ԼՈՒՍԱՄԻՏ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻ ԷԱՊԷՍ ԻՍԿԱԿԱՆ ՏԻՊԱՐ ՄԸ

«Եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին, իսկ եթէ մէկ անդամը պատուըուի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կ՚ուրախանան» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 26)։

Եւ ահաւասիկ պա՛հն է ցաւի եւ վիշտի, քանի որ մարմնին ո՛չ թէ մէկ անդամը, այլ կենսականը, էականը՝ գլո՛ւխը հրաժեշտ կ՚առնէ մեզմէ, դէպի իր Երկնաւոր Հօր մեկնելու համար։

Արդարեւ Մեսրոպ Պատրիարք մարմնապէս կը հեռանայ մեզմէ՝ աւելի՛ եւս մօտենալով մեր սրտին ու մտքին, ուր կը քանդակուի անջնջելիօրէ՛ն։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը, կարելի՞ է ցաւ եւ վիշտ չզգալ երբ մարմնին անդամներէն մին բաժնուած է, եւ երբ անիկա գլո՛ւխն է, բնական է, որ պիտի կրկնապատկուի, պիտի բազմապատկուի եւ աւելի՛ եւս պիտի սաստկանայ այդ ցաւը եւ վիշտը։

Ահաւասիկ, ա՛յդպէս եղաւ մեր ցաւը եւ վիշտը, երբ լսուեցաւ ու տարածուեցաւ Մեսրոպ Պատրիարքի բօթը՝ վախճանման լուրը։

Մեսրոպ Պատրիարք լուսամիտ, ազատախոհ հոգեւորականի իսկական տիպա՛ր մը եղաւ, եւ իր անձը եւ գործը արձանագրուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան լուսատիպ էջերուն մէջ։ Ան օրինակելի բծախնդրութեամբ եւ մեծ նուիրումով ծառայեց, ղեկավարեց իրեն յանձնուած հօտը՝ արժանանալով իր եկեղեցասէր ժողովուրդին անվերապահ յարգանքին ու գնահատանքին։

Մեսրոպ Պատրիարք, իր բազմակողմանի ձիրքերով՝ բնական ընդունակութեամբ եւ իրապէս արտակարգ կարողութիւններով եւ բարձր յատկութիւններով, որոնք իրեն տրուած աստուածաշնորհ տաղանդներ էին, նախաձեռնողը եղաւ եկեղեցական բարեկարգութիւններու, բարեփոխութիւններու, որոնք նոր եւ նորոգուած դիմագիծ մը բերին եկեղեցւոյ, անշուշտ միշտ հաւատարիմ մնալով եւ պահպանելով անոր էականը եւ սկզբնականը։

Մեսրոպ Պատրիարք իր հմտութիւնը եւ կարողութիւնները միշտ գործածեց ի նպաստ Եկեղեցւոյ, եւ եղաւ հոգեւոր ծառայութեան իսկական տիպար մը։ Եւ իր բազմակողմանի բարձր յատկութիւններու շնորհիւ ունեցաւ լայն շրջանակ մը՝ որուն շնորհիւ ներկայացուց եւ ծանօթացուց այդ լայն շրջանակներու Հայ Եկեղեցին՝ մանաւանդ միջեկեղեցական կարեւոր ժողովներու եւ խորհրդակցութիւններու մէջ։

Ան միշտ գնահատուեցաւ իր մտաւոր եւ հոգեւոր բարեմասնութիւններու նկատմամբ, մանաւանդ որ ան գիտցաւ միշտ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին ի նպաստ գործածել իր յատկութիւնները եւ բարեմասնութիւնները։ Ան եղաւ ճշմարիտ քա՛ջ հովիւ եւ նուիրուած ծառայ ժողովուրդին եւ Եկեղեցւոյ։

Մեսրոպ Պատրիարքի ծառայութիւնները սահմանափակուած չմնաց «հոգեւոր ծառայութեամբ», այլ ան իր նուիրական ծառայութիւնը բերաւ նաեւ հայ մշակոյթի գոյապահպանման, եւ հրաշալի՜ կերպով ներդաշնակութիւն հաստատեց հոգեւորին եւ մտաւորին միջեւ, միացուց հոգին եւ միտքը՝ սերունդ մը ստեղծեց հոգեմտաւոր շնորհներով օժտուած եւ զարգացած։ Այս ուղղութեամբ, ան իր հոգեւոր գործունէութեան համընթաց զբաղուեցաւ նաեւ մտաւոր աշխատանքներով՝ մշակոյթով եւ կըր-թութեամբ։

Մեսրոպ Պատրիարք իր բազմակողմանի զարգացումով, հայ եկեղեցական եւ մշակութային արժէքներու նկատմամբ իր մեծ նուիրումով, իր ժողովրդականութեամբ, իր վարչական կարողութիւններով պատուաւոր տեղ է գրաւած հայ հոգեւորականութեան շարքին մէջ։ Իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին ան մնաց հաւատարիմ զաւակ Հայ Եկեղեցւոյ։ Ան իր ամբողջ էութեամբ հոգեպէս կապուած մնաց աւանդական արժէքներու, եւ միշտ զօրավիգ եւ նեցուկ կանգնեցաւ եւ գործակցեցաւ հոգեւոր եւ մտաւոր նուաճումներու մշակութային, մտաւորական եւ գիտութեան ասպարէզներու։

Եւ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանմամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը կորսնցնէ իր հաւատաւոր, հայ եկեղեցական դարաւոր աւանդութիւններու նախանձնախնդիր եւ միեւնոյն ժամանակ բարենորոգող, շնորհաշատ սպասաւորներէն մէկը. լուսամիտ հոգեւորական մը՝ իսկական տիպար մը, հոգեւորական-մտաւորակա՛ն մը։

