ԿՈՒ ԳԱՆ ՈՒ Կ՚ԵՐԹԱՆ…

«Կու գան ու կ՚երթան», կ՚ըսէ Աշուղ Ջիվանի (Լեւոնեան Սերոբ Ստեփանի, 1846-1909) եւ կարծես թարգման կ՚ըլլայ մարդոց նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ ապրած օրերուն, անոնց զգացումներուն, յոյսերուն եւ ակնկալութիւններուն։

Եւ երբ մարդկութիւնը, համայն աշխարհի վրայ նեղ եւ դժուար օրեր կ՚ապրի յայտնի համավարակին պատճառով, ո՜րքան պահանջքը կը զգայ մխիթարութեան, յոյսի։ Աշուղ Ջիվանի, ժողովրդական երգիչը, ահաւասիկ կու տայ այդ մխիթարութիւնը եւ յոյսը իր «Կու գան ու կ՚երթան» երգով։

ԿՈՒ ԳԱՆ ՈՒ Կ՚ԵՐԹԱՆ

Ձախորդ օրերը ձմռան նման կու գան ու կ՚երթան,
Վհատելու չէ. վերջ կ՚ունենան, կու գան ու կ՚երթան.
Դառն ցաւերը մարդու վերայ չեն մնայ երկար,
Որպէս յաճախորդ շարուեշարան կու գան ու կ՚երթան։

*

Փորձանք, հալածանք եւ նեղութիւն ազգերի գլխից
Ինչպէս ճանապարհի քարավան կու գան ու կ՚երթան,
Աշխարհը. բուրաստան է յատուկ, մարդիկը ծաղիկ,
Ո՜րքան մանուշակ, վարդ բալասան կու գան ու կ՚երթան։

*

Ոչ ուժեղը թող պարծենայ, ոչ տկարը տխրի,
Փոփոխակի անցքեր զանազան կու գան ու կ՚երթան,
Արեւը առանց վախենալու ցայտում է լոյսը,
Ամպերը դէպի աղօթարան կու գան ու կ՚երթան։

*

Երկիրը ուսեալ զաւակին է փայփայում մօր պէս,
Անկիրթ ցեղերը կու գան ու կ՚երթան.
Աշխարհը հիւրանոց է, Ջիվան, մարդիկը հիւր են,
Այսպէս է կանոնը բնական, կու գան ու կ՚երթան։

ԱՇՈՒՂ ՋԻՎԱՆԻ, 1892

Իր բնատիպին հաւատարիմ մնալով ներկայացուած վերոյիշեալ երգը կարծես համբերութիւն կը ներշնչէ մարդոց իրենց զանազան նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն մէջ։ Արդարեւ, համբերութեամբ եւ անսարսելի յոյսով կարելի է տոկալ այս կեանքի բոլոր տեսակի փորձութիւններուն, դիմանալ մեզ պաշարող նեղութիւններուն, տիրապետել մեզ ընկճող վիշտերուն, յաղթել մեզ նկուն դարձնող տկարութիւններուն, պարտութեան մատնել չարը, վանել անոր հրապոյրները, մերժել անոր խաբէութիւնները, ընդոտել անոր մեքենայութիւնները։ Բարձր տրամադրութեամբ է, որ կարելի է յաղթահարել ամէն դժուարութիւն, ամէն նեղութիւն։ Իսկ բարձր տրամադրութեան համար անհրաժեշտ է ամուր հաւատքը եւ անսարսելի յոյսը։ Եւ համբերութիւնը հակադեղ է մարդուս ցաւերուն՝ հաւատքի եւ յոյսի հետ միասին։ Ան դեղ եւ դարման է հոգեկան տուայտանքներուն, կրթութիւն՝ անդաստիարակ հոգիներուն։ Աներկմիտ հաւատքը՝ վահան եւ պարիսպ է ընդդէմ չարին յարձակումներուն։

Հաւատքով, յոյսով եւ համբերութեամբ կարելի է փարատել մեր ներսիդին կուտակուած չարամուխ խորհուրդներու եւ ախտերու ժանտաբեր եւ հեղձուցիչ ամպերը, մարդկային մեր բնութեան մէջ տեղ գտած թունալից կեղտերը եւ վարակայարոյց ժահրերը։

