ԴԱՏԱՒՈՐԸ ԵՒ ԱՅՐԻ ԿԻՆԸ

Մեծ պահքի Ե. կիրակին «Դատաւորին» կիրակի կը կոչուի՝ Ճաշու Աւետարանին (ՂՈՒԿ. ԺԸ) մէջ յիշուած դէպքով, որուն մասին Յիսուս Քրիստոս կը պատմէ առակ մը։

Այրի կին մը, անօգնական եւ անոք հարցի մը շուրջ կը դիմէ քաղաքի դատաւորին։ Դատաւորը սակայն կը մերժէ խեղճ կինը եւ անտարբեր կը մնայ անոր խնդրանքին նկատմամբ։ Կինը կը ստիպուի տեւական դիմել դատաւորին, բայց դատաւորը միշտ անտարբեր կը մնայ։ Եւ սակայն այրի կինը չի յուսահատիր, քանի որ ապահո՛վ է իր իրաւունքին վրայ։ Կինը երբեք չի վհատիր եւ վերջապէս դատաւորը ձանձրացած՝ կ՚որոշէ տեսնել անոր դատը։

Այս առակը խօսուած է հասկցնելու համար «Աղօթք»ին յարատեւութեան, կարեւորութեան անհրաժեշտութիւնը։ Աղօթքի կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշութիւնը  հզօր կերպով արտայայտուած է վերոյիշեալ առակին մէջ. ուստի, եթէ կրկնուի աղօթքի կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը, պէտք է դիտել եւ գտնել հոն յատուկ խնամք եւ ուշադրութիւն աղօթքի մասին։ Արդարեւ, աղօթքի մէջ յարատեւութիւնը մասնաւոր կարեւորութիւն մը ունի։

Մարդ, յաճախ որդիական վստահութիւնը կ՚ապրի եւ ասիկա կը փաստուի մանաւանդ նեղութիւններու մէջ։ Գլխաւոր դժուարութիւնը կը տեսնուի «խնդրանքի աղօթք»ին՝ կատարուած իր անձին կամ ուրիշներուն համար՝ բարեխօսութեան միջոցով։ Ոմանք նոյնիսկ կը դադրին աղօթելէ՝ մտածելով թէ իրենց խնդրանքը ընդունելի չէ եղած։

Հոս, երկու հարցում կը ծագի։

- Ի՞նչու կը խորհինք, թէ մեր խնդրանքը ընդունելի չէ եղած։

- Ապա ի՞նչ ձեւով մեր աղօթքը ընդունելի եւ «արդիւնաւոր» կը դառնայ։

Հետեւեալ անդրադարձումը պէտք էր մեզ նախ զարմացնէր։ Երբ Աստուած կը գովաբանենք կամ Անոր գոհութիւն կը մատուցանենք Իր ընդհանրապէս կատարած բարիքներուն համար, բնաւ մտահոգ չենք, թէ արդեօք մեր աղօթքը հաճելի՞ է Անոր թէ ո՛չ։ Այլ ընդհակառակը, մենք մեր խնդրանքին արդիւնքը կը պահանջենք։ Ի՞նչպէս կը պատկերացնենք եւ պատկերագրենք այն Աստուածը՝ որ Իրեն աղօթելու կը մղէ մեզ։ Ան շահագործելիք միջո՞ց մըն է, թէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրն է։

Արդեօք մենք համոզուա՞ծ ենք, թէ «չենք գիտեր աղօթել ինչպէս որ պէտք է» (ՀՌՈՄ. Ը 26)։

Արդեօք Աստուծմէ «պատշաճ բարիքնե՞ր» կը խնդրենք։ Թէեւ մեր Հայրը լա՛ւ գիտէ մեր կարիքները՝ մենք զանոնք Իրմէ չխնդրած. (ՄԱՏԹ. Զ 8), բայց Ան կը սպասէ, որ խնդրե՛նք, որովհետեւ Իր որդիներուն արժանապատուութիւնը իրենց ազատութեան մէջն է։ Ուրեմն, հա՛րկ է աղօթել Անոր ազատութեան Հոգիին հետ, որպէսզի կարենանք իրապէ՛ս ճանչնալ Անոր բաղձանքը. (ՀՌՈՄ. Ը 27)։

Յակոբոս Տեառնեղբայր իր Ընդհանրական նամակին մէջ կը գրէ. «Շատ մը բաներու կը ցանկաք, բայց չէք կրնար ունենալ, ուստի կը սպասէք։ Կը նախանձիք, բայց չէք կրնար ձեռք անցընել, եւ ահա կը կռուիք եւ կը պայքարիք։ Ձեր ուզածը չէք ունենար, որովհետեւ Աստուծմէ չէք խնդրեր, կամ կը խնդրէք եւ Աստուած չի տար, որովհետեւ գէշ նպատակով կը խնդրէք. ձեր հաճոյքներուն ծառայեցնելու համար». (ՅԱԿ. Դ 2-3)։

Ուստի, եթէ խնդրենք անվստահ եւ «շնացող» սրտով մը. (ՅԱԿ. Դ 4), Աստուած պիտի չկրնայ մեր խնդրանքը կատարել, քանի որ Իր ուզածը՝ մե՛ր բարիքը, մե՛ր կեանքն է։ «Դուք կը կարծէ՞ք թէ Գիրքը զուր տեղ ըսած է.- Աստուած նախանձով կը բաղձայ Հոգին, զոր դրաւ ձեր մէջ». (ՅԱԿ. Դ 5)։ Մեր Աստուածը «կը նախանձի» մեզի, եւ ասիկա Անոր սիրոյն ճշմարտութեան նշա՛նն է։

Ուրեմն, մտնենք Աստուծոյ Հոգիին բաղձանքին մէջ եւ լսելի պիտի ըլլանք։

Յիսուսի աղօթքն է, որ քրիստոնեան աղօթքը կը դարձնէ ազդեցիկ խնդրանք. Ինք այս աղօթքին տիպա՛րն է, Ինք կ՚աղօթէ մեր մէջ եւ մեզի հետ։ Քանի որ Որդիին սիրտը կ՚ըղձայ միայն ինչ որ հաճելի է Հօր, որդեգիրներուն սիրտն ալ անշո՛ւշտ աւելի կապուելու է Պարգեւատուին անձին քան թէ Անոր պարգեւներուն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 9, 2021, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 13, 2021