Այս տրուպ գրիչը, այն ատեն աշխարհական, հաճոյքը եւ մեծ պատիւը ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու Մեսրոպ Պատրիարքի հետ, տարիներ առաջ, Գնալը կղզի, երբ Մեսրոպ Վարդապետ էր ան։ Արդարեւ, բնական եւ սովորական է, որ ծնողներ ընդառաջեն եւ ուղեցոյց ըլլան իրենց զաւակներուն։ Բայց այս անգամ բոլորովին հակառակը պատահեցաւ եւ զաւակները ուղեցոյց եղան իրենց ծնողքին. Գրիգորը, հազիւ 6 տարեկան եւ Արարատը՝ 3 տարեկան, գրեթէ ամէն առաւօտ, իրարու ձեռք բռնած, մեծ հաճոյքով եւ մանկական անմեղ եւ անկեղծ ուրախութեամբ՝ վազելով, արագ Գնալը կղզի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի կ՚երթային։

Հազիւ 3 եւ 6 տարեկան Արարատը եւ Գրիգորը, մինչդեռ այդ շրջանին իրենց տարեկիցներուն նման խաղալու էին, ինչ որ բնական էր ասիկա։ Բայց անոնք մեծ հաճոյքով եւ ուրախութեամբ եկեղեցին նախընտրած էին…։

Առաջին ակնարկով տարօրինակ թուեցաւ այս պարագան ինծի. նախապէս ո՛չ լսած եւ ոչ ալ տեսած էի այսպիսի պատահար մը։ Բնականաբար հետաքրքրութիւնս շարժեցաւ, եւ օր մը հետեւեցայ իրենց եւ եկեղեցի հասայ։

Եւ աչքիս հաւատալու մէջ դժուարացայ, մեր տղոց տարեկից բազմաթիւ մանուկներ, եկեղեցւոյ բակը՝ երիտասարդ հոգեւորականի մը շուրջ հաւաքուած ուրախ զուարթ կը խաղային, շատ երջանիկ էին եւ մինչ երիտասարդ հոգեւորականին խրատները, խօսքերը մտիկ կ՚ընէին, եւ այդ մանուկ հասակով տղաքը հազիւ 3-10 տարեկան էին։

Տեսարանը շատ հետաքրքրական էր. երիտասարդ հոգեւորականը կրցած էր այդ մանուկները հաւաքել եկեղեցի, ուր խաղը եւ աղօթքը, աշխարհայինը եւ հոգեւորը, երկրայինը եւ երկնայինը ներդաշնակուած եւ հաասարակշռուած էին։ Այդ պահուն զարմացայ եւ հիացայ. զարմացայ՝ քանի որ երեւոյթը աննախընթաց երեւոյթ մըն էր, հիացայ այդ երիտասարդ հոգեւորականին, վարդապետին որ այդքան տղայ, մանուկ հասակի մէջ հաւաքած էր եկեղեցի, ուր գրեթէ ամէն առաւօտ մեծ հաճոյքով եւ ուրախութեամբ կ՚երթային անոնք։

Ես նախապէս չէի լսած, չէի տեսած եւ չէի ապրած նման երեւոյթ մը, դրուագ մը, եւ զարմանքս աւելի եւս աւելցաւ, երբ տեսայ, որ երիտասարդ հոգեւորականը տղոց հետ եղբօր մը պէս՝ անկեղծ եւ մտերիմ կը վարուէր եւ յայտնի էր, որ տղաքը մեծ համակրանք եւ սէր ունէին անոր հանդէպ։

Եւ ես սկսայ հետզհետէ աւելի յաճախ երթալ եկեղեցի, ուր այսպիսի հոգեւորական մը կար եւ կարծես խորհրդաւոր ուժով մը, մագնիսականութեամբ մը մանուկները կը քաշէր հոն։

Այսպէս, ահաւասիկ, 3 - 6 տարեկան երկու տղայ ուղեցոյց եղան իրենց ծնողքին, եւ այն ատեն աշխարհական այս տրուպ գրիչը եւ Աննիկը սկսան հետեւիլ իրենց տղոց։ Թէեւ Աննիկը աւելի առաջ ալ օտար չէր եկեղեցւոյ իրականութեան, բայց այս անգամ ամբողջ ընտանիքը սկսաւ աւելի յաճախ ներկայ ըլլալ եւ մասնակցիլ եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մշակութային ծառայութիւններուն։ Եւ այսպէս, կարծես հրաշք մը պատահեցաւ, կեանքեր բերափոխուեցան, նորոգուեցան եւ վկայեցին աշխարհայինին եւ հոգեւորին հիանալի ներդաշնակութեան, հաւասարակշռութեան՝ առանց հոգեւորը մերժելու աշխարհական, եւ առանց աշխարհայինը ուրանալու հոգեւորական ըլլալու կարելիութեան։ Եւ մեր տղոց շնորհիւ սկսանք աւելի մօտէն ճանչնալու հաճոյքը եւ պատիւը վայելել երիտասարդ հոգեւորականին՝ վարդապետին…։

Եւ եթէ այսօր «Մաշտոց Քահանայ» եմ, ասիկա կը պարտիմ այդ օրերուն՝ երբ հետեւեցայ մեր տղոց՝ 3 տարեկան Արարատին եւ 6 տարեկան Գրիգորին՝ որոնք առիթ ընծայած եղան ծանօթանալու լուսամիտ հոգեւորականի՝ իսկական տիպա՛րի մը հետ։

Յարգա՜նք Մեսրոպ Պատրիարքի պայծառ եւ անմեղ յիշատակին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 11, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019