ՀՈԳԵՒՈՐ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆ

Ծերունի տիկնոջ մը հարց կը տրուի, թէ ան ի՞նչ կը գործածէր իր դէմքը ա՛յդքան գեղեցիկ եւ իր կեցուածքը ա՜յնքան առողջ եւ գրաւիչ պահելու համար։

Ան կը պատասխանէ.

«Շրթներուս համար Ճշմարտութիւն կը գործածեմ,

«Ձայնիս համար՝ Քաղցրութիւն,

«Աչքերուս համար՝ Գութ,

«Ձեռքերուս համար՝ Ողորմութիւն,

«Կերպարանքիս համար՝ Պարկեշտութիւն,

«Սրտիս համար՝ Սէր,

«Եւ բոլոր անոնց համար՝ որոնք զիս չեն սիրեր եւ կ՚ատեն՝ Աղօթք,

«Դուք ալ փորձեցէ՛ք այս գործածութիւնը եւ պիտի նկատէք փոփոխութիւնը ձեր կեանքէն ներս»։

Ո՜րքան հիանալի է մաքուր խղճմտանքով ապրիլ այս աշխարհի վրայ։ Արդարեւ, խղճմտանքը կը բնակի մեր ներսիդին եւ ուրեմն ներսի մաքրութիւնն է, որ մեզ պէտք է ներշնչէ եւ ո՛չ թէ արտաքինը։ Եւ այդ ներքին մաքրութիւնն է, որ կը պատրաստէ ճշմարիտ գեղեցկութի՛ւնը։

Յիսուս օր մը զինք վերէն դիտող ինքնահաւան եւ մեծամիտ «կրօնաւոր»ներուն շատ կծու խօսքեր խօսեցաւ։ Իրապէս «կծու» խօսքեր էին անոնք, քանի որ Յիսուս մի՛շտ ճշմարտութիւնն էր, որ կը խօսէր։ Եւ երբեմն ճշմարտութիւնը՝ զայն չընդունողին համար կրնայ վիրաւորիչ ըլլալ եւ անհանգստացնել զինք։

Յիսուսի խօսքին նիւթը՝ ներքին եւ արտաքին մաքրութեան մասին էր։

Ինքնահաւան եւ մեծամիտ «կրօնաւոր»ներու շքեղ հանդերձները եւ տպաւորիչ խօսքերը ճեղքելով, Յիսուս հասաւ մինչեւ անոնց հոգիներուն խորը եւ ցոյց տուաւ անոնց, թէ ո՜րչափ աղտ եւ աղբ կայ անոնց մէջ։ Արդարեւ, ինչպէս մաքրութիւնը, գեղեցկութիւնն ալ կը յայտնուի որպէս ներքին գեղեցկութիւն եւ որպէս արտաքին գեղեցկութիւն։ Եւ ո՛րքան հետաքրքրական է, թէ մարդ երբ թափանցէ ներքին գեղեցկութեան, այն ատեն կ՚անդրադառնայ, թէ ինչքան տգեղ է արտաքին գեղեցկութիւնը։ «Գեղեցկութիւն» կարծուած արտաքին գեղեցկութիւնը՝ իրականին, կը տեսնուի, թէ «տգեղութի՛ւն» է։

Ճշմարտութիւնն ալ նոյնն է. «ճշմարտութիւն» կարծուած իրականութիւններ, երբ խորը թափանցուի, կը տեսնու, թէ պարզապէս խաբէութի՛ւն է եւ ո՛չ ճշմարտութիւն։

Յիսուս, արտաքին մաքրութեան եւ ներքին մաքրութեան մասին սապէս ըսաւ. «Առաջ գաւաթին եւ պնակին ներսի կողմը մաքրեցէ՛ք, որպէսզի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ», (ՄԱՏԹ. ԻԳ 25-26)։

Նոյնը կարելի է ըսել արտաքին գեղեկութեան եւ ներքին գեղեցկութեան, արտաքին ճշմարտութեան եւ ներքին ճշմարտութեան համար…։

Եւ այսօր, ո՜րքան կարօտը կը զգայ համայն մարդկութիւնը այս ներքին եւ արտաքին իրողութիւններու զանազանման ճանաչումին, քանի որ այսօր մարդոցմէ կը պակսի ընդհանրապէս «ներքին» մաքրութեան, ճշմարտութեան եւ գեղեցկութեան գիտակցութիւնը, եւ անոնք կը տարուին եւ կը տպաւորուին միայն «արտաքին» իրողութիւններով, որոնք խաբէական են եւ անստո՛յգ։

