ՝ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ - Դ -

ՀԻՆԱ. (ԵՐԳ. Ա 14, Դ 13)։ Հոտաւէտ եւ ծիրանածաղկի (=լէյլակ) նման ծաղկալից փոքրահասակ թուփ մըն է։ (Հինա=գընայ). տերեւները արեւելքի եւ Եգիպտոսի մէջ փոշիի վերածուելով կը գործածուին իբրեւ ներկ եղունգի եւ յօնքի։ Կ՚երեւի թէ մատներու եղունգները ներկելու այս սովորութիւնը շատ հին էր Եգիպտացիներու մէջ, քանի որ ասոր նշմարանքը կը տեսնուի «մումիա»ներու, մանաւանդ կիներու մումիաներու, եղունգներուն վրայ։

Ոմանք կը կարծեն, թէ այս սովորութիւնը կ՚ակնարկուի (Բ ՕՐ. ԻԱ 12) համարին մէջ։

ՁԻԹԵՆԻ. Մշտադալար ծանօթ տունկ մըն է եւ հասարակ է արեւելքի մէջ։ Հրեաներու մէջ «յաջողութեան նշանակ» էր. (ՍԱՂՄ. ԾԲ 8), եւ ամէն դարու մէջ համարուած է առաքինութեան եւ գեղեցկութեան նշանակ։

Ոստերը կը գործածուէին Տաղաւարահարաց տօնին, Երուսաղէմ բերուելով մօտ լեռնէ մը (ՆԷԵՄ. Ը 15), որ «Ձիթենեաց լեռ» կը կոչուէր իր ձիթենիներու առատութեան պատճառաւ։ Գեթսեմանի՝ որ նոյն լերան ստորոտը գտնուած պարտէզին անունն էր՝ կը նշանակէ «իւղի կամ ձիթոյ հնձան»։

ՄԱՅՐ ՓԱՅՏ. Սուրբ Գիրքի մէջ յաճախ յիշուած է. (Բ ԹԱԳ. Զ 5), (ԵՐԳ. Ա 17), եւ այլն։ Հաւանական է թէ այս բառով կը հասկցուին սոճիի այլ եւ այլ տեսակները։

Ոմանք կը կարծեն, թէ բնագրին մէջ գործածուած բառը կը նշանակէ բուն նոճի եւ գիհի. ուրիշներ նոյն բառով կը հասկնան եղեւինը, եւ դարձեալ ուրիշներ՝ հասարակ սոճին։

Բոլոր այս ծառերը կը գտնուին Պաղեստինի մէջ, եւ որովհետեւ Սուրբ Գիրքի մէջ շատ անգամ եղեւին եւ «մայր փայտ» միասին կը յիշուին, հաւանական է, թէ սրբազան հեղինակները այս բառերով կ՚ուզեն ներկայացնել յիշեալ ծառերուն բոլոր տեսակները։

ՄԱՆԱՆԵԽ. շատ մանր սերմ մըն է, բայց տունկը, ըստ բուսաբաններու, «խոտային» կոչուած տեսակներուն մէջ ամենէն բարձրը եւ ծառանմանն է. (=հարտալ)։

ՄԱՆՐԱԳՈՐ. (ԾՆՆԴ. Լ 14-16), (ԵՐԳ. Է 13)։ Հազարի մեծութեամբ եւ ձեւով, թխագոյն կանաչ տերեւներով տունկ մըն է. պտուղը մանր խնձորի չափ, եւ կը հասնի հունձքի ժամանակ։ Հինէն կը համարուէր զուարթացուցիչ եւ յղացման նպաստաւոր։ Մորմազգիներու ընտանիքէն տունկերու սեռին կը պատկանի, որուն զարմանալի յատկութիւններ կ՚ընծայէր երբեմն վհկութիւնը. «մարմնատակ», «մարդախոտ». «գան գուրուտան», «ատամ քէօքիւ», «ապտիաուսէլամ օթու» անուններով կը յիշուի։

ՄՈԼԱԹԶԵՆԻ. տեսակ մը թզենի՝ որուն անփուտ փայտէն հին Եգիպտացիներ դագաղներ կը շինէին. վայրի թզենի. «sycomore»։ (Գ ԹԱԳ. Ժ 27), (ՍԱՂՄ. ՀԸ 47), եւ այլն։

Բարձր եւ հովանաւոր ծառ մըն է, տերեւները կը նմանին թթենիի տերեւներուն։ Պտուղը շատ յարգի չէ՛։ Փայտը ծակոտկէն է, բայց տոկո՛ւն։ Եւ այս իսկ պատճառաւ Եգիպտացիներ ընդհանրապէս այս փայտէն կը շինէին մումիայի՝ զմռսուած դիակի սնտուկները։

ՄՈԼՈՇ. Յիշուած է միայն (ՅՈԲ. Լ 4)ի մէջ։ Մոլոշազգիներու ընտանիքին նախատիպն է՝ որուն տեսակները հարիւրէ աւելի են. «բաղրջուկ», «աղջկտակ», «կտատեակ», «ճնճղկաբլիթ», «հաց ու պանիր»։ Թուրքիոյ մէջ ծանօթ է որպէս. «էպէմ կիւմէճի»։ Խոտ մըն է, զոր ընդհանրապէս աղքատներ կ՚ուտէին իբրեւ հասարակ բանջար։

