ԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ…

«Անոր մեկնելու միջոցին, աչքով մօրս նշան ըրի որ հետեւի ինձ, բայց մայրս չհասկցաւ: Ստիպուած՝ ճրագն առի եւ հետեւեցայ պարոնին: Հասանք սանդուխի գլուխը: Այդտեղ, մէկ ձեռքը դնելով չուանի վրայ, միւս ձեռքը ինձ երկնցուց՝ մնաք բարով ըսելու: Եւ երբ ես ձեռքս երկնցուցի, յուզուած՝ համբուրեց ձեռքս, չուանը քաշեց եւ հեռացաւ:

Ձեռքէս ճրագն ընկաւ: Նստած՝ սանդուխին վրայ, թէ՛ կ՚ամչնայի եւ թէ՛ ուրախ էի: Չէի ուզեր ձեռքս տեղ մը դպցնել՝ որպէսզի չապականուի: Վերջապէս՝ տեղէս վեր կենալով, մտայ սենեակ: Կարծեցի թէ անոնք կարդացին երեսիս վրայ ինչ որ տեղի ունեցած էր սանդուխին գլուխը:

-Մայրի՛կ, գոչեցի յուզուած, ես քեզի աչքով նշան ըրի, դուն չեկար, զիս մինակ ուղարկեցիր, ան իմ ձեռքս համբուրեց...»։

***

Ձեզմէ ո՞վ իր մեծերէն «մեր ժամանակ...» կարօտաբաղձ արտայայտութիւնը չէ լսած. այդ արտայայտութիւնը մեծերուն մօտ կը ստեղծէ յուզում՝ անցեալի անձկութեամբ լեցուն, որովհետեւ ամէ՛ն սերունդ կը հաւատայ, թէ «իր ժամանակ» տարբեր էր ամէն բան, գուցէ աւելի աղուոր, աւելի իմաստալից ու պատուական էր:

Անժխտելի իրողութիւն մըն է, որ ամէ՛ն սերունդ, անպայման օր մը «մեր ժամանակ» ըսելու առիթ մը պիտի ունենայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր օրուայ հետ միասին կը փոխուի նաեւ մարդ արարածը, կը փոխուի մտածողութիւնները, ըմբռնումներն ու չափանիշները: Իւրաքանչիւր սերունդ, կամայ թէ ակամայ կը տարբերի իր նախորդէն եւ այս ընթացքը յարատեւ կը մնայ: Այնպէս ինչպէս անցեալի մտածողութիւնը մեզի համար ժամանակավրէպ կը թուի, մեզ յաջորդող սերունդին համար ալ մերը նոյն ճակատագրին պիտի ենթարկուի՝ սերունդէ սերունդ նո՛յն ընթացքը ստանալով:

Սերունդներու միջեւ գոյացող այդ տարբերութիւնները հիմնականին մէջ չափանիշներու, բարքերու, ըմբռնումներու, բարոյականութեան այլափոխութիւններն են, որոնք շատ անգամ նորերը հիներուն թշնամի, իսկ հիները նորերուն մօտ ժամանակի ընկալումներուն անյարմար կը դարձնեն:

Գրութեան սկիզբը յիշուած պատմութիւնը բաժին մըն է պոլսահայ պարմանուհիի մը յուշերէն: Պատմութիւն՝ որ մեր աչքերուն առջեւ կ՚ուրուագծէ անցեալի եւ ներկայի միջեւ գոյութիւն ունեցող հսկայական վիհը վարքի, բարքի եւ բարոյականութեան:

Ու տարօրինակ է մարդ արարածը. վէպերու, թատրոններու, ժապաւէններու եւ երգերու մէջ նման անկեղծ սիրոյ զգացումներու դիմաց սքանչացում եւ յափշտակութիւն կ՚ունենան, մինչ իրական կեանքի մէջ նման երեւոյթներ յետամնաց ու ժամանակավրէպ կ՚անուանեն: Ժամանակը ամէ՛ն բան արժանացուց ու արժեզրկեց. սէ՛րը նոյնիսկ: Այնպէս ինչպէս գինիին հի՛նը պատուական է, կար ժամանակ սէրն ալ այդպէս էր:

Վերոյիշեալ յուշագրութեան մէջ յատկանշական է հետեւեալ կէտերը.-

Ա.- «Ձեռքէս ճրագն ընկաւ: Նստած՝ սանդուխին վրայ, թէ՛ կ՚ամչնայի...». կար ժամանակ, որ մարդ արարած կ՚ամչնար, ո՛չ թէ այն պատճառով, որ իր ըրածը սխալ ու անճիշդ էր, այլ ձեռքին վրայ դրոշմուած սովորական համբոյր մը նոյնիսկ ունէր իր իմաստն ու արժէքը. մեր օրերուն պարզապէս իմաստազրկուա՛ծ է ամէն բան: Ցաւ ի սիրտ ներկայ ընկերութեան մէջ ամչնալը սկսած է դիտուիլ որպէս բացասական երեւոյթ. ներկայ ուսումնասիրութիւններէն մէկը նոյնիսկ որպէս հիւանդութիւն կը դիտէ ամչնալու երեւոյթը. նոյնիսկ կան ուսումնասիրութիւններ, որոնք կ՚այպանեն դպրոցն ու կրթութիւնը՝ անձի մը ամչնալուն դիմաց:

Ուսումնասիրութենէն մէջբերում մը.- «Գիտնականներ սկսած են հաւատալ այն տեսութեան, որ ամչկոտութիւնը մասնակիօրէն ժառանգական բնոյթ ունի: Մինչդեռ փաստարկներ կան նաեւ այն մասին, որ մարդու ամչկոտութիւնը կախուած է իր մէջը ապրած միջավայրէն. օրինակ՝ հնարաւոր է, որ մարդ մանկութեան տարիներուն բռնութեան զոհ դարձած ըլլայ»: Շատ անգամ ես ալ լաւատեսութեամբ կը դիտեմ նոր սերունդին աւելի ազատ պայմաններու մէջ հասակ առնելը, սակայն հո՛ն նոյնիսկ միջինէն դուրս գալով անցած ենք ծայրայեղութեան: Երանի՜ այն մարդուն՝ որ քիչ մը ամչնալ գիտէ իր կեանքի ընթացքին:

 Բ.- «Չէի ուզեր ձեռքս տեղ մը դպցնել՝ որպէսզի չապականուի...». այս տողերը գրողը Շէյքսփիրը թող ըլլար, բոլորս միաբերան կը սքանչանայինք, սակայն մեր բարեկամներէն մէկը թող ըրած ըլլար... չտես, յետամնաց ու ժամանակավրէպ յորջորջումներով մկրտած էինք զինք: Այնպէս ինչպէ՛ս կար ժամանակ, որ մարդիկ կ՚ամչնային, նոյնպէս կա՛ր ժամանակ, որ մարդիկ կը սիրէին, սիրե՛լ գիտէին. այդտեղ սէրը վե՛ր էր ոսկիէն, ընծաներէն ու նուէրներէն. այդ ժամանակ սէրը ո՛չ ունեցուածք եւ ո՛չ  առատութիւն ու ճոխութիւն կը պահանջէր:

Գ.- «Մայրի՛կ, գոչեցի յուզուած, ես քեզի աչքով նշան ըրի, դուն չեկար, զիս մինակ ուղարկեցիր». կա՛ր ժամանակ, որ մայրը ո՛չ թէ մրցակից, այլ սրտակից էր զաւկին: Մեր օրերու մայրերը եւս չեն կրցած միջինը պահել իրենց զաւակներուն հետ. անոնք կա՛մ եւրոպական ազատամտութիւն կը քարոզեն իրենց զաւակներուն՝ բանիւ եւ գործով եւ կամ «Պրոնզէ դար»ի օրէնքները կիրառել կը փորձեն: Այսօր բազմաթի՛ւ երիտասարդներ անձնասպան կ՚ըլլան. ոմանք իրենց ազատամտութեան եւ ոմանք ալ իրենց գոց-գլուխութեան իբրեւ հետեւանք: Մայր ըլլալու չափանիշնե՞րն ալ փոխուած են արդեօք:

Չե՛մ գիտեր. միայն գիտեմ, որ կար ժամանակ՝ մեր կամ ձեր ժամանակ տարբեր էր ամէ՛ն բան ու այսօրուընէ տարբեր պիտի ըլլայ նաեւ անյայտ ապագան:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
(1866-1937)

Մեր թուականէն 84 տարիներ առաջ՝ 13 նոյեմբեր 1937-ին Վրաստանի մէջ մահացած է բանաստեղծ եւ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Յակոբ Յակոբեան:

Յակոբեան ծնած է 29 մայիս, 1866-ին, Գանձակի մէջ: Ան իր նախնական կրթութիւնը սկզբնական շրջանին ստացած է Ծովի Աղի անունով կնոջ մօտ եւ ապա ընդունուած է ծննդավայրի ծխական դպրոցը: Յակոբեանի հայրը ուզած է որ Յակոբ եկեղեցական քահանայ դառնայ, սակայն մայրը յաջողած է արգիլել այդ որոշումը եւ զինք ղրկած է տեղի ուսումնարանը, ուր հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներ գոյութիւն չունին: Այս պատճառով փոքր տարիքէն Յակոբեան մի քանի գրասէր աշակերտներու հետ սկսած է գրական քննարկումներու եւ ընթերցանութեան հաւաքներ կազմակերպել: Յակոբեան վեցերորդ դասարանէն սկսած է բանաստեղծութիւններ գրել. իր գրած «Հիւսիսի ագռաւը» բանաստեղծութիւնը գաղտնի փակցուցած է եկեղեցւոյ պատին, որուն պատճառով դուրս դրուած է ուսումնարանէն: Այնուհետեւ մեկնած է Թիֆլիզ եւ իբրեւ աշակերտ աշխատած է դեղատան մը մէջ. թողնելով դեղատունը մեկնած է Պաքու՝ նաւթահանքի մէջ աշխատելու համար, այնուհետեւ ստանձնած է հաշուապահութեան պաշտօնը՝ աշխատելով զանազան կազմակերպութիւններու մէջ:

Յակոբեանի հիմնական գրական գործունէութիւնը սկսած է 1893 թուականին. իր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են «Մուրճ» ամսագիրին մէջ: Ապա սկսած է աշխատակցիլ «Նոր Հոսանք» ամսագիրին, որուն մէջ հրատարակուած է իր «Մաքառման ժամին», «Գործարան», «Գիւղը հարաւում» եւ այլ բանաստեղծութիւններ:

Յակոբեան իր բանաստեղծութիւնները հրատարակած է առանձին գրքոյկներով. ինչպէս՝ «Աշխատանքի երգեր» (1906), «Ագիտատորի յուշերից» (1927), «Նոր առաւօտ» (1931) եւ ուրիշներ:

Յակոբ Յակոբեան 1934 թուականէն եղած է Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021