Մարդ, ընդհանրապէս կը տպաւորուի արտաքին տեսքով, եւ դարձեալ ան՝ իր խօսքերով եւ մանաւանդ արտաքին երեւոյթով կը ջանայ տպաւորել զինք դիտողները եւ խօսակիցները։ Եւ երբ մարդուն մէջ, հոգիին խորը ատելութիւն, նախանձ, հպարտութիւն, մեծամտութիւն, ինքնահաւանութիւն, հաճոյասիրութիւն եւ զեղխութիւն ամբարուած է եւ ամէն չարիք կը տիրէ անոր հոգիին, բայց կերպով մը կը ծածկէ զանոնք արտաքինէն՝ ցոյց չի տար դուրսիններուն, այլապէս ի՞նչպէս կարելի է ճանչնալ մարդը՝ այս «անծանօթ»ը…։

Ուստի, Սաղմոսերգուն Դաւիթ կ՚աղօթէ.

«Ծածուկ մեղքերէն մաքրէ՛ զիս» (ՍԱՂՄ. ԺԹ 12)։ Ուստի մարդ երբ կ՚ուզէ արտաքնապէս գեղեցիկ ըլլալ, գեղեցիկ երեւիլ, նախ պէտք է ներքնապէս գեղեցիկ ըլլայ, հոգեպէս գեղեցկութիւն ստանայ, ինչ որ արդէն ան կը գեղեցկացնէ արտաքինը։ Այս իմաստով, հոգիին գեղեցկութիւնը բծախնդիր հոգածութեան կը կարօտի։ Եւ երբ ներքին գեղեցկութիւնը կարելի ըլլայ ապահովել, այլապէս արտաքին գեղեցկութիւնը ինքնաբերաբար կը յայտնուի։

Հոգիի գեղեցկութիւնը ամէնօրեայ վիճակ մը պէտք է ըլլայ մարդուս համար։ Ամէն օր, զանազան փորձութիւններ կը սպառնան տգեղցնել ներքին գեղեցկութիւնները, եւ մարդ որքան ալ ծածկել աշխատի ներքին տգեղութիւնը, ան կը ցոլանայ արտաքին մարդուն երեսին, դէմքին վրայ։ Կասկածի, թերահաւատութեան, անհաւատարմութեան, աշխարհսիրութեան, եսասիրութեան, ինքնահաւանութեան վատ զգացումներով կը խճողուի մարդոց կեանքը եւ այս բոլորը պատճառ կ՚ըլլան ներքին տգեղութեան։ Եւ եթէ «ներքին»ը տգեղ է, ո՛չինչ կ՚արժէ «արտաքին» գեղեցկութիւնը, քանի որ ան խաբէական է, սուտ եւ կեղծ է։ Ուրեմն ի՞նչ ընել։

Արտաքին գեղեցկութեան համար պէտք է կարեւորութիւն ընծայել ներքին ճշմարիտ գեղեցկութեան։

Ճշմարիտ գեղեցկութիւնը ներքին գեղեցկութիւնն է։

Մարդուս աչքը պէտք չէ շլանայ աշխարհիկ զբաղումներով, որ կը նշանակէ ենթարկուիլ փորձութիւններու խաբկանքին առանց անդրադառնալու որ. «մարմնաւոր խորհուրդը մա՛հ է, իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն» (ՀՌՈՄ. Ը 6), այսինքն՝ մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ. մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն։ Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանդիլ։ Ահա թէ ինչո՛ւ, անոնք որ մարմնականին կը հետեւին՝ Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ. (ՀՌՈՄ. Ը 7-8)։

«Վերջապէս եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութեամբ, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ որ առաքինութիւն եւ ինչ որ գովութիւն կայ, անոնց մասին խորհեցէ՛ք», կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ Փիլիպպեցիներուն գրած նամակին մէջ. (ՓԻԼ. Դ 8)։ Միայն այս կերպով է որ մարդ կրնայ տիրանալ խաղաղութեան եւ հետեւաբար՝ գեղեցկութեան իր ամենալայն իմաստով։

Մաքուր եւ գեղեցիկ պահենք մեր «ներքին մարդ»ը, այլապէս մենք մաքուր եւ գեղեցիկ պիտի ըլլանք նաեւ արտաքնապէ՛ս…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 6, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2019