ՄՐՏԵՆԻ. (ԵՍ. ԽԱ 19)։ Վայրի ծառ մըն է Պաղեստինի մէջ. կը բարձրանայ մինչեւ քսան ոտք (ոտք=foot=30,48 սանթիմետր)։ Տերեւը մութ է եւ փայլուն, ծաղիկը՝ համեմային։ Ճիւղերը կը գործածուէին Տաղաւարահարաց տօնին (ՆԷԵՄ. Ը 15)։ Եբրայեցերէն անունն է «Ադասսա», եւ այս անունով յորջորջուեցաւ Եսթեր (ԵՍԹ. Բ 7)։

Մրտենիներու ընտանիքէն թուփ մըն է՝ որուն ճերմակ ծաղիկները սուր հոտ մը ունին. «seringa», որ է՝ «ֆուլեա» ծաղիկը։

ՆԱՐԴՈՍ. «նարտին», «ներտ», «nard»։ Անուշահոտ արմատ մըն է, զոր նախնիները կը գործածէին իբր անուշահոտութիւն։ Ասկէ կը շինուի ազնիւ, ընտիր եւ մեծագին անուշահոտ օծանելիք. (ԵՐԳ. Ա 12, Դ 13-14), (ՄԱՐԿ. ԺԴ 3), (ՅՈՎՀ. ԺԲ 3)։ Բունը, մանաւանդ վարի մասը, շատ թաւ է. իսկ տերեւները սրածայր են։

ՆՇԵՆԻ. «պատէմ աղաճը». վարդազգիներու ընտանիքէն պտղատու ծառ մըն է՝ որ նուշ կու տայ. «պատէմ»։

Այս ծառը գարնան մէջ ամենէն առաջ կը բողբոջի, եւ այս պատճառաւ Եբրայեցերէնի մէջ թարգմանաբար կոչուած է. «արթնցած»։

Ծաղիկները խնձորենիի ծաղիկներուն նման են, սկիզբը՝ վարդագոյն, յետոյ սպիտակ։ Այս իսկ պատճառաւ «ծերութեան» նշանակ է. (ԺՈՂ. ԺԲ 5), եւ կանուխ ծաղկելուն համար օրինակ է արագ եւ յանկարծ օգնութեան. (ԵՐԵՄ. Ա 11), (ԹՈՒ. ԺԷ 8), (ԾԾԾԴ. ԽԳ 11)։

ՆՌՆԵՆԻ. «նար աղաճը»։ Պտուղը կլոր է, եւ մեծ խնձորի չափ։ Իր մէջ կը պարունակէ թթուախառն անուշ հիւթով խիտ առ խիտ կարմրագոյն հատեր։ Այս ծառը հիւսիսային Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ կը բուսնի եւ յարգի է. (Բ ՕՐ. Ը 8), (Ա ԹԱԳ. ԺԴ 2), (ԵՐԳ. Ը 2), (ԱՆԳ. Բ 19), (ՅՈՎԵԼ. Ա 12)։

Քանդակուած նուռեր կամ նռնաձեւ զարդեր դրուած էին Տաճարին սիւներուն գլուխները. (Գ ԹԱԳ. Է 18-20)։ Նուռի նմանութիւններ կարգաւ շարուած էին նաեւ Հրեաներու քահանայապետին եփուտին (=հրեայ քահանաներու պարեգօտը կամ առանց թեզանիքի՝ զգեստին երկայն թեւը, որ ձեռքերը կը ծածկէ) ստորոտը. (ԵԼՔ. ԻԸ 33-34)։

ՇՈՒՇԱՆ. Հաւանաբար այս էր Պաղեստինի մէջ քանի մը տեսակ իրարու նման ծաղիկներու անունը։ Հին Կտակարանին մէջ այս կը նշանակէ «կոկոռ» կամ «հարսնամատն» կոչուած ծաղիկը։ Այս տեսակը կ՚ուտուէր. արմատը, ցօղունը եւ սերմերը, թէ՛ դալար ըլլան եւ թէ՛ չոր, շատ քաղցր են, ուստի հաւանական է որ այս ծաղիկը կ՚ակնարկուի. «Շուշաններու մէջ կ՚արածէ» խօսքով. (ԵՐԳ. Բ 16, Դ 5)։

«Շուշան հովտաց» կոչուածը, այսինքն՝ ջրային շուշանը, կը վերաբերէր, նոյնպէս այս տեսակին (ԵՐԳ. Բ 1-2)։ Այս ծաղիկը հանդիսաւոր տօներու ժամանակ կը գործածուէր, եւ Տաճարին զարդերուն մէկ մասն էր այսպիսի շուշաններով քանդակակերպ յօրինուած. (Գ ԹԱԳ. Է 19)։

Նոր Կտակարանին մէջ յիշուած «Դաշտի շուշան»ը (ՄԱՏԹ. Զ 28) ծիրանագոյն վայրի շուշանն է, որ ընտանի է բոլոր Գալիլիայի մէջ, եւ շքեղ ծաղիկ է ապարօշի (փաթթոց) նման։

Շուշանը կը բացուի ապրիլ եւ մայիս ամիսներու մէջ, որ հաւանական է որ ճի՛շդ ժամանակն էր այն քարոզին՝ զոր Տէր Յիսուս Քրիստոս տուաւ լերան վրայ…։

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 8, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2020