Եւ ահաւասիկ այս բոլորը կը ներշնչէ մեզ Աշուղ Ջիվանիի «Կու գան ու կ՚երթան» երգը։

Աշուղ Ջիվանի՝ երգիչ, բանաստեղծ, երաժիշտ եւ գրող, ծնած է 1846 թուականին Ջաւախքի Կարծախ գիւղը, Բենկոյենց Գասպարի ընտանիքին մէջ։

Սերովբէն ունեցած է երկու եղբայր՝ Քերովբ եւ Փիլիպպոս։ Հայրը մահացած է երիտասարդ տարիքին։ Սերովբէ (Ջիվանի) մօրմէն բաժնուած է մայրական խնամքէն զրկուած ըլլալուն եւ բաժնուելու վշտի ազդեցութեան տակ ան յետագային գրած է հռչակաւոր «Մայրիկ» երգը։ Սերովբէի հօրեղբայրը՝ Մարտիրոս իր վրայ կ՚առնէ երեք որբի խնամքը։ Ժամանակները եւ պայմանները թոյլ չեն տար, որպէսզի Սերովբէն կարենայ կանոնաւոր կրթութիւն ստանայ, գիւղական դպրոցի մէջ հազիւ գրել-կարդալ սորված՝ երբ հօրեղբայրը Սերովբէն դպրոցէն դուրս կը բերէ եւ զայն հորթարած՝ կովու, եղջերուի ձագի արածող կ՚ընէ։

Ուսման, երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ սէրը անոր մէջ կ՚արթննայ տղայ հասակէն։

Աշուղ Ջիվանի կը մահանայ փետրուար 24, 1909 թուականին։ Անուանի աշուղի յուղարկաւորութեան մասնակցած են տարբեր ազգերէ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ…։

Եւ ահաւասիկ, ստորեւ կը ներկայացնենք Ջիվանիի «Մայրիկ»ը՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։

ՄԱՅՐԻԿ

Ջուխտակ շամամներդ դրախտ ծոցիդ մէջ,
Կաթնաղբյուր են եղել ինձ համար, մայրիկ,
Տատրակի պես շատ եմ արել ելէջ,
Կրծքիդ վրա մաքուր սուրբ տաճար, մայրիկ։

*

Ինձ համար հոյակապ կազմդ ես մաշել.
Հրճվել ուրախացել, վրաս ես աշել,
Մինչեւ մեծանալս ինչե՞ր ես քաշել,
Մնացել ես անքուն, անդադար, մայրիկ։

*

Փոխարենը ես քեզ ոչինչ չեմ արել.
Մոտդ չեմ մնացել, չեմ մխիթարել,
Քու սուրբ պատվերներդ ճիշտ չեմ կատարել,
Թողել եմ իղձերդ անկատար, մայրիկ։

*

Ջիվանին եմ, սխալմունքս զգում եմ,
Ես քու հոգուդ համար միշտ աղոթում եմ,
Ներիր քո մեղաւոր որդուդ, խնդրում եմ,
Եղիր երկնքումը ինձ սատար, մայրիկ։

***

Ծանօթագրութիւն.-

Ջուխտակ = զոյգ, ջամբթակ, երկեակ

Շամամ = անուշահոտ փոքր սեխ, աղջնակի ստինք. բանաստեղծութեան մէջ՝ դեռահաս աղջկան բոլորշի փոքր ծիծը (Ստեփան Մալխասեանց)

Կաթնաղբիւր = կաթ բխող աղբիւր, քաղցր ջուր բխող ակ

Տատրակ = վայրի աղաւնի, աղաւնիի փոքր տեսակ

Աշել = նայիլ, ուշադիր ըլլալ, մտիկ ընել, դիտել, հետախուզել, նայել-ի տակ

Իղձ = Բաղձանք, փափաք, մաղթանք։

***

Ջանացինք փոքր բայց գունագեղ փո՛ւնջ մը ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ յիշելով եւ յիշեցնելով Աշուղ Ջիվանին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս, 24, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020