ԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼ ԵՒ ՏՐԱՄԱԲԱՆԵԼ

Երեւակայել եւ տրամաբանել՝ ահաւասիկ երկու մարդկային կարողութիւններ։ Աստուած մարդուն տուած է զանազան կարողութիւններ, որոնց գլխաւորներն են երեւակայելու եւ տրամաբանելու կարողութիւնները։

Երեւակայութիւնը՝ մտքով պատկերելու կամ վերաստեղծելու կարողութիւնն է։ Այս կարողութիւնը առաջնորդող դեր մը ունի մարդուս զգացական եւ բնազդային կեանքի բովանդակ շարժում եւ ապրումներուն մէջ։ Այս իմաստով, երեւակայութիւնը ներշնչարանն է գեղարուեստի. մուսաներու՝ ներշնչումի բնակավայր եւ գեղագիտական (esthétique) յղացումներու կեդրոն։

Պահ մը երեւակայենք երաժիշտ մը՝ որ սքանչելիօրէն ուսանած ըլլայ իր ճիւղին բոլոր գիտելիքները, կանոնները եւ յօրինէ միայն տուեալ օրէնքներու համաձայն առանց աւիւնի՝ կենսունակութեան թափի կամ վառ, խանդ երեւակայութեան։

Առանց այդ խանդավառ հոգեվիճակին՝ կարելի չէ՛ կատարեալ արդիւնք ձեռք ձգել։

Ուստի, առանց երեւակայութեան կարողութեան, շատ անհաճոյ եւ անճաշակ գործ մը կը ստեղծուի, քանի որ թռիչք եւ եռանդ, ոգեւորութիւն կը պակսին անոր մէջ։ Իսկ այս վերջինները եւ մարդուս հոգին փայփայող, նոյնպէս եւ ճաշակը զարգացնող զգացումները, երեւակայութիւնը կարող է տալ մարդուս։

Հետեւաբար երեւակայութեան դերը մե՛ծ է՝ նախ գեղարուեստի եւ յետոյ կեանքի այլազան մարզերուն եւ ասպարէզներուն մէջ։

Մարդս իր մանկութեան շրջանին՝ լոկ բնազդով եւ երեւակայութեան թելադրանքներով կ՚ապրի։ Եւ այս ալ ցոյց կու տայ, թէ երեւակայութեան կարողութիւնը ընդոծին է եւ ո՛չ ստացական։ Ան բնատուր, ընդաբոյս՝ ի ծնէ, ծնային ժառանգական յատկութի՛ւն մըն է։

Բայց, ահա կու գայ գիտակցութիւնը եւ բանականութիւնը իր դերը կը ստանայ կեանքի մէջ, եւ տարիք մը՝ ուր անհրաժեշտ պայման կը դառնայ՝ տրամաբանելը եւ անոր ցուցմունքներուն համեմատ ապրիլը, մանաւանդ ներկայ դարուս՝ ուր հազարումէկ որոգայթներ լարուած կը գտնուին մարդուս ոտքերուն ներքեւ եւ ուր, պաղարիւնութիւնը եւ հանդարտութիւնը պահել եւ տրամաբանել՝ «պայման՝ առանց որոյ ո՛չ» կը ներկայանան մարդուս։ Այսպէս, ահաւասիկ, աշխարհայինը կը գերադասուի հոգեւորին, եւ արտաքինը՝ ներքինին։ Ստացական յատկութիւնները կը տիրապետեն բնածինին։

Եւ անոնք, որոնք կը ներդաշնակեն բնատուրը եւ ստացականը, կը հասնին կատարեա՛լին։

Բանականութեան կարողութեամբ տրամաբանել. չարը եւ բարին զատորոշել, գործին հետեւանքը խորհիլ եւ ապա գործել. ահա՛ երջանկութեան բանալին։ Քանի որ երջանկութիւնը՝ նպատակի մը հասնելու հաճոյքը եւ կատարելութեան զգացումն է։ Եւ այս տրամաբանութեան կը հետեւի ողջամտութի՛ւն։ Իսկ ողջամտութիւնը մարդուս յաջողութեան եւ սիրուելուն գլխաւոր ազդակը կը հանդիսանայ։

Որքա՜ն անհամաձայնութիւններ, կռիւներ, ոճիրներ, պատերազմներ, գէշ արարքներ, չարութիւններ, որքա՜ն քայքայուած բոյներ, ընտանիքներ կը խնայուէին այսօր մարդկութեան, եթէ այս բոլոր արարքներուն հեղինակները, նոյնիսկ պահիկ մը սապէս խորհէին. «Ի՞նչ կ՚ընեմ, ի՞նչ կը պարտիմ ընել»։ Արդարեւ, պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը մարդուս ուղեցոյց կ՚ըլլայ։

Ահա՛, ճշմարիտ խորհելակերպը, ահա այն գործելակերպը՝ որուն կիրարկումով մարդիկ կրնան ա՛յսօր դարձեալ երջանկանալ, ի հեճուկս բոլոր չարիքներուն եւ արգելքներուն։

Արդարեւ, մարդկային երջանկութեան միակ ճամբան՝ տրամաբանութեան զգացումներու հետ կարենալ ներդաշնակելու մէջ կը կայանայ։ Ուստի, միտքը եւ խիղճը պէ՛տք է համընթաց ըլլան։ Շատե՜ր ի՛նչ կը յուսային եւ ինչ գտած են։ Ահաւասիկ, այս ներդաշնակութաեն անդրադարձումը օգտակար պիտի ըլլայ շատերու իրենց առօրեայ կեանքին համար։

Միթէ բոցավառ, այլ սին երեւակայութիւնը չէ՞ որ իր ճառագայթները առանց տրամաբանութեան պրիսմակէն անցընելու, շատ շատեր դժբախտ ըրած է մինչեւ այսօր։

Ուստի, մարդ եթէ հաւատայ՝ կը սիրէ՛։ Բա՛ւ է որ մարդ իր արարքներուն մէջ անկեղծ ըլլայ։ Մարդուս վախճանը՝ հանգի՛ստ է։ Մարդ երկրի վրայ միշտ կը ձգտի երջանկութեան, բայց երջանկութիւնը կը կատարելագործուի երկնային երանութեամբ։ Այս պատճառով, երջանկութիւնը երբեք կատարեալ չ՚ըլլար, եթէ բուն նպատակը երանութիւն չըլլայ։ Այս պատճառով՝ վախճանը հանգի՛ստ է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 13